Յայտարարութիւն

Monday, May 18, 2009

«Փրօ Արմենիա»

«Նշանակ» հաճոյքն ունի հրապարակելու երիտասարդ մտաւորական Տաթեւ Սուլեանի շահեկան ուսումնասիրութիւնը որ կը վերաբերի Հայկական Հարցի քարոզչութեան 1900-1908 ժամանակամիջոցին և «Փրօ Արմենիա» երկշաբաթաթերթին, որուն խմբագրութեան մաս կը կազմէին եւրոպացի մտաւորականներ, ինչպէս Փիէռ Քիյար,Անատոլ Ֆրանս , Ժորժ Քլէմանսօ և ուրիշներ:
«Նշանակ» իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Պատմութեան Մագիստրոս Տաթեւ Սուլեանին և կը քաջալերէ իր ընթերցողները, յատկապէս երիտասարդ ընդերցողները, «Նշանակ»ը ծառայեցնելու իբր հանդէս իրենց գրական, գեղարուեստական, պատմագիտական ուսումնասիրութեանց և մտայղացումներուն:

«ՆՇԱՆԱԿ»


___________________________________________________________


«Փրօ Արմենիա» - 1

Տաթեւ Սուլեան




ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար Հայաստանի սահմաններէն դուրս Հայկական հարցի քարոզչութիւնը միշտ ալ եղած է կարեւոր ու առաջնահերթ: Այդ կը վկայէ կուսակցութեան կողմէ 1892-ին հիմնադրուած «Դրօշակ» պաշտօնաթերթը, որ լոյս կը տեսնէր Ժընեւի մէջ եւ գաղափարախօսական ամպիոն մը ըլլալու կողքին՝ նպատակ ունէր Արեւմտահայաստանի կացութիւնը յանձնել միջազգային-հանրային ուշադրութեան:

1898 թուականին՝ ՀՅԴաշնակցութեան Երկրորդ Ընդհանուր ժողովը կարեւորեց արտաքին քարոզչութեան անհրաժեշտութիւնը: Այդ ընթացքին ժողովը որոշեց Հայկական հարցին եւ հայութեան նուիրւած օտար լեզուով թերթ հրատարակել՝ նպատակ ունենալով Հայկական հարցը ծանօթացնել եւրոպական հանրութեան:

Որոշուեցաւ, որ թերթը լոյս տեսնէ ֆրանսերէն լեզւով: 1898-էն մինչեւ 1900 թուականի հոկտեմբեր ամիսը: Որոշ պատրաստութիւններ տեսնելէ ետք թերթին առաջին թիւը լոյս տեսաւ Փարիզի մէջ 1900-ի նոյեմբերին:

«Ք. Միքայէլեանի նամակները» հատորը «Փրօ-Արմէնիա»-ի հիմնադրութեան մասին փաստացի տեղեկութիւններ կը պարունակէ .- «Ֆրանսացիներու եւ յատկապէս Փ. Քիառ կողմէ սկզբնապէս առաջարկուած է «Օրիանթ» անունը հրատարակուելիք հայանպաստ թերթին համար, գիտենք, որ աւելի ուշ, բոլորը կանգ պիտի առնէին «Փրօ-Արմէնիա»՝ շատ աւելի յատկանշական անուան վրայ»: Թերթը կոչուեցաւ «Փրօ-Արմէնիա», թերթին գլխաւոր խմբագիրը եղաւ ֆրանսացի Փ. Քիառը:

«Փրօ-Արմէնիա» երկշաբաթաթերթը կարեւոր ազդեցութիւն ունեցաւ Եւրոպայի տարածքին հայանպաստ հանրային կարծիք ձեւաւորելու իմաստով:
Խմբագրական կազմը, որ կը բաղկանար ֆրանսական խորհրդարանի պատգամաւորներէ, արծարծեց հայութեան երկու մասերուն իրավիճակը: Իրենց հանգամանքին բերումով, տարբեր առիթներով անոնք հետապնդեցին Պերլինի 61-րդ յօդուածին պարագան եւ «Մայիսեան Ծրագիր»-ին իրականացումը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր արտաքին քարոզչութեան մէջ հետապնդեց նաեւ Արեւելահայաստանի իրավիճակը յատկապէս հայ-թաթարական բախումներու ընթացքին:
Եւրոպայի մէջ Դաշնակցութիւնը իր արտաքին քարոզչութիւնը իրականացուց Ժընեւէն եւ Փարիզէն:

«Փրօ-Արմէնիա»-ի խմբագրական կազմին անդամակցեցան ֆրանսացի մտաւորական ակնառու դէմքեր, ինչպէս՝ Փ. Քիառ, Ֆ. Տը Պրեսանսսէ, Ա. Ֆրանս եւ ուրիշներ:
1898-ին օտար լեզուով օրկան ունենալու հրամայական անհրաժեշտութեան մասին որոշումներ տրուած են, իսկ 1904-ին՝ չորս տարուան կեանք ունեցող «Փրօ-Արմէնիա»-ն իր վրայ դրուած յոյսերը արդարացնելէ ետք, եկած է փաստելու, որ Երկրին մէջ գործելու անհրաժեշտութեան չափ անհրաժեշտ է «Փրօ-Արմէնիա» մը ունենալը:

Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Բ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ
ԺՈՂՈՎԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ԱՐՏԱՔԻՆ
ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Դաշնակցութեան Բ. Ընդհանուր ժողովը գումարւեցաու Թիֆլիսի մէջ 1898-ին (Ապրիլէն մինչեւ Յունիս):

Բ. Ընդհանուր ժողովը որոշեց ծաւալուն թափ տալ Եւրոպայի մէջ յարաբերական քարոզչական գործունէութեան: Այդ ուղղութեամբ Քրիստափոր Միքայէլեանի ճիգերուն շնորհիւ, 1900-ի Հոկտեմբերէն սկսեալ, Փարիզի մէջ սկսաւ լոյս տեսնել «Փրօ-Արմէնիա» երկշաբաթաթերթը՝ իբրեւ միջազգային օտարալեզու բանբեր հայ ժողովուրդի արդար դատին:

«Փրօ-Արմէնիա»-ի հրատարակութեան ծախսը ամբողջութեամբ կը հոգար Արեւմտեան Բիւրոն: Այս որոշումը շրջաբերականով փոխանցուեցաւ մարմիններուն միայն, գաղտնի պահուեցաւ հասկնալի պատճառներով: Երկշաբաթաթերթը կանոնաւոր կերպով լոյս կը տեսնէր մինչեւ 1908-ի հոկտեմբերը: Բովանդակութեամբ՝ «Փրօ-Արմէնիա»-ն բաւական մօտ էր «Դրօշակ»-ներու բովանդակութեան, իսկ Երկրէն «Դրօշակ»-ին ուղարկուած թղթակցութիւնները թարգմանաբար լոյս կը տեսնէին նաեւ անոր մէջ: Երկշաբաթաթերթը անվճար կþուղարկուէր Եւրոպայի պետական, քաղաքական, գիտական թէ գրական կարեւոր անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ հրապարակագիրներուն եւ թղթակիցներուն:

«Փրօ-Արմէնիա»-ի առընթեր եւ միեւնոյն տարիներուն, շնորհիւ Լորիսի հետեւողական ու յամառ ճիգերուն, Արեւմտեան Բիւրոն յաջողեցաւ եւրոպական երկիրներուն մէջ ծաւալել հայանպաստ աննախընթաց շարժում մը՝ զօրակոչի ենթարկելով ծանօթ բոլոր հայասէրներն ու Դաշնակցութեան օտար բարեկամները, յատկապէս ընկերվարական կուսակցութեանց ղեկավարները:

«Փրօ-Արմէնիա» երկշաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրը եղաւ Փիեռ Քիառ, քարտուղարը` Ժան Լոյեն, խմբագրական կոմիտէի անդամներ` Ժ. Քլեմանսոն, Ա. Ֆրանսը, Ժ. Ժորէսը, Ֆ. Տը Պրեսանսսէն, Է. Տը Ռոպերտին:

Երկշաբաթաթերթի նպատակներէն էր ֆրանսական եւ միջազգային հասարակութեան ծանօթացնել Հայկական հարցը, հայ ժողովուրդի բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւն ապահովել եւ Եւրոպայի մէջ ուժեղացնել հայանպաստ շարժումները: Թերթին խմբագիրները իրենց տարբեր յօդուածներուն մէջ նշած էին, որ իրենց նպատակն է միութիւն ստեղծել բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց միջեւ, ուշադրութիւն հրաւիրել հայ Ժողովուրդի դէմ կատարուած բռնութիւններուն վրայ: Թերթի հիմնական նպատակներէն էր Պերլինի դաշնագիրի 61-րդ յօդուածին եւ 1895 թուականի «Մայիսեան բարենորոգումներ»-ու իրականացումը: Անոր նպատակներէն էր նաեւ պաշտպան կանգնիլ հայ ժողովուրդին եւ իր Դատին՝ համիտեան ոճրագործութեան դէմ:

«Փրօ-Արմէնիա»-ն իբրեւ սկզբունք կþընտրէ չունենալ վէճ ու պայքար Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող ոեւէ ժողովուրդի հետ: Երկշաբաթաթերթը պիտի ըլլայ ախոյեանը իրաւունքի եւ արդարութեան ընդդէմ Օսմանեան կայսրութեան:

Թերթին հրապարակագիրները կը նպատակա- դրէին հասարակական կարծիք ստեղծելու միջոցով ազդել Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութեան վրայ, արտաքին քաղաքականութիւնը կառավարողներուն՝ յիշեցնելով հայանպաստ ձեռնարկներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

«Փրօ-Արմէնիա»-ն հարուստ տեղեկութիւններ կը հաղորդէր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ջարդերուն եւ Հայկական հարցի օգտին եւրոպական երկիրներուն մէջ կազմակերպուած զանազան տեսակի ձեռնարկներուն մասին:

Երկշաբաթաթերթին մէջ կը հրատարակուէին սուլթանական կառավարութեան հայաջինջ քաղաքականութիւնը մերկացնող փաստաթուղթեր: Կովկասի մէջ հայկական դպրոցներուն փակման եւ ատոր յաջորդած ռուսական առաջին յեղափոխութեան տարիներուն՝ «Փրօ-Արմէնիա»-ն տպագրեց Ցարիզմի ռուսականացման քաղաքականութեան դէմ արտայայտուող բազմաթիւ յօդուածներ: Երկշաբաթաթերթին էջերուն մէջ հայ ժողովուրդին արդար դատի պաշտպանութեամբ յաճախ հանդէս եկան երկրորդ Միջազգայնականի ղեկավար դէմքերը, օրուան ականաւոր քաղաքական գործիչներ, հրապարակախօսներ ու պատմաբաններ` Է. Պեռնըշտայն, Ա. Ֆրանս, Պ. Միլուկով:

Երկշաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած են նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ պայքար մղող ֆետայիներու հերոսական կռիւներու մասին ակնարկներ:

Ժամանակի ընթացքին որոշ յաջողութիւններու հասնելէ ետք ծրագրուեցաւ ֆրանսերէնով լոյս տեսած երկշաբաթաթերթը հրատարակել ու տարածել նաեւ անգլերէն ու գերմաներէն տարբերակներով: Գերմաներէնը նախատեսուած էր Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ համար, իսկ անգլերէնը` Անգլիոյ եւ Ամերիկայի մէջ տարածելու համար:

Շարունակելի 1

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝