Յայտարարութիւն

Sunday, May 17, 2009

«ԱԶԳԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ԿԱԽԵԱԼ Է ԻՐԵՆՑ ԻՆՉ ԵՒ ԻՆՉՊԷՍ ՈՒՏԵԼՈՒ ԿԵՐՊԷՆ»

«Նշանակ» տեղ պիտի տրամադրէ առողջապահական նիւթերու: Կը հաւատանք այս յօդուածի վերնագրին թէ «Ազգերու ճակատագիրը կախեալ է իրենց ինչ և ինչպէս ուտելու կերպէն»: Ոմանց համար կրնան չակերտուած այս խօսքերը քիչ մը չափազանցեալ թուիլ... Հոգ չէ, իրականութիւնները չե՞ն միթէ հիմքը չափազանցութեանց...

Վերնագրի այս խօսքերը կը կարդանք Տիկ. Մարօ Գվըրեան-Նիկողոսեանի «Նախընտրելի Է Կանխել Քան Դարմանել» գիրքին մէջ, որմէ հատուածներ պիտի տպուին այս կայքէջին մէջ իբրև ուղեցոյց և զգուշացում: «Նշանակ» կը թելադրէ իր ընթերցողներուն իրենց բարձին մօտ պահել այս գիրքը և օրական մէկ երկու էջ կարդալ, յօգուտ նախ իրենց անձին, ապա իրենց ամուսնին (այր թէ կին), իրենց զաւակներուն, իրենց ծնողներուն, իրենց շրջապատին, հետեւաբար՝ իրենց ազգին:


Գիրքը լի է յանձնարարութիւններով, թելադրանքներով, գիրքերու և հեղինակներու մասին ծանօթագրութիւններով, աղբիւրներով: Չլսուած կամ մակերեսային կարեւորութիւն տրուած առողջապահական շատ մը գիտելիքներ կան այնտեղ: Օրինակ, այնտեղ կը հանդիպինք բժիշկ Փիթըր Տ'Ատամոյի «Eat Right For Your Type» գիրքէն քաղուած «Արեան Տեսակը և Սննդառութիւնը» վերնագրով թարգմանական ծանօթագրութեան մը, ուր մանրամասնութեամբ թելադրուած է ինչ ուտել ըստ արեան տեսակին (O, A, B, AB): Նիւթին մէջ խորանալու համար կարդացէք Տ'Ատամոյի գիրքը, ուր համոզիչ և գիտական փաստերու վրայ հիմնուած տուեալները ձեզի պիտի թելադրեն թէ ինչ պէտք է ուտել ըստ ձեր արեան խումբին, բայց մանաւանդ ինչ պէտք չէ ուտել: Միսը, օրինակ, որ թոյնի համազօր յատկութիւններ ունի արեան A խմբակի մարդոց համար, կարեւոր սննդանիւթ է B խմբակին համար: Եւ այս ի զօրու է սևամորթ, դեղին կամ ճերմակ ցեղի պատկանող արեան նոյն խումբի պատկանող մարդոց:


Տիկ. Մարոյի 342 էջնոց գիրքը քիչ մը «գեղեցկագիտական» տկարութիւններ ունի, [այնտեղ չկան հրատարակման թուական, վայր, տպարան, տպաքանակ (հրատարակիչին պարտականութիւնը և ոչ հեղինակինը), լեզուն կարելի էր աւելի կոկել, եւլն.,] սակայն գրքի բովանդակային արժէքին ոչ մէկ վնաս կը հասցնեն:


Ստորև կը ներկայացնենք քանի մը վերնագիրներ.-
«Այնտեղ ուր ծուխ կայ՝ վտանգ կայ»՝ ծխախոտի վնասներու մասին, «Դեղերը քաղցկեղ (cancer) կը յառաջացնեն»՝ դեղերու պատճառած վնասներու մասին, «Ոգելից ըմպելիներ և ալքոլամոլութիւնը», «Երեք տեսակ շաքարներու ազդեցութիւնը», «Ուշիմ զաւակներ ունենալու համար», «Նիհարցնող առօրեայ վարժութիւններ», «Ինչո՞ւ կանխարգիլումը աւելի լաւ է քան բուժումը», «Թոյներու արտաքսումը» և դեռ տասնեակ այլ նիւթեր:
Առողջութի՛ւն՝


« ՆՇԱՆԱԿ»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝