Յայտարարութիւն

Sunday, May 31, 2009

«Փրօ Արմենիա» - 8

Տաթեւ Սուլեան




1905 թուականին, երբ Կովկասի մէջ ծայր առին հայ-թաթարական բախումները, Դաշնակցութիւնը ընդհարումներու ժամանակ ինք ստանձնեց ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումը: Այս ծանր պարտականութեան կողքին, Հայկական հարցի քարոզչութիւնը ընդգծեց նաեւ Արեւելահայաստանի իրավիճակը, որ մինչ այդ լուսանցքի վրայ մնացած էր:


Պաքուի կոտորածներու առիթով «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը գրաւոր դիմումներ յղեց`

1. Պրիւքսէլի Միջազգային Ընկերվարական Բիւրոյին,
2. Փարիզի Մարդկային Իրաւունքներու Դաշնակցութեան,
3. Ռուս ժողովուրդի եւ Միացեալ ազգերու դաշնակցութեան, Փարիզ:


Այս միջազգային կազմակերպութիւններուն առաջարկուեցաւ, որ հրապարակեն ռուս կառավարութեան կատարած նորագոյն ոճիրները Կովկասի մէջ:


Մարտ 20-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Անատոլ Ֆրանսի նախագահութեամբ բազմամարդ ցոյց մը՝ կազմակերպութեամբ «Ռուսաստանի ժողովուրդներու բարեկամներու Դաշնակցութեան»: Այս ելոյթին գլխաւոր նիւթը Պաքուի աղէտները եղան: «Մարդկային իրաւունքներու դաշնակցութեան» որոշման մասին Փարիզի թերթերը հետեւեալը գրեցին.


«Մարդկային իրաւունքներու դաշնակցութեան» Կեդրոնական կոմիտէն իր՝ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ուղղած նամակին մէջ կը հաստատէ, որ Պաքուի մէջ հայերու կոտորածը թուրքերու ձեռքով տեղի ունեցաւ ու ցարի անտարբերութիւնը այդ ընդհարումներու նկատմամբ պատճառ դարձաւ, որ ցարը նման եւ հաւասար նկատուի կարմիր սուլթանին՝ նկատի ունենալով, որ Կովկասի մէջ կիրարկուած ձեւերը բնաւ չեն տարբերիր այն ձեւերէն, զորս կը կիրարկուին Լեհաստանի, Ֆինլանտայի եւ Փեթերսպուրկի մէջ, կը նորոգէ իր պարսաւանքի արտայայտութիւնը քաղաքակիրթ կառավարութեան մը այդ անարժան ընթացքին դէմ»:


Եւրոպական հայ ուսանողական միութիւնը ապրիլ 5-10-ի խորհրդաժողովին իր համակրանքը յայտնեց.
1. Ցարիզմի եւ սուլթանութեան դէմ կռիւ մղող բոլոր ժողովուրդներու ազատագրական շարժումներուն:
2. Համակրանք մակեդոնական շարժման եւ այն համերաշխութեան, որ հաստատուած է հայ-մակեդոնական յեղափոխական կազմակերպութիւններու միջեւ:
3. Արտայայտել խորին վիշտ հայ-թրքական ընդհարումներու առիթով, կատարուած Պաքուի մէջ, եւ կոչ ընել երկու ժողովուրդներուն դէպի համերաշխութիւն, չխաբուելով ցարի կառավարութեան նենգամիտ դաւերէն:
4. Ջերմ յարգանք «Փրօ-Արմէնիա»-ի խմբագրական կոմիտէին՝ Հայ դատին ցոյց տուած գնահատելի ծառայութեան համար:


«The Contemporary Review» հանդէսին մէջ Ռուսիա մէջ ապրող Էմիլ Դիլօն ռուսական կայսրութեան ճգնաժամին ու աստիճանական քայքայումին անդրադարձող իր յօդուածին մէջ տեղ տուաւ նաեւ Կովկասեան տագնապին: Դիլօն դատապարտեց կալիցինեան քաղաքականութիւնը Կովկասի մէջ, որ յանգեցաւ հայ եկեղեցական գոյքերու գրաւման եւ հայ ժողովուրդի յեղափոխական ուժերու բռնկման:


«Այն ժամանակ եւ միայն այն ժամանակ, դրօշակեաններու գաղտնի ընկերութիւնը, որ կազմուած էր թուրքահայերուն աջակցելու համար, անհրաժեշտ սեպեց իր ուշադրութիւնը դարձնել իր ռուսահայ հայրենակիցներու վրայ: Ան իր գիրկը տեղաւորեց ուսուցիչները, որոնց կառավարութիւնը դուրս դրած էր դպրոցներէն, եւ զանոնք ղրկեց ժողովուրդը լուսաւորելու համար: Կոմիտէն ստեղծեց դատական ատեաններու ամբողջ ձեւ մը՝ գիւղացիներուն մէջ արդարութիւնը արագ եւ անաչառ կերպով առաջ տանելու եւ լուծելու համար այն բոլոր վէճերը, որոնք ծագած են թէ՛ գիւղացիներու, եւ թէ՛ ազգաբնակչութեան տարբեր հատուածներուն մէջ»:


Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ Փարիզի մէջ նախկին նախարար Կամիլ Պելտոնի նախագահութեամբ եւ Պրեսսանսէի, Վիկտոր Բերարի եւ ուրիշներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ մեծ ցոյց մը ի նպաստ Հայկական հարցին: Խօսուեցաւ արեւմտահայերու եւ ռուսահայերու կացութեան մասին եւ հետեւեալ որոշումները տրուեցան, «Hotel des Societes Savantes»-ի մէջ համախմբըւած քաղաքացիները կը շնորհաւորեն ռուս ժողովուրդը իր որոշումին համար, որ իր սեփական դատէն չþանջատեր հայ, լեհ, ֆինն ազգերու արդար դատերը: «Իրենց սոսկումը կը յայտնեն ջարդերու առիթով, որոնք տեղի ունեցան Պաքուի, Թիֆլիսի Երեւանի, Օտեսայի եւ Կիշնէի մէջ: Այդ ջարդերը (եւ բարբարոսական հակայեղափոխութիւնը) իշխանութիւններու գերագոյն ճիգերն են փրկելու համար միապետութիւնը: Կը հաւատանք, որ Եւրոպան պարտաւոր է իր եւ Օսմանեան կայսրութեան ճնշուած ազգութիւններու առջեւ չսահմանափակէ նաւային ցոյցը՝ պահանջելով արդար, բայց անբաւարար բարեկարգումներ Մակեդոնիոյ եւ Հայաստանի մէջ, իսկ եթէ անհրաժեշտ է ուժի դիմել՝ լիակատար կերպով գործադրելու համար դաշնագիրին այն կէտերը, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանին ու Մակեդոնիոյ եւ վերջնականապէս ազատագրել ամբողջ Տաճկաստանն ու թուրք ժողովուրդը»:


Նոյն օրերուն «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան կողմէ Դաշնակցութեան անունով հետեւեալ հեռագիրը յղուեցաւ եւրոպական դիւանագիտութեան եւ մամուլին. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պարտք կը համարէ յիշեցնել մեծ պետութիւններու դիւանագիտութեան, որ Մակեդոնիոյ մէջ ֆինանսական հաւասարակշռութեան համար նաւային հաւաքական ցոյցը որքան կþուրախացնէ դաշնակցութիւնը, այնքան ալ իրաւացի յուզմունք կը պատճառէ իրեն՝ ի տես Օսմանեան կառավարութեան սպառնալիքներուն, որ թերեւս տրամադիր է իր պարտութեան համար վրէժխնդիր ըլլալ` Հայաստանի մէջ քրիստոնեաներուն նոր կոտորածներ կազմակերպելով: Կոտորածը արդէն իսկ սկսած է էրզըրումի եւ Պիթլիսի վիլայէթներուն մէջ:
Դաշնակցութիւնը ծայրայեղ կերպով կը բողոքէ Պերլինի դաշնագիրը ստորագրող դիւանագիտութեան ապշեցուցիչ անտարբերութեան դէմ հայ ժողովուրդի վերաբերմամբ, որուն դատը Մակեդոնիոյ դատէն անբաժան է, եւ որուն իրաւատէրը, այդ դիւանագիտութեամբ կը շարունակէ մատնել ամենավայրագ ճնշումներու՝ առանց կեանքի եւ ամենատարրական իրաւունքներու որեւէ երաշխաւորութեամբ»:


Ականաւոր անգլիացի գործիչ հայասէր Ճէյմս Պրայսը Balkan Comitte-ի ժողովի ընթացքին իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ, թէ ինք իբրեւ նախարար պիտի առաջարկէ իր աջակցութիւնը հայկական եւ մակեդոնական դատին լուծման աշխատանքներուն: «Դուք չէք կրնար չխոստովանիլ, որ հայերուն տառապանքները աւելի սարսափելի են, քան՝ մակեդոնացիներունը: Վստահ եմ, որ ձեր կոմիտէն, իր կարողութիւններուն համաձայն, պիտի աջակցի Հայաստանի բարեկամներուն: Երկու կազմակերպութիւնները կը ձգտին իրագործել վեհ նպատակ մը, մէկը ամենաբարձր նպատակներէն, որուն կրնան հետամուտ ըլլալ մեծ եւ ազատ երկրի մը քաղաքացիները: Դուք միայն պիտի չզբաղիք օրուան մոլութիւններով, այն բռնակալութեամբ ու այն անկարգութիւններով, որոնք այսօր մեր ցասումը կը յարուցեն, ձեր գործը կը գերազանցէ զանոնք, որովհետեւ դուք հանդիսատես էք նոր ազգերու ծննդեան, ազգեր, որոնք հիմա փոքրիկ են եւ թոյլ, բայց անոնք թերեւս օր մը կþըլլան հզօր ուժեր, քաղաքակրթութեան ու ազատութեան համար աշխատող»:


«Արեւելեան հարցի միջազգային միութիւն»-ը 23 փետրուարին՝ Լոնտոնի մէջ գումարեց միջազգային ժողով մը, որուն նախագահն էր Տþէստուբնել տը Կոնստանի: Հայկական հարցի համակրող եւ պաշտպան տը Կոնստանի իր խօսքին մէջ կþըսէ «...Մենք իրաւունք ունինք մեր անձնական տառապանքով չշահագրգռուիլ, բայց իրաւունք չունինք չշահագրգռուիլ տառապող մարդկութեամբ... Չդադարեցնենք նշաւակելէ սուլթանի կառավարութիւնը՝ իբրեւ ոճիր եւ իբրեւ ամօթ մեր քաղաքակըրթութեան, բայց միանգամայն հրաւիրենք բոլոր քաղաքակիրթ ժողովուրդները, որ մեզի միանան վերջ դնելու համար այս խայտառակութեանց, որոնց պատասխանատուն իրենք են: Այս հարցին համար կոչ պիտի ուղղենք ո՛չ միայն պետական մարդոց, խորհրդարաններուն, փիլիսոփաներուն, բանաստեղծներուն եւ մարդասէրներուն, որոնք թերեւս Անգլիոյ մէջ աւելի բազմաթիւ են, քան ուրիշ տեղ, այլեւ բոլոր այն մարդոց, որոնք կþարտադրեն, այսինքն՝ աշխատող մարդիկ»:

Շարունակելի 8

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝