Յայտարարութիւն

Wednesday, May 20, 2009

«Փրօ Արմենիա» - 2


Տաթեւ Սուլեան



«Փրօ-Արմէնիա»-ն օտար լեզուներով տպելը ունէր հետեւեալ պատճառները. Ֆրանսերէն «Փրօ-Արմէնիա»-ի յաջողութիւնը եւ այն իրողութիւնը, որ երկշաբաթաթերթը ժամանակի ընթացքին վերածւած էր Հայկական հարցը լուսաբանող կարեւոր փաստաթուղթի մը: Արեւելահայաստանէն եւ արեւմտահայաստանէն ուղարկուած նամակներուն շնորհիւ` հայ ժողովուրդի իրավիճակի մասին կը տեղեկանային օտարները:

«Փրօ-Արմէնիա»-ի շուրջ համախմբուած էին հեղինակաւոր մարդիկ, որոնք իրենց կեանքի մեծ մասը նուիրեցին Հայկական հարցին: Օտար՝ այլ լեզուներով հրատարակելը կը հետապնդէր նաեւ այդ երկիրներուն, ինչպէս՝ Ֆրանսայի մէջ, նաեւ այլուր ստեղծել խմբակներ, որոնք պիտի զբաղէին Հայկական հարցով: Նախատեսուած էր, որ տարբեր երկիրներու մէջ գործելիք խմբակները իրենց դիմումներով կարենային որոշ չափով ճնշում բանեցնել մեծ տէրութիւններուն վրայ, որպէսզի իրենց դեսպաններուն միջոցով կանխէին ծրագրուած ջարդերը:


Բայց հակառակ հիմնաւորուած այս տուեալներուն՝ կը տրուին նաեւ համոզիչ այլ փաստարկներ՝ երկշաբաթաթերթը օտար այլ լեզուներով լոյս չընծայելու տարբերակին օգտին. նկատի առած, որ Գերմանիան Հայկական հարցի լուծման գլխաւոր հակառակորդներէն էր, տնտեսական եւ քաղաքական շահեր ունէր Օսմանեան կայսրութեան հետ եւ կþաշխատէր զանոնք ամրացնել, կարելի չէր հայա-նպաստ դիրքորոշում ակնկալել այդ երկրէն: Գերմանիոյ մէջ հանրային կարծիքը ոչ մէկ կարեւոր դեր կը ներկայացնէ երկրին քաղաքական կեանքին մէջ, ուստի ճիշդ չէր այդ երկրին մէջ որեւէ գործի ձեռնարկելը՝ միայն մարդասիրական գաղափարի վրայ հիմնուելով: Հետեւաբար, այնտեղ այդպիսի ծրագիրներ գործնականացնելը աւելորդ եւ անյարմար կը նկատուէր:


Հիմնուելով վերոյիշեալ պատճառներուն վրայ՝ գերմաներէն «Փրօ-Արմէնիա» լոյս ընծայելը դժուար թէ նպատակին ծառայէր. աւելորդ ծախսեր եւ դրամի մսխում պիտի ըլլար: Նոյնպէս անյարմար նկատւեցաւ Անգլիոյ մէջ անգլերէն լեզուով «Փրօ-Արմէ- նիա» հրատարակելը: Անգլիան Հայկական հարցի հանդէպ հայանպաստ դիրքորոշում կրնար ունենալ, երբ Թուրքիոյ հետ իր քաղաքատնտեսական շահերուն վտանգ սպառնար:


Առանց «Փրօ-Արմէնիա»ի հրատարակութեան ալ կարելի էր անգլիական կարծիքը ու քաղաքական գործիչները յուզել միայն Երկրի շարժումներով՝ հիմնուելով այն փաստին վրայ, որ անգլիացի ժողովուրդը եւ իրարու յաջորդած ու տարբեր ուղղութեան տէր երկու նախարարութիւններ Սասնոյ գործի ժամանակ պաշտպանած էին Հայկական հարցը եւ մեծ աղմուկ բարձրացուցած էին, քան ինչի որ ձեռնարկած էր «Փրօ-Արմէնիա»-ն եւ անոր շուրջ հաւաքուած խումբերը: Կարգ մը անգլիացիներ մտահոգուած էին, որ «Փրօ-Արմէնիա»-ի մը հրատարակութիւնը կրնայ նոյնիսկ վնասակար ըլլալ Հայկական հարցին այն տեսակէտով, որ Հայկական հարցի հակառակորդները որեւէ հրատարակութեամբ մը կը վնասեն անոր ու կը նսեմացնեն զայն: Գոյութիւն ունէր նաեւ այն պարագան, որ ֆրանսերէնով հրատարակուող «Փրօ-Արմէնիա»-ն կը կարդացուէր նաեւ Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Իտալիոյ եւ Անգլիոյ մէջ: Յայտնի քաղաքական գործիչներուն մէջ ֆրանսերէն իմացողները, եթէ ոչ ամբողջութիւն, այլ մեծամասնութիւն կը կազմէին: Այսպիսի առաջարկներու կողքին «Փրօ-Արմէնիա» երկշաբաթաթերթի հրատարակութիւնը իր հերթին որոշ գումար մը կը պահանջէր ու մասամբ կը ծանրաբեռնէր կուսակցութեան ընդհանուր պիւտճէն: Բայց հակառակ այս տեսակէտներուն՝ բոլորը համոզուած էին, որ քարոզչութեան գործը կարեւոր նեցուկ մըն է ընդհանուր գործին համար, որովհետեւ Երկրին մէջ տեղի ունեցող շարժումներուն հետ Եւրոպայի հայասէրներուն համարումը եւ անոնց միջոցով կառավարութիւններուն վրայ ազդելու կարելիութիւնը կը մեծնար:


«Փրօ-Արմէնիա»-ներու հրատարակութիւնը պիտի բերէր նաեւ նոր հրատարակութիւններու շարք մը, որովհետեւ մեր ժողովուրդին մէջ կան մարդիկ, որոնք յեղափոխական գործին համար թէեւ ոչինչ կու տային, բայց իրենց դրամական աջակցութիւնը սիրով կը ցուցաբերէին եւրոպական քարոզչութեան գործին: Հակառակ բոլոր տարակարծութիւններուն եւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն՝ որոշուեցաւ Ֆրանսերէն լեզուով հրատարակուող «Փրօ-Արմէնիա» երկշաբաթաթերթի համար յատկացնել 20000 ֆրանք, իսկ անգլիականին համար՝ 10000 ֆրանք: Անգլերէն ու գերմաներէն լեզուներով «Փրօ-Արմէնիա» հրատարակելու ընտրանքին հակառակորդները կþառաջարկէին շարունակել ֆրանսերէն «Փրօ-Արմէնիա» երկշաբաթաթերթի հրատարակութիւնը եւ միւս երկիրներուն մէջ գործադրել քարոզչութեան ուրիշ ձեւեր, ինչպէս` կազմակերպել խորհրդաժողովներ, գիտաժողովներ եւ քարոզչական հաւաքներ, Հայկական հարցին վերաբերեալ յօդուածներու հրատարակութեան ձեռնարկել եւրոպական կարեւոր թերթերուն մէջ ու կապեր հաստատել քաղաքական գործիչներու հետ:


Բոլոր եւ տարբեր տեսակի առաջարկութիւններէն ետք եւ տեսնելէ ետք եւրոպական քարոզչութեան օգտակարութիւնը որոշուեցաւ, որ զանազան միջոցներով քարոզչութիւնը շարունակուի եւրոպական երեք երկիրներու մէջ, իսկ «Փրօ-Արմէնիա» երկշաբաթաթերթին համար նպատակայարմար ու արդիւնաւէտ նկատուեցաւ տպագրութիւնը շարունակել միայն ֆրանսերէն լեզուով:


«Փրօ-Արմէնիա» երկշաբաթաթերթի անգլերէն լեզուով մէկ թիւ լոյս տեսած է նոյեմբեր 1901-ին: Անգլերէն լեզուով հրատարակուած «Փրօ-Արմէնիա»-ի խմբագիրը եղած է Ալֆրէտ Սթէտը:


Ֆրանսայի մէջ հայերուն նկատմամբ մասնաւոր համակրութիւն կը յայտնուէր 1900 թուականին: Իսկ Անգլիոյ մէջ Կլատսթոնի եւ իր բարեկամներուն կողմէ եղած ջանքերը ապարդիւն մնացին գլխաւորաբար Ռուսիոյ հակառակութեան եւ Հանոտոյի քաղաքականութեան պատճառով, որովհետեւ անգլիական կառավարութիւնը առանձին մնաց եւ ստիպ- ւեցաւ նահանջել: Միւս կողմէ՝ հայերուն նկատ- մամբ Եւրոպայի մէջ հասարակական կարծիք գոյութիւն չունէր, որովհետեւ մամուլը անտարբեր էր: Կրօնական զգացումներէ դրդուած մարդասիրական շարժում մը կար Գերմանիոյ, Դանիոյ, մասամբ Ֆրանսայի եւ եւրոպական միւս երկիրներուն մէջ. այս մէկը դրսեւորուեցաւ նիւթական նպաստներով եւ որբանոցներու բացումով: Իսկ զանազան երկիրներու մէջ Հայկական հարցին համակիր գործիչներուն ջանքերը պէտք եղած արդիւնքը չտուին, որովհետեւ գոյութիւն չունէր քաղաքական քարոզչութեան կազմակերպուած ձեւ, որ այդ ցրուած ուժերը միացնէր եւ օգտակար դարձնէր: Վստահօրէն կարելի է ըսել, որ եթէ այդպիսի կազմակերպեալ քարոզչութիւն մը գոյութիւն ունենար, կոտորածները այդչափ ահռելի համեմատութեան չէին հասնէր եւ կամ գէթ քանի մը տարրական իրաւունքներ կարելի կþըլլար ձեռք բերել:


Բաւական ուշ՝ միայն 1900 թուականին, հիմնուեցաւ եւրոպական քարոզչութեամբ զբաղելու կոչ- ւած մարմին մը, որ հետզհետէ ընդարձակուելով եւ կանոնաւոր ուղղութիւն մը ստանալով` համեմատաբար կարճ ժամանակի մէջ փայլուն արդիւնքներ տուաւ: Հակառակ Եւրոպայի դիւանագիտական շահերուն՝ հայերու նկատմամբ հետզհետէ աննպաստ հանգամանքին, երկրի մէջ յեղափոխական գործունէութեան տկարացումին եւ ներքին յուզումներու նուազեցումին` այս հայանպաստ կարծիքը տագնապեցուց դիւանագիտութիւնը եւ արթնցուց հասարակական կարծիքը Հայկական հարցին նկատմամբ: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ մինչ այդ՝ զանազան խնդիրներ կու գային դժուարացնելու հայկական քարոզչութիւնը: Օրինակ՝ Դրէյ Ֆուսի խնդիրը Ֆրանսայի մէջ եւ Բօէրական պատերազմը Անգլիոյ մէջ:


1900-ին Փարիզի մէջ Հայ դատով զբաղողները յաջողեցան Հայկական հարցը արծարծել տալ Ընկերվարական, Խաղաղութեան եւ ուրիշ համաժողովներու ընթացքին: Մինչ այդ՝ արդէն դրուած էր Հայ դատին նուիրուած ֆրանսերէն թերթի մը խնդիրը: Երկար ջանքերէ եւ բանակցութիւններէ ետք՝ վերջապէս 1900 թուականի նոյեմբերէն, սկսաւ լոյս տեսնել «Փրօ-Արմէնիա» երկշաբաթաթերթը, որ լաւ ընդունելութիւն գտաւ եւրոպական ամենալուրջ թերթերուն կողմէն, ինչպէս` Temps, Times, Frankfurter Zeitung:


Թուրքիոյ բոլոր կողմերէն եւ Հայաստանի արեւելեան հատուածէն դաշնակցականներու եւ թղթակիցներու ղրկած թղթակցութիւնները բարձրացուցին այս թերթին արժէքն ու իմաստը եւ զայն բողոքի պաշտօնական ու վաւերագրական օրկանի վերածեցին ոչ միայն հայոց, այլեւ Թուրքիոյ բոլոր հարըստահարուած եւ իրաւազուրկ ժողովուրդներու համար:


«Փրօ-Արմէնիա»-ի տարածումը առաջին օրէն կարելի եղածին չափ դիւրացնելու համար սկիզբը անոր հրատարակութիւնը յանձնուեցաւ Փարիզի հրատարակչական ընկերութիւններէն մէկուն, սակայն անկաշկանդ քարոզչութեան գործը անկախացնելով՝ հարկ տեսնուեցաւ մասնաւոր խմբա- գրատուն մը բանալ, մանաւանդ որ կարճ միջոցի մէջ արդէն յաջողած էր ձեռք բերել գլխաւոր առաւելութիւններ.
ա) երկշաբաթաթերթին ընդարձակ տարածումը,
բ) աժան գինը:


Այդ օրերուն «Փրօ-Արմէնիա» կը հրատարակուէր երկու հազար օրինակ, ունէր երեք հարիւր բաժանորդ, իսկ մնացածը ձրի կը ղրկուէր մամուլին, գրադարաններուն, քաղաքական գործիչներուն: Տարեկան ծախսն էր 8000-10000 ֆրանք:


Շարունակելի 2

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝