Յայտարարութիւն

Thursday, May 28, 2009

Սփիւռքահայ Գրականութիւն - 1

Տալիդա Գալըպճեանի Սփիւռքահայ Գրականութեան Մասին
Կատարած Ուսումնասիրութիւնը

Կ'ողջունենք Հալէպի հայագիտական կեդրոնէն շրջանաւարտ Տալիդա Գալըպճեանը , որպէս «Նշանակ»-ի աշխատակցուհի: Հինգ անգամով պիտի հրապարակենք Սփիւռքահայ գրականութեան մասին իր պատրաստած նիւթը:Տալիդա եղած է ուսանողը Հալէպաբնակ Հայագէտ Պարոն Յակոբ Չոլաքեանի, որուն դասախօսութեանց և մատուցած դասերուն մեծ բան կը պարտի ուսումնասիրութեան հեղինակը :Այս գեղեցիկ ուսումնասիրութիւնը ներկայացուած է ընթերցողին պարզ, մշակուած եւ մատչելի հայերէնով:

Պիտի փափաքէինք որ Տալիդա այլ ուսումնասիրութիւններով նաև հանդէս գար «Նշանակ»-ի մէջ, որուն նպատակներէն մին է երիտասարդ հայ գրողներն ու մտաւորականները քաջալերել` արտայայտելու իրենց մտքերը , ազատօրէն տալու իրենց գաղափարները , կատարելու իրենց քննադատութիւնները եւ թելադրանքները , որպէսզի չժանգոտին իրենց կարողութիւնները եւ չչորնայ մելանը իրենց գրիչներէն:

Մուտքդ «Նշանակ» կայքէջ՝ թող բարի ըլլայ, Տալիդա՜ :

«Նշանակ»


___________________________________________________________________


Սփիւռքահայ Գրականութիւն


1-Սփիւռքի Կազմաւորումը

1915-1918 բովանդակ Արեւմտեան Հայաստանի եւ թուրքիոյ միւս գաւառներու Հայութիւնը տեղահան եղաւ ու ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան :Զինադադարին , Արաբական անապատներու մէջ վերապրող Հայերը վերադարձան Դաշնակից ոյժերու կողմէ գրաւուած կարգ մը շրջանները ինչպէս Ուրֆա, Այնթապ, Իզմիր ևայլն:

Քեմալական շարժումի հետեւանքով դաշնակիցները հեռացան գրաւուած հողերէն եւ Հայութիւնը երկրորդ գաղթականութեան մը ենթակայ եղաւ: Հայութենէ պարպուեցաւ ամբողջ Թուրքիան` բացի Պոլիսէն: Լոզանի դաշնագիրը տապանաքար մը դռաւ Հայկական Հարցին վրայ եւ հոս վերջ գտաւ Արեւմտահայոց պատմութիւնը, Արեւմտահայ գրականութեան հետ միատեղ:

Վերապրող հայերը գլխաւորաբար երեք ուղղութիւններով ցրուեցան:
Ա- Դէպի Կովկաս
Բ- Դէպի Արաբական աշխարհ
Գ- Դէպի Արեւմտեան աշխարհ ` Եւրոպա եւ Ամերիկաներ:
Գաղթականութիւնը շուտով կրցաւ իր ապրած երկիրներու քաղաքացիութիւնը ստանալ: Այսպիսով ստեղծուեցաւ Սփիւռքը , որ անշուշտ մեզի պարտադրուած իրավիճակ մըն էր եւ կը շարունակէ այդպէս մնալ:

2-Ի'նչ է Սփիւռքի Կազմը եւ Որոնք Են Անոր Կեդրոնները

Սփիւռքի կազմաւորման հիմքը Ցեղասպանութենէն վերապարած Արեւմտահայութիւնն է անկասկած, բայց չմոռնանաք որ Հայութեան այլ խաւերը եւս միցան այս մեծ զանգուածին եւ ամբողջացուցին Սփիւռքի կազմաւորումը: Այդ խաւերը կարելի է խմբաւորել հետեւեալ ձեւով.
Ա- Մինչեւ 1915 հայ պանդուխտներու հաւաքական զանգուածներ տարբեր երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ. /Օրինակ Հալէպ/
Բ- 1920 Հայաստանի Հանրպետութեան անկու,էն ետք մեծ թիւով Հայերու արտագաղթը դէպի արտասահման./ Օրինակ Փարիզ/
Գ- խորհրդային Հայաստանի սահմանէն դուրս մնացած Արեւելահայ զնագուածներ որոնց կարգին Պարսկահայ մեծ գաղութը: Ներքին Սփիւռք կը կոչուէր Սովետական հանրապետութիւններու մէջ ցրուած Հայութիւնը որ գլխաւորաբար խիտ հաւաքականութիւններ կը կազմէր /Ատրպէյճանի- Վրաստանի- Աբխազիոյ ինքնավար հանրապետութեան եւ մանաւանդ Մոսկուայի ինթպէս նաեւ Ռուսիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ:
Յիշեցնենք, որ 16-17րդ դարերուն իրենց զարգացման գագաթնակէտին հասած հայկական հին գաղութները ինչպէս` Հնդկահայ, Ռումանահայ եւ Լիբանանահայ գաղութները, ի սպառ ձուլուած ու ոչնչացած էին արդէն, երբ կազմաւորուեցաւ Սփիւռքը:
Նոր սփիւռքի մասին խօսելու ատեն մեր միտքը անմիջապէս կը բերենք հայկական քանի մը մեծ հաւաքականութիւններ հոս ու հոն, բայց ըսենք, որ Սփիւռքի այս գաղութները կայուն վիճակ մը չունեցան անցնող տարիներուն ընթացքին եւ գաղութէ գաղութ արտահոսքը, յատկապէս Արեւելքէն դէպի Արեւմուտք պարբերաբար փոխեց մեր կարգ մը գաղութներուն որակն ու ուժականութիւնը /օրինակ Եգիպտոս/ , կամ պատճառ դարձաւ քանի մը նոր գաղութներու կազմաւորման:
20-ական թուականներէն Սփիւռքը ունեցաւ իր հետեւեալ հիմնական կեդրոնները.

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 1

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝