ԱԲՐԱՀԱՄ ԼԻՆՔՈԼՆ
Սիրելի ուսուցիչ,
Տղաս այսօր դպրոց ղրկեցի: Ամէն ինչ տարօրինակ և նոր պիտի թուի իրեն:
Արկածախնդրութիւն մըն է, որ կրնայ զինք տանիլ ցամաքամասեր, ուր տեղի կ'ունենան պատերազմներ, ողբերգութիւններ, և ուր կը տիրեն սուգ ու թախիծ:
Ապրելու համար այս կեանքը, պէտք պիտի ունենայ հաւատքի, սիրոյ և յանդգնութեան:
Հետեւաբար, սիրելի ուսուցիչ, բարեհաճիր տղուս ձեռքէն բռնել և իրեն սորվեցնել այն բաները որ ինք պէտք է որ իմանայ:
Սորվեցուր իրեն, խնդրեմ, թէ իւրաքանչիւր թշնամիի փոխարէն կայ ընկեր մը: Թող իմանայ թէ ամէն մարդ արդար չէ, թէ ամէն մարդ անկեղծ չէ: Սորվեցուր իրեն նաև, որ իւրաքանչիւր սրիկայի դէմ կայ հերոս մը, իւրաքանչիւր խաբեբայ քաղաքագէտի դէմ կայ նուիրուած «ԼԻՏԸՐ» մը, սորվեցուր իրեն, եթէ հնարաւոր է, որ շահուած 10 սէնթը աւելի արժէքաւոր է քան գտնուած տոլար մը:
Թող ան իմանայ թէ դպրոցի մէջ, սիրելի ուսուցիչ, աւելի պատուաւոր է ձախողիլը քան խարդախութեամբ նիշ շահիլը: Սորվեցուր իրեն թէ ինչպէս կարելի է վեհանձնօրէն ու ժպիտով վնասել և ինչպէս շահու պատճառած ուրախութիւնը վայելել:
Սորվեցուր իրեն ազնիւ ըլլալ ազնիւներու հետ և կոպիտ՝ կոպիտներու հետ:
Զինք հեռու պահէ նախանձէ և եթէ կարենաս, սորվեցուր իրեն ցած ձայնով խնդալու գաղտնիքը:
Սորվեցուր իրեն ինչպէս կարելի է խնդալ տխրութեան մէջ, և թէ ամօթ չկայ արցունքի մէջ:
Սորվեցուր իրեն թէ կարելի է յաղթանակ արձանագրել ձախողութեան մէջ և յուսախաբութիւն՝ յաջողութեան մէջ:
Սորվեցուր իրեն մտիկ չընել մարդատեաց և անձնասէր մարդոց:
Սորվեցուր անոր, եթէ կարենաս, գիրքերու հրաշքներու մասին, միևնոյն ատեն առիթ տուր իրեն խոր մտածելու երկնքի թռչուններու, ինչպէս նաև կանաչ բլուրներու վրայ բուսող ծաղիկներու մեղուներու գաղտնիքներուն և առեղծուածներուն մասին:
Սորվեցուր իրեն հաւատք ունենալ իր գաղափարներուն և համոզումներուն, նոյնիսկ եթէ ամէն ոք իրեն ըսէ թէ սխալ է ինք:
Փորձէ տղուս տալ զօրութիւնը չհետեւելու ամբոխին, երբ ամէն մարդ կը հետեւի անոր:
Սորվեցուր իրեն լսել բոլորին, բայց սորվեցուր նաև մաղել իր բոլոր լսածները իրականութեան մաղով և իւրացնել միայն այն ինչ որ կ'անցնի այդ մաղէն:
Սորվեցուր իրեն վաճառել իր տաղանդներն ու խելքը ամենաբարձր վճարողին, սակայն ծախու չհանել իր սիրտն ու հոգին: Թող ան յանդգնութիւնը ունենայ անհամբեր ըլլալու և համբերութիւն՝ քաջ դառնալու:
Սորվեցուր իրեն բարձր հաւատք ունենալ ինքն իր վրայ, որովհետեւ միայն այն ատեն ան կրնայ բարձր հաւատք ունենալ մարդկութեան և Աստուծոյ վրայ:
Ապսպրանքներու այս ցանկս երկար էր սիրելի ուսուցիչ, տես թէ ինչ կարելի է ընել:
Աղուորիկ տղեկ մըն է այս տղեկը և ան իմ տղաս է...
0 comments:
Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝