Յայտարարութիւն

Friday, May 29, 2009

«Փրօ Արմենիա» - 7

Տաթեւ Սուլեան




15 փետրուարին Փարիզի Chateau dþEau սրահին մէջ բազմութեան դիմաց խօսք առաւ տþԷդուրնել, որ իր կորովի ճառին մէջ մատնացոյց ընելով դիւանագիտական վրիպումները յիշեց Կլատըսթոնի յորդորը` «Զբաղեցէ՛ք Հայաստանով, պաշտպանել Հայաստանը կը նշանակէ պաշտպանել Եւրոպայի դատը»: Իսկ Տընի Կօշէն՝ Ֆրանսայի խորհրդարանի այդ օրուան պահպանողականներէն, այդ օր այսպէս անդրադարձաւ Հայաստանի եւ հայութեան մասին. «Պէտք է հանրային կարծիքը ստիպէ ու ճնշէ մեր պետական գործիչները միջամտելու առանց յապաղելու ու աւելորդ ժամանակ վատնելու՝ յատկապէս Ֆրանսայի հմայքը պահպանելու համար»: Այդ հանդիպման նախագահը իր նախագիծով դիտել տուաւ, որ Հայկական հարցը եւ Մակեդոնական հարցը պէտք չէ անջատուին, պէտք չէ մոռնալ այն ձեռքբերումները, որոնք խոստացուած են, այսինքն՝ «Մայիսեան ծրագիր»ը չվստահիլ սուլթանին, եւ պէտք է վերահսկել անոր գործողութիւններուն եւրոպական յանձնաժողով մը հաստատելով: Այդ համաժողովը իր աւարտին ընդունեց հետեւեալ որոշումները.


«Չորս հազար ֆրանսական քաղաքացիներ, տարբեր կարծիքներ ունեցողներ, որոնք հաւաքուած են Chateau dþEau-ի դահլիճին մէջ կը յայտարարեն. «Նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Մակեդոնիայի ազգաբնակութեան ահռելի վիճակը եւ դէպքերու յարաճուն վտանգաւորութիւնը, նկատելով, որ այդ վիճակը գրգռիչ հանգամանք մըն է հանրային խղճմտանքի համար եւ վտանգ մը՝ ընդհանուր խաղաղութեան տեսակէտէն, «Նկատի ունենալով, որ միմիայն Պերլինի Դաշնագիրի գործադրութիւնը Հայաստանի եւ Մակեդոնիայի մէջ կրնայ վերջ դնել իրերու այդ անտանելի վիճակին, նկատելով այն հրամայական պարտքը, որ Պերլինի դաշնագիրը կը յանձնարարէ իր ստորագրողներուն, «Ցանկութիւն կը յայտնենք, որ ֆրանսական կառավարութիւնը գործէ կորովի կերպով, որպէսզի վերջ ի վերջոյ յաջողի իրագործել Պերլինի 23-րդ եւ 61-րդ յօդուածներուն բովանդակութիւնը՝ համաձայն 1882 թուականի օգոստոսին եւ 1895 թուականի մայիս 11-ին»:


1903 թուականի մարտի 20-ին գերմանական Ռայխստագի մէջ, Էդ. Պերնշտայնը իր զեկոյցին մէջ որոշ հարցադրումներ ըրաւ Հայկական հարցին եւ Պերլինի դաշնագիրի 61-րդ յօդուածին մասին:


Հայկական հարցը հետաքրքրեց նաեւ Իտալիոյ քաղաքացիներն ու հանրային կարծիքը: 1903 թուականի ապրիլ 26-ին Միլան քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային մեծ ցոյց մը՝ ի նպաստ հայերուն եւ մակեդոնացիներուն: Իտալացի Պինարդին այս հրապարակային ցոյցին ժամանակ այսպէս եզրակացուց իր խօսքը. «Անշուշտ մեր պարտքն է, մարդկութեան պարտքն է բողոքել ո՛չ միայն սուլթանի ոճիրներուն, այլեւ եւրոպական պետութիւններուն դէմ, որոնք չուզեցին իրագործել տալ խոստացած բարենորոգումները.... Նախքան ցրուիլը՝ մենք պիտի պահանջենք օրակարգով մը, որ վերջ տրուի այն զարհուրելի կոտորածներուն, որոնք տեղի կþունենան խենթ ու խայտառակ սուլթանի մը պատճառով»:


Նոյն տարուան սեպտեմբեր ամսուան 26-28-ին ֆրանսական Ռուան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած խաղաղութեան համաժողովը Հայկական հարցին վերաբերեալ ընդունեց հետեւեալ բանաձեւը. «Խաղաղութեան 13-րդ միջազգային համաժողովը, կրկնելով 9-րդ, 10-րդ եւ 11-րդ համաժողովներուն յայտնած ցանկութիւնները, գոհունակութիւն արձանագրելով այն միջոցներուն, զորս Անգլիան, Ֆրանսան եւ Ռուսիա յաջողած են իրականացնել 11-րդ համաժողովի նախաձեռնութեամբ նախատեսած հիւպատոսական գործակալներու աւելացումը Հայաստանի մէջ, սակայն նկատելով, որ այդ միջոցը թէեւ կրնայ առժամանակ արգիլել մեծ կոտորածները, այնուամենայնիւ չի կրնար փրկել դանդաղ բնաջնջումէն ամբողջ ժողովուրդ մը, որ աստիճանաբար կոտորուելու մէջ է: Համոզուած ըլլալով, որ հայերու պահանջած բարենորոգումները ու երաշխաւորութիւնները կրնան իրագործուիլ առանց վնասելու Թուրքիոյ ամբողջականութեան, եւ հիմնուելով Պերլինի դաշնագիրի 61-րդ յօդուածին վրայ, որուն միջոցով Եւրոպան իրաւունք ստացած է եւ յանձնառու եղած է ապահովել հայ ազգաբնակչութեան կեանքը, երթեւեկութեան ազատութիւնը, իրենց գոյքի խաղաղ վայելումը եւ խղճի ազատութիւնը, կը յայտարարենք, որ այդ յօդուածը լիակատար եւ օրինական գործադրութիւն ստանայ: Կը հրաւիրենք քաղաքակրթուած կառավարութիւններն ու ժողովուրդները՝ աշխատելու անյապաղ ու համերաշխութեամբ վերջ դնելու այս իրավիճակի անտանելի կացութեան, որ վտանգաւոր է ընդհանուր խաղաղութեան համար: Նաեւ՝ իր շնորհակալութիւնները կը յայտնէ տիկիններ Կարլէին եւ Մէյրիէին, որոնք Հայաստանի համար քարոզչութիւն տարածեցին, նմանապէս շնորհակալութիւններ կþուղղէ «Փրօ-Արմէնիա»-ի խմբագրութեան եւ անոր խմբագիր Փ. Քիառին»:


1904 թուականին եւրոպական մամուլն ու կարծիքը յանգեցան այն եզրակացութեան, որ հակառակ 61-րդ յօդուածին, հակառակ «Մայիսեան ծրագիր»ին, զոր սկզբունքով սուլթանը պէտք է 1895-ին իրականացնէր, հայ ժողովուրդի վիճակը կը շարունակէր մնալ անմխիթար ու թշուառ: Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած հայանպաստ ելոյթներն ու ցոյցերը, շնորհիւ «Փրօ-Արմէնիա»-ի տարածած տեղեկութիւններուն ու վերլուծական յօդուածներուն, կը փորձէին եւրոպական մարդկային խիղճը եւ զգացումը արթնցնելու հայ ժողովուրդին հանդէպ:


Այս բոլորէն ետք՝ այս ցոյցերուն, կազմակերպըւած համաժողովներուն եւ կառավարութիւններուն օրակարգի նիւթ դառնալով Հայկական Հարցը, Ռուսիան, Անգլիան եւ Ֆրանսան իրենց հիւպատոսներուն թիւը աւելցուցին Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներուն Արեւմտեան Հայաստանին մէջ: 1904-ի Սասունի Բ. ապստամբութիւնը ուժեղ արձագանգ գտաւ ֆրանսական խորհրդարանին մէջ: Յունիս 9-ին Ֆրանս Պրեսսանսէ ազդեցիկ ճառ մը խօսեցաւ, որ իր բովանդակութեամբ եւ ոճով ճնշելու չափ հմայեց դիւանագիտական ներկայացուցիչները:

Շարունակելի 7

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝