Յայտարարութիւն

Friday, May 22, 2009

«Փրօ Արմենիա» - 3

Տաթեւ Սուլեան



«Փրօ-Արմէնիա»-ի լոյս ընծայումով որոշ նուաճումներ արձանագրուեցան: Այսպէս՝ եւրոպական կարգ մը երկիրներ Հայկական հարցին նկատմամբ իրենց համակրանքը դրականօրէն յայտնեցին ոչ թէ հանրային կարծիքի շրջանակին մէջ միայն, այլեւ կառավարութիւններու մակարդակով. Ֆրանսայի մէջ «Փրօ-Արմէնիա»-ն բարեկամ ունեցաւ հին եւ նոր նախարարներ, ինչպէս` Քամիյլ Փելըթան, Քալօ, Լէօն, Պուրժուա, Պիէնվընիւ, Մարթէն, Էթիէն, Տիւպիէֆ, եւ ուրիշ հայասէր ականաւոր այլ գործիչներ. Անգլիոյ մէջ «Փրօ-Արմէնիա»-ն յաջողեցաւ իր շուրջ ստեղծել բարեկամական խմբակ մը, որուն մաս կազմեցին Ճէյմս Պրայս, Լորտ Ապըրտին, Կլատըսթոն. Իտալիոյ մէջ Մարքիզ Սանճիւլիանօ, Հռոմ գալով ուզեց իր համակրանքը յայտնել «Փրօ-Արմէնիա» երկշաբաթաթերթին եւ զօրակցութիւնը՝ Հայկական հարցին, ինչպէս նաեւ ուրիշ իտալացիներ, որոնք այդ օրերուն որոշ նախարարութիւններու մէջ մեծ դիրքեր կը զբաղեցնէին, նոյնը ըրին:

1901-1903 թուականներու ընթացքին արձանագրուեցան կարգ մը յաջողութիւններ.-

4 նոյեմբեր, 1901-ին որոշ հարցադրումներ առաջադրուեցան Ֆրանսական Երեսփոխանական ժողովին մէջ՝ շնորհիւ «Փրօ-Արմէնիա»-ին:

7 դեկտեմբեր, 1901-ին` Հոլանտայի Երեսփոխանական Ժողովին մէջ:

20 յունուար, 1902-ին` Ֆրանսական Ծերակոյտին եւ Երեսփոխանական ժողովին մէջ, ինչպէս նաեւ Գերմանական Ռայխստագի մէջ:

Նոյն թուականի փետրուարին տեղի ունեցան քարոզչական հաւաքոյթներ Փարիզի մէջ:
Մարտ 1902 Մոնաքոյի խաղաղութեան համաժողովի որոշումը ի նպաստ Հայկական Հարցի:
Դանիացի հայասէրներու առաջարկը Եւրոպայի բոլոր հայասէրներուն մասնակցութեամբ միջազգային համաժողով մը գումարելու: Այս առաջարկը անգլիացի քանի մը հայասէրներու Փարիզ այցելութեան առիթով տրուած հացկերոյթի մը մէջ ընդունելով` որոշուեցաւ Պրիւքսէլի մէջ համաժողով մը գումարել:

Պերլինի մէջ կազմակերպուեցաւ հայասէրներու յանձնախումբ մը: Պրիւքսէլի համաժողովին առիթով, որուն բնականաբար չէին կրնար Հայկական Հարցին բոլոր համակիրները մասնակցիլ, հազարաւոր ստորագրութիւններ հաւաքուեցան զանազան երկիրներու մէջ: Պրիւքսէլի համաժողովին մէջ երկու տարբեր ուղղութիւններ յայտնուեցան. մէկը` մարդասիրական, որուն գլխաւոր ներկայացուցիչներն էին դանիացիները, միւսը` քաղաքական, զոր գլխաւորաբար ֆրանսացիները կը պաշտպանէին: Այս համաժողովին ներկայ չեն եղած Անգլիոյ եւ Գերմանիոյ ներկայացուցիչները: Համաժողովին կողմէ որոշուած միջազգային յանձնախումբի կազմութիւնը կարելի չեղաւ իրագործել:

1902 թուականի վերջաւորութեան Մակեդոնական խնդիրը օրուան հարց դարձաւ: Առիթը օգտագործուեցաւ, եւ Հայկական Հարցը անոր կապելով, դարձեեեալ հրապարակ հանուեցաւ:

3 փետրուար, 1903-ին Շատօ Դոյի թատրոնի մէջ գումարուեցաւ քաղաքական քարոզչութեան նպաստող մեծ ցոյց մը, ուր զանազան կուսակցութիւններու պատկանող նշանաւոր գործիչներ խօսեցան ի նպաստ Հայաստանի եւ Մակեդոնիոյ: Այս ցոյցէն ետք Պրեսսանսէ հարցադրում մը կատարեց Երեսփոխանական ժողովին մէջ: Այդպիսի ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Պրիւքսէլ, Ժընեւ եւ Պերլին: Անգլիոյ մէջ, սակայն, այդպիսի ցոյցեր տեղի չունեցան, որովհետեւ անգլիացի հայասէրները այն կարծիքը յայտնեցին, թէ աւելի նպաստաւոր պիտի ըլլար եթէ առայժմ Անգլիան չէզոք մնար, քաղաքական կասկածներ չյարուցելու համար, եւ երբ միւս երկիրներու հասարակաց կարծիքը արդէն պատրաստուած ըլլար, այն ժամանակ նպատակայարմար պիտի ըլլար, Անգլիոյ մէջ ալ ժողովուրդի ձայնը բարձրացնել:

1903 ապրիլին Իտալիոյ մէջ որոշ փոքր յաջողութիւններ ձեռք բերելէ քանի մը ամիս ետք մեծ ցոյցեր կազմակերպուեցան Միլանի, Հռոմի, Ճենովայի եւ ուրիշ քաղաքներու մէջ, եւ իտալական մամուլը մեծ համարումով արտայայտուեցաւ Հայկական հարցի մասին:

Այս երկիրներուն հանրային կարծիքը պատրաստելէ ետք կը մնար ընդհանուր ուժերը միացնելու փորձ մը ընել: Այդ նպատակով Անգլիա մեկնեցան անհատներ ու այնտեղի հայասէրներուն առաջարկեցին, որ Փարիզ գան եւ Ֆրանսայի ու Իտալիոյ հայասէրներուն հետ խորհրդակցութիւն մը ունենան: Այդ խորհրդակցութիւնը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 25-ին:

Այս հաւաքոյթը մեծ նշանակութիւն ունեցաւ ոչ միայն հասարակական, այլեւ դիւանագիտական տեսակէտէն, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով արտայայտուեցաւ Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Գերմա- նիոյ համերաշխ գործունէութեան գաղափարը Արեւելեան հարցին նկատմամբ:
Թերթին տպագրուելու սկսման առաջին տարիներէն իսկ Եւրոպայի մէջ բնակող հայերը կրցան յաջողցնել այս կարեւոր գործը, որ Հայկական հարցին քարոզչութեան գլխաւոր ազդակը հանդիսացաւ: Կը մնար այդ ուժէն օգուտ քաղել, ինչ որ կարելի պիտի ըլլար միայն այն պարագային, երբ յեղափոխական զօրաւոր շարժումներ կրկին օրուան խնդիր դարձընէին Հայկական հարցը եւ եւրոպացի հայասէրներու առիթ ընծայէին, խնդիրիայժմէութենէն օգտուելով, հրապարակ իջնելու:

«Փրօ-Արմէնիա»-ի մէջ անձնուիրաբար աշխատեցաւ ու այդ թերթը խմբագրեց Փ. Քիառ, որ իր ամբողջ ժամանակը յատկացուց այս երկշաբաթերթին եւ Հայկական հարցին լուծման գործին` իր համակ եռանդը նուիրելով հայ ժողովուրդի ազատագրութեան գործին:

Շարունակելի3

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝