Յայտարարութիւն

Wednesday, May 27, 2009

«Փրօ Արմենիա» - 6

Տաթեւ Սուլեան




Շնորհիւ «Փրօ-Արմէնիա»-ի մէջ արձանագրուած թղթակցութիւններուն, որոնք կը ներկայացնէին Հայաստանի եւ հայերուն իրավիճակը Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան ներքեւ, Եւրոպայի հանրութիւնը «Փրօ-Արմէնիա» ընթերցելէ ետք աւելի մօտէն ծանօթացան հայերուն` իբրեւ հին քրիստոնեայ ժողովուրդի, եւ զանազան մակարդակներով տեղի ունեցած խորհրդաժողովներու ժամանակ եւ տարբեր բեմերէ սկսան արծարծել հայկական նահանգներու իրավիճակը եւ ասոր զուգահեռ՝ սկսան լուծումներ գտնելու տարբերակներ առաջարկել:


Հայկական հարցը արծարծուեցաւ նաեւ Խաղաղութեան նուիրուած 11-րդ համաժողովի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Մոնաքոյի մէջ: Հայկական հարցը երրորդ անգամ ըլլալով արծարծուեցաւ խաղաղասէրներու կողմէ՝ իբրեւ հրատապ այժմէականութիւն ունեցող հարց: Հայկական հարցին պաշտպանութիւնը ստանձնած էր «Փրօ-Արմէնիա» երկշաբաթաթերթի խմբագիր Փ. Քիառը, որ Հայաստանի մասին պատրաստած էր ընդարձակ զեկոյց մը:


Համաշխարային Խաղաղութեան 11-րդ համաժողովը կրկնեց 9-րդ եւ 10-րդ համաժողովներուն հետեւեալ առաջադրանքները.

1. Թախանձանօք կը խնդրէ Պերլինի դաշնագիրը ստորագրող պետութիւններէն գումարել պաշտօնական խորհրդաժողով Հաագի մէջ եւ լուծում տալ Հայկական հարցին` գործադրելով 1895-ի «Մայիսեան բարենորոգումի ծրագիր»-ը:

2. Նկատելով, որ նոր կոտորածներ կը սպառնան Սասունի մէջ, կը խնդրէ միեւնոյն պետութիւններէն, որ իրենց հիւպատոսները առաքեն Մուշ եւ յարակից շրջանները, որովհետեւ միայն Եւրոպայի պաշտօնական վկաներու ներկայութիւնը բաւարար է՝ արգիլելու արիւնոտ դէպքերուն կրկնութիւնը. որոշուեցաւ Հայաստան անունը նաեւ ներառուի ազգերու ուղղուած հանդիսաւոր կոչին մէջ:


Անատոլ Ֆրանս, որ «Փրօ-Արմէնիա» երկշաբաթաթերթի աշխատակիցներէն էր եւ Հայկական հարցին նկատմամբ խոր համոզում ունեցող անձնաւորութիւն մը, նախքան Պրիւքսէլի ժողովի սկսիլը, «Փրօ-Արմէնիա»-ի 13-րդ թիւին մէջ կոչ մը ընելով, փորձեց համաժողովի մէջ ի նպաստ հայերուն տրուելիք որոշումները շուտ առնուին ու առանց մանրամասնութեան մէջ մտնելու՝ անմիջապէս գործադրութեան դրուին: Կոչը հետեւեալ ձեւով կþաւարտի. «Ժամանակը սուղ է: Զօրանոցներ կը բարձրանան Զէյթունի եւ Սասունի մէջ: Նոր գրգռութիւններուն մասին որոշ ազդարարութիւններ սկսան տրուիլ: Չարաշուք ամիսները կը մօտենան: Յուլիսէն մինչեւ հոկտեմբեր 2-ը հաւանաբար նոր ջարդեր տեղի ունենան: Մարտիրոս ժողովուրդի մնացողները կարելի է փրկել բոլոր կուսակցութիւններու պատկանող մարդոց միջազգային համաձայնութեամբ: Այդ համաձայնութիւնը ապահովուած է»:


Ֆրանսայի մէջ Տընք Կօշէն ու Ժօռէս, Հոլանտայի մէջ Տ. Կիւպեր եւ Վանկօլ միացած են՝ հայերը պաշտպանելու համար: «Մենք կը թափանցենք բոլոր մարդոց մէջ, որոնք իրենց սրտին մէջ ունին սէր մարդկային ցեղին հանդէպ՝ ցարին, Պրիւքսէլի հայասէր համաժողովին եւ բոլորին ձայներով պիտի հնչեցնենք Եւրոպայի կառավարութիւններուն ու աշխարհի քաղաքացիներուն ականջին ամէնէն արդար գանգատը, որ երբեւէ ժողովուրդ մը արձակած է երկրին վրայ»:


Պրիւքսէլի հայասէրներու համաժողովը կայացաւ յուլիսին: Համաժողովին մասնակցեցան մօտաւորապէս 150 մարդ՝ իգական թէ արական:

Վերոյիշեալ համաժողովը քուէարկեց եւ որդեգրեց հետեւեալ առաջարկները.

1. Համոզուած ըլլալով, որ հայերու պահանջած բարեփոխումներն ու երաշխիքները կրնան իրագործուիլ բռնանալու Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան վրայ:


2. Թուրք ազգաբնակչութեան շահը կը պահանջէ բարենորոգելու այդ գործը՝ յիշեցնելով Պերլինի դաշնագրի 61 յօդուածը, որ է՝ «Բարձր Դուռը պարտաւոր է անյապաղ իրագործել այն բարեկարգումներն ու բարենորոգումները, որոնք կը պահանջեն հայաբնակ գաւառներու տեղական պէտքերը եւ երաշխաւորել հայերուն ապահովութիւնը քիւրտերուն եւ չերքեզներուն դէմ»: Ան պարբերաբար կը հաղորդէ այն պետութիւններուն, որոնք կը հսկեն իր գործադրութեան ետեւէն ձեռք առնուած միջոցներու մասին: Կը հաստատէ, որ այդ յօդուածով Եւրոպան իրաւունք ստացաւ եւ ստանձնած է պարտաւորութիւն՝ ապահովելու հայ ազգաբնակչութիւններու կեանքը, շրջագայելու ազատութիւնը, անոնց գոյքի խաղաղ տիրապետումը եւ խղճի ազատութիւնը:

3. Կը յայտարարէ՝ ժամանակն է, յանուն Եւրոպայի պատիւին եւ մարդկութեան բարեկեցութեան, որ այդ յօդուածը ստանայ լիակատար եւ օրինաւոր գործադրութիւն:

4. Կը յանձնարարէ, որ միջազգային մնայուն յանձնաժողով կազմակերպել՝ գործուն քարոզչութիւն կատարելու խորհրդարաններուն մէջ, մամուլի մէջ եւ հանրային կարծիքին շուրջ:

5. Համաժողովը, գոհունակութեամբ արձանա- գրելով Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ ձեռք առած միջոցը Հայաստանի մէջ իրենց հիւպատոսական գործակալներու թիւը աւելցնելու համար, կը հրաւիրէ իր այն անդամները, որոնք մասնակցութիւն ունին օրէնսդիր ժողովներու մէջ, պահանջել իրենց կառավարութիւններէն ձեռք առնել նոյնանման միջոցներ:

6.Համաժողովը, յանձնելով քուէարկած որոշումներու բնագիրը եւրոպական մամուլին, յոյս ունի, որ «Եւրոպայի թերթերը արդարութեան ու մարդկայնութեան նկատումով ամենալայն եւ ամենասիրայօժար հրատարակութեան կու տան Հայաստանէն եկած լուրերը, որոնք կը հասնին նաեւ մնայուն յանձնաժողովին»:

Ֆրանսայի մէջ ծնունդ առաւ հայասիրական շարժումը, որ անմիջապէս տարածուեցաւ Ֆրանսայի սահմանակից երկիրներուն մէջ: Այսպիսով, տարբեր խորհրդարաններ զանազան առիթներով քննարկեցին Հայկական հարցը եւ Պերլինի 61-րդ յօդուածը:
Հայերու եւ Հայաստանի մասին բանախօսութիւններու շարքը շարունակուեցաւ. 1903 թուականի յունուար 20-ին Պերլինի մէջ տոքթ. Րօրբախը, յունուար 24-ին Հալլէի մէջ տոքթ. Ֆինկէն, փետըրւար 2-ին Պերլինի մէջ Գէորգ Բրանդէս:

Շարունակելի 6

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝