Յայտարարութիւն

Monday, May 11, 2009

Վրէժ Գլընճեան – Թուրեան, դասական ոճով գրող բանաստեղծ:

Վրէժ Գլընճեան – Թուրեան




Տաղանդաւոր, ուղղամիտ, ըմբոստ, սկզբունքներու հաւատացող, երբեմն անոնց գերին: Այն անձերէն, որոնց հետ միշտ կարելի է տարակարծիք ըլլալ, բայց կարելի չէ զիրենք չյարգել ու չսիրել: Վրէժին հետ երբ խօսիս, աւելի ճիշդ երբ ինք համարձակութիւնը առնէ քեզի հետ զրուցակից դառնալու, կը զգաս նախ, ապա կը փաստես իր պարզութեան ետին թաքնուած բարի մարդը, տագնապող մարդը, անարդարին ճակտին թքել ուզող և ազգային ժառանգով հպարտացող անկեղծ մտաւորականը: Նոյնն է իր բանաստեղծութիւնը: Յստակ, հասկնալի, հաճելի, պարզ: Սակայն իւրաքանչիւր բառ կը յորդի հարստութեամբ, իւրաքանչիւր տող կամ բանաստեղծական տուն ընթերցողին արագ կը փոխանցէ հեղինակին միտքը և զինք կը վարակէ անոր ապրած տագնապով: Թուրեան այս կայքէջին աշխատակից է: Իր հին ու նոր ոտանաւոր թէ արձակ գրութիւնները մերթ ընդ մերթ պիտի հրապարակուին այստեղ:




Ներկայ իրականութիւնը, աւելի ճիշդ մարդկային իրականութիւնները մերկացնող «Յաջողութեան Պայմաններ» 3 մասով բանաստեղծութիւնը նմուշ մըն է Թուրեանի սուր քննադատի տաղանդէն:




«Յաջողութեան Պայմաններ»ը ընթերցողին համար հայելի է, ուր ան ինքզինքն ու իր անցեալը կը տեսնէ, իր «մեղան» կը խոստովանի՝ ծածուկ:


Թուրեան հեղինակ է երեք բանաստեղծական հատորներու՝ «Սրտի Բեկորներ» 1995, «Հայրենի ղօղանջներ» 1997, «Սէր, Ափսոսանք և Կարօտ» 2003, բոլորն ալ տպուած Հալէպ: Անոնք՝ որոնք կը փափաքին ունենալ հեղինակին գիրքերը և կամ կը փափաքին կապ հաստատել հեղինակին հետ, կրնան դիմել «Նշանակ» կայքէջինը:


___________________________________________________________


ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ


Ա


Սկզբունքը քու կեանքին պէտք է ըլլայ սուտը յար...:
Չձանձրանայ խաբելէն և ունենաս դուն սուտի
Այնքա՜ն պահեստ մը հսկայ, որ ան բաւէ դարէ-դար,
Սերունդներու քու գալիք առանց ո՛չ մէկ կարիքի...:

Պաշտամունքիդ իտէալը ոսկեայ հո՛րթը թող լինի,
Որ ողջ կեանքիդ ընթացքին չմնաս խեղճ ու թշուառ.
Սէրդ միայն նուիրէ մամոնային անհոգի,
Որ պահանջքին դէմ դարուս չմնաս երբեք շուար...:

Յաջողելուդ կէտերուն մի՛ դներ ո՛չ մէկ խտիր...
Անիրաւ գո՞րծ, գողութի՞ւն, ի՜նչ փոյթ, միայն յաջողիր.
Արդարութի՞ւն, խղճմտա՞նք, խօսքերն են փուճ ու պատիր...:

Ըրէ՛ ամէն վատութիւն՝ միայն կեանքը դուն շահիր,
Թէկուզ շահուդ պատճառով հազար հոգի տապալուի.
Աշխարհը ուժեղին է, տկարը հոն տեղ չունի...:


Բ


Եղիր տիպար եսասէր, փրկութիւնը լոկ խորհէ,
Ընկերութիւնը ի՞նչ փոյթ, դուն քու շահդ մտածէ.
Թէկուզ եղբայրդ տուժէ արարքներով քու զազիր,
Նոյնն է... Ծառ մը չպոկուած՝ ուրիշ մը հոն չի բուսնիր...:

Ի՞նչ ազգութիւն, հայրենիք, ուրտեղ որ հաց՝ այնտեղ կաց...
Ողջ աշխարհը նկատէ զերթ սեփական ագարակ.
Մի՛ գոհանար անոր մէջ, այլ մի՛շտ մնա ընչաքաղց,
Ծայր աստիճան անզգայ ու զերթ հատու սուր դանակ...

Սիրտդ զուր տեղ չհատնի, զանի կապէ դրամին,
Զի կանոնն այս թանկագին Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած կայ.
«Քու գանձերդ ուրտեղ են, նաև սիրտդ հոն ըլլայ»:

Ահաւասիկ, սիրելի՛ս, քեզ պարզեցի թանկագին
Յաջողութեան պայմաններ, որոնց մէջ ծուռ բան չկայ
Եւ անոնցմով կը հասնիս նպատակիդ բարձունքին...:



Գ


Որքան կրնաս դուն եղիր շողոքորթ ու կեղծաւոր,
Որ թակարդիդ մէջ իյնան անմեղ զոհեր բիւրաւոր.
Աշխարհն ամբողջ կեղծիք է ու դուն եղիր առաջին
Յաղթ թափնեկիրը անոր, որ ջանքերդ շուտ փթթին...:

Հոգ չէ եթէ վաստակդ արցունքի համ կը կրէ,
Մի՛ խռովիր որ անի անէծքի թոյն կը բուրէ.
Անշուշտ քրտինք թափեցիր մինչև զանի ձեռք բերիր,
Ի՞նչ փոյթ եթէ մինչև այդ իրաւունքներ խաչեցիր...:

Յաջողութի՞ւն կ'ուզես դուն՝ եղիր անյագ և ագահ,
Կեղեքելու մոլուցքդ մեծ շնորհք մը համարէ,
Վստահ եղիր, այս ձևով ձեռք կը բերես փառք ու գահ...

Հիմա քեզմէ կը խնդրեմ այս դասերս լաւ սերտել,
Անոնք արդիւնք կու տան շուտ՝ միայն քիչ մը համբերէ,
Որ անոնցմէ կարենաս «մեծ» ապագայ մը կերտել...:


5/8/97




0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝