Յայտարարութիւն

Saturday, December 26, 2009

Խաղաղութեան եւ Յոյսի Պատգամ՝Մսուրը, Այսօր Աւելի Քան Անցեալին՝

Ուրախ ենք որ վերջպէս խոստմնալից մտաւորական ,Մխիթարեան Միաբանութեան կրտսերագոյն անդամ՝ Հայր Համազասպ Քէշիշեան «Նշանակ»ին մէջ կը հրապարակէ իր թարգմանութիւններէն մին:Կը քաջալերենք սիրելի ՀայրՍուրբին առած այս առաջին քայլը: Յուսով ենք որ ան իր մտաւորական ստեղծագործութեանց հանդէս կը դարձնէ «Նշանակ»ը , որուն նպատակներէն ամենասուրբն է՝ քաջալերել երիտասարդ հայ մտաւորականութիւնը ՝ յարատեւ ստեղծագործելու :
«Նշանակ»
.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«

ԵՐԵՒՈՅԹ ՄԸ ՈՐ ԲՈԼՈՐԻՆ ՍՐՏԵՐՈՒՆ ԿԸ ԽՕՍԻ

Ահաւասիկ մսուրին ներկայացուցած «պատմութիւնը». հանդիպումը երկու դերակատարներու՝ աստուածայինին ու մարդկայինին։ Պատմութիւն մը, որուն անհրաժեշտութիւնը այսօր այնքան կը զգացուի, որքան 1223 թուականին՝ երբ Ս. Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին, առաջին անգամ ըլլալով Կրեչչօյի քարայրին մէջ Ծնունդի տեսարանը ներկայացուց։ Այսօր, ինչպէս անցեալին՝ մարդը Աստուծոյ կարիքն ունի. թերեւս այսօր, աւելի քան հին ատեն, սիրոյ ծարաւ մը կը զգացուի որ գերազանցէ «մենութիւններու ամբոխը» եւ մեղմէ բախումներու կատաղութիւնը։
Հետեւաբար, այսօր «Մսուր պատրաստելը» խաղաղութեան եւ յոյսի պատգամ մըն է, սիրոյ երեւոյթ մը, որ ոչ ոք կը վիրաւորէ եւ բոլորին սրտերուն կը խօսի։
Աստուածայինը ներկայացուած է տեսարանով մը որ կ՚իմաստաւորէ մնացեալը ու կը բովանդակէ իր մէջ «Խորհուրդ»ը։ Ան կ՚ընդգրկէ Մանուկ Յիսուսի, Ս. Կոյս Մարիամի եւ Հայր Յովսէփի կերպարները. կողքին զետեղուած են եզը, իշուկը եւ մսուրը՝ որուն անունով կը կոչուի ներկայացման ամբողջութիւնը։ Հրեշտակներու շուրջպարը, որոնք Երկնքի ուրախութիւնը կ՚երգեն ցոյց կու տայ այն վայրը, ուր յաւիտենականը՝ ժամանակին մէջ մուտք կը գործէ։
Անձնաւորութիւններու դիմագիծերը ուղղուած են երեւան բերելու մարդոց համար այնքան գեղեցիկ ու կարեւոր այս նորութիւնը. Մանուկին քնքշութիւնը, Մօր քաղցրութիւնը, եւ Յովսէփի լրջութիւնը, նոյնիսկ իշուկին ու եզին որոշ կեցուածքը՝ համաձայն կը գտնուին ըսելու թէ «Փառքը», որ կու գայ յայտնուելու պատմութեան աղքատ երեւոյթներուն մէջ, սիրոյ լիութիւն, առատապարգեւ շնորհք եւ անհուն ողորմութիւն է։
Մսուրին միւս դերակատարը՝ մարդկայինը, ներկայացուած է բազմապիսի արտայայտութիւններով. առաջին տեղը կը գրաւեն հովիւները, Աստուծոյ անակնկալներուն յօժար աղքատները, որոնց հրեշտակը աւետիսը կու տայ. ապա Մոգերը, որոնք պատկերն են աստղէն լուսաւորուած բոլոր «ազգերուն», եւ հուսկ՝ անտարբեր ու մտամոլոր մարդկութիւնը, ներկայացուած պանդոկի հիւրերէն։ Այս վերջին դասակարգը, աւելի մարդկային՝ մսուրին մէջ նկարագրուած է ողորմութեան եւ բարեմտութեան երանգով, գրեթէ զայն ակամայ մասնակից դարձնելով ամբողջ ստեղծագործութեան տօնախմբութեան։
Աւետիսը ստացող «Հովիւներու» ներկայացումը որքան քաղցր է ու միաժանակ մասնակից դարձնող։ Հովիւներու տունը բնութիւնն է, ու անոնց երդիքը՝ երկինքը. անոնց ամէնօրեայ ապրուստը ապահովուած է համեստ աշխատանքով։ Անոնք «Աւետիսին» նախասիրուած ընտրեալներն են։ Իրենց կը միանայ «ազգերու» ընդարձակ աշխարհը, խորհրդանշուած մոգերէն, եւ ներկայացուած իբր պատանի մը, ծեր մը եւ սեւամորթ երիտասարդ մը, հասկնալու համար ժողովուրդներու բազմազանութիւնը եւ կեանքի տարբեր եղանակները, որոնց ուղղուած է Աւետարանի պատգամը։
Ծնունդի փարումը կ՚ընդարձակուի նաեւ կենդանիներու աշխարհին, որմէ Մսուրը կը հիւրընկալէ ամէն տեսակ. ամէնէն ընտանիներէն՝ շուներէն, մինչեւ ամէնէն վայրիները, մինչեւ ոչխարներն ու գառնուկները, որոնք գրեթէ առաջնակարգ դերակատարները կը հանդիսանան։ Կարծես թէ իրենց համար ալ նոր սկիզբնաւորութեան մը տօնախմբութիւնը կատարուէր։
Իրականութեան մէջ, ամբողջ բնութիւնն է որ աշխարհի Փրկիչը կ՚ընդունի.

Սակայն, մսուրը չէ եղած միայն անոր վրայ հիանալու համար. արդարեւ, երկու դերակատարներու հանդիպումը՝ մարդկայինին եւ աստուածայինին, ներկայացուած է ոչ իբր կորսուած եւ այլեւս հեռաւոր ժամանակի յիշատակ մը, այլ որպէս ներկային ուղղուած տակաւին խօսուն պատգամ մը։ Աւանդական երեւակայութեան մէջ, սքանչացած կամ հետաքրքրուած հանդիսատեսները, անունով կանչուած են փոքրիկ Փրկիչէն, որպէսզի անոնց սրտերը փոխակերպուին աստուածային սրտէն։
Մսուրը կը վկայէ թէ Քրիստոս «այլուր» կամ «մեզմէ հեռու ժամանակի մը մէջ» չի ծնիր, այլ «հոս ու հիմա»։ Այսպէս ալ «հովիւներու» պատասխանը կրնայ ուղղուիլ անոր որ տեսարանը կը դիտէ, եւ մսուրը ներկայիս եւս - յայտնաբերուած իր ամենախոր իմաստով - կրնայ կատարել այն պարտականութիւնը որուն համար ստեղծուած է. ժողովուրդի լեզուով Աւետարանը քարոզել, պայքարի՛ կերպով մը մեր մտավախութիւններուն ու սրտափակումներուն դէմ, եւ դառնայ հնարաւոր ուրախութեան ու յոյսի աւետիս մը, յայտնուած բոլորին՝ աստուածային մանուկին խոնարհ ծնունդով։

Պրունօ Ֆորթէ
Իտալերէն բնագրէն թարգմանեց
Հ. Համազասպ Քէշիշեան

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Thursday, December 24, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-23- Ռուբէն

«Ջալլաթը քանի մը հոգիով անցաւ Սասուն եւ յետ վերադարձաւ, իսկ Տուրբախը անցաւ Խնուս եւ հոն հաստատուեցաւ` խմբեր անցնելու համար, ու հոն ալ մնաց մինչեւ որ կոտորածներ եղան, բայց ան ազատուեցաւ: Այդպիսով Ղարսէն դատարկ ձեռքով մենք յետ չճամբեցինք մեզ հետ բերած մարդկանց: Հրայրը բոլոր անցուդարձը բացատրեց յետ գնացողներուն եւ խնդրեց հասկացնել ամէնքին` Սասնոյ իշխանաց եւ Մուրատին, որ կենտրոնը կորսուել է, եւ այս բոլոր զէնքերը դաշնակցականներ տուին»:

Կկառնենու Մկրտիչի այս պատմածները , որ ի միջի այլոց բերի հոս, նպատակ չունի լուսաբանելու Սասնոյ առաջին ապստամբութեան պատմութիւնը: Կարսին չի վերաբերիր այդ: Կրնայ ըլլալ, որ Կառնենու Մկրտչի պատմածները ճշդուած փաստեր ալ չեն: Ատիկա կը համարեմ երկրորդական: Էականը պէտք է համարել այն երեւոյթները, որոնք պատճառ դարձան երկրի եւ կարսի Հնչակեան կուսակցութեան իսպառ վերնալուն:

Անհերքելի պէտք է համարել, որ Տարօնէն իբր Հնչակեան ճամբուած են Մուրատի կողմէ Հրայրը, Մկրտիչը, Պօղոսը եւ անոնց հետ Գոմերի Յովոն, որոնք գացած են արտասահմանեան «մասնաճիւղերէն» բերելու խոստացուած զէնքերը` ապստամբութեան համար:Սակայն , այդ մարդկանց ջանքերը ապարդիւն են անցած հնչակեաններու մօտ եւ, ընդհակառակն, արդիւնաւոր` անոնց հակառակորդներու` դաշնակցականներու մօտ: Իբր հետեւանք ատոր, Հրայրը, Մկրտիչը ու իրենց հետ եկածները վերադարձած են իբրեւ դաշնակցականներ:

Անհերքելի պէտք է համարել ե ւ այն, որ այդ տագնապալի վայրկեանին, երբ դեռ Դաշնակցութիւնը անծանօթ էր Երկրին մէջ, ոչ միայն կարսեցի պետոն կը տեսնենք Վանի մէջ, այլեւ Ռոստոմը` էրզրումի մէջ, իսկ Ջալլաթը /ալեքսանդրապոլցի/ եւ Տուրբախը /կարսեցի/ կը տեսնենք Սասուն եւ Խնուս` Մուրատի ճամբած մարդկանց հետ միասին «ազգութեան, առանց պայմանի, օգնելու» նշանաբանով:

Ովքե՞ր էին /1893-1896/ թուականներու Հ.Յ.Դ. Կ.Կոմիտէներու համեստ անդամները, ես չեմ կարողացած ճշդել: Բայց ինծի համար համոզմունք է, որ անոնք, թէկուզ անգիտակցօրէն, իրենց վարմունքով այնպիսի հսկայ քայլ մըն են ըրած, որ իրենց շրջանը վերջնականօրէն կապած են Դաշնակցութեան հետ: Եւ անոնք են եղած հիմնադիրները այդ շրջանի հզօրութեանը, զոր կը վայելէի 1904ին: Այդ քայլը կ'ուզէի վերագրել Թեւանենց Ալեքին, Ջալլաթին եւ Տուրբախին, բայց անոնք, ըստ իս, աջակիցներ եւ նախաձեռնողներ կարող էին լինել, բայց բուն վճռողը Կ.Կոմիտէն էր: Այդ քայլի հետեւանքը պէտք է համարել այն առեղծուածը, որ Տարօնի աշխարհը, ուր տիրապետողը եւ բարոյական ոյժը մինչ այդ Հնչակեաններն էին, մէկ անգամէն եւ լրիւ կերպով դարձաւ կողմնակից Դաշնակցութեան իր Գէորգ Չաւուշներով , Փուրթոներով եւ Մակարներով: Կարսէն-էրզրում, ուր բոյն դրած էր Ռոստոմը, եւ էրզրումէն-Տարօն` այլեւս , Հնչակեանութիւնը չքացաւ, եւ Դաշնակցութիւնը փոխարինեց զայն: Այդ պարտական ենք Կարսի կ. Կոմիտէին:

Պերլինի վեհաժողովէն յետոյ, Խրիմեան Հայրիկը պատկերաւոր վիճակ մը ներկայացուց իր յայտնի «Երկաթէ Շերեփ»ի պատմութեամբ: Այդ ունեցաւ ճակատագրական նշանակութիւն հայոց թէ ներքին յեղափոխական եւ թէ արտաքին յարաբերութեանց մէջ: Երկիմաստ այդ օրինակը, որ խարիսխը դարձաւ հնչակեաններու վարքագծին եւ որ վարակեց ե ւ դաշնակցութիւնը, ինծի համար վերաքննելի խնդիր մըն էր: Եւ ես յաճախ կը խօսէի այդ մասին Սերգէյի եւ Յակոբի /Չիլինգարեանի/հետ:

1904ի սկիզբները, Սերգէյը օր մը ինձ ըսաւ.
-Մտորումները արգասաբեր են երբ անոնք կը վերլուծուին հրապարակով: Անոնք անդամալոյծ կը դարձնեն մարդը, երբ փարատած չեն: Ուստի դասախօսութիւն պիտի տաս.»Պերլինի վեհաժողովը, հնչակեան վարքագիծը եւ Պանք-օթոմանի դէպքը» նիւթի շուրջ:
Ուզեցի մերժել, բայց ազատում չկար, մանաւանդ որ սեղմ շրջանակի մէջ նշանակուած էր ժողովը: քրտնելով եւ կմկմալով, այդ օրը խօսեցի մօտաւորապէս հետեւեալը.-
-Խրիմեանի այն եզրակացութիւնը, թէ Պերլինի վեհաժողովին հարիսան իրենք չկրցան ուտել, որովհետեւ իրենց ձեռքը թղթէ դգալներ կային եւ միւսներուն ձեռքը երկաթէ շերեփներ, բանաստեղծութիւն մըն է, որ վնասակար, անիմաստ ու երկդիմի է եւ որ ինչպէս հնչակեանութիւնը, նոյնպէս մեզ եւ ամբողջ հայութիւնը, սխալ ճամբու տարած:
Լուռ մտիկ կ'ընէին ինձ եւ սոսկումով կը նայէին, կարծես սկիհի մէջ թոյն կը կաթեցնէի: Բայց ես կը շարունակէի.
-երկդիմի է այդ , որովհետեւ այդ օրինակը կրնանք հասկնալ այսպէս.»Ազատութիւնը չի կարող ձեռք բերուիլ խնդրագրով, աղօթքով, լացով, այլ միայն կրնայ խլուիլ եւ առնուիլ երկաթէ շերեփով: Միջազգային յանձնառութիւնները արժէքաւոր են, երբ անոնք կը զուգադիպին պետութեանց շահերուն, եւ դու քու երկաթէ շերեփով խլածդ կարողացած ես տանել քու բերան եւ մարսել: Եթէ այս կ'ուզէ ցոյց տալ Խրիմեանը, այդ իմաստութիւնը իրեն չի պատկանիր, այլ շատ հինցած եւ անվիճելի համարուած ճշմարտութիւն մըն է պատմութեան մէջ եւ անառարկելի:
Հոս ունկնդիրներուն դէմքերը քիչ մը բացուեցան:
- Բայց այդ տարրական ճշմարտութիւնը չեն ըմբռնած թէ/շեշտ/ Խրիմեան եւ թէ/շեշտ/ իր կղերական ընկերները, որոնք յանուն հայութեան գնացած են Պերլինի վեհաժողով եւ իրանց իսկ խոստովանութեամբ` «թղթէ» դգալով:
Երբ դժկամակութիւն նկատեցի դէմքերուն վրայ, ջղայնացած կանչեցի.
-Պոյերներու նախագահ կռիւները, որ այժմ կը շրջի եւրոպայի մէջ իր քանի մը հարիւր հազարնոց ժողովրդի ազատութեան համար, պիտի հասնի իր նպատակին, որովհետեւ ան կը հասկնայ որ առանց երկաթէ դգալի ոչ մէկ խնդրանք չ'իրագործուիր եւ ան ձեռք պիտի բերէ պոյերներու ազատութիւնը Անգլիայէն: Բայց մենք քանի մը միլիոն ժողովրդով ձեռք չենք կրնար բերել մեր ազատութիւնը թուրքիայէն եւ Ռուսիայէն, քանի որ դեռ չենք հասկցած այդ ճշմարտութիւնը:
Խրիմեանի եւ անոր շաւիղով գնացող հնչակեաններու հասյացողութիւնը այլ իմաստ ունէր հարիսայի «երկաթէ եւ թղթէ «դգալներու մասին: Անոնք հաւատացած են արդարութեան յաղթանակին. Կը հաւատան, որ ներկայացնելով իրենց արդար իրաւոնքները` իրենց նպատակին պիտի հասնին,. Կը հաւատան, որ մարդկային խիղճը շարժելը վճռական է` հասնելու համար իրենց նպատակին: Մէկ խօսքով` գութէն փրկութիւն կը սպասեն: ասիկա մահացու վտանգ է եւ ցնորքներու ետեւէ իյնալ է, , ինչ որ մեզ կը տանի ձախողութեան եւ փճացման: Այդպէս մտածողները եւ գործողները բացի վնասէն, ոչ մէկ օգուտ պիտի բերեն:
Այդպէս են մեր դիւանագէտ քարոզ կղերականները, որոնք արդարութեան, ազատութեան քարոզ կը կարդան, առանց խանչալի : Այդպէս են հնչակեանները, որոնք ապստամբութիւն կ'ընեն, առանց հրացանի` յուսալով որ գութը կը շարժի եւրոպայի եւ արդարութիւնը կը յաղթանակէ: անոնք չեն գիտեր, թէ արդարութիւնը եւ ազատութիւնը խանչալի ծայրով կը պոկուին:

Wednesday, December 23, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-22- Ռուբէն

Կարսի ժողովուրդը ծարաւի էր տեսնելու «Հայ զօրքը»: Այդ տեսաւ եւ շօշափեց: Ու թէեւ այդ «զօրքը» բանտարկուեցաւ եւ աքսորուեցաւ, բայց ժողովուրդը կը սիրէր իր տեսածը եւ կ'ուզէր ունենալ աւելի անթերի, աւելի կատարելագործուած զինուորական ոյժ մը, եւ ունեցաւ:

Սասունի եւ Թուրքիոյ մէջ 1893-96 թուականներու կռիւները եւ կոտորածները Կարսի նահանգի ամբողջ ժողովուրդը դարձուցած էին սգաւոր, բայց միակամ եւ պատրաստ` «վրէժը» լուծելու: Թէեւ այդ թուականներուն զանգուածօրէն ան կը հետեւէր Դաշնակցութեան, բայց թուրքիոյ մէջ եղած շարժումներուն առաջնորդը Հնչակեաններն էին եւ անոնց վրայ կ'իյնար ձախողութեան պատասխանատուութիւնը: Այսուհանդերձ որեւէ քննադատութիւն չկար այս ու այն կողմի դէմ: «Ինչ որ եղել է, եղել է, որ Սուլթան Համիտը եւ Լոփանով Ռոստովսկին է», կ'ըսէին:
Այս մտածումով էր, որ աշուղ Ֆարհատի «Իսլամների գոռ վաշտերը ահագին» երգը եւ Տամատեանի ու Մուրատի վրայ յօրինուած երգերը ազգային երգեր էին դարձած, ինչպէս եւ «Տալւորիկի քաջ եմ ես, քարի զաւակ»...երգը, որ այդ ժամանակներու ազգային քայլերգն էր: Լայն սիրտ ժողովուրդը կը դատէր.- «Եթէ ելքը յաջող լինէր, բոլորիս համար պիտի լինէր արդիւնքը. Թէ ելքը ձախող է, բոլորիս պիտի լինի հետեւանքը»: Եւ ան բոլոր փախստականները, բոլոր կոտորածէն ճողոպրածները իր յարկին տակ կը պատսպարուէր եւ կը տեղաւորէր:

Դաշնակցութեան վերելքը եւ Հնչակեանութեան վայրէջքը կատարուեցան այդ տագնապալի տարիներու ընթացքին իրենց` Հնչակեաններու միջոցով եւ Դաշնակցականներու յամառութեան ու շրջահայեցութեան շնորհիւ ու հետեւեալ կերպով.-
Սասունի մէջ Տամատեանը ձերբակալուած էր: Զայն փոխարինած էր Մուրատը, որ Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ նշանակուած էր իբրեւ ղեկավար Սասնոյ ապստամբութեան: Կը սպասուէր, որ ապստամբութեան պայթման պարագային Եւրոպան պիտի ցնցուի, անգլիական նաւատորմիղը Պոլիս պիտի մտնէ, իսկ ռուսական բանակը պիտի շարժի` գործադրութեան դնելու համար եթէ ոչ Սան Սթեֆանոյի, գէթ Պերլինի վեհաժողովի տուած որոշումները:

Բայց ապստամբութեան համար անհրաժեշտ էր զէնք: Մորատը, բացի Կարսէն իր բերած բերդան հրացաններէն եւ 2000 փամփուշտէն, այլ զէնք չունէր: Սասունցիք ունէին չախմախլի հրացաններ եւ թուր ու մառթալ, որոնց զէնք անունը տալն իսկ յանցանք էր: Ահա թէ ինչու Սասնոյ իշխաններու հետ ունեցած ժողովին մէջ Մուրատը որոշած էր ընդառաջ գնալ եղած պահանջներուն եւ ճամբել ներկայացուցիչ մը արտասահման` խոստացուած զէնքերը բերելու համար: Խոստումները առատօրէն ըրած էր Հնչակեան կուսակցութիւնը:

Ներկայացուցիչ ընտրուեր էր Սասնոյ սիրելին` Հրայրը: Ան իր Ղըզըլճանցիներէն եւ մօտիկներէն շուրջ 50 հոգի ճամբեր էր Կարս, որ ստանալիք զէնքերը հասցնեն Սասուն: Ինքն ալ ուղեւորուեր էր դէպի Կարս:
Տուրբախը եւ Թեւանենց ալեքը կարսի մէջ եւ հետագային Կառնենու Մկրտիչն ու Ղըզըլաղաճի Պօղոսը Տարօնի մէջ կը պատմէին եւ իրարու ըսածները կը հաստատէին ընդհանուր գծերով: Մկրտիչը, որ Հրայրէն յետոյ երկրորդն էր Տարօնի աշխարհին մէջ, հեգնական շեշտով կը պատմէր.
«Մուրատը մեղք չունէր, միամիտ էր, կը հաւատար խոստումներուն: Ան մեզի ըսաւ.- «Թէ որ Սասուն ապստամբի, Ինգիլիզը մէկ կողմէն, Ռուսը միւս կողմէն Ստամբոլ կը մտնեն եւ Սուլթանի թախտը կը քանդեն եւ հայութիւնը կ'աշխատի»: Հանեց «Կեդրոնի» նամակը եւ կարդաց: Սասնոյ ժողովքը ըսաւ Մուրատին.- «Դու մեր աչաց եւ գլխի վրայ եկած ես. Ազգութեան համար թող մեր արիւն հալալ ըլլի: Եւ կեդրոնի /Հնչակեան/ լիազօրը մեր մեծ թող լինի, մեր աչքին լոյսը թող լինի»:

«Օսէի Աւէն եւ Հրայրը դիմադարձ եղան Մուրատին եւ ըսին.- «Ամէն բան լաւ. Բայց կնիկը, որ կնիկ է, լուացքը անելէն առաջ նախ ջուրը կը պատրաստէ, յետոյ սապոնը եւ յետոյ լուացքի կը սկսի: Մենք չախմախլի հրացան ունինք, բայց բարութ/վառոդ/ չունինք: Չախմախլիով քիւրտի դէմ կռիւ չի լինի: Ու՞ր է քու թոփ ու թուանքը»:
«Քանի մը տաք-գլուխներ, վերնայարկերը դատարկ, պոռացին Հրայրի եւ Օսէի Աւէին երեսին.- «Դուք խառնակիչներ էք»: Մենք ալ ըսինք.- «Խառնակիչը դուք էք»:
«Մուրատը լաւ մարդ էր, իր տեղէն ելաւ եւ կանչեց խառնակիչ կանչողները եւ ըսաւ.- «Խելքը գլխին քանի մը մարդ ունիք, անո՞նց ալ լեզուն կ'ուզէք կտրել: Օսէի Աւէն եւ Հրայրը իրաւունք ունին: Առանց զէնքի եւ պաշարի` ապստամբութիւն չի լինի: Եւ հանեց նամակներ «Կենտրոնէն» գրուած, ուր Հնչակեանները կ'ըսէին.-«Ինչ պաշար որ կ'ուզէք, ինչ որ պէտք է, գնացէք Կովկաս եւ մեր մասնաճիւղերէն առէք»: Հրայրը մեծաւոր կարգեց գնալու եւ բերելու համար զէնքերը ու նամակներ տուաւ աշխարհի չորսդին:

«Գացինք Ղարս, մասնաճիւղ փնտռեցինք: Ըսին այդպիսին չկայ: Քանի մը Հնչակեան գտանք, նամակը տուինք եւ խոստացուած զէնքերը պահանջեցինք: Ըսին.- «Այդ կենտրոնին գործն է. մենք զէնքեր չունինք»: Ըսինք.- «Ջանըմ, միք անէ այդպէս, Սասնոյ վրայ կռիւ է, Մուրատ նեղն է մնացեր, մեզ փութով ճամբած է օգնութիւն հասցնելու: Դուք արիւնքի տակ կը մնաք: Էդպէս չի լինի»: Օգուտ չունեցաւ: Ըսին.- «Կենտրոնի գործն է» ու կանգնեցան: Իսկ կենտրոնը ո՞ւր է, սատանան գիտէ: Չար, նաչար, գտանք Ջալլաթին, որ Սասուն եւ Սբ. Կարապետ եղած էր: Ան տարաւ Ալեքի մօտ, որ դուռը շէն մարդ է: Պատմեցինք ամէն ինչ: Անոնք ըսին.- «Մենք կենտրոն չենք ճանաչէ, մենք դաշնակցական ենք եւ հնչակեաններէն խապար չունինք: Բայց քանի որ դուք կռուի մէջ էք, դիմեցէք մեր կոմիտէին, անոնք անպայման կ'օգնեն»:
« Հրայրը առաջ անցաւ: Գացինք Դաշնակցական կոմիտէին, մեր ցաւը պատմեցինք: Մենք չէինք գիտեր, թէ ի՞նչ է դաշնակցականը եւ ոչ ալ անոնց կը ճանաչէինք: Երբ ըսինք թէ եկած ենք զէնքի, հոն կռիւ կայ, պարապ ինչպէ՞ս դառնանք, անոնք մէկէն ըսեցին.- «ինչ որ մենք ունինք, ձերը համարեցէ ք: Մեր տղաներն ալ թող ձեզի մատաղ լինին: Մենք մէկ ազգ ենք եւ մէկ հաւատի ենք եւ մեր ազգի ազատութիւնը կ'ուզենք»: Միւս օրը գործի անցանք: Մեր հետ բերած Ղըզըլաղաճցիներէն, Պօղոսի առաջնորդութեամբ, 26 հոգի զինեցինք եւ Սասուն յետ ճամբեցինք: Անոնք ապահով տեղ հասան: Եօթը հոգի ալ, որոնց մէջ կար եւ մատ մը դեռ տղայ Չոլոն, ճամբով ճամբեցինք, որ Բասենէն այն կողմը չկրցաւ անցնիլ: Ձերբակալուեցան, իսկ Չոլոն կրցաւ փախնիլ:

Շար.22

Monday, December 21, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 21 - Ռուբէն

Յունոյի գործակիցներէն քաֆթառ Արշակին եւ Որսորդ Գէորգին հանդիպեցայ, բայց դժբախտաբար անոնց չհարցուցի իրենց նախայեղափոխական արկածներու մասին: Ասոնցմէ առաջինը էրզրումցի քեռին էր, որ ժամանակ մը, Յունոյի ոչնչացումէն յետոյ, կարսի Պլոյի արհեստանոցին մէջ կը շինէր համետ, սանձ, իւլար: Յետոյ ան անցաւ թումանի խմբի հետ Սասուն եւ անկէ Վան , անկէ Պարսկաստան որ դարձաւ յայտնի քեռին, որ, կամաւորական մէկ գունդի գլուխ անցնելով` սպաննուեցաւ Ռեւանտուզ: Երկրորդը ի նչ/հարցման նշան/ կ'ընէր Յունոյէն յետոյ, չգիտեմ, բայց ան ալ միացած էր թումանի երկրորդ խմբին--` անցնելու Սասուն, ու սպաննուեցաւ թումանի հետ:
Յունոն եւ ընկերները, որ ժամանակակից էին Նաբիին եւ Ալէյին, /1885-90 թ.թ./, կը տարբերէին անոնցմէ այն բանով, որ նախ` իրենց մէջ չունէին այլ ազգեր, այլ միայն հայեր: Երկրորդ` իրենց գործունէութեան շրջանը Տայոց եւ Վանանդի շրջաններն էին, գլխաւորապէս Նարման, Օլթի, Գեռլա /կարսի նահանգ/, Թորթում, Կիսկիմ /էրզրումի նահանգ/ եւ Արդուին, Խոփա /Պաթումի շրջան/:
Յունոյի նշանակութիւնը պէտք չէ չափել իր անծանօթ մնացած գործերով, այլ այն արժէքաւորումներով, որ ժողովուրդը տուած էր անոր: Կ'ըսէին` «Յունոյի նման մէկը աշխարհ չէ եկել եւ պիտի չգայ: Յունոն, երբ երեսը կը դարձնէր դէպի Էրզրում եւ կը գոռար, վալին իր տեղը կը դողար եւ Ստամբոլի թախտը կը ցնցէր: Յունոն, երբ երեսը կը դարձնէր կարս եւ պաթում ու կը գոռար, գուբերնատորները կը սոսկային եւ ձէնը կը հասնէր մինչեւ Պետրբուրգ:
Յունոն ուրիշ մարդ էր»...:
Երբ 7-10 տարեկան երեխայ էի, ճիշդ այդ չափազանցութիւններով կը պատկերացնէի Նաբին եւ Ալէյը: Եւ մինչեւ օրս այդ ասպետ աւազակները ինձ համար «ամենամեծ» հերոսներն են: Արդեօ ք/հարցման նշան/ նոյն խաբկանքի մէջ չէ Կարսի հասարակութիւնը, կը մտածէի, երբ կը լսէի Յունոյի պատմութիւնները, զորս ախորժակով կը պատմէին Պլոն եւ Մխչոնց Մարգարը: Ճիշդ է, անոնք տաիրքոտ էին, մազերը ճերմակ դառնալու հակումներով եւ մօրուք ունէին: Բայց այդ չի խանգարեր մանկական պատկերացումներ ունենալ ծերացած ժողովուրդի մը, որ հին երազ մը ունի ընբոստութեան եւ ազատութեան: Երբ մէկը ծնուի այդ երազին համաձայն նշաններ ցոյց տալով, ան կը դառնայ իր պաշտելի զաւակը, անկախ անոր իրական արժէքին: Ան որակ եւ ուղեցոյց կը դառնայ ժողովուրդի երազին համաձայն:
Յունոն շօշափելի առնական ոյժ կը համարուէր եւ սկիզբն էր Կարսի մէջ մարտական կազմակերպութեան, ինչպէս ե ւ/շեշտ/ Արաբոն` Տարօնի մէջ: Ծնողները աւելի կը սիրեն եւ միշտ կը յիշեն իրենց զաւակներուն առաջին քայլի օրերը, եւ այդ հերոսը նորաքայլ մանուկն է...
1880-1892 թուականները Կարսի հայութեան վերածնունդի տարիներ պէտք է համարել: Հոն եկող ու գացող մտաւորականներէն ամէն մէկը իր գաղափարները կը բերէր, բայց ընդհանուր կապ չկար անոնց միջեւ: Կազմուած հայրենասիրական խմբակցութիւնները եռանդուն ու գաղափարական էին, բայց ընդհանուր ներդաշնակութիւն չկար:

Հնչակեան կուսակցութիւնը Կարսի մէջ, առածս տպաւորութիւններէն դատելով, բոլոր տուեալներն ունէր համախմբելու ինքնաբոյս յեղափոխական տարբեր հոսանքները եւ ամբողջական մէկ ոյժ կազմելու: Ան էր , որ կ'ընդգրկէր ազգային եւ ընկերային յառաջադէմ գաղափարները: Անոր մէջ էին համախմբուած ժամանակի ամենազոհաբերող, անշահախնդիր տարրերը հայկական երկու հատուածներու երիտասարդութեան: Անոր ձեռքին էր ջահը, որ կը հրդեհէր յեղափոխական բոցը Զէյթունէն Սասուն, Սասունէն Կովկաս: Ազգը անոր կը նայէր:
Շատ կարճ ժամանակով հեռաւոր Կիլիկիայէն, իննսունական թուերու սկիզբները, Կարս այցելած էին Ժիրայրը եւ Մուրատը, երբ անոնք դեռ եւս անծանօթներ էին, բայց ա~յնպիսի շունչ, ա~յնպիսի ոգի էին ցոյց տուած, որ կարճ միջոցի մէջ նուաճած էին բոլոր հոսանքներու սիրտը եւ մի հօտ ու մի հովիւ էին կազմած յարկի մը տակ, որ Հնչակեանութիւնն էր : Դեռ 1904-ին, երբ ես հոն էի, երբ այլեւս գոյութիւն չունէր հնչակեանութիւնը Կարսի նահանգին մէջ, բացի քանի մը անհատներէ, ա~խ ըսելով կը յիշէին զանոնք եւ կը նեղանային, երբ անոնց մասին բացասական արտայայտութիւն ընէինք: Կը զարմանային, երբ անոնց «Հնչակ» ըսէինք:
- Չէ, չէ, սխալ ես, հոգուդ մեղք կ'անես: Ռոստոմն ալ Ղարս էր, էրզրում կ'երթար. Մուրատն ալ Ղարս էր, Սասուն կ'երթար: Անուշ, բարուշ իրարու հետ էին: Երկուսին ալ ես ճամբեցի, երկուսն ալ հրեշտակի պէս մարդ էին: Ոչ «կենտրոն», ոչ «Հնչակ», երկուսն ալ նոյն բանը կ'ընէին.
«Ազգը մեզի թագաւոր, մենք`անոր զինուոր»: Մենք անոնց սիրեցինք եւ ամէն բաները հոգացինք ու ճամբու դրինք,- կ'ըսէր ինծի Թեւանենց Ալեքը:
Թեւանենց Ալեքը իր գլխէն չէր փչեր:Այդպէս էր դրութիւնը 1890ական թուի սկիզբները, երբ Ռոստոմները կ'առաջնորդէին Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը եւ ապակեդրոնացումը: Մուրատները ատոր մէջ գործնական միտք կը գտնէին եւ, եթէ ատոր իմաստը հասկնային արտասահմանի մէջ նստած Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնի անդամները եւ կամ Ռոստոմը անդամը լինէր այդ կեդրոնի , այդ պարագային դժուար թէ Հ. Յ. Դ.ը կազմուէր:

Հնչակեանութիւնը իր բոլոր տուեալներով ինքնասպան եղաւ իր անժողովրդական կեդրոնաձիգ ու տոտալիտէր/այսինքն ամբողջատիրական/ վարչութեան պատճառով եւ նաեւ այն հասկացողութեան հետեւանքով, թէ ժողովուրդները իրենց իտէալը չունին եւ թէ իտէալը մենաշնորհ է քանի մը գրոց –բրոց անհատներու: Ատոր մէջ որոնելու է անոր քայքայման ու այլասերման պատճառները եւ Դաշնակցութեան աղբիւրները:

Կարսի մէջ նոր կազմակերպութեան` Դաշնակցութեան միութիւնը կատարեալ էր, Ռոստոմի շնորհիւ:
Նոյն միութիւնը առաջացաւ մարտական ոյժերու համախմբման գործին մէջ: Կուկունեանի խումբը կարելի է համարել Դաշնակցութեան առաջին փորձը մարտական ոյժի կազմակերպման:

Անտրէ Տէր Օհանեանը «հայրենիք» ամսագրի էջերու մէջ, իբր աղբիւր ունենալով Կուկունեանի խումբի մասնակցողներուն յիշողութիւնները, այնքա~ն հարազատ ըմբռնած է այդ խումբի էութիւնը, այնքա~ն գեղեցիկ նկարագրած է, որ ընթերցողըկրնայ կարդալ ոչ թէ իբրեւ մտացածին մէկ վէպ, այլ իրական պատմութիւն: Ես ալ մօտիկ բարեկամներ ունեցած եմ այդ խումբին մասնակցողներուն մէջ, որոնցմէ Բալաջանը եւ Ռուբէնը /Դերձակեան/ պատմած են ինծի յաճախ: Անոնց պատմածները նոյնը կը հաստատեն, ինչ որ Տէր Օհանեանը ներկայացուցած է: Ուստի, այդ խմբի մասին ոչինչ չեմ աւելցներ իմ կողմէն: Պիտի ըսեմ միայն, որ այդ խումբի արժէքը պէտք չէ որոնել իր մէջը, այլ պէտք է որոնել այն ազդեցութեան մէջ, զոր թողած է ժողովուրդի հոգեբանութեան վրայ:

Շար . 21

Sunday, December 20, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 20 - Ռուբէն

Գլուխ Գ.

Կարսի անցեալէն.
Առաջին սերունդը. Յունոն.
1880-1892. Հնչակեանները. Կուկունեանի խումբը.
1893-1900. Երկրի դէպքերու ազդեցութիւնը կարսի վրայ.
Հրայրի գործունէութիւնը.
Հոգեբանութիւնը 1904ին.
Կարսի բերած օգուտները երկրի համար.
Կարսի պատրաստած գործիչները.
Զէնքի փոխադրութիւնը. Հրայր .
Զինատար խումբերը 1890էն 1900թ.

Կարսէն ստացած անմիջական տպաւորութիւնս կը զարմացնէր զիս:
Ան մէկ դպրոց էր` իշխանութիւն ստեղծելու համար, դպրոց մը, որու հիմնադիրները եղած էին մտաւորական երիտասարդներ, տարուած իրենց տարբեր երազներով: 1904ին զանոնք կը յիշէին երազի նման, առանց մատնանշելու անոնց գործերուն էութիւնը, բայց այդ յիշողութիւնը արդէն չճշդուած դրամագլուխ մըն էր դարձած , քիչ մը երեւակայական, քիչ մը դրական:

Կը յիշուէին, օրինակ, Բախչեանը, Սեդրակ Մանդիեանը, որոնք հետագային մանկավարժներ եղան:«Ծօ, ջանըմ, առաջուան մարդիկ բախշայ /տարբեր/ մարդիկ էին. Ամէն լեզու գիտէին կը, ամէն ուսում ունէին, բայց խաչ հանելով` աղօթէին կը եւ Սբ. Կարապետ կ'երթային կը»:
Կը յիշէին Մկրտիչ Ղազարեանը` երկար ոտքերով եւ փոքրիկ գլխով, նոյնպէս Լեւոն Սարգսեանը` խոժոռ եւ մեծ գլխով ու հաստատուն մարմնով: Թէեւ առաջինը իր ասպարէզը վերջացուց քահանայութեամբ եւ երկրորդը` հրապարակագրութեամբ, բայց անոնց մասին կ'ըսէին. «Տեսա՞ր, մարդ ըսածդ այդպէս պէտք է լինի : Ըրին չըրին, իրանց խօսքը ըրին, գնացին երկիր, ոտքի տակ տուին եւ այնտեղի զուլումի մասին մեզի լուր բերին»:

Կը յիշէին Ռոստոմը, որ քոթոթի նման էր: Ատկէ եւ իր մականունը: Կը յիշէին Մարտիրոս Մարգարեանը, որ զուարճախօս եւ ուրախ իշխանի կերպարանք ունէր: Ու կ'ըսէին.»Ջանըմ, անոնցմէ առաջ ջուռա-ջուռա շատ մարդիկ եկան ու անցան, աւելի ուսումով, աւելի չալումով, բայց ամէնքի փափախի տակէն մի այլ ձայն կը հնչէր, մէկը մէկէլէն անուշ: Բայց թէ արի ու տես, ո ՞ր մէկին հաւնիս: Ասոնք ձայն չէին հանէ, առանձին երգեր չունէին, բոլորն ալ միաբերան մէկ բան կ'ըսէին գլուխդ որ քոր գայ, քու ձեռքով քորը պիտի անցուցես»:
Կը յիշէին եւ ամենէն աւելի վառ կը պատկերացնէին Արամ Թաթուլը, Սարկաւագը, Ջալլաթը եւ Տուրբախը: Ասոնք մտաւորականներ չէին, այլ գործող անձինք եւ զանգուածի կողմէ աւելի գնահատուած, քան ուսումնականները: «Մեզնից են անոնք, մեր լեզուն կը խօսին եւ մեծ մեծ խօսքերի հետ գործ չունին: Մեզնից են, եւ դրա համար մենք նրանց «ղատրը» չգիտենք: Խօսքի ինչ կարիք կայ, ամէնքս ալ գիտենք, որ Ղարսայ բերդը մեր թագաւորներինն է, մեր մայրաքաղաքը: Ձեր ոտքին մատաղ: Հէ ~յ կիտի Թաթուլ, Ջալլաթ ու Տուրբախ եւ խիղճ Սարկաւագ: Անոնց ոտքերը երկաթ լինէին, պիտի մաշէին Խնուսի, Մշոյ, Էրզրումի լեռներում»...
Եւ անպայման կը սկսէին երգել «Ձայն մը հնչեց էրզրումի»...երգը:

Յունոն այս անձերու մէջ ամենէն առնականը, ամենէն պայծառը եւ սիրելին էր: Ան էր, որ կը լուսաւորէր զանգուածներուն երեւակայութիւնը եւ ուղին ցոյց կուտար ապագայի, թէպէտ այդ մտքովն իսկ չէր անցներ Յունոյի: Անոր սխրագործութեանց մասին շատ բան կը պատմէր ժողովուրդը` եղածը չեղածին խառնելով: Բայց էականը այն չէր, թէ ինչե~ր էր ան ըրած: էականը այն էր, որ ժողովուրդը անոր արարքներուն մէջ կը գտնէր այն, զոր ինքը կը բաղձար: Իսկ իր ներքին բաղձանքն էր` տեսնել համարձակ մէկը, որ արհամարհէր թէ ռուս եւ թէ թուրք ոյժերը, եւ զարնէր աջ ու ձախ, ճնշող ոստիկանին ու բէկին, բաժանէր իր խլածը խեղճերուն, անբախտներուն:

Իրապէս եւ չգիտեմ, թէ Յունոն գաղափար ունէ՞ր արդէն ծնունդ ունեցող կուսակցութիւններէն, բայց անոնք իրենցը կը համարէին զայն:

Երբ կ'ըսեն Յունօ, կը յիշեմ Նաբի եւ Ալէյ թուրք ըմբոստները, որոնք Գուգարքի եւ Կովկասի լեռնորը կը թափառէին եւ որնց մասին առասպելներ կային ու երգեր կ'երգուէին ամէն լեզուով: Երեխայ էի, մեծերը իրարու կ'ըսէին, ես կը լսէի.
- Լսեցի՞ր, Նաբին ելել Ծալկայի ճամբան է. բոլոր կիները իր քրոջ պէս պատուել եւ ճամբայ է բացել. Բոլոր աղքատներէն` մէկ չոփ չէ առել. Բոլոր հարուստներին մօրմէ մերկ դարձուցել ճամբել է . պռիստաւին, դատաւորին եւ ղազախներին պառկեցուցել եւ ոչխարի պէս մորթել է:
- Եւ Արեգ հօրքուրը կ'աւելցնէր.
- Քա , մեզի ի՞նչ. թող մորթէ, մեր ազարուէթցի աղաներն ալ անոր հետ են եղած: Արդէն Նաբիի եւ Ալէի քաջ կռուողները հայեր են, զոռբայի հախէն կուգան եւ լաւն են: Մեզի վնաս չկայ, թո ղ Աստուած երկար կեանք տայ անոնց:
- Մենք` երեխաներս ալ դպրոց կ'երթայինք եւ իրարու կը հարցնէինք.
- Լսեցի՞ր, լսեցի՞ր... Ապուլ սարի վրայ, որ երէկ կրակ կը վառէր մութ գիշերին, Ալէյն էր վառել, ոչխար կը խորովէր եւ այս Սոխերին/Ռուսերին/ շիշը կ'անցնէր:
- Անոնք աւազակներ էին, այն տարբերութեամբ որ դրամի համար լեռները չէին ելած: Մէկը վիրաւորուած էր արդարադատութեան բացակայութենէն եւ բանտէն էր փախած: Միւսը սիրահարական ողբերգութենէ մը լեռներն էր ելած: Բայց մէկը սարսափի, իսկ միւսն եւ վրէժի հերոս էր դարձած: Գոնէ ես զանոնք հերոս դարձուցած էի, երբ երեխայ էի: Երջանիկ կը զգայի, երբ կ'երթայինք Չխիջուարի հանքային ջրերը, ուր կ'երազէի Ալէյին, որ գար եւ մեզ պաշարէր, գերի առնէր, եւ ես պատեհութիւն ունենայի տեսնել զայն եւ իմ ծառայութիւնը մատուցանել անոր:
Երբ Կարս գացի, եւ ինձ կը պատմէին Յունոյի մասին այնպէս, կարծես ան ողջ լինէր, ես յիշեցի 10-15 տարի առաջ եղած երեւակայութիւններս Նաբիի եւ Ալէի մասին: Յունոյի մասին պատմուածները յար եւ նման էին Արեգ հօրաքրոջս պատմածներուն, այսինքն` ստուգման կարօտ: Ուստի զանց կ'առնեմ զանոնք` թողնելով այդ իր գործակիցներուն եւ մօտիկ եղողներուն:

Շար . 20

Saturday, December 19, 2009

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄԵԿՆԱՐԿԱՅԻՆ ՏԱՐԻՔԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

«Նշանակ» տեսնելով շահեկանութիւնը այս յօդուածին ՝ Հալէպ հրատարակուող «Գանձասար» շաբաթաթերթէն կ՜արտատպէ զայն , անոր բովանդակութիւնը ի սպաս դնելով իր բոլոր մանկավարժութեամբ հետաքրքրուած և հետամուտ ընթերցողներուն:
«Նշանակ»

«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«

Ժիւլիեթա Կիւլամիրեան
Մանկ. գիտ. դոկտոր, պրոֆեսոր Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ

Վաղ ուսուցման հիմնահարցն այսօր արդիական է ամբողջ աշխարհում: Այն իբր կրթութեան զարգացման առաջանցիկ դիրքորոշում եւ մանկավարժական ու սոցիալական հիմնախնդիր տարբեր երկրներում դիտարկւում է այլազան սկզբունքներով ու հիմնաւորումներով:

Զարգացած եւրոպական երկրներում, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ում, նշուած հիմնահարցի ուղղութեամբ իրականացւում են մանկավարժահոգեբանական բնոյթի հիմնարար ուսումնասիրութիւններ՝ խնդիրը դիտարկելով անձի շարունակական զարգացման ընթացքում. հիմնախնդրի ուղղութեամբ տարուող ուսումնասիրութիւնները երբեք չեն աւարտւում, ընդհակառակը՝ սերնդի փոփոխութեան հետ նորացւում են հարցի՝ թէ՛ տեսական, թէ՛ պրակտիկ վարկածներն ու դրանց իրականացման ուղիները:

Համաշխարհային պրակտիկայում վաղ ուսուցումն իրակացւում է տարբեր նպատակներով եւ բովանդակութեամբ.-
ա) Նախապատրաստում դպրոցական ուսուցման, որը կազմակերպւում է ինչպէս մանկապարտէզում, այնպէս էլ դպրոցում,
բ) Մանկութեան կազմակերպում նախադպրոցական կրթադաստիարակչական հաստատութիւններում՝ որոշակի ծրագրով (հաստատուած պետութեան կողմից),
գ) Մանկութեան կազմակերպում մասնաւոր մանկական հաստատութիւններում՝ անհատական կամ հեղինակային ծրագրերով:

Վաղ ուսուցման հիմնահարցը Հայաստանում եւս ունի տասնեակ տարիների պատմական ընթացք, որը ժամանակ առ ժամանակ ընդհատուել է՝ կապուած երկրի (նախկինում՝ ԽՍՀՄ-ի) սոցիալ-տնտեսական, քաղաքական, մանկավարժահոգեբանական եւ այլ խնդիրների հետ: Սակայն այս տատանումների մէջ առանձնանում է երեք շրջան, որոնք հետք են թողել հարցի պատմութեան մէջ.

ա) 1950-60-ական թուականներ. նախկին՝ Հայաստանի Լուսաւորութեան նախարարութեան համակարգում գործող Դպրոցների գիտահետազօտական ինստիտուտում՝ Աւ. Ճողորեանի ղեկավարած լաբորատորիայում, ընթացան 6-6.5 տարեկաններին դպրոցական ուսուցման մէջ ընդգրկելու պարզ փորձեր: Ընտրուած մէկ տասնեակի հասնող փորձագիտական դասարաններում (Երեւան, Արտաշատ, Հրազդան քաղաքներում եւ մի շարք գիւղերում) գիտափորձեր էին տարւում նոր ծրագրի մշակման եւ հանրապետութիւնում գործող դասագրքերով 6-6.5 տարեկան երեխաներին ուսումնական գործունէութեան մէջ ներգրաւելու ուղղութեամբ: Այս գիտափորձն իր շարունակութիւնը չունեցաւ, որովհետեւ այն իրականացւում էր տարերայնօրէն՝ առանց գիտական լուրջ սկզբունքների եւ հիմնարար հայեցակարգի:

բ) 1970-1985թթ. նոյն Լուսաւորութեան նախարարութեան Մանկավարժական գիտութիւնների գիտահետազօտական ինստիտուտում ստեղծուած «Վեց տարեկանների կրթադաստիարակչական հարցերով զբաղուող պրոբլեմային լաբորատորիայում» (ղեկավար՝ պրոֆեսոր Ա. Ե. Տէր-րիգորեան) առաւել գլոբալ աշխատանքներ իրականացուեցին նշուած հիմնախնդրի շուրջ: Այս գիտափորձերը մասն էին կազմում նախկին ԽՍՀՄ ՄԱ-ի կողմից սկսած ֆունդամենտալ փորձարարական համալիր աշխատանքների, որոնք իրականանում էին բոլոր 15 հանրապետութիւններում: Այն, ըստ էութեան, տասնմէկամեայ կրթութեան կազմակերպման ձեւ էր, որն իրականացւում էր նախապատրաստական, ինչպէս այն ժամանակ էին ասում՝ զրօ դասարաններում 6 տարեկան երեխաների ուսուցումը կազմակերպելով:
Այսպիսով, վաղ ուսուցման անհրաժեշտութիւնը հիմնաւորւում է ինչպէս սոցիալական, այնպէս էլ՝ մանկավարժական տեսանկիւնով: Այն բացատրւում է առաջին հերթին կրթութեան համակարգի արմատական յեղափոխութեամբ: Երկրորդ - հիմնաւորում է թէ՛ մանկավարժների, թէ՛ ֆիզիոլոգների, թէ՛ հոգեբանների այն եզրակացութեամբ, որ ուսուցումն ամէնից արդիւնաւէտ է վաղ տարիքում: Երրորդ - պայմանաւորուած է երեխաների մտաւոր եւ ֆիզիքական վաղ զարգացմամբ (աքսելերացիայով): Չորրորդ - թեթեւացնում է տարրական դասարանների ուսումնական ծանրաբեռնուածութիւնը: Հինգերորդ - լրացնում է նախադպրոցական ցանցի սահմանափակութեան պատճառով ստեղծուած բացը: Մօտ 10 տարի տեւած այս գիտափորձն ընդհատուեց՝ սոցիալ-տնտեսական անբարենպաստ պայմանների հիմնաւորումով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անկախացման հետեւանքով գիտափորձն անցկացնող կազմակերպութիւնը դուրս մնաց ընդհանուր հետազօտական ծրագրից:

գ) Հիմնահարցը կրկին արդիական դարձաւ 2006-2007 ուսումնական տարում, երբ ՀՀ նոր «Կրթակարգով» նախատեսուած ուսումնական պլանի համաձայն հանրակրթութիւնը դարձաւ տասներկուամեայ, իսկ կրթութեան առաջին օղակը՝ տարրական դպրոցը՝ 4 դասարան1:
Այսօր վաղ ուսուցման հիմնախնդրի լուծումը մտել է նոր փուլ. ուսումնական գործընթացի մէջ են ընդգրկուել 5.5-6 տարեկան երեխաները: Այսինքն՝ այն տարիքի երեխաներն են ընդգրկուել դպրոցականների շարքերում, որոնք մինչ այդ գտնւում էին նախադպրոցական հաստատութիւններում: Ըստ էութեան, եթէ նախկինում 5.5-6 տարեկան երեխաների կրթութեան մէջ ներգրաւելը պարտադիր չէր (մանկապարտէզ յաճախում է այդ տարիքի երեխաների 15-20%-ը, այն էլ՝ քաղաքային պայմաններում), ապա այսօր այն դարձել է կրթուելու պարտադիր տարիք: Այսպիսով, արդէն երկու ուսումնական տարի է 5.5-6 տարեկան երեխաներն ընդգրկուած են պարտադիր ուսումնական գործունէութեան մէջ: Բնականաբար, դպրոցում փոքրիկների կրթադաստիարակչական գործընթացն ունի բաւականին լուրջ եւ հիմնաւոր առանձնայատկութիւններ, որոնք անհրաժեշտ է հաշուի առնել:
Բանն այն է, որ նշուած տարիքը, որն այսօր համարւում է ճգնաժամային, դեռեւս ամբողջապէս պատրաստ չէ ուսումնական գործունէութեան: Թէեւ աւագ նախադպրոցական համարուող այս երեխաները յայտնուել են դպրոցական նստարանին, սակայն նրանց մտածողութեան որոշ տեսակներ դեռեւս պատրաստ չեն այդ գործունէութեանը: Օրինակ, ուսումնասիրութիւնները ցոյց են տուել, որ ինչպէս նախադպրոցական, այնպէս էլ վաղ կրտսեր դպրոցական տարիքի երեխաների մտածողութիւնն առարկայական է, անբաւարար է զարգացած վերացական մտածողութիւնը: Սա նշանակում՝ ուսուցման գործընթացը կազմակերպելիս պիտի յենուել նրանց առարկայական մտածողութեան ընձեռած հնարաւորութիւնների վրայ: Սակայն պիտի նկատի ունենալ, որ նշուած տարիքի երեխաներն ունեն վառ երեւակայութիւն, հետեւաբար, օգտագործելով երեւակայութեան այդ տեսակի առկայութիւնը՝ կարելի է զարգացնել նաեւ սովորողների վերացական մտածողութիւնը, որը նրանց պէտք է գալու հետագայ ուսումնական գործընթացում:

1. Հայաստանի հանրապետութեան «Կրթակարգ», «Անտարես», 2004:
Ընդունուած է ասել, որ այս տարիքից բուռն զարգացում են ապրում երեխաների ճանաչողական հետաքրքրութիւնները, մասնաւորապէս՝ ուսումնական հետաքրքրութիւնները, ակտիւանում է սովորելու ցանկութիւնը, սակայն դրանց բնականոն զարգացումն ապահովելու համար անհրաժեշտ են որոշակի պայմաններ, հակառակ դէպքում՝ աստիճանաբար ոչ միայն կը մարի երեխաների սովորելու ցանկութիւնը, այլեւ լուրջ վնաս կը հասցուի նրանց մտաւոր, ֆիզիքական եւ հոգեկան զարգացման գործընթացին եւ առողջութեանը:
Տարիների ուսումնասիրութիւնները ցոյց են տուել, որ 5-6 տարեկան երեխան ապրում է տարիքային ճգնաժամ ոչ միայն նրա համար, որ հակառակ իր նախորդ տարեկիցների, որոնք վայելում էին իրենց անհոգ եւ ուրախ մանկութիւնը, յայտնըւել են ուսումնական գործունէութեան կենտրոնում եւ պարտաւոր են որոշակի ծրագըրով նախատեսուած նիւթը իւրացնել՝ որոշակի ժամանակահատուածում: Բանն այն է, որ բուռն զարգացում է ապրում նաեւ այդ տարիքի երեխաների ֆիզիքական եւ հոգեկան աշխարհը, զարգանում են մարմնի առանձին օրկաններն ու հոգեկան գործընթացները, եւ այդ զարգացումը նրանց դնում է բարդ իրադրութեան առջեւ:
Պրոֆեսոր Բլումը (Չիքակոյի համալսարան) իր «Մարդկային անձնաւորութեան հաստատունութիւնն ու փոփոխականութիւնը» գրքում նշում է, որ կեանքի առաջին 4 տարիների ընթացքում ձեւաւորւում է մարդու ինտելեկտի 50 տոկոսը, որ մինչեւ 4 տարեկան հասակը երեխան խիստ ընկալունակ է արտաքին ազդեցութիւնների նկատմամբ, իսկ հետագայում այդ ընդունակութիւնն աստիճանաբար թուլանում է: Նա գտնում է, որ «17 տարեկան պատանու ինտելեկտի մակարդակը, 50 տոկոս հաւանականութեամբ, կարելի է ենթադրել արդէն նրա հինգ տարեկան հասակում1: Եւ որքան ձգուի այդ վաղ շրջանը, այնքան դժուար կը լինի վերականգնել նրա հետեւանքները»: Այնինչ, մենք յաճախ կորցնում ենք վաղ ուսուցման տուած հնարաւորութիւնները, եւ այն, ինչ կարելի է զարգացնել մարդու մէջ այդ տարիքում, մեռնում է:
Վաղ ուսուցման համաշխարհային պատմութիւնը հաւաստիացնում է, որ տարբեր երկրներում այն իրականացւում է այլազան հիմնաւորումներով եւ դրանցով պայմանաւորուած՝ բովանդակութեամբ ու ձեւերով: Օրինակ, շատ երկրներում (Ֆրանսիա, երմանիա, ԱՄՆ, Հոլանտիա, Աւստրալիա եւ այլն) ուսումնական գործունէութեան մէջ են ներգրաււում նոյնիսկ 3-4 տարեկան երեխաները: Սակայն այդ երեխաներով համալրուած խմբերի աշխատանքը թէ՛ բովանդակային, թէ՛ կառուցուածքային իմաստով բոլորովին այն չէ, ինչպիսին մենք պատկերացնում ենք, թէեւ դրա անունը կրթութիւն է: Բանն այն է, որ այս եւ 1-2 տարով աւելի մեծ տարիքի երեխաների կրթութեան բովանդակութիւնն աւելի շատ նման է մեր երկրի նախադըպրոցական հաստատութիւններում իրականացուող գործընթացին:
Ուսումանսիրութիւնները ցոյց են տալիս, որ որոշակի տարիքի հասած իւրաքանչիւր առողջ երեխայ կարող է սովորել. հարցն այն է, թէ ինչ պէտք է սովորի նա, ինչպէս պէտք է սովորի, երբ պէտք է սովորի եւ որքան ժամանակում պէտք է իւրացնի ծրագրով նախատեսուած տուեալ նիւթը: Այսօր վիճարկւում է նաեւ այն հարցը, թէ երեխային պէտք է սովորեցնե՞լ (սովորեցնել կարելի է շատ բան), թէ՞ երեխան պէտք է ինքը սովորի:
Որպէսզի երեխան ինքը սովորի (առանց պարտադրանքի, առանց անյաղթահարելի դժուարութիւնների), նրա առջեւ պիտի դնել այնպիսի խնդիր եւ այնպէս դնել այդ խնդիրը, որ փոքրիկը ճանապարհը կարողանայ ինքնուրոյն անցնել՝ ձեռք բերելով ուսումնական նիւթի վերաբերեալ գիտելիքներ եւ կարողութիւններ, այդ ճանապարհին ծագած դժուարութիւնները յաղթահարելով ինքնուրոյն: Այսինքն՝ վաղ ուսուցման բովանդակութիւնը որոշելիս պիտի առաջնորդուել երեխայի բնութեամբ, նրա բնական կարողութիւններով: Զարգացած կրթական համակարգ ունեցող երկըրներում հենց այդպէս էլ իրականացւում է 4-6 տարեկան երեխաների ուսուցման գործընթացը:
Այսպիսով, երկրների մի խումբ, վաղ տարիքի ուսուցում ասելով, հասկանում են ոչ թէ գրել-կարդալ սովորեցնելը, այլ երեխաների մէջ ուսումնական գործունէութիւն ծաւալելու համար անհրաժեշտ կարողութիւնների ձեւաւորումը:
Մեր երկրում տասնամեակներ շարունակ մինչեւ 6 տարեկան երեխաների կրթութիւնը կազմակերպւում էր նախադպրոցական հիմնարկներում՝ հաշուի առնելով այդ տարիքի երեխաների տարիքային մանկավարժահոգեբանական առանձնայատկութիւնները եւ դրանց հիման վրայ ստեղծելով յատուկ պայմաններ, ծրագրեր, օրուայ ռեժիմ, խաղեր եւ խաղալիքներ եւ այլն: Որպէսզի այս գործընթացն ընթանայ մանկավարժահոգեբանական տեսակէտից ճիշդ, պէտք է՝
- ուսումնասիրել 5.5-6 տարեկանների տարիքային հոգեբանական առանձնայատկութիւնները, մասնաւորապէս ուսումնական գործունէութիւն ծաւալելու համար չափազանց կարեւոր նրանց հոգեկան գործընթացների (յիշողութիւնը, ուշադրութիւնը, մտածողութիւնը, երեւակայութիւնը, զգացմունքները, խօսքը, կամքը)՝ ուսումնական գործունէութիւն ծաւալելու համար նախնական պատրաստականութեան մակարդակը,
- դիտարկել նշուած տարիքի երեխաներով համալրուած առաջին դասարաններում իրականացուող դասերի բովանդակութիւնը, կառուցուածքը եւ մեթոտները,
- մշակել մանկավարժահոգեբանական որոշակի սկզբունքներ, որոնց հիման վրայ պիտի ընթանայ նշուած գործընթացը,
- բացայայտել այն դժուարութիւնները, որոնք առկայ են վաղ ուսուցման գործընթացում՝ թէ՛ ուսուցչի տեսանկիւնից, թէ՛ աշակերտների համար,
- մշակել դրանց յաղթահարմանը միտուած մեթոտական եւ հոգեբանամանկավարժական ուղիներ:
Նշուած հիմնախնդրի ուսումնասիրման ուղղութեամբ աշխատանքներն իրականացնելու համար նախ պիտի հիմնաւորապէս դիտարկուի այս ուղղութեամբ գոյութիւն ունեցող պատմական փորձն ինչպէս Հայաստանում եւ ԱՊՀ երկրներում (ուր կուտակուած է տարիների հարուստ փորձ), այնպէս էլ արտասահմանում: Մեզ համար մասնաւորապէս ելակէտային եւ կարեւոր ենք համարում նաեւ Սփիւռքում այս ուղղութեամբ գոյութիւն ունեցող պրակտիկան: Ինչպէս մենք նշեցինք, աշխարհի շատ երկրներ վաղ ուսուցման հարցը լուծում են տարբեր եղանակներով՝ պայմանաւորուած տըւեալ երկրի սոցիալ-տնտեսական իրավիճակով, կրթական համակարգի եւ ընդհանրապէս հոգեբանամանկավարժական գիտութիւնների զարգացուածութեան աստիճանով: Այս իմաստով հայկական Սփիւռքն ունի վաղ ուսուցման կազմակերպման հարուստ փորձ, որի հաշուառումը նոյնպէս շահեկան է մեր դպրոցների համար:
Ըստ ՀՀ «Կրթակարգի»՝ հանրակըրթութեան մէջ պարտադիր ներգրաււում են 5.5-6 տարեկան երեխաները, որոնց ուսումնական գործընթացը պիտի կազմակերպուի բոլորովին այլ սկզբունքներով, մեթոտներով, քան սովորական եռամեայ դպրոցի առաջին դասարանում: Միաժամանակ փոխւում են նաեւ ողջ կրտսեր դպրոցի ուսումնական գործընթացի նկատմամբ գոյութիւն ունեցող մանկավարժամեթոդական դիրքորոշումները. բանն այն է, որ վաղ ուսուցումը թելադրում է երեխաների տարիքային տարբերութիւններով պայմանաւորուած բազմաթիւ հիմնախնդիրների լուծում:

Wednesday, December 16, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 19 - Ռուբէն

Քանի մը խօսք ալ տեռորներու գործողութեան մասին:

Չափազանցութիւն չլինի եթէ ըսեմ, թէ 1903-4 թուերուն ե ւ ոչ մէկ հայ կար բառին բուն իմաստով դաւաճան, մատնիչ: Եւ այդ ախտահանումը նախ եւ առաջ պարտական էինք ստեղծուած մթնոլորտին : Հազիւ թէ ամէն ազգէ 8 տեռոր կատարուած էր ամբողջ նահանգին մէջ 5 տարուան ընթացքին: Բայց ամբողջ բնակչութիւնը, մէջն առնելով եւ բանակը, կ'ապրէր տեռորի մղձաւանջին մէջ: Ան չէր ըմբռներ, թէ այդ սարսափը տեռորիստներու եւ պատժի խստութեան մէջ չէր, այլ իր հոգեբանութեան, իր երեւակայութեան մէջն էր:

Ահա թէ ինչու ահաբեկման գործողութիւնը դիւրին եւ բնական կը համարուէր բոլորին կողմէ: Գաբրիէլ հրեշտակն էր ահաբեկիչը, որուն ընդդիմանալը անբնական էր: Ան ոչ մէկ յանցանք չունէր, ան վերին կամքի գործադրողն էր միայն: Անոր պէտք էր օգնել: Ան աներեւոյթ եւ անխոցելի էր: Անոր «Ձեռները դալար» էին նոյնիսկ: Այդ պայմաններու մէջ աւելի դժուար է մսագործի համար ոչխար մը մորթել , քան ահաբեկիչին համար սպաննել հազարապետ մը իր զօրքին աչքերուն առջեւ կամ դաւաճան մը` իր դրան շէմքին ու մնալ անյայտ, առանց ձերբակալման եւ առանց բողոքի:

Ոչ մէկ տեռորիստ ունէինք ձերբակալուած: Բոլորն ալ անյայտ կը մնային, բայց բոլորի մասին ալ ամէնքը գիտէին, պատկառանքով կը ճաշէին անոնց հետ, առանց խօսելու կատարուածի մասին:

Ահաբեկիչի գործողութեան ատեն, բոլորի դռները բաց պէտք է լինէին, զայն հետապնդումէ ազատելու համար ճամբայ պէտք է ցոյց տային, անոր ծպտուելու համար հագուստ պէտք է տային: Եթէ ոստիկան էր տեսնողը, պէտք է լռէր անոր ինքնութեան մասին: Պատասխանատու կը համարուէին անոնք որ չէին օժանդակած, իսկ իշխանութեան օժանդակողները տեղն ու տեղը կրնային սպաննուիլ եւ կամ պէտք է ինքնասպան լինէին, ահաբեկիչի ձեռքը չիյնալու համար:

Քանի մը խօսք ալ տեռորիստներու ընտրութեան մասին: Թուրք կամ ռուս դատարաններու կամ այլ դրութիւններու գործերու մէջ յաճախ ըսուած է, թէ ահաբեկիչները կ'ընտրուէին վիճակով կամ «կոմիտէի» հրահանգով: Այդ կը նշանակէ թէ անոնք չէին հասկնար, որ «շունը ծեծելով գայլը չի խեղդուիր» եւ որ վիճակով կամ հրամանով ահաբեկման գացողը կրնար ձախողեցնել այդ նրբին գործը:
Ահաբեկման գացողը, նախ, պէտք է վճռած լինէր որ տրուած գործը անպայման պէտք է յաջողցնել: Երկրորդ` ան պէտք չէ ձերբակալուէր, ոչ վիրաւոր եւ ոչ ալ անվնաս: Երրորդ` պէտք է կարողանար ազատուիլ` առանց իր հետքը ձգելու: Չորրորդ` եթէ այդ բոլորը չկարողանար, անպայման պէտք է մեռնէր:

Ասկէ պարզ է որ ահաբեկիչը, բացի քաջութենէն, բան մըն ալ աւելի պէտք է ունենար: Ան անպայման յաջողելու վստահութիւնը պէտք է ունենար, եւ իր ազատման կամ հաստատ մահուան հարցը երկրորդական պէտք է լինէր անոր համար: Այս յատկութիւնը միայն ահաբեկիչին ինքը կրնար որոշել, եւ երրորդ անձի հրամանը կամ խորհուրդը կամ վիճակով պարտադրանքը, բացի վնասէն, օգուտ չէր կրնար բերել:

Ընտրութիւն ընդհանրապէս հետեւեալ ձեւով կը լինէր.-
Կ. Կոմիտէի կողմէ մէկը իր մօտ կը կանչէր այն անձը, որ յարմար կը նկատուէր որոշուած տեռորի համար եւ կ'առաջարկէր.
- Պատասխանատու մի ծանր գործ կայ իրագործելու, որի յաջողութեան պատասխանատուն մէկ անձ պիտի լինէր: Կարո՞ղ ես նման գործ ստանձնել:
-
Առաջարկին պատասխանը պէտք է տրուէր միւս օրը միայն: Երբ գիշերը անցուցած, տագնապէն վերջը, դրական լինէր պատասխանը, այդ ատեն միայն կ. Կոմիտէի ներկայացուցիչը կը պարզէր գործի էութիւնը, պէտք եղած ծանօթութիւնները եւ դիւրութիւնները կուտար իրագործելու յանձնարարութիւնը եւ ճամբու կը դնէր` «յաջողութիւն կամ քու դիակը»խօսքերով:

Ընդհանրապէս ահաբեկիչները իրենց վրայ դրուած պարտականութիւնը անթերի կը կատարէին, իսկ կարսի մէջ`միշտ, որովհետեւ ժողովուրդը ահաբեկիչին կ'օգնէր: Տեռորիստներու յաաջողութեան գլխաւոր պատճառն այն էր ,որ անոր մղիչ ազդակները ո՜չ պաշտօնը, ո՜չ փառքը, ոչ ալ մանաւանդ նիւթական հարցերը չէին, այլ միայն ու միայն մէկ մտասեւեռում` ոչնչացնել չարիք մը, որ կը վտանգէ հանրութիւնը, եւ հաստատ մահ կամ ազատում` առանց հետքի, որպէսզի հանրութիւնը չվտանգուի:

Այն ահաբեկիչը, որ իր հակառակորդը կը հարուածէ առաջին անգամ իսկ տեսնելով, անկէ սպասելու է հրաշք: Ան որ կը տնտնայ եւ , քանի մը անգամ տեսնելէ ետք, չի կրնար վճռական քայլ ընել, անկէ զգուշանալու է. կրնայ ամէն բան լաւ լինել հաշիւով, բայց մոլեռանդութիւնը պակաս լինելով, ելքը թէական կը դառնայ: Երկու սխալի մէջ պէտք չէ իյնալ: Պէտք չէ կարծել, որ հրաշք կատարող ահաբեկիչ մը, որ անյոյս կարծուած գործ մը գլուխ բերած է եւ ինք ալ առանց հետքի փրկուած է, կարող է, իբր փորձառու, իրագործել երկրորդ, երրորդ հրաշքները: Այդ սխալ է, որովհետեւ կատարած հրաշքին հիմքը մոլեռանդ վճռականութիւնն է, որ կրնայ փոխուած լինել: Հաստատ մահը ճաշակելէն եւ ազատուելէն ետք, ընդհանրապէս, կեանքը կը քաղցրանայ : Շրջապատի եւ իր գոհունակութիւնը զարկ կուտայ փառասիրութեան, մահուընէ փրկուիլը կը ծնեցնէ ապրելու տենչը, կը պակսի մոլեռանդութիւնը եւ տատանում առաջ կուգայ: Եւ կը տեսնես օրինակներով, որ ծովը լողացողը կը խեղդուի առուակի մը մէջ:

Երկրորդ սխալն այն է, որ ահաբեկիչներու ցոյց տուած սկզբնական անձնազոհութիւնը կը դարձուի չափանիշ անոնց գաղափարականութեան իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին: Ան, որ մէկ կամ երկու կամ առաւելն երեք ահաբեկում կատարած է եւ այլեւս կատարելու ո չ կիրք ունի եւ ոչ ալ ցանկութիւն, նոյնիսկ չի յիշեր իր ըրածը, կարող է պահած լինել գաղափարականութիւնը: Իսկ ան, որ հաճոյք կ'առնէ ահաբեկումէն եւ կ'որոնէ այդ, կը նշանակէ թէ կորսնցուցած է իր գաղափարականութիւնը: Այդպիսի մէկէն չարիք պէտք է սպասել:

Ճիշդ կ'ըսէին Սերգէյն ու Նորհատեանը.
- Նրան , որ վագր է սպաննել, բայց չի կարող մի հաւ մորթել, սիրիր եւ ընկեր համարիր, բայց արգելիր երկրորդ վագրը սպաննելու: Իսկ նրան, որ բազմաթիւ վագրեր է ահաբեկել եւ հաճոյք է առել դրանից, թշնամի համարիր:
Եւ, իրօք, Բագու, Թիֆլիս, Երեւան եւ այլուր` այդ տարրը այնքա~ն ինկաւ, որ հարկ եղաւ այդ հերոսները խմբովին կամ մաս-մաս ոչնչացնել, թէեւ անոնք քաջերէն` քաջը, զոհաբերողներէն` զոհաբերողները եղած էին իրենց առաջին քայլերուն մէջ: Մէկէն աւելի ահաբեկողը` ղասապ /մսագործ/ կը դառնայ:

Վերջ Գլուխ Բ.ի

Շար . 19

Tuesday, December 15, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 18 -Ռուբէն

Եթէ ազգութեան մէջ չլինի դաւաճաններ եւ մատնիչներ, իշխանութիւնը իր բոլոր միջոցներով անզօր կը դառնայ , նոյնիսկ իր գաղտնի ոստիկանութիւնը անպտուղ կը դառնայ:

Դժուար չէր առաջքն առնել այդ երկու ախտերուն: Ատիկա յամենայն դէպս աւելի դիւրին էր քան գաղտնի ոստիկանութեան: Կարսի մէջ հետեւեալ կերպով կ'առաջնորդուէին.-
Առաջին հերթին կ'աշխատէին այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծել, մանաւանդ փոքրիկներու եւ կանանց մէջ, որ անոնք գարշանք զգային հանդէպ դաւաճանին եւ մատնիչին եւ խորշէին այդ վերջիններէն աւելի քան քոլերայէն: Ատոր հասնելու միջոցն էր ուժեղ քարոզչութիւնը` պատմական, կրօնական, բարոյական տուեալներով: Եւ երբ խաւարման գիշեր մը միամիտ երեխայ մը կը հարցնէր իր ծնողին. «Ինչո՞ւ այդ Յուդային շան սատակ չարեց Յիսուսը», ծնողը աւելի կը սարսէր իր զաւակէն, քան կախաղանէն եւ գնդակէն: Երբ ընտանիքներու մէջ այդ հարցումները լինէին, տանը մէջ օձերը կը սատկէին:

Երկրորդ հերթին պէտք էր գիտնալ, թէ ուրկէ կուգային եւ ինչպէս կը ստեղծուէին այդ օձերը: Կը հասկցուէր, որ դաւաճաններու մէկ խոշո ր տոկոսը դուրս կուգար շատախօսներու, սնափառներու, պարծենկոտներու մէջէն: անոնց մէջ կ'ամփոփուէին դաւաճան կարծուածները: Անոնք էութեան մէջ ոչ դաւաճան, ոչ մատնիչ էին, նոյնիսկ կը սարսէին այդպէս լինելէ: Անոնք կ'ատէին Յուդաները, Վասակները, թէեւ իրենց լեզուի հետեւանքները զիրենք կը տանէին անոնց վիճակին: Անոնք ակամայ, թեթեւամտութեամբ, ինկած էին այդ ուղիին վրայ` չկարողանալով չափել իրենց արարքի հետեւանքները: Զանոնք դաւաճան համարելը, տեռորի ենթարկելը համազօր պիտի դառնար իրական դաւաճաններու ստեղծման` իրենց իսկ ընտանիքին մէջ: Ընդհակառակն, պէտք էր ապրին եւ տեսնեն իրենց արարքի հետեւանքները, որպէսզի իրենց խիղճը զիրենք տանջէր : Բայց պէտք էր զանոնք անպայման նաեւ պատժել, որպէսզի յիշէին ընդմիշտ իրենց սխալը: Եւ այդ պատիժը պէտք է լինէր ծեծը մտրակով, կամ առանձին կամ ընտանիքի ներկայութեան: Մտրակի հարուածները սպեղանի կը դառնային անոնց խղճի ձայնին եւ, երբ անոնք կանչէին` «քու ձեռք դալար»ի, կրնայիր հասկնալ որ գտած էիր ակամայ գործակից մը կամաւոր դաւաճաններուն եւ մատնիչներուն դէմ:

Դաւաճաններու եւ մատնիչներու ամենամեծ մասը առաջ կուգար իրարու դէմ եղած անձնական կամ այլ թշնամութիւններէն: Կրքոտ ժողովուրդ ենք, նեղ ինկած պարագային ամէն ծայրայեղութեան կ'երթանք: Այդ ծայրայեղութեանց չորցնելու միջոցն էր ժողովուրդի ներքին խաղաղութիւնը եւ բոլոր վէճերու լուծումը մեր դատարաններով: Իսկ անոնք, որ այնուամենայնիւ կ'երթային մինչեւ դաւաճանութիւն, մատնութիւն, այդպիսիներու դարմանը սարսափն էր: Պէտք էր անպայման զանոնք տեռորի ենթարկել, պայմանով որ ճշդուած լինէր դաւաճանութիւնը կամ մատնութիւնը, պայմանով որ տեռորը չկատարուէր հակառակորդի կողմէն, այլ ենթակային մօտիկ մարդոց կողմէ եւ կամ կուսակցութեան զինուորներուն կողմէ` օրը ցերեկով մահավճիռը յայտնի պիտի դառնար բոլորին, իր պատճառաբանութեամբ: Ահաբեկուածին դիակը պէտք էր թաղել տալ առանց խոշտանգումի, առանձին ճամբու եզերքը, որպէսզի անցորդները մէյ-մէկ քար նետէին անոր գերեզմանին վրայ եւ ըսէին` «նալլաթ սատանին» եւ խնդրէին Աստուծմէ, որ ներէր անոր:

Կարսի մեր կազմակերպութիւնը այս միսթիկ հոգեբանութիւնը ստեղծած էր դաւաճաններու եւ մատնիչներու շուրջ, եւ ան այնքա~ն հզօր էր, այնքա~ն անհամապատասխան իր աւանդութեանց, որ բացառիկներն էին, որ այդ ծայրայեղ արարքներուն կ'երթային սիրահարութեան, դրամի, կաշառքի կամ փառքի դրդումով: Դաւաճանի կամ մատնիչի բերած հացը չէին ուտեր իր զաւակը, մայրը , կինը: Այդ գիտէր գայթակուողը եւ ինքն ալ, ծածկելու համար իր արարքը, կը կանչէր. «Արիւն թարախ է դաւաճանի հացը»: Բայց այդ զղջումը չէր փրկեր զայն: Ան իր հարազատներու կողմէն իսկ կը մեռցուէր, եւ անոր արիւնը «հալալ» կը համարուէր:

Շար. 18

Sunday, December 13, 2009

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-17- Ռուբէն

Կ'ըսէին, եւ ես ալ կը տեսնէի, որ զօրքը հրաման ունէր ոչ քրէական, ոչ ալ քաղաքական գործերու մէջ միջամտելու: Միայն կոզակները կը խառնուէին եւ կը շփուէին բնակչութեան հետ եւ յաճախ գողութիւն կ'ընէին:

Ոստիկանութիւնը իր սովորական դերը կը կատարէր, բայց զգոյշ էր իր կամայականութեան մէջ, իսկ երբ զգար թէ քաղաքական աստառ ունի հարցը, չէր տեսներ կամ իր գիտցածը կը մոռնար: Ան կը տեսնէր մարդիկ, որ անծանօթ էին շրջանին մէջ բայց անցագիր չէր հարցներ: Կը տեսնէր անոր ետեւէն գնացող պահակներ, որոնց գօտիներուն տակ ցցուած ուռոյցքներ կ'երեւնային, որ անշուշտ ատրճանակներ էին, բայց ինչո՞ւ տեսնէր, երբ մարդուն անունը չէր արձանագրուած եւ իրեն ալ այդ չէր յանձնարարուած: Սակայն, ան լաւ գիտէր թէ այդ անծանօթները ովքեր էին եւ տեղն եղած ատեն խոնարհաբար կը բարեւէր իբր ազգութեան պետերու եւ իշխանութեան դէմ կռուողներու: Բայց իր ի՞նչ պէտքն էր զանոնք երեւան հանելը: Իր պարտքը հրաման կատարելն էր, իսկ ինքը նման մարդկանց մասին հրաման չունէր: Երբ հրաման լինէր, ան իր վստահելի մարդիկը կը շտապեցնէր, որպէսզի լուր տային, թէ ահա մէկ ժամէն կուգան խուզարկելու, ձերբակալելու, թող անհամութիւն չլինի: Ոստիկանութիւնը դարձած էր տեսակ մը վարագոյր` յեղափոխականներու գործերը ծածկելու համար:
Կը մնար դժուարինը` գաղտնի ոստիկանութիւնը, դաւաճանները, մատնիչները:

ԳԱՂՏՆԻ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԴԱՒԱՃԱՆ ԵՒ ՄԱՏՆԻՉ.- Ամենադժուարին գործն էր գաղտնի ոստիկանները ճշդորոշելը: Անոնք էին ամենէն վտանգաւորները, որովհետեւ անոնք գործի մէջ չկային, որ տեսնէիր:Անոնք անուն չունէին, որ գտնէիր: Չէին խօսեր, որ լսէիր: Անոնք անանձն էութիւններ էին, որ գոյութիւն ունէին եւ գուցէ քու մօտդ էին եւ դու չէիր տեսներ: Եւ անոնց տեսածը այնպէս գաղտնի կը զեկուցուէր իշխանութեան, որ բացառիկները միայն կրնային հասկնալ էութիւնը:

Մօտաւորապէս միայն կրնայիր հասկնալ, թէ ո՞վ է գաղտնի ոստիկանը, երբ բանտն էիր եւ հարցաքննութեան ենթակայ: Վերյիշելով անցեալը կրնայիր ենթադրութեամբ տասնեակ անուններու մէջ որոնել ու գտնել գաղտնի ոստիկանը, որ կարող էր լինել չսիրածդ կամ շատ սիրածդ մէկը, քու հարազատը, քու ընկերը, քու զինուորը եւ ո~վ գիտէ, գուցէ ե ւ քու մեծաւորը, անուանի հերոսը եւ գործիչը, որու մասին կը մտածէիր, բայց չէիր համարձակեր բարձր մտածելու: Ինչո՞ւ չէ: Երբ Ազէֆը, որ ռուս ամենահամարձակ ահաբեկիչ սոցիալիստներու կեդրոնական մարմնի անդամ, ինչո՞ւ չէր կարող նոյնանմանը եւ մեր մէջը լինել: Արդէն այս մտածումն իսկ քայքայում եւ թուլացում էր, զոր պէտք էր հաշուի առնէր կ. Կոմիտէն, բայց պաղարիւնութեամբ աչալուրջ պիտի մնար:

Երկու միջոց կար գաղտնի ոստիկանութիւնը գտնելու: Առաջին` հսկել շրջապատի մարդոց կապերուն եւ շարժումներուն եւ մանաւանդ անոնց նիւթական եկամուտին եւ ծախքերուն, որոնք կը տանէին լոկ ենթադրութեանց: Եւ երկրորդ` ունենալ պետական կազմին մէջ վստահելի կամ գնուած պաշտօնեաներ, որոնք նախապէս յայտնէին գաղտնի ոստիկանութեան ցանկը եւ, եթէ ատիկա անհնար էր, գոնէ այն գործառնութեանց մասին, որոնք կը բխէին գաղտնի ոստիկանութեան տեղեկագրէն:

Այս միջոցները կրնային սահմանափակել չարիքը, բայց բուն աղբիւրը կը մնար ենթադրական: Ուստի այդ կասկածելի տարրի վերաբերմամբ տեռորի որոշում չէր տրուեր ընդունուած կարգով եւ հրապարակով, այլ կասկածելիներուն խորհուրդ կը տրուէր հեռանալ իրենց շրջաններէն, իսկ շատ կասկածելիները կ'աներեւութանային:

Շար . 17