Յայտարարութիւն

Wednesday, May 6, 2009

Տէր Արամ Քահանայ Տէյիրմէնճեանի Աւագ Շաբթուան Հրատարակութիւնները

Գաղութի մը համար մեծ բախտաւորութիւն է ունենալ հաւասարակշռուած եւ ստեղծագործ հոգեւորականներ: Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ գաղութը տաս տարիէ ի վեր կը վայելէ ներկայութիւնն ու ծառայութիւնը վերոնշեալ տաղանդներով օժտուած Արժ. Տ. Արամ Քահանայ Տէյիրմէնճեանին: Տէր հայրը, իր դրական անհատականութեամբ, սիրելին է մեր բոլորին: Հակառակ իր երիտասարդ տարիքին, ան հայրական գուրգուրանք ցուցաբերեց մեր բոլորին իր ժամանման օրէն եւ այդ դադար չունեցաւ մինչեւ օրս: Եկեղեցին իր տունն է, շարականները իր հացն են հանապազորդ: Իր քարոզները՝ պատրաստուած, հակիրճ, ըմբռնելի եւ խորիմաստ, հաւատացեալի հոգին կը զօրացնեն քրիստոնէական սիրով, իսկ անոր միտքն ու սիրտը կը լեցնեն ազգային հպարտութեամբ: Տէր հայրը անցնող պահեցողութեան շրջանին եկեղեցին օժտեց հինգ գեղեցիկ ժամագիրքերով՝ «Արեւագալ»ի , «Հսկում»ի, «Կանոն Աւագ Հինգշաբթի»ի, «Խաւարման Գիշեր»ի և «Կանոն Աւագ Ուրբաթի»: Մագաղաթի տպաւորութիւն ձգող թուղթի վրայ տպուած այս գրքոյկներու կողքերու գծանկարները գործն են Շարժա բնակող նկարչուհի Տիկ. Սեւան Կարճիկեանի: Երկու գրքոյկներուն յառաջաբաններուն մէջ Տէր հայրը բացատրած է խորհուրդը Աւագ Շաբթուան արարողութեանց: Այնտեղ կան հաւատացեալներուն ուղղուած թելադրութիւններ, գործնական բացատրութիւններ, որոնց շնորհիւ հաւատացեալը կ'ըմբռնէ իմաստը իր իւրաքանչիւր շարժումին եւ իւրաքանչիւր կարդացած տողին: Այսպէս օրինակ, «Արևագալ»ի յառաջաբանին մէջ տեղ մը՝ «Արեւագալի ժամերգութեան աւարտին կը կատարուի «Հրաժարիմք»ը: Բոլորն ալ դէպի արեւմուտք կը դառնան: ... Հրաժարիմքը բացայայտ յայտարարութիւն է... հեռու կենալու սատանայէն: Հրաժարիմքի ատեն ձեռքերը միացած չեն պահեր... այլ կողմերէն կախ պահուած, բաց վիճակի մէջ: Ձեռքերու այս դիրքը հրաժարելու արարքը խորհրդանշող կրօնական-ծիսական ձեւ է»: Տէր հօրմէն իմացանք, որ ինք կը ծրագրէ տպագրութեան քանի մը այլ գրքոյկներու, ի սպաս՝ հաւատացեալին:

Յաջողութիւն եւ քաջառողջ կեանք կը մաղթենք սիրելի Տէր Արամին, որ կարենայ այսօրինակ, ինչպէս նաեւ աւելի բովանդակալից հրատարակութիւններու ձեռնարկել ի պայծառութիւն եկեղեցւոյ եւ ի ծառայութիւն հայ հաւատացեալին:


«ՆՇԱՆԱԿ»






















0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝