Յայտարարութիւն

Sunday, May 24, 2009

«Փրօ Արմենիա» - 4

Տաթեւ Սուլեան




ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ԱՐԾԱՐԾՈՒՄԸ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ

20-դարու սկիզբը Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ սկսաւ լոյս տեսնել «Փրօ-Արմէնիա» երկշաբաթաթերթը: 1900 թուականի նոյեմբերին լոյս տեսաւ առաջին թիւը: Հայկական կոտորածներուն մասին յօդուածներ ստորագրած էին Պ. Կլէմանսօ, Փ. Քիառ եւ Պրեսսանսէ: Երկշաբաթաթերթը իր առաջին թիւով ամփոփ ձեւով կը ներկայացնէր 1894-96 թուականներուն կոտորածները: Նկատի ունենալով, որ այդ տարիներուն հայոց հասարակութեան մէջ շատերուն համար մատչելի չէր ֆրանսերէն լեզուն, իսկ ուրիշ շրջաններու մէջ կարելիութիւն չկար ուղղակի ձեռք բերելու վերոյիշեալ երկշաբաթաթերթը, «Փրօ-Արմէնիա» երկշաբաթաթերթի խմբագրութիւնը եւ «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը յարմար նկատած են, որ նոյեմբեր ամիսէն սկսեալ իր ամսաթերթէն որոշ էջեր տրամադրել «Փրօ-Արմէնիա»-ին՝ հայ հասարակութեան թարգանաբար ներկայացնելով «Փրօ-Արմէնիա»-էն յօդուածներ, որոնք կը ստորա- գրէին եւրոպացի եւ Հայկական հարցին համակիրներ, մեծ դէմքեր եւ գրողներ:


«Փրօ-Արմէնիա» երկշաբաթաթերթի էջերուն մէջ լոյս տեսած է նաեւ Հոլանտայի խորհրդարանի անդամ եւ յայտնի գործիչ Վան Կօլի նամակը: Ֆրանսայի կաճառի անդամ Պ. Վիօլլէ, ֆրանքօ-հայկական կոմիտէի ձեռնարկած քայլերը, հետեւեալ քաջալերական խօսքերը ուղղած է «Փրօ-Արմէնիա»-ի խմբագրութեան.


«Տարաբախտ Հայաստանի համար դուք կը շարունակէք կռուիլ: Արիութիւն, պարո՛ն խմբագիր: Ձեր մտածումը ամբողջ Ֆրանսայի մտածումն է առանց խտրութեան հայեացքի, կուսակցութեան: Եւ Հայաստանը անխոնջ պաշտպանելով` դուք մեր երկրին պատիւը կը պաշտպանէք յանձինս իր ներկայացուցիչներուն: «Փրօ-Արմէնիա»-ի եւ Հայաստանի բոլոր բարեկամներուն ջանքերը ամէնեւին ապարդիւն չեն: Անցեալ ամիս ֆրանսական քանի մը նաւեր կրցան, հակառակ իրենց հեռաւորութեան, արգիլել ջարդերը Այնթապի մէջ: Ֆրանսան, վստահ եմ, կը յաջողի կատարել իր պարտքը»:


«Եւրոպայի եւ աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւելու համար՝ պէտք է բոլոր հայերուն ձայները միանան մէկ ձայնի տակ: Իրենց փրկութեան միակ պայմանը միաբան գործունէութիւնն է»: Այս տողերով իր «Հայերու միութիւն» յօդուածը աւարտած է Անատոլ Ֆրանսը:


«Փրօ-Արմէնիա» երկշաբաթաթերթին մէջ կը հանդիպինք նաեւ այնպիսի յօդուածներու, որոնք, հայկական նահանգներուն իրավիճակը ներկայացընելէ անկախ, որոշ ուսումնասիրութիւններ կատարած են Սուլթան Ապտիւլ Համիտի կեանքին ու ապրելաձեւին, ինչպէս նաեւ հայերու նկատմամբ իր որդեգրած ծրագիրին մասին: Երկշաբաթաթերթի էջերուն մէջ կը հանդիպինք նաեւ վերլուծական յօդ-ւածներու, ինչպէս նաեւ հայերուն ու Հայկական հարցի մասին տեղի ունեցած ժողովներու կամ որոշ խաւերու արծարծումներու եզրայանգումներուն:


Յունիս 15-ին եւ յուլիս 11-ին տեղի ունեցած ռուս ուսանողներու ժողովներուն, որոնց կը մասնակցէին մօտաւորապէս 50 ուսանողներ, երկու հայ ուսանողներ համառօտ զեկոյցներ ներկայացուցած են Հայկական հարցի մասին` նպատակ ունենալով իրենց ռուս ընկերներուն ծանօթացնել արեւմտահայութեան քաղաքական վիճակը եւ հայ յեղափոխական շարժումին դրդապատճառները: Այդ ժողովներուն՝ ներկաներուն բաժնուած է «Դրօշակ»-ի տասնամեակի թիւերը եւ «Դրօշակ»-էն ու «Փրօ-Արմէնիա»-էն ռուսերէնի թարգմանուած քաղուածքներ:


Վերոյիշեալ ժողովներու աւարտին առաջարկուած է հետեւեալ բանաձեւը, որ կþառնչուի Հայկական հարցին եւ Հայկական շարժումին.


«Պերլինի ռուս ուսանողներու ժողովը, որ տեղի ունեցաւ 15 յունիս, 1901-ին, լսելով հայկական շարժումին վերաբերեալ որոշ զեկոյցներ, իր ջերմ համակրութեան կողքին յոյս եւ արիութիւն կը յայտնէ մարտնչող եղբայրներուն, որ իրենց մղած հերոսական կռիւը` Հայ ժողովուրդի քաղաքական եւ ընկերային ազատութեան համար, պսակուի կատարեալ եւ շտապ յաջողութեամբ»:


«Փրօ-Արմէնիա»-ի թիւ 22-ին մէջ Ֆրանսիս Տը Պրեսանսէն իր «Դիլեմ» յօդուածին մէջ գրած է. «Պետերբուրգի, ինչպէս նաեւ Փարիզի մէջ, լաւատեղեակ են Տաճկաստանի Հայ Վիլայէթներու ծանր վիճակի մասին: Վանէն Մուշ գացած ռուս Հիւպատոսի առաքելութիւնը կը վկայէ, որ պարոն Զինօվիէվ վախի ու մտահոգութեան մէջ է, եւ հաւանաբար 1895-ի արիւնոտ տեսարանները վերսկսին: Ժամը հասած է վճռական քայլին համար... Պէտք է ոճիրները կանգ առնեն: Պէտք է անմեղ արիւնը հոսելէն դադրի: Երկու միջոց կայ վերջ դնելու այդ տմարդի իրավիճակին՝ կա՛մ միջազգային դիւանագիտական շրջանակներէ իրական եւ վճռական միջամտութիւն տեղի ունենայ եւ կամ յեղափոխութեան հրապարակ գալն է, որ կը պայքարի բոլոր հնարաւոր միջոցներով անանուն բռնակալութեան դէմ»:


Փ. Քիառ իր մէկ յօդուածով պաշտպանած է Հայկական հարցը եւ Հայ յեղափոխութեան օրինաւորութիւնը ընդդէմ կարգ մը երիտասարդ թուրքերուն ու մասնաւորապէս Ահմէտ Ռիզայի դէմ: Այս վերջինը, որ մոլեռանդ հակառակորդ եղած է եւրոպական միջամտութեան` ի նպաստ հայերուն, իր գլխաւոր պատճառաբանութիւններէն մէկը այն է, թէ այդ միջամտութիւնը կրնայ շատ հաւանաբար մահմետականներու ծայրայեղական բռնկումներ յառաջացնել եւ հայերուն հաւաքական կոտորած պատճառել:


Արծարծելով Սասունի հարցը եւ Ֆրանսական Խորհրդարանի մէջ եղած հարցապնդումները՝ Փ. Քիառ այսպէս եզրակացուցած է իր «Կիսամեակ»-ը խորագիրով յօդուածը. «Թէպէտ Սասունի մէջ Սուլթանի նախամտածուած ջարդերը յետաձգուած են, սակայն Հայաստանի բնական վիճակը կը մնայ անտանելի: Դանդաղօրէն յառաջացող մահը կþիշխէ յանկարծակի ու ամբողջական բնաջնջումին տեղ: Կարելի չէ բաւականանալ խուսափողական պատասխաններով, կարելի չէ պատճառաբանել, թէ մերկացած փաստերը աւազակութեան մեկուսացած փաստեր են: Քանի դիակ հարկաւոր է, որպէսզի սպանութիւնները ջարդէն աւելի բարձր աստիճանի հասնի ու իր բուն ձեւով ընկալուին: Ինչպիսի՞ նոր ապացոյցներ պէտք ունին արդեօք, որպէսզի համոզուին, որ Կ. Պոլիսի մէջ յղացած ու մշակուած են բնաջնջումի ծրագիրը... Կ. Պոլսոյ Ելտըզի մէջ է, ուր մարդասպանը կը պատրաստէ իր ոճիրները: Կ. Պոլիսն է, որ պէտք է հարուածել եւ պէտք է հարուածել իր գլուխէն»:


Եւրոպական տարբեր թերթեր, հիմնուելով «Փրօ-Արմէնիա»-ի տպած տեղեկութիւններուն վրայ, որոնք լոյս կը տեսնէին շնորհիւ երկրէն եկած թղթակցութիւններուն, իրենց հերթին սկսան տպել զանազան յօդուածներ, որոնք Հայկական հարցին եւ բարեկարգումներուն կþանդրադառնային: Վիեննայի «Politische Correspondenz» թերթը իր մէկ թիւին մէջ անդրադարձած է Մշոյ Ս. Առաքելոց կռիւի եւ Անդրանիկի քաջագործութիւններուն: Իսկ «Aurore» թերթը, իր յունուար 17-ի թիւին մէջ անդրադառնալով Ադրիանապոլսոյ նահատակներուն, Ֆրանսիս Տը Պրեսսանսէ իր «Հերոսներ» վերնագիրով խմբագրականին մէջ ջատագոված է վերոյիշեալ նահատակները. Պրեսսանսէն այսպէս կþաւարտէ իր յօդուածը. «Միեւնոյն ժամանակ, կը հասկընանք, որ անկախ անոնց տնօրէնութեան տակ գտնուող ուժերէն՝ գոյութիւն ունին ուրիշ ուժեր եւս, վաղ թէ ուշ պիտի ծնին ժողովուրդներուն կողմէ. այդ ուժերը այն հերոսներն են, որոնք առանց վախի ու հետեւողականօրէն իրենց իրաւունքը կը պահանջեն. վերջ ի վերջոյ պիտի յաջողին ու իրենց տենչանքները արդարօրէն եւ օրինաւոր ձեւով պիտի պսակուին»:


«Փրօ-Արմէնիա» թերթին հետ եղած թղթակցութիւններուն ընդմէջէն տեղեակ պահուած է, որ գերմանական Ռայխստագի անդամ Աւգուստ Բէբէլ Ռայխստագի ընկերվարական ֆրակցիան իր վերջին նիստի ընթացքին որոշած է յունուարին կամ փետրուարին հռետորի մը միջոցով հրապարակ հանէ` Ռայխստագի առջեւ, Հայաստանի մէջ կատարւած դէպքերը:
«Փրօ-Արմէնիա»-ն իր տպագրութեան երրորդ տարին սկսելու առիթով կը գրէր, որ առանց ձանձրանալու պիտի շարունակէ այս ձեռնարկութիւնը, որ ապարդիւն չէ եղած: Նոյնիսկ 1895-1896-ի զարհուրելի ջարդերէն եւ միեւնոյն պատճառով պետութիւններուն խորհրդարաններուն մէջ տեղի ունեցած վիճաբանութիւններէն ետք՝ դարձեալ Հայկական հարցը ամբողջ Եւրոպայի մէջ շատ լաւ ծանօթ չէր եւ հիմա ալ վերջնականապէս չէ: Հայաստանէն հասած եւ պաշտօնապէս վաւերացուած թղթակցութիւններուն միջոցով քաղաքակիրթ ժողովուրդները յուզ- ւեցան եւ սկսան ուշադրութիւն դարձնել այն հեռաւոր ցաւերուն, թէ նոյնիսկ երեւակայութեան եւ բռնութեան վրայ հիմնուած կայսրութիւն մը պաշտպանած են իրենց կառավարութիւններուն մեղսակցութեամբ: Ուստի մեր առաջին պարտականութիւնն է միշտ պարզել հայկական տանջանքները եւ առանց յոգնելու ազդարարել պատասխանատու անունները:


Այսպէս շատ մը վաւերացուած լուրերու հրատարակութիւնը առաջ բերաւ միջազգային այն համակրական մեծ շարժումը, որուն արդիւնքը եղաւ Պրիւքսէլի հայասէրներուն համաժողովը, որուն միջոցով ամէնէն աւելի աննպաստ երկիրներուն մէջ, ինչպէս՝ Գերմանիա, հասարակական կարծիքը փոխուեցաւ, եւ համաժողովէն ետք նոյնիսկ պաշտօնական թերթերը փոխեցին իրենց գրելու եղանակը:

Շարունակելի4

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝