Յայտարարութիւն

Saturday, May 30, 2009

Սփիւռքահայ Գրականութիւն - 2


1- Արաբական Երկիրներ գլխաւորաբար Իրաք, Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան, Պաղեստին եւ Եգիպտոս: Սկիզբը ամենէն կարեւոր կեդրոններէն մէկը այս շրջանակին մէջ եղան Եգիպտոսի Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա քաղաքները, բայց յետագային եւ մինչեւ այսօր մշակութային եւ մտաւորական կեդրոն դարձան յատկապէս Լիբանանը,(Պէյրութ) եւ Սուրիան (Հալէպ): Հոս լոյս տեսան բազմաթիւ օրաթերթեր, հրատարակուեցան մեծ թուով գիրքեր եւ արաբահայ գրականութիւն մը իր ուրոյն դիմագիծը պարտադրեց հայ գրականութեան վրայ:Յիշենք անունները կարգ մը գրագէտներու ՝ Վահան Թէքէեան, Ժագ Յակոբեան, Արսէն Երկաթ/Եգիպտոս/, Յակոբ Օշական, Եղիվարդ/Երուսաղէմ/, Լեւոն Շանթ, Մուշեղ Իշխան, Վահէ Վահեան, Լեւոն Վարդան, Նիկոլ Աղբալեան, Եդուարդ Պոյաճեան, Պողոս Սնապեան, Գեորգ Աչեմեան եւ շատ ուրիշներ /Լիբանան/ Անդրանիկ Ծառուկեան, Սիմոն Սիմոնեան, Արմէն Անոյշ, Սմբատ Փանոսեան/Սուրիա, Լիբանան/ եւայլն.
Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ լոյս տեսած կարեւոր գրական հանդէսներէն եղան «Նայիրի» եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթերը եւ «Բագին», «Շիրակ» ամսագիրները:
Արաբական գաղութները արտագաղթի պատճառով համալրեցին եւ զօրացուցին յատկապէս Եւրոպայի եւ Ամերիկայի հայ գաղութները, իսկ 60-ական թուականներուն այս երկիրներէն դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ եւ Աւստրալիա գաղթող Հայերը կազմաւորեցին բոլորովին նոր գաղութներ` Աւստրալիոյ գաղութը եւ Արաբական ծոցի երկիրներուն հայկական մանր գաղութները / Քուէյթ, Շարժա, Տուպէյ եւայլն/: Ասոնք ազգովին կազմակերպուած վիճակի մէջ են արդէն, հոն հայ գրողներ կ'ապրին, բայց տակաւին կարելի թէ զանոնք որակել որպէս անկախ գրական շրջանակներ:

2-Պոլիս: Պոլիսը Արեւմտահայ գրականութեան համար սկիզբէն մինչեւ 1915, ապա 1919-էն 1922 եղաւ մեծագոյն կեդրոնը: Հանրապետական Թուրքիոյ մէջ հոս ու հոն ցրուած հայկական փոքրամասնութիւնները բոլորովին կորսնցուցին իրենց ինքնուրոյնութիւնը , ձուլուեցան կամ գաղթեցին դէպի Պոլիս եւ Պոլիսը դարձաւ մեր մեծագոյն գաղութներէն մէկը որ մշակութային եւ նիւթական ահագին ազգային հարստութիւն ժառանգած էր: Արեւմտահայ գրականութեան աւանդները հոն տակաւին կենդանի կերպով կը շնչէին: Հոն էր Պոլսոյ Պատրիարքարանը, բազմաթիւ նախակրթարաններ եւ երկրորդականներ, օրաթերթեր եւ հանդէսներ ,մեծ թիւով գիրքեր կը շարունակուէին լոյս տեսնել Պոլսահայ տպարաններէն: Հակառակ տիրող հակահայ քաղաքականութեան եւ մանաւանդ ազգովին կազմակերպելու հնարաւորութեանց բացակայութեան, Պոլիսը սփիւռքահայ գրականութեան տուաւ բամաթիւ անուններ: Հին սերունդէն հայ գիւղագրութեան ամենամեծ դէմքն է Համաստեղի հետ Յակոբ Մնձուրի/Տէմիրճեան/, իսկ 1945-էն վերջ եւ մինչեւ այսօր բովանդակ հայ գրականութեան մէջ մեծարժէք անուններ եւ բանաստեղծներ Զահրատը, Զարեհ Խրախունին եւ Ինքնքասար Ասլանը եւ արձակագիր ու Մարմարայի խմբագիր՝ Ռոպեռ Հատէճեան.

3-Եւրոպա-Փարիզ հայկական փոքր կամ մեծ գաղութներ կամաւորուած էին Լոնտոն, Լիզպոն, Սպանիա, Վենետիկ եւ Հռոմ քաղաքներուն մէջ: Պերլինի մէջ ՝ հայութիւնը ցրուած պատկեր կը ներկայացնէր . Սքանտինաւեան երկիրներու մէջ վերջին տասնամեակներուն բաւական թիւով Պարսկահայեր գաղթեցին . Պալքանեան երկիրներու մէջ խիտ Հայութիւն կ’ապրէր մինչև Բ. Աշխարհամարտ : Սակայն աւելի կազմակերպուած ու մշակութային աւանդներ ստեղծող գաղութներ մնացին Յունաստան եւ Ֆրանսա: Մանաւանդ Փարիզը , մինչեւ Բ. Աշխարհամարտ ,դարձաւ մեր ամենէն կենսունակ , յախուռն և յանդուգն մտաւորականներով հարուստ մշակութային գրական կեդրոններէն մէկը: Բազմաթիւ դէմքեր նկարչութեան, թատրոնի, երաժշտութեան եւ մանաւանդ գրականութեան ասպարէզներու մէջ համաշխարհային ճանաչման արժանացան:

Ֆրանսհայ գրողներէն ոմանք գրեցին միայն ֆրանսերէն լեզուով , ոմանք ֆրանսերէնով եւ Հայերէնով իսկ ուրիշներ միայն Հայերէնու:

Այս սերունդը ունէր Պոլսոյ Հայկական կրթութիւն եւ ֆրանսական բարձր գրականութեան մօտէն ծանօթութիւն:

Ֆրանսահայ գրողներու գործերը մեզի կը հնչեցնեն ահազանգը Սփիւռքի մէջ մեր գոյութեան սպառնացող վտանգներուն:Սփիւռքի ճակատագիրը կը դառնայ առանցքը այդ գրականութեան: Ֆրանսահայ գրականութեան հաստատման և զարգացման մէջ շատ կարեւոր դեր խաղաց Շաւարշ Միսաքեանի «Յառաջ»թերթը եւ «Մենք» պարբերաթերթը որոնց շուրջ խմբուեցան ամենէն տաղանդաւոր եւ ամենայանդուգն գրողները: Ֆրանսահայ արձակագիրներէն յիշենք Հրաչ Զարդարեանը, Կարապետ Փօլատեանը, Շաւարշ Նարդունին, Նշան Պէշիկթաշլեանը, Վազգէն Շուշանեանը, Շահան Շահնուրը, Զարեհ Որբունին եւայլն, բանաստեղծներէն՝ Նիկողոս Սարաֆեանը, Բիւզանդ Թօփալեանը, Յարութիւն Կոստանեանը եւայլն: Դժբախտաբար ֆրանսահայ գաղութը չկրցաւ ստեղծել կրթական եւ մշակութային առողջ ենթահող մը եւ այս գրողները չունեցան իրենց յաջորդները: Սակայն , Բ. Աշխարհամարտէն ետք, Ֆրանսահայ գրականութիւն մը կը շարունակուի գոյութիւն ունենալ արաբական երկիրներէն հոն գաղթած եւ հաստատուած գրողներու շնորհիւ ինչպէս Վահէ Քաչա, Վազգօ Վարուժան/Ֆրանսա/, Գրիգոր Պլտեան/Պէյրութ/, Մովսէս Փչաքճեան/Հալէպ/, Զուլալ գազանճեան/Հալէպ/, Յակոբ Պալեան եւայլն:

Սփիւռքի իրականութեան մէջ միայն ֆրանսահայ գրողներուն առաջին սերունդը կրցաւ իրականացնել Ֆրանսահայ Գրողներու Միութիւնը որ տարաւ հրատարակչական լուրջ աշխատանք :

4-Ամերիկաներ եւ Գանատա: Սփիւռքահայ գրականութեան առաջին վաւերական գրողները եղան Միացեալ Նահանգներ ապաստանած, բայց հայրենիքէն հայեցի ուսում եւ հայեցի դաստիարակութիւն ստացած անձեր: Ասոնք գոնէ մինչեւ 60-ական թուականները , ընդհանրապէս Պոսթըն մասամբ նաեւ Նիւ Եորք եւ Տիթրոիթ քաղաքներու մէջ կ'ապրէին:
Ամերիկահայ վաւերական գրողները գրեթէ բոլորն ալ արձակագիրներ են: Իրենց գրականութեան աշխարհը գլխաւորաբար. կորսուած հայ գիւղն է կամ Ամերիկեան քաղաքներու արուարձաններուն մէջ հայ գիւղի յիշատակներով ապրող տիպարներ . այդպէս է Հմաստեղի, Բենիամին Նուրիկեանի, Արամ Հայկազի, Վահէ Հայկի, Անդրանիկ Անդրէասեանի եւ Մալխասի ստեղծած գրականութիւնը: Մալխաս վիպականացուցած է մեր ազգային ազատագրական պայքարի վերջին շրջանը :Ամերիկան մեզի բանաստեղծներ չտուաւ: Այս սերունդին մէջ կարելի չէ չյիշել անգլիագիր Ուիլիըմ Սարոյեան, Մայքըլ Արլէնը ,կրտսեր Մայքըլ Արլէնը, Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան եւ ուրիշներ: Այս սերունդը խամրեցաւ 60-ական թուականներէն ետք եւ նման Ֆրանսհայ գրականութեան նոր գրողներու ծնունդ չկրցաւ տալ : Ամերիկայի միջին եւ անմիջական սերունդի գրողները Պարսկաստանէն , Արաբական աշխարհէն եւ Հայաստանէն գաղթած են :Միջին սերունդէն յիշենք հրաշալի արձակագիր Յակոբ Կարապենցը:

Միացեալ Նահանգներուն մէջ մշակութային եւ գրական նոր կեդրոն դարձաւ Գալիֆորնիան մանաւանդ Լոս Անճլոս քաղաքը որ Սփիւռքի ամենէն հայահոծ եւ ուժեղ հայ գաղութն է ներկայիս , ուր կը գործեն բազմաթիւ տպարաններ հրատարակչատուներ , կը հրատարակուին թերթեր ու գիրքեր կը բացուին դպրոցներ , ակումբներ , գրական ու մշակութային ընկերութիւններ:

Լոս Անճլոսը Սփիւռքի բաբախող սիրտն է ներկայիս սակայն չմոռնանք որ այդ դերին մէջ հիմնական գործը կատարողը Սուրիայէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն նոր գաղթածներն են :

Հարաւային Ամերիկան շատ աննշան դեր ունեցաւ սփիւռքահայ գրականութեան զարգացման մէջ:

1960-ական թուականներուն Հայ գաղութ կազմաւորուեցաւ Գանատայի Մոնրէալ քաղաքին մէջ : Մոնրէալի մէջ ունինք ամէնօրեայ դպրոցներ եւ հրատարակութիւններ: Մոնրէալի «Հորիզոն» թերթը , իր շաբաթական յաւելուածով , գրական շրջանակի մը մօտ յաջողեցաւ հետաքրքրութիւն ստեղծել:

Իրան կամ Պարսկաստան: պարսկահայերը իրենց Արեւելահայ գրական լեզուով նախապէս մաս կը կազմէին Արեւելահայ զանգուածներուն: Օրինակ Ռաֆֆի մեծ վիպասանը, Պարսկահայ էր իր սկզբնական կարգ մը գործերը գրած էր Պարսկաստանի մէջ և կը նկատուի Արեւելահայ գրող: Հայսատանի պետականացումէն ետք Պարսկաստանը իր կարգ մը կեդրոններով /Նոր Ջուղա, Թաւրիզ, Թեհրան/ դարձաւ սփիւռքահայ ինքնուրոյն կեդրոններէն մէկը, որուն արմատները դարերու խորութիւն ունէին , հետեւաբար կրթական ,մշակութային եւ գրական աւանդութիւններ ունեցող գաղութ մըն էր:

Պարսկաստանի կարգ մը շրջաններու մէջ արտահոսք տեղի ունեցաւ դէպի մեծ քաղաքներ ՝ Թաւրիզ,Թեհրան , բոլորովին հայութենէ պարպելով այդ քաղաքները :Վերջին տասնամեակներուն Իրանի մէջ տիրող քաղաքական ծանր պայմանները իրենց ժխտական անդրադարձը ունեցան նաեւ հայ կեանքի վրայ: Այսուհանդերձ Իրանահայութիւնը ,յատկապէս գրականութեան մէջ , շարունակեց զարգացնել հինէն ժառանգած գրական աւանդները:
Բազմաթիւ գրողներէն յիշենք բանաստեղծներ «Դեր» Մարգար Ղարաբէկեան եւ Արամ Գարոնէ:

Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք զանազան երկիրներէ տարբեր ուղղութիւններով մտաւորական տեղաշարժ տեղի ունեցաւ . այդ պատճառով ալ կարելի չէ յաճախ գաղութային պատկանելիութիւնը որոշել կարգ մը գրագէտներու , օրինակ՝ արձակագիր Վահրամ Մավեանի , բանաստեղծ Վահէ Օշականի , բանաստեղծուհիներ՝ Ալիսիա Կիրակոսեանի եւ Վեհանուշ Թէքէեանի եւ շատ ուրիշ գրագէտներու:


ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 2

1 comments:

Vahakn Keshishian said...

Շատ լաւ մէկնարկ է այս գրութիւնը... բայց եւ այնպէս, հեռու կը մնայ ամբողջական ըլլալէ: Կուզեմ նշել կարեւոր երկու բացթողում:

1- Պոլսոյ պարագային, Սփիւռքահայ գրականութեան կարեւորագոյն մի քանի վէպերէն մէկը ՝ «Մրջիւններու Վերջալոյսը» գրող Զաւէն Պիպէռեանը զանց առնուած է: Երեք վէպի հեղինակ է, (նաեւ «Անկուտի Սիրահարները» և «Լկրտաղծը») և ունի պատմուածքներու հատոր մը («Ծովը»): Պիպէռեան եղած է նաեւ խմբագիր եւ հրապարակագիր:

2- Իսկ Արաբական երկիրներու պարագային «Ահեկան» պարբերականին դէրը անկարելի է չնշել, յանձինս՝ Գրիգոր Շահինեան, եւ Յարութւին Քիւրքճեան խմբագիրներուն: Այս թերթը եղաւ շատ կարեւոր լծակ Պէյրութի մէջ նոր գրական սերունդ մը պատրաստելու, ինչպէս Վահէ Օշական, որը նախ եւ առաջ Պէյրութին կը պատկանի, 70ններուն ձգած է պէյրութը, ուրեմն այդքան ալ դժուար չէ զինք դասել:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝