Յայտարարութիւն

Monday, May 4, 2009

Հայկական Նիւրեմպերկը 1

Սիմոն Վրացեան

Թերթօն Նիւրեմպերկ մաս 1

Սիրելի ընթերցող,

Ինչպէս խոստացած ենք, այսօր կը սկսինք կիրարկել մեր մամուլին յատուկ հին սովորութեան մը՝ ԹԵՐԹՕՆի հրապարակման:
Տրուած ըլլալով որ Ապրիլ և Մայիս ամիսները հայկական պահանջատիրութեան և անկախացման տարեդարձի ամիսներ են, որոշեցինք մեր Թերթօնը սկսիլ Անկախ Հայաստանի վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի «Հայկական Նիւրեմպերկ» յօդուածով (երեք անգամով), որմէ անմիջապէս ետք պիտի հրապարակենք Թալէաաթ Փաշայի ահաբեկիչ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշերէն մաս մը, ուր Թեհլիրեան կը բացատրէ թէ ինչպէս պատրաստուեցաւ ահաբեկման աշխատանքը և ինչպէս ան զգետնեց արիւնարբու հրէշը:
Յաջորդ մէկ շաբթուան ընթացքին, ամենօրեայ յաճախականութեամբ, պիտի կարենաք այլ նիւթերու կողքին, կարդալ երկու մեծ հայերու գրութիւնները: Պիտի նկատէք, որ այս երկու ազգային գործիչները միայն քաղաքական կամ մարտական յատկութիւններով չէ որ օժտուած են, այլ ունին գրական սուր ճաշակ:
Բարի զուարճանք:

«ՆՇԱՆԱԿ»



1914 թ. Յուլիսին պայթեցաւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմը, մասնակցութեամբ՝ մէկ կողմէն Անգլիոյ, Ֆրանսայի և Ռուսաստանի Դաշնակցութեան և միւս կողմէն՝ Գերմանիոյ և Աւստրօ-Հունգարիոյ Զինակցութեան:

Օսմանեան Կայսրութիւնը կը մնար չէզոք: Կը մնար չէզոք, բայց Իթթիհատական կառավարութիւնը հեւ ի հեւ կը պատրաստուէր մասնակցելու պատերազմին:

Նոյն տարուան Յունիս-Յուլիսին, Կարնոյ մէջ տեղի կ'ունենար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 8րդ Ընդհանուր Ժողովը, որու օրակարգի գլխավոր կէտերէն էր Հայաստանի բարենորոգումներու հարցը: Խանդավառ էր Թուրքիոյ հայութիւնը բարենորոգումներու ծրագրի գործադրութեամբ, մինչ թուրք կառավարութիւնը և վարիչ կուսակցութիւնը՝ Իթթահատ, կը պայքարէին այդ ծրագրին դէմ: Պատերազմի պատճառով Ընդհանուր Ժողովը ստիպուած եղաւ հապճեպով վերջացնելու իր աշխատանքները: Պատգամաւորներէն շատեր հեռացած էին արդէն իրենց տեղերը, երբ Օգոստոսին, Կարին եկան Իթթիհատի կրօնական դէմքերէն Պեհաէտտին Շաքիր և Նաճի պէյ՝ բանակցելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հետ: Անոնք հետեւեալ առաջարկները ներկայացուցին Իթթահատի կողմէ.

1.- Թուրքիան պիտի մասնակցի պատերազմին, իբրեւ Գերմանիոյ զինակից:

2.-Հայերը, Կովկասի մէջ, կովկասեան միւս ազգերուն հետ, կամաւորական խումբերով և այլ միջոցներով, պէտք է կազմալուծեն ռուս բանակի թիկունքը:

3.- Ի հատուցում հայերու նման գործունէութեան՝ Թուրքիա կ'երաշխաւորէ, որ պատերազմէն վերջ ստեղծուի Ռուսահայաստանէն և որոշ հողերու կցումով Թուրքիայէն, ինքնավար Հայաստան՝ Թուրքիոյ հովանաւորութեան ներքեւ:

Հ. Յ. Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները ամէն ճիգ թափեցին համոզելու Իթթիհատի բանագնացները, որ Թուրքիան դուրս մնայ պատերազմէն, որովհետեւ պարտութեան պարագային Թուրքիան կարող էր կորսնցնել կայսրութիւնը և անկախութիւնը: Որ կովկասահայութիւնը կամաւորական խումբերով ելլէ Ռուսաստանի դէմ ի նպաստ Թուրքիոյ՝ հոգեբանօրէն անհնար է, նկատի ունենալով Իթթիհատի կառավարութեան վերջին տարիներու հակահայ քաղաքականութիւնը: Եթէ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը պատերազմին դառնայ անխուսափելի, հայերը, իբրեւ օսմանեան քաղաքացիներ, լրիւ կերպով կը կատարեն իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը:

Սակայն թուրքերու ուզածը ատիկա չէր: Անոնք կ'ակնկալէին, որ հայութիւնը ազգովին ամէն տեղ միանար Թուրքիոյ ռուսերու դէմ:

Մինչ մէկ կողմէն տեղի կ'ունենային բանակցութիւններ, միւս կողմէն Իթթիհատը, Պեհաէտտին Շաքիրի ղեկավարութեամբ, գաղտնի կերպով կը կազմակերպէր հայաբնակ շրջաններու ապահայացման միջոցները:

1914 թ. Հոկտեմբերի վերջերը Թուրքիա յարեցաւ Գերմանիոյ՝ իբրեւ զինակից Ռուսաստանի դէմ: Ռուս-թրքական պատերազմը ճակատագրական հետեւանքներ ունեցաւ Թուրքիոյ հայերուն համար:

«Հաւաս» ֆրանսական հեռագրական գործակալութիւնը Մայիս 24, 1915ին կը հաղորդէր հետեւեալը.-

«Շուրջ մէկ ամիսէ ի վեր, Հայաստանի թուրք և քիւրտ ազգաբնակչութիւնները, թոյլատուութեամբը և յաճախ օժանդակութեամբը օսմանեան իշխանութիւններուն, հայերու մէջ կոտորած կը սարքեն: Այդպիսի կոտորածներ Ապրիլի կէսերուն տեղի ունեցան Էրզրումի, Դերջանի, Ակնի, Պիթլիսի, Մուշի, Սասունի, Զէյթունի և ամբողջ Կիլիկիոյ մէջ: Վանի շրջաններէն շուրջ 100 գիւղերու բնակիչները ամբողջութեամբ սպաննուեցան և Վանի հայկական թաղամասը պաշարուեցաւ քիւրտերէն»:

«Միեւնոյն ժամանակ օսմանեան կառավարութիւնը կը հարստահարէ Կ. Պոլսոյ անպաշտպան հայութիւնը: Մարդկութեան և քաղաքակրթութեան դէմ Թուրքիոյ կողմէ գործուած այս նոր ոճիրին դիմաց, դաշնակից կառավարութիւնները պաշտօնապէս Բարձր Դրան կ'իմացնեն, որ անձնապէս պատասխանատու պիտի համարեն թրքական կառավարութեան բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ պաշտօնեաներէն անոնք, որ կը մասնակցին այդ գործողութիւններուն»:

Հաղորդագրութեան իմաստը պարզ էր և որոշ, դաշնակից պետութիւնները ուրեմն տեղեակ էին Թուրքիոյ մէջ հայերու վերաբերմամբ գործուող ոճիրներու մասին և կ'ազդարարէին թուրք կառավարութեան և անոր գործակից ոճրագործներուն, որ անոնք ԱՆՁԱՄԲ պատասխանատու պիտի նկատուէին հայերու դէմ գործուած չարիքներուն համար: Հետեւաբար, պէտք էր ենթադրել, որ պատերազմէն վերջ, դաշնակից պետութիւնները առնուազն պիտի դատէին և պատժէին թուրք ցեղասպանները, ինչպէս պիտի դատուէին և պատժուէին նացի ոճրագործները՝ Նիւրեմպերկի մէջ, Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմէն ետք:

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝