Յայտարարութիւն

Wednesday, April 29, 2009

Ողջոյն «Նշանակ»ի Ընթերցողին

Սիրելի ընթերցող,



Տարիներու փափաքս է եղած այս կայքէջը հաստատելը, սակայն միշտ քայլս ետ եմ պահած՝ ինքնավստահութեան պակասէն: Մէկը պէտք էր, որ զիս քաջալերէր: Այդ անձը եղաւ Էրիք Զօհրապը, որ նախ զիս համոզեց, որ ճիշդ էր առնուած քայլը, վերականգնելով ինքնավստահութեան զգացումս, ապա թեզանիքները ինձմէ աւելի բարձր սոթտեց ու իր մասնագիտութիւնը օգտագործելով՝ բացաւ այս էջը: Բառեր միշտ պիտի պակսին երախտագիտութիւնս յայտնելու համար Էրիքին:

Կայքէջի հաստատման կապակցաբար ինծի օրինակ հանդիսացած են երկու տաղանդաւոր եւ աշխատասէր հայորդիներ. Հրաչ Քալսահակեանը՝ «Ազատ Հայ» կայքէջի վարիչ-խմբագիրը եւ Սիմոն Այնէճեանը՝ «Կիպրահայեր» կայքէջի վարիչը: Այս երկու անձերէն իւրաքանչիւրն առանձինն` գործը կը կատարէ ամբողջ հաստատութեան մը: Մեծապէս կը գնահատեմ Հրաչին ու Սիմոնին տաղանդն ու յարատեւութիւնը: Ես իրենց ըրածը դժուար թէ կարենամ կիսով իսկ կատարել...

Կայքէջը պիտի շօշափէ ընտրուած տեղեկատուական լուրերու կողքին՝ գրական, գեղարուեստական, մանկավարժական, կրթա-դաստիարակչական, լեզուագիտական, պատմական, կրօնական, առողջապահական, ինչպէս նաեւ Հայութեան ներկան ու ապագան յուզող նիւթեր: Պիտի ունենայ ամենօրեայ «թերթօն», որ ընթերցողը առիթ ունենայ կարդալու մէկ երկու էջ Հայերէն տպուած գիրքէ մը, սովորութիւն մը՝ որ շատերուս կողմէ վաղուց մոռացութեան կրնայ ենթարկուած ըլլալ և կամ արդէն է: Այնտեղ, առ այժմ, անորոշ յաճախականութեամբ, պիտի հանդիպինք մանկական էջերու: Ժամանցի, կատակներու եւ իմաստուն խօսքերու բաժինները մոռացութեան չեն տրուած: Կայքէջը տեղ պիտի տայ ընթերցողներու կարծիքներուն, անոնց յօդուածներուն, շինիչ քննադատութեանց, լուրջ, սերտուած եւ հիմնաւորուած առաջարկներուն: Գործածուող լեզուն պիտի ըլլայ Հայերէնը՝ ընդհանրապէս:

Եւ վերջապէս, կայքէջի ստեղծման հիմնանպատակներէն մին է ՝լայն տեղ տրամադրել մտաւորական պատրաստութիւն ունեցող եւ գրիչ շարժող հայորդիներու, գիտնականներու, հոգեւորականներու, բանասէրներու, պատմաբաններու, գրագէտներու, մանկավարժներու, դաստիարակներու, զայն, ձևով մը, վերածելու համար մտաւորական ժամադրավայրի:

Այս ներածականը թող համարուի կոչ բոլոր ընթերցողներուն, տարեց, երիտասարդ թէ պատանի, որ աջակցին անոր յաջողութեան համար տարուած ջանքին: Կայքէջին մէջ, ամենօրեայ հերթականութեամբ, երեւոյթի մը, գաղափարի մը, հարցի մը, ազգային հպարտութիւն ներշնչող դէպքի մը կամ դէմքի մը մասին նիւթ մը պիտի փորձուի ներկայացնել, տուրք տալու համար այն իղձին, որն է՝ ամէն օր փոքր տոկոսով մը մասնակցութիւն բերել ընթերցողի մտաւորական զարգացման:

Սիրելի ընթերցող, այս կայքէջը իր կենսաւիշը պիտի ստանայ քեզմէ եւ քու միջոցաւդ: ՄԻԱՍԻՆ՝ կը յաջողինք անկասկած:



Նշան Պասմաճեան

6 comments:

Hovig Manjikian said...

Hachoghoutioun yev haradevoutioun g maghtem ays ashkhadankin.
Housam haroust ou hajely gaykech g tarna abakayin.

Anonymous said...

պիտի յաջողիք անկասկած
Սիմոն

Anonymous said...

A Moving piece of writing, deep in meaning and so true to a generation of Armenians whose parents had childhood memories of the massacre.
I wish, I too had the courage to ask may father about his memories. I guess we all avoided to ask more to prevent the pain and sorrow attached to those memories.

Anonymous said...

Յաջողութիւն կը մաղթեմ:
Բոլորս պէտք ունին ազատ բեմերու որ կարենանք լեցնել այն պակասը զոր մեր հասարակութիւնը կը պարտադրէ մեզի՝ հասարակաց պատուանդան մը ձեր ըսած ժամադրավայրը դառնալու համար:
Համացանցը կը լրացնէ այդ պակասը, այսպիսի կայքերու միջոցաւ:
Յուսանք որ բաւականին ազատութիւն եւ կարելիին չափ քիչ գրաքննութիւն կը կիրարկուի այստեղ:

Վահագն

«Նշանակ» said...

This comment has been removed by the author.

«Նշանակ» said...

Սիրելի Վահագն,
Շնորհակալ եմ կատարած յաջողութեան մաղթանքիդ համար: Իրօք, կայքէջը պէտք ունի յաջողութեան: Շնորհիւ քեզ նման մտահոգ և տագնապող հայորդւոց վստահ եմ որ արագ կը յաջողինք:

Ինչ կը վերաբերի հարցումներուդ.-
1. Կայքէջը կողմնորոշուած է դառնալու մտաւորական ժամադրավայր: Անշուշտ այնտեղ կրնան մտքեր իրարու բախիլ, ինչ որ կարեւոր է յառաջընթաց արձանագրելու համար:
2. Ես անձնապէս կը խուսափիմ գռեհկութենէն: Հետաքրքրական բառ մը գործածած ես «Գրաքննութիւն»: Գրաքննութիւն պիտի ընեմ միայն այն ատեն երբ տեսնեմ թէ մարդիկ կը գռեհկանան, կ'ուզեն իրար վիրաւորել կայքէջը օգտագործելով: Թող գաղափարները այս կայքէջին մէջ բախին իրարու, ոչ թէ մարդկանց ԵՍերը: Այդ պարագային «գրաքննութիւն» տեղի չունենար: Ուստի, կը խնդրեմ որ ազատ զգաս գրելու, գրիչիդ մէջ մելան չթողելու աստիճան:
3. Պիտի խնդրեմ որ անունդ և մականունդ ինծի ուղարկես: Եթէ ծածկանունով կ'ուզես մասնակցիլ, հարց չունիմ, սակայն կը նախընտրեմ իմանալ թէ դուն ով ես՝ մտաւորական մտերմութենէ տարուած միայն: Եթէ այդ ալ չես ուզեր, դարձեալ հարց չկայ, կարեւորը քու մասնակցիլդ է և բերած ու բերելիք օգտակարութիւնդ շրջապատիդ:

Բարի ես եկած քու կայքէջդ, խնդրեմ գործածէ զայն, ծառայելու համար կայքէջի առաքելութեան, որն է տոկոսով մը մասնակցիլ ընթերցողի մտաւորական զարգացման:

Յարգանօք՝
ՆՇԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝