Յայտարարութիւն

Saturday, May 9, 2009

ԲԱՂԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՅԵԱՑՔ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ Գ. ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ (ԾԱՂԿԱՁՈՐ, 25-27 ՅՈՒԼԻՍ, 2008) ԵՒ ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ Բ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ (ՊԻՔՖԱՅԱ, 17-19 ՅՈՒԼԻՍ 2009)

2008ի Յուլիսին տեղի ունեցան երկու համագումար-խորհրդաժողովներ, մին Պիքֆայայի մէջ, միւսը՝ Ծաղկաձորի, ինչպէս նշուած է յօդուածի վերնագրին մէջ:

Առաջինը կազմակերպուած էր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իսկ երկրորդը՝ ՀՀ Կրթութեան Նախարարութեան կողմէ:

1. Առաջին աչքի զարնող երեոյթը «Համասփիւռքեան Կրթ. Համագումար» բացատրութիւնն է, որ վստահ չենք թէ որ ճիշդ է գործածուած կամ ոչ: Բացատրենք թԷ ինչու: Արդեօք այս համագումարին հրաւիրուած եւ ներկա՞յ էին նոր Սփիւռքի ներկայացուցիչները, օրինակ Մոսկուա, Սոչի, Քիեւ, Սպանիա, եւլն, մէկ խօսքով Հայաստանէն գաղթած հայերով կազմակերպուած գաղութներուն ներկայացուցիչները: Այլ խօսքով՝ էջմիածնական թեմերը: Եթէ այո՝ ըսելիք չկայ «Համասփիւռքեան»ին, եթէ ոչ՝ ուրեմն կարելի է վստահ ըլլալ, որ ճիշդ չէ գործածուած այդ բառը:

«Համահայկական Կրթ. Խորհրդաժողով» բացատրութիւնը աւելի հարազատ է, որովհետեւ այնտեղ ներկայ էին ի միջի շատ այլոց Գանատան ու Ուքրանիան, Սոչին ու Պէյրութը, Սիտնին ու Հալէպը, Շարժան ու Փարիզը...

2. Պիքֆայան իր օրակարգը կը ներկայացնէ «Սփիւռքի մէջ հայ լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան եւ կրօնի դասաւանդման եւ անոր առնչուած հիմնահարցերուն ամբողջական վերանայում»:Ծաղկաձորի պարագային օրակարգը՝ «Սփիւռքահայ սերունդի կրթութեան եւ դաստիարակութեան իրականացման հետ կապուած հիմնախնդիրներ»:

3. Պիքֆայայի ժողովը ունի բանաձեւ «իբրեւ սկիզբ եւ ուղեցոյց կրթական նոր քաղաքականութեան մը համասփիւռքեան տարողութեամբ»:

Ծաղկաձորի ժողովը իր «բանաձեւ»ը կը բանաձեւէ իբր առաջարկ, առաջադրանք:

Պիքֆայայի ժողովի բանաձեւը ունի գործադրելի որոշումներու բնոյթ, միւսը՝ ոչ: Առաջինը կը թուի պատասխանատուութիւն վերցուցած ըլլալ իր վրայ, երկրորդը՝ ոչ:

4. Պիքֆայայի ժողովը կը հաստատէ կարիքը «նուիրեալ եւ պատրաստուած մարդուժի» եւ ասոր նպաստող հաստատութիւններ կ՛առաջարկէ Խ. Գալուստեան մանկավարժական կեդրոնն ու սփիւռքեան եւ հայաստանեան հայագիտական հիմնարկները: Այստեղ պէտք է հաստատել թէ «նուիրեալ մարդուժ» միշտ կարելի է գտնել, կը պակսին՝ «պատրաստուածներ»ը:

Նաեւ կ՛առաջադրէ այս ժողովը այժմէականացնել կրթական կառոյցը եւ վերապատրաստել ուսուցիչները եւ որպէս լուծում՝ «ոչ միայն սփիւռքեան եւ հայրենի հայագիտական ամպիոնները, այլեւ մասնագէտ ուժերու փոխադարձ օգտագործումով կազմակերպուած վերապատրաստութեան հանդիպումները, աշխատանիստերը եւ մանկավարժական այլ նախաձեռնութիւնները»:

5. Ծաղկաձորի ժողովի աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնայ այս նիւթին եւ կ՛առաջադրէ շարունակել եւ ընդարձակել սփիւռքահայ ուսուցիչներու պատրաստման գործընթացը ՀՀ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ, մասնաւորաբար Խ. Աբովեանի անուան հայկ. պետ. մանկավարժական համալսարանին մէջ...» ապա՝ «սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման գործընթացը իրականացնել Հայաստանի եւ գաղթօճախներու մէջ կազմակերպելով մասնագիտական-մանկավարժա-հոգեբանական դասընթացքներ»: Ժողովը կ՛առաջարկէ նաեւ «վերապատրաստման դասընթացքներու կազմակերպման ու անոնց բովանդակութեան կատարելագործում,արդիականացում»: Վերապատրաստուող ուսուցիչներու նկատմամբ ժողովը professional մօտեցում ունի եւ կ՛առաջադրէ «մշակել նոր հայեցակարգ, ծրագիր վերապատրաստուող ուսուցիչներու ընտրութեան, վերապատրաստման պայմաններու, ուսուցիչներու իրաւունքներուն եւ պարտականութեանց, վերապատրաստումէն ետք անոնց կարգավիճակին կրած փոփոխութեան գնահատման»: Կ՛առաջարկէ այս ծրագրին մշակման աշխատանքին մասնակից դարձնել սփիւռքահայ անուանի եւ փորձառու ուսուցիչներ»: Ժողովը նաեւ կ՛առաջարկէ «իւրաքանչիւր ուսուցիչի աշխատանքի արդիւնքին գնահատումը կատարելու նպատակով՝ մշակել վերապատրաստման գործընթացի արդիւնքները ստուգող կանոններ եւ չափորոշիչներ, որոնք կը նպաստեն գիտնալու ուսուցչին մասնագիտական պատրաստութեան որակն ու չափը»:

6. Ծաղկաձորի ժողովը, ինչպէս Պիքֆայայինը, կ՛առաջադրէ հայ կրթութեան մասնագէտներու, Հայաստան թէ Սփիւռք, համագործակցութիւն: Երկու ժողովները կ՛անդրադառնան համացանցային դրութեան օգտագործման, կայքէջի ստեղծման:

Ծաղկաձորի ժողովը մեծ քայլ մը առաջ երթալով կ՛առաջարկէ «ստեղծել համահայկական ուսումնական խորհուրդ, որ կը տանի սփիւռքահայ դպրոցներու խնդիրներու լուծման եւ կրթութեան զարգացման աշխատանքներ»:

7. Երկու ժողովներն ալ համաձայն են ուսուցչական ասպարէզը հրապուրիչ դարձնելու ե՛ւ նիւթապէս, ե՛ւ բարոյապէս:

8. Անդրադառնալով դասագիրքերու կարեւորութեան եւ անոնց պատրաստութեան, Պիքֆայայի ժողովը կ՛ընդունի թէ մեր դասագիրքերը անհրապոյր են ընդհանրապէս: Կ՛առաջարկէ որ իւրաքանչիւր թեմ պատրաստէ իր դասագիրքերը: Ծաղկաձորի ժողովը կ՛առաջարկէ մասնագէտներու խումբ ստեղծել, անձեր, որոնք ոչ միայն մանկավարժական փորձառութիւն ունին, այլ նաեւ ծանօթ են սփիւռքահայ դպրոցին ընդհանրապէս, ուստի հրամայական կը գտնէ «դասագիրք հեղինակող խումբին մէջ ընդգրկել տուեալ գաղութէն ուսուցիչներ. նկատի առնել սփիւռքահայ գաղութներու բազմաճիւղ առանձնայատկութիւնները»:

Այս առաջարկին մէկ այլ տարբերակը կը տեսնենք Պիքֆայայի ժողովի բանաձեւին մէջ «թելադրելի է որ թեմերը իրենց մշակած դասագիրքերուն յարակից աշխատանքները փոխանցեն կրթական եւ հայագիտական ուսումնասիրութեանց գրասենեակ, որ համակարգելէ ետք դասագիրքերը, զանոնք զետեղէ համացանցի վրայ, իրարու փորձառութենէն օգտուելու համար»:

9. Ծաղկաձորի ժողովը առանձնապէս կ՛անդրադառնայ հայ ծնողի, մանաւանդ մօր խաղցած դերին եւ կ՛առաջարկէ «մշակել ընդհանուր ծրագիր, ընտանիքին մէջ հայ մարդու կերտումի հիմնական խնդրին շուրջ՝ նախատեսելով այդ ծրագրին մէջ մանկավարժական թէ հոգեբանական բնոյթի օգնութիւն»:

10. Ծաղկաձորի ժողովը կ՛անդրադառնայ թէ հայեցի դաստիարակութեան մեծապէս կը նպաստեն բազմաբնոյթ արտադպրոցական աշխատանքները աշակերտներու, ուսանողներու եւ ուսուցիչներու համար: Առ այդ, հայագիտական նիւթեր, դպրոցական ողիմպիական, ճամբորդութիւններ դէպի Հայաստան, ճամբարներ եւ ամառնային դասընթացքներ» կ՛առաջարկէ ժողովը:

11. Եւ վերջապէս Ծաղկաձորի ժողովը «բանաձեւերն ու առաջարկները կատարուած տեսնելու համար», կ՛առաջարկէ ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութեան մշակել ծրագիր, նշանակելով պատասխանատուներ եւ ժամկէտներ»: Իսկ Պիքֆայայի ժողովը կ՛եզրակացնէ՝ «Համագումարը կը գտնէ որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր համասփիւռքեան կրթական առաքելութեամբ գործնականացնէ վերեւ նշուած առաջադրանքները... միասնաբար լաւագոյնս կենսագործելու հայեցի դաստիարակութեան իրատես եւ ժամանակակից կրթական քաղաքականութիւնը»:



Վեր ի վերոյ, առաւել կամ նուազ չափով երկու ժողովները նոյն տագնապը կ՛ապրին: Հայաստան թէ Սփիւռք, կաթողիկոսներ, նախարարներ, նախագահ կամ վարչապետ, նոյն հարցման նշանը դամոկլեան սուրի նման իրենց գլխուն վրայ կախուած կը տեսնեն. ինչպէ՞ս մեծցող սերունդը հայ պահել սփիւռքի մէջ:

Վերը նշուած ծրագիրներն ու առաջադրանքները եթէ մեծ տոկոսով եւ արագ իրականանան, այդ պարագային այդ ժողովները կը դառնան բաղձալի, այլապէս կը դառնան ժամանակի կորուստ:

Կը հաւատանք որ մենք կամքը ունինք յաջողցնելու մեր նպատակները, արդ հարց կու տանք ե՞րբ, ինչպէ՞ս պիտի յաջողին այս ծրագիրները, ո՞վ զանոնք պիտի յաջողցնէ:

«Նշանակ» կայքէջը պիտի մօտէն հետեւի այս նիւթին եւ տեղեակ պիտի պահէ իր ընթերցողները իր քաղած տեղեկութեանց մասին:

«ՆՇԱՆԱԿ»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝