Յայտարարութիւն

Tuesday, May 26, 2009

«Փրօ Արմենիա» - 5

Տաթեւ Սուլեան




Այլ երկիրներու հասարակական կարծիքը ազդեց իրենց կառավարութիւններուն գործունէութեան վրայ: Օրինակ, ֆրանսական հանրապետութեան կողմէ դէպի Մուշ քաղաք յատուկ գործակալ ուղարկելը որոշ ազդեցութիւն ունեցաւ Սասունի դէպքերուն վրայ: Այդ ուշադրութիւնը ուրիշ բանի արդիւնք չէր, եթէ ոչ լուրերուն ժամանակին տեղ հասնելուն եւ երեսփոխաններուն կողմէ նախարարապետի մօտ տարուած ջանքերուն, ինչպէս որ Պրիւքսէլի համաժողովը խնդրած էր, որ նոր հիւպատոսարաններ հաստատուին աւելի վտանգուած տեղեր:


Սակայն հայկական գաւառներուն զարհուրելի վիճակէն յառաջ եկած համատարած կացութեան դիմաց այս զգուշութիւնները չնչին եւ առժամեայ դարման մը միայն կրնային ըլլալ, որովհետեւ բնաւ պիտի չդադրէինք Պերլինի 61-րդ յօդուածի գործա-դրութիւնը խնդրելէ: Հայերը, երբեք չեն ունեցած անգործադրելի կամ չափազանցուած պահանջքներ: Եւրոպացիներուն դերն է ճանչցնել տալ եղելութիւնը, ցոյց տալ, որ բաւական չէ միայն պարզ մարդասիրական զգուշութիւնը, անհրաժեշտ է Պերլինի դաշնագրութեան գործադրութիւնը:


«Փրօ-Արմէնիա» թերթը իր առաջին թիւերէն յաջողեցաւ Եւրոպայի հասարակութեան մէջ փոխել մարդոց պատկերացումը Հայկական հարցին եւ Օսմանեան կայսրութեան նկատմամբ: Շնորհիւ «Փրօ-Արմէնիա»-ի մէջ լոյս տեսած տեղեկութիւններուն՝ 20 յունիս, 1902-ին Ֆրանսայի Խորհրդարանի նիստի ընթացքին պատգամաւոր Ռունիէի հարցապընդումներուն՝ նախարար Տելկասսէն հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրաւ. «Պատուարժան պրն. Ռուանէն ցաւ յայտնեց, որ մենք չօգտուեցանք մեր նաւատորմի ներկայութենէն, որ կը գտնուէր թրքական ջուրերուն վրայ. Պերլինի խորհրդաժողովին որոշ պարտաւորութիւններ ստանձնած Ֆրանսան, չի կրնար անտարբեր մնալ: Ան յոյս ունի, որ պետութիւնները նպատակայարմար կը դատեն իրենց առանձին ուշադրութեան առարկան դարձնել այս պարտաւորութիւնները: Բայց Հայկական հարցը ֆրանսական-թրքական ընդհարումին կապել՝ կը նշանակէ իրաւունք տալ Եւրոպային միջամտելու իր ընդհարումին մէջ, բան մը, որմէ բոլոր ձեւերով պէտք է խուսափիլ: Չափազանց ստոյգ է, որ հայերուն դրութիւնը այն չէ, ինչ որ Եւրոպան կը պատկերացնէր Պերլինի դաշնագրի 61-րդ յօդուածը խմբագրելու ատեն... 1895-96 դէպքերը նոր դրութիւն ստեղծած են, եւ կարելի է հարց տալ՝ արդեօք իրենց վերսկսիլը իրենց բոլոր սաստկութիւններով հրապարակ չի՞ բերեր այն ահաւոր խնդիրները, զորս կþուզենք խոհեմութեամբ հեռացնել: Ճակատագրական կը թուի, որ եթէ ազգաբնակչութիւնները շարունակաբար եւ անպատիժ կերպով կը թալանուին եւ եղեռնափորձերու կþենթարկուին, անոնք ի վերջոյ պիտի մտածեն, որ այս վիճակը լաւագոյնն է, քան այն կեանքը, որ կը գտնուի կոտորածի մղձաւանջին ներքեւ»:


Պ. Ռուանէ, որ ընկերվարական երեսփոխան մըն էր, այսպէս կը պատասխանէ նախարար Տէլկասսէի տուած բացատրութիւններուն.- «Պարոննե՛ր, հիմա ցոյց պիտի տամ, որ պարոն նախարարին տուած տեղեկութիւնները թերի են. արդար եւ մասնակի ոճիրները չեն, որուն ենթակայ են հայերը: 1900 եւ 1901-ին այն դրութեան մէջ էին, ինչ որ էին 1892-1893-ին մեծ ջարդերու առաջին օրերուն: Ամէն ինչ կը ստիպէ հաւատանք, որ Սուլթանը՝ քաղաքակըրթութեան դէմ այս ոճիրներուն պատասխանատուն ու հեղինակը, իր բնաջնջումի հալածանքը վար չէ դրած: Ո՞ւր կը վերջանայ անհատական սպանութիւնը, եւ ուրկէ՞ կը սկսի կոտորածը: Իմ թղթապանակիս մէջ որոշ թղթակցութիւններ ունիմ:


«Մշոյ դաշտին մէջ,- կþըսէր պ. Տելկասսէ,- կոտորածները, որոնցմէ կը վախցուէր, տեղի չունեցան: Ահա ինչ որ կը կարդամ Մշոյ դաշտին գիւղերէն ղրկուած նամակի մը մէջէն է, որ հասած էր «Փրօ-Արմէնիա»-ի խմբագրութիւն, ուր սրտաճմլիկ ձեւով պատմուած էր աւերուած 11 հայ գիւղերու մասին՝ նշելով անոնց անունները, սպանութիւններուն թիւը, որ 106-ի կը հասնէր ու «սեւ գարուն»-ը, որ հայ կիները եւ կոյսերը կþանցընէին թրքական խուժանին ձեռքերով:


«Այս յուսահատ խորհրդածութիւնները հարկաւոր է միտք պահել, որովհետեւ 1900-1901-ի դրութիւնը նոյնն է, ինչ որ էր 1891-1893-ին. անոնք ցոյց տուին, որ այսօր, ինչպէս այն ատեն, զոր կարելի է անուանել կոտորածներու պատրաստութեան շրջան, թուրք իշխանութիւնները նոյն միջոցներուն դիմեցին իրենց գործած կամ հրամայած ոճիրներու հետքերը սրբելու համար. միաժամանակ, եթէ կարելի է այսպէս ըսել, իրենց ետեւէն կը քաշեն միւսիւլման ժողովուրդները, ամենալայն կոտորածներու կատարման եւ եղեռնագործութեան համար:


«Այս նպատակով երբ հայեր կը սպաննուին գիւղի մը մէջ, երբ տուներ կը հրդեհուին, երբ հօտեր կը քշեն կը տանին, թուրք իշխանութիւնները իսկոյն կը հռչակեն, որ այդ չարիքներու հեղինակը հայ յեղափոխականներ են, եւ որպէսզի այդ պատրուակները զրպարտութիւններ չթուին, հայերէն կը պահանջեն, որ յեղափոխականներուն ուղղուած զրպարտութիւնները իբրեւ ամբաստանութիւն ներկայացնեն Սուլթանին՝ ուղղուած աղերսագիրներուն ներքեւ ստորագրել պահանջելով, որուն մէջ յստակօրէն խեղճ գիւղացիներ կþամբաստանէին իրենց հայրենակիցները՝ անոնց վերագրելով իրենց կրած բոլոր չարիքները:


«Թուրքերը, խաբելով ժողովուրդը, անոնց ձեռքէն կþառնէին գիւղացիներուն հարստութիւնը՝ իւրացնելու եւ կամ այրելով փճացնելու. Մուշէն եկած մէկ թղթակցութեան մէջ գրուած էր, բոլոր բնակիչները հաւաքեցին եկեղեցւոյ մէջ, եւ զանոնք ցնցելով երեք սնտուկ լեցուն քարիւղով, ըսին՝ հիմա ձեր գիւղին մէջ բոլոր մթերքը եւ պահեստները պիտի այրենք: Գիւղացիները իրենց կեանքը խնայելու համար ստորագրեցին այդ փաստաթուղթը:


«1900-ին նոյնը պատահած է Սպաղանքի մէջ. 1900-ի յուլիս 3 եւ 4-ի կոտորածին հետեւանքով, որ ահ ու սարսափի մատնած է ոչ միայն այս նահանգները, այլեւ ամբողջ Հայաստանը եւ այն բոլոր վայրերը, ուր կþապրէին հայ ժողովուրդի հատուածներ: Հակառակ այդ սարսափահար լուրերուն՝ անոնք հաւատարիմ մնացին իրենց կրօնին եւ եղբայրներէն ու նախնիներէն ժառանգած երկրին:


«1900 յուլիս 3-ին քրտական հերոսախումբեր 1000 հոգիէ բաղկացած զինուորական վաշտի մը հետ կը գրաւեն Տալւորիկը եւ Կելիէկուզանը, կը փակեն ու կը հսկեն Սպաղանքի հետ ամէն տեսակի հաղորդակցութիւն եւ արշալոյսին կը յարձակին անպաշտպան ու անմեղ ժողովուրդին վրայ: Բնակիչները յանկարծակի եկած եւ շուարած, լեռնադաշտերը կը փախչին եւ եկեղեցիները կþապաստանին: Փախուստի դիմողը կը սպաննեն առանց խտրականութեան՝ ըլլայ կին, երեխայ թէ ծերունի: Կիները, կը վկայէ թղթակից մը, մերկացնելէ ետք կը բռնաբարեն ու կը սպաննեն: Կը փետեն նաեւ 80-ամեայ Տ. Պօղոս քահանային մօրուքը, անոր բերանը երկու մասի կը բաժնեն, յետոյ չարչարելով կը սպաննեն:


«Պարոննե՛ր, այս իրադարձութիւնները եւ դէպքերը 1895-1896-ին չեն կատարուած, այլ 1900-ին: Տակաւին շատ մը կիներ, երեխաներ, մարդիկ եկեղեցւոյ մէջ պատսպարուած են: Իսլամներ, քիւրտեր եւ զինուորներ այն բոլոր եկեղեցիներու չորս կողմը, ուր հայերը պատսպարուած են, գարիի եւ խոտի խուրձեր կը դիզեն, վրան ալ քարիւղ լեցնելով կրակի կու տան եկեղեցիները: Պատսպարուողներու մեծ մասը հեղձամահ եղան, իսկ դիակներուն չեն խնայած. զանոնք զանազան մասերու վերածած եւ բռնաբարած են: Իսկ անոնք որոնք կը շնչէին, անլուր բարբարոսութիւններու ենթարկուած են:


«Այս բոլորը երկու օրուան մէջ տեղի ունեցած են: Ասոնք կոտորա՞ծ են, թէ մասնակի ոճիրներ: Աւազակներուն մեկնելէն ետք բնակիչները կը վերադառնան, մեծ փոս մը կը փորեն եւ կը թաղեն իրենց ծնողները ու ցիրուցան հայրենակիցները: Բայց 1895-ի քննութենէն յայտնի է, որ կոտորածներու հետքը սրբելու համար՝ իսլամները կը հանեն դիակները հողին մէջէն, այրելով ոչնչացնելու եւ փոսը չձգելու համար: Յետոյ բռնի ստորագրել կու տան Մատինի Առաքել վարդապետին եւ ուրիշ կարգ մը սարսափահար հայերուն, յայտարարութիւն մը, ուր ըսուած է, որ Սպաղանքի մէջ յեղափոխականներ յարձակած են զինուորներուն վրայ, վերջիններս իրենք զիրենք պաշտպանած են: 19 յեղափոխականներ սպաննուած են, իսկ երեք գիւղացիներ ալ սխալմամբ սպաննուած են:


«1892-93-ի դէպքերուն հետ բաղդատած՝ Եւրոպան այն ժամանակ տեղեակ չէր: Քանի մը տարի ետք է, որ իմացան պատահարներուն մասին, երբ 1896-ի միահամուռ կոտորածով ուզեցին հայ ազգաբնակչութեան վերջ տալ, այն ատեն ամէն տեղ զայրոյթ պատճառեց, իւրաքանչիւր երկրի մէջ բոլոր մարդոց գիտակցութիւնը թունդ հանեց: Իրապէս կացութիւնը սարսափելի է այսօր, ինչպէս երէկ: Անտանելի է ան, եւ չի կրնար երկարաձգուիլ առանց մեծ աղէտ մը առաջ բերելու:


«Իսլամութիւն կամ մահ, այսպէս է Թուրքիոյ որդեգրած քաղաքականութիւնը, զոր յղած է սուլթանը, եւ իր վերին տեսչութեան հովանաւորութեամբ կը կիրարկուի բարբարոս եւ վայրագ միջոցներ, որոնք կարելի է միայն կանգնեցնել, եթէ արեւմըտեան ազգերը կարեկից ականջ դնեն դժբախտ հայերուն` դէպի իրենց արձակած աղաղակներուն:


«Արդարեւ, անվիճելի է, որ Մուշի սարահարթին, Սասունի հովիտներուն, Զէյթունի կիրճերուն մէջ կայ ժողովուրդ մը, որ գիտակցութիւն ունի իր գոյութեան, ժողովուրդ մը, որ կþոգեւորուի, կը մեռնի եւ Եւրոպայէն օգնութիւն ու աջակցութիւն կը խնդրէ:


«Կան եւրոպական ազգեր, որոնց միջամտութիւնը Հայկական հարցին մէջ կասկածներ կրնայ յարուցել անոնց հողերը տիրելու ցանկութեամբ, բայց Ֆրանսան հոն բնաւ հողի աչք չունի, ինք միայն Հայաստանի մէջ մարդասիրական, քաղաքակրթութեան եւ արդարադատութեան շահ մը ունի: Ես կþըսեմ, որ այս մէկը ամենառաջ եւ գերազանցօրէն ֆրանսական շահ մը ունի: Ֆրանսայի անունը մինչեւ հոն` հեռուները տուած են իբրեւ ազատարար եւ իբրեւ իրաւունքի պաշտպան ազգ: Իսկ Ֆրանսան այս պարագային ինչ ըրաւ հայերուն համար, արդարութեան համար, մարդկութեան համար, քաղաքակրթութեան համար, այսինքն՝ Ֆրանսայի համար»:

Շարունակելի 5

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝