Յայտարարութիւն

Tuesday, June 30, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» Մուշեղ Իշխան - 4

Սիրելի Ընթերցող,

Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի :

«Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:

Նշան Պասմաճեան ____________________________________________________________

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» - 4

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ

Գողունի կատարուած այս արարքը եւ անոր յաջորդող սպասումը բաւականին մեծ յուզումներ արժած են ինծի։

Մէկ կողմէ կ՚երեւակայէի որ Օշական անակնկալի եկած ստեղծագործութեանս գեղեցկութեան առջեւ՝ պիտի շնորհաւորէր զիս դասարանին մէջ ու ես մէկ օրէն միւսը պիտի դառնայի հռչակաւոր բանաստեղծ. միւս կողմէ վախի մէջ էի, որ պիտի մտնէր դասարան ջղայնացած եւ գետնէ գետին պիտի զարնէր գործս, ծիծաղելի դարձնելով զիս ընկերներուս աչքին։
Եւ ահա տետրակներու տրցակը ձեռքին Օշական կը մտնէ դասարան եւ զանոնք կը նետէ սեղանին վրայ։ Մէջէն մէկ հատը միայն պահելով՝ հրահանգ կու տայ, որ մնացեալները բաժնուին իրենց տէրերուն։ Սիրտս կը սկսի թփրտալ կուրծքիս տակ. պահած տետրակը անպայման իմս ըլլալու է։

– Հարկ չեմ տեսներ ձեր շարադրութիւններուն մասին մի առ մի դիտողութիւններս ընելու. պէտք եղածը գրած եմ իւրաքանչիւրին տակը։ Ընդհանրապէս խեղճ բաներ են. բայց գլուխ գործոցը հետեւեալն է.–

Օշական կը բանայ վերապահած տետրակը ու կը կարդայ.

«Այս նկարը կը ներկայացնէ գիւղական տեսարան մը. մէջը կան վեց ծառեր իրարմէ քիչ մը հեռու. դաշտին մէջէն անցնող ճամբան նեղ է, քարքարոտ կ՚երեւի։ Հինգերորդ եւ վեցերորդ ծառերուն տակ տնակի պէս բան մը կայ։ Նկարին մէջ ոչ թռչուն կայ, ոչ մարդ արարած։ Այս տեսարանը ես չսիրեցի, որովհետեւ տխուր է»։

Այսքա՛ն։ Շունչ մը կը քաշեմ։ Իմ տետրակս, մէջի գանձով, ձեռքս է. չեմ համարձակիր բանալ։ Օշական ամպիոնին վրայ կեցած խոժոռ դէմքով մեզ կը դիտէ, ապա դառնալով յիշեալ գրուածքի հեղինակին՝ կ՚ըսէ.

– Փինթի՛, ասիկա շարադրութի՞ւն է, ասիկա հայերէն է. ո՞ւր է աչքդ, ո՞ւր է սիրտդ գրուածքին մէջ։
– Բայց, պարոն,– ոտքի կ՚ելլէ տղան.– ամէն բան ըսած եմ. ձեր պատուէրին համաձայն՝ նախ առարկայականը տուած եմ, յետոյ ենթակայականը։
– Այսինքն,– կը հեգնէ Օշական,– նախ ծառերը համրած ես, յետոյ «չսիրեցի» մը կոխած տակը։ Գետնին տակը անցնիս դուն ալ, քու սիրելդ ալ։ Երեւակայութիւն ըսուած բանը չունիք, իսկ ձեր հոգին՝ աղքատ Ղազարոս...

Զանգը կը փրկէ մեզ եւ ես դուրս կը վազեմ անհամբեր։ Կ՚առանձնանամ անկիւն մը եւ կը բանամ տետրակս։ Ո՜վ աստուածային երջանկութիւն. քերթուածս կարդացուած է. փաստ՝ տակը կարմիր մելանով Օշականի արձանագրած դիտողութիւնները։

Պատմական այս դէպքին վրայէն անցեր է աւելի քան կէս դար, սակայն յիշողութեանս մէջ դրոշմուած կը մնան մանրամասնութիւնները. ասանկ բաներ չեն մոռցուիր մարդուս կեանքին մէջ։

Մելգոնեանի տրամադրած տետրակները իրենց կողքին վրայ ունէին անգղի գլուխ մը։ Անգղի գլուխով իմ տետրակս ինկած էր «անգղի կտուցին տակ»։ Ո՛չ, առաջին մեծ երկունքէ ծնած գործս բոլորովին չէր բզկտուած անոր անողոք կտուցին տակ։

Երկա՜ր ատեն պահած էի այդ տետրակը իբր յիշատակ ու վկայութիւն. ափսո՜ս որ կորսնցուցած եմ. բայց մօտաւորապէս կը յիշեմ Օշականի մանրիկ, ճանճի տոտիկներու նմանող գիրերուն պարփակած իմաստը։

Քերթուածիս տակ արձանագրած դիտողագիրը կէս էջ մը կը բռնէր, յստակօրէն բաժնուած քանի մը կէտերու։ Այսպէս՝
1.- Այս ոտանաւորը ուշադրութիւնս կը գրաւէ լեզուի եւ պատկերներու իր ճոխութեամբ։
2.- Իրաւ ապրումներու փշրանքներ կան հոն։
3.- Վիրաւոր է ռոմանթիզմով եւ շրջանը յատկանշող այլ մեղքերով։
4.- Վարուժան, Ռ. Որբերեան, Սիպիլ կը հոտի։

Ու տակաւին նման քանի մը ուրիշ օշականեան դիտողութիւններ։

Ուրախանա՞լ թէ տխրիլ։ Պահ մը շշմած մնացի եւ մխրճուեցայ հակասական խորհրդածութիւններու մէջ։ Գրածս պէտք եղած զգայացունց տպաւորութիւնը չէր գործած վարպետին վրայ։

Միւս կողմէ՝ չէր ալ մերժուած բոլորովին, քանի որ «գրաւած էր իր ուշադրութիւնը»։ Այդքանը մեծ բան էր անշուշտ։

Լաւ չէր ոտանաւորիս Ռ. Որբերեան եւ Սիպիլ հոտիլը։ Իր դասերէն գիտէի թէ Օշական չէր հաւներ այս հեղինակները։ Ինք չէ՞ր որ Սիպիլի համար ըսած էր օր մը. «Այս կինը հազիւ լուբիայի չափ սիրտ ունի»։ Իսկ Ռ. Որբերեանի նշանաւոր «Գիւղիս ճամբան» վերլուծելով եզրակացուցած էր. «քարթ-փոստալ մըն է». գառնուկը, մարգագետինը, առուակը, մանուշակը։
Ի՜նչ փոյթ. ինձմէ կու գար նաեւ Վարուժանի բուրմունքը։ Ատկէ մեծ պատի՞ւ...
Այնուհետեւ Օշականի աչքը քաղցրացաւ վրաս. դասարանին մէջ կարդացուած գրութեան մը մասին յաճախ սկսաւ հարցումներ ուղղել ինծի իր սովորական կատակով.

– Մե՛նծ քերթող, ինչո՞ւ կը հաւնիս Բաշալեանի այս պատմուածքը, կրնա՞ս ըսել։

Ատկէ դիւրին ի՞նչ կար. բաւական մօտէն ծանօթ էինք այլեւս մեր ուսուցիչի գրական-գեղարուեստական ճաշակին եւ ըմբռնումներուն։

– Այո՛, պարոն, որովհետեւ զուսպ է, իրապաշտ, կեանքով բաբախուն։

Իր խօսքերը կը վերադարձնէինք իրեն. այսուհանդերձ ամսէ ամիս բան մըն ալ կը մնար մեզի։ Ես միայն դպրոցական երկու տարեշրջան աշակերտեցի Օշականին, բայց կրնամ անվարան վկայել թէ բառամոլութենէն զգացած ներքին երկիւղս, յուզական պատկերներու հանդէպ ունեցած նախասիրութիւնս, իմացական որոնումներու տեղ կեանքի ջերմութիւնը գտնելու եւ փոխանցելու հակումս իրեն կը պարտիմ։ Օշականի ազդեցութիւնը վրաս, գրական յիշեալ յատկանիշներով, լա՞ւ եղաւ թէ գէշ՝ այլ խնդիր։ Թերեւս այս տողերը կարդալով նորահաս սերունդէն մտածողներ ըլլան թէ Օշական մեռցուցած է զիս՝ դէպի պարզութիւն, ժուժկալութիւն եւ յուզական իրապաշտութիւն մղելով։ Չեմ վիճիր։ Արուեստի մէջ ճաշակները յարաշարժ են եւ այլատեսակ։ Ես դժգոհ չեմ իմ իսկութենէս, որուն հաւատարիմ մնացի՝ խոշոր չափով մը Օշականի ուղեցոյցով։

«Մենծ քերթող» դառնալէս ետք օր մը Օշական կանչեց զիս եւ ըսաւ.

– Այսօր դասի չես մտներ, կ՚առանձնանաս գրադարանը եւ կը գրես ուղերձ մը՝ նուիրուած Մելգոնեան բարերարներու յիշատակին...

Զարմացած մնացի։ Ես ո՜ւր, ուղերձը ուր։ Եւ ինչո՞ւ համար։

– Հանդէս պիտի ըլլայ, տնօրէնը կը փափաքի որ աշակերտ մըն ալ ուղերձ կարդայ։
– Բայց, պր. Օշական, ես ի՞նչ պիտի գրեմ, ես բնաւ ուղերձ չեմ գրած։ Թող ուրիշ մը գրէ...
– Կրնաս, դժուար չէ, բառերդ եւ լեզուդ բաւարար ճոխութիւն ունին։
– Բառերը կը բաւե՞ն։
– Բաներ կան, որոնք առաւելաբար բառերով կը հիւսուին, հանդիսաւոր օրերու ճառերը, տօնական ուղերձները... կարելի է անկեղծ մտածումներ ու զգացումներ ալ յայտնել։ Խօսէ նուիրատուներու անձնազոհութենէն, մեծասիրտ առատաձեռնութենէն, հայ արժէքներու հանդէպ տածած յարգանքէն...

Շփոթած ու անշարժ կեցած էի դիմացը։ Օշականն էր հրամայողը. ստիուած էի ընդունիլ։ Գիտէի թէ ամիսներ առաջ Օշական ստանձնած էր բարերարներուն ընդարձակ կենսագրականը գրելու պարտականութիւնը, անոնց ծննդավայր՝ Կեսարիայէն սկսեալ մինչեւ անոնց բնածին տաղանդին ոսկի դառնալը եւ ոսկիին կրթական օճախի վերածուիլը։

Ի՞նչ եղաւ Մելգոնեան բարերար եղբայրներու նուիրուած Օշականի աշխատասիրութիւնը՝ տեղեակ չեմ։ Հարկ լուծանէ զօրէնս. մեծ գրագէտը «իր չունեցած ժամանակէն» երբեմն կը յօժարէր օրեր տրամադրել պարագայական նման աշխատանքներու, երբ ատոր բարիքին պէտքը զգար։ Տարիներ ետք նոյնանման աշխատանք մըն ալ կատարեց՝ ամբողջ հատոր մը նուիրելով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Աթոռի գահակալին՝ «Արեւելահայ Բանասիրութիւնը եւ Գարեգին Կաթողիկոս Յովսէփեան» խորագրին տակ։ Օշական այդ օրերուն որոշած էր Լիբանան գալ եւ ստանձնել Անթիլիասի դպրեվանքին գրականութեան դասերը։

Քրտնաջան աշխատանքով գրուած ուղերձս յաջողութիւն գտաւ հանդէսին. տնօրէնը մինչեւ իսկ առաւ զայն՝ Բարեգործական Միութեան պաշտօնաթերթին ուղարկելու համար։
Ուսուցիչի եւ աշակերտի մեր յարաբերութիւնները դասէ դաս լաւ կ՚ընթանային հիմա, բայց ես կ՚ուզէի աւելին. ես բուռն փափաքը ունէի Օշականի հետ, դասերէն դուրս, անձնական յարաբերութիւններ մշակելու։ Մտքիս մէջ ունէի բազմաթիւ այրող հարցումներ գրականութեան եւ յատկապէս բանաստեղծներու մասին. մեր բազմանդամ դասարանին մէջ դժբախտաբար կարելիութիւն չկար Օշականի հետ մտերմանալու, որովհետեւ մենք գիշերօթիկ էինք, իսկ ան կամ կ՚աշխատէր սենեակը փակուած կամ տուն կ՚երթար դասերը աւարտելէ ետք։ Մէկ հնարաւորութիւն միայն կար Օշականին մերձենալու. կէսօրուան ճաշը իր սենեակը տանելու պարտականութիւնը։

Արդարեւ, կարգ մը ուսուցիչներ շաբթուան ընթացքին մէկ-երկու օր իրենց սենեակին մէջ կը ճաշէին։ Ընդհանուր հսկիչը, հերթապահութեան դրութեամբ, ճաշ տանող աշակերտ մը կը նշանակէր իւրաքանչիւր ուսուցիչի համար։ Ամէն շաբաթ կը փոխուէր հերթը։ Ես ամբողջ սրտով կ՚ըղձայի որ Օշականին ճաշ տանելու հերթը ինծի գար. չար բախտէս՝ իմ ծառայութիւնս այլ ուսուցիչներու կը վիճակուէր։

Օր մըն ալ, երբ հերթապահներու ցուցակը կախուեցաւ պատէն, տեսայ որ անունս գրուած էր Օշականի անուան դէմ։ Վերջապէ՜ս. ես պիտի մտնէի, ճաշի ափսէն ձեռքիս, գրականութեան մեծ քուրմին սենեակը եւ հարկաւ քանի մը բառ փոխանակելու երջանկութիւնը պիտի ունենայի իրեն հետ։

Առաջին անգամ երբ ճաշը տարի՝ Օշական սեղանին առջեւ նստած կը գրէր. հազիւ գլուխը վեր առաւ եւ արագ նայուածք մը նետեց վրաս՝ քիթին տակէն մռլտալով.

– Լաւ, դիր այնտեղ, թող մնայ։
– Բայց, պր. Օշական, ճաշը կը պաղի։
– Հոգ չէ,– ըսաւ ան եւ շարունակեց գրել։

Ես կը դանդաղէի՝ իրմէ պզտիկ զրոյցի պահ մը խլելու յոյսով։

– Վրան գոցե՞մ։

Օշական չհասկցաւ կարծեմ ըսածս, տարուած իր աշխատանքով։ Ստիպուեցայ դուրս ելլել սենեակէն՝ կամաց մը դուռը փակելով։ Յուսախաբ էի։ Ճաշի սպասարկութեան այս առիթն ալ օգուտ չըրաւ Օշականի մտերմութեան մատչելու համար։

Յաջորդ օր աւելի տրամադիր կ՚երեւէր։ Ճանչցաւ զիս եւ շնորհը ըրաւ կատակելու։
– Մե՜նծ քերթող, քեզի՞ յանձներ են այս ապերախտ պաշտօնը։
– Հաճոյք է, պարոն, ձեզի ճաշ բերելը։

Հերթապահութեան այդ շաբթուան ընթացքին առիթ ունեցայ անշուշտ հետը կարճ զրոյցներ ունենալու, որոնցմէ քանի մը խօսք կամ գաղափար կը յիշեմ միայն։
Օշականի համար ամէնէն սուղ բանը ժամանակն էր. ուղղակի կը տառապէր ժամանակի պակասէն։ Մտքին մէջ պատրաստ բազմաթիւ վէպերու ծրագիրներ կային, որոնց իրագործման համար մէկ մարդու կեանքը անբաւարար կը գտնէր։ Օր մը ափսոսանքի արտայայտութիւն մը ունեցաւ, այս մասին խօսելով.

– Սիրտս պիտի դիմանա՞յ արդեօք գրելու այս հեւասպառ վազքին։

Ես ի՞նչ կրնայի ըսել՝ ճաշի պնակը ձեռքիս կեցած իր դիմացը։ Ես՝ իր վրայ հիացող ազազուն պատանի, ինք մեծահամբաւ գրագէտ։ Այդ օրերուն սրտի տագնապ չէր ունեցած տակաւին, բայց կարծես կը նախազգար։

Յետոյ խօսեցաւ ժամանակը խնայելու համար ի գործ դրած միջոցներու մասին։ Օշական մելանին մէջ ջուր կը խառնէր, որպէսզի գրիչը աւելի դիւրին եւ արագ սահի. կը գրէր մանրադիտային եւ հազիւ ընթեռնելի տառերով, որպէսզի ստեղծագործութեան նիւթեղէն ճիգն ու սպառումը նուազագոյնի իջնեն։

Կը յիշեմ որ «Հայրենիք» ամսագիրը ետ էր ուղարկած «Ծակ Պտուկ»ին ձեռագիրը, որովհետեւ գրաշարները բողոքած էին։ Այդ վէպին գոնէ մէկ մասը կարգ մը աշակերտներու կողմէ վերընդօրինակուեցաւ եւ այդ ձեւով կարելի դարձաւ տպագրութիւնը շարունակել։
Գրելու «կատաղութիւն մը» վարակած էր Օշականին ամբողջ էութիւնը։ Իր մտատիպարը այս մարզին մէջ Պալզաքն էր, աշխատանքի եւ ստեղծագործութեան այդ հսկան, որ նախանձը կը շարժէր Օշականին։

– Գիտե՞ս որ ես ստիպուած եմ,– ըսաւ ան անգամ մը,– օրը գոնէ երկու ժամ ալ ընթերցումներուս յատկացնել։ Առանց կարդալու կը ժանգոտիս։

Իր ընթերցումները գլխաւորաբար գիտակա՞ն գործերու նուիրուած էին թէ վիպական՝ ծանօթ չէր ինծի։ Գիտեմ միայն թէ հիացում ունէր Հիբոլիտ Թէնի եւ Սէն Պէօվի հանդէպ, իբրեւ արուեստը ըմբռնող եւ մեկնաբանող մեծատաղանդ հեղինակներ։

Սփիւռքի չորս կողմէն, հին եւ նոր սերունդին պատկանող բոլոր գրողները իրենց հրատարակած գործէն օրինակ մը կ՚ուղարկէին Օշականի, շողշողուն ձօնագրութեամբ։ Կը սպասէին անշուշտ որ անուանի քննադատը արտայայտուի. երբեմն ձօնագրուած հատորին կ՚ընկերանար նամակ մըն ալ, աւելի ճիշդ՝ խնդրագիր մը, որ Օշական շնորհը ընէ քանի մը տող գրելու։

– Ինչպէ՞ս կը հասնիք ձեզի ղրկուած այդ բոլոր գիրքերը կարդալու,– համարձակեցայ հարցնել օր մը, սեղանին մէկ անկիւնը տեսնելով նոր հրատարակութեանց դէզը։

– Կը կարդամ, տղաս, կը կարդամ. Օշական առանց կարդալու կարծիք չի յայտներ։
– Բայց ձեր սուղ ժամանակը...
– Կը բաւէ որ հատորէ մը երկու ոտանաւոր կարդամ, կարծիքս կազմուած կ՚ըլլայ արդէն. գիտեմ թէ գրողը բանաստե՞ղծ է թէ ոչ։
– Հապա վէպե՞րը։
– Վէպն ալ կը սկսիմ եւ եթէ առաջին տասը էջերը բռնեցին զիս, կը շարունակեմ. եթէ ոչ՝ մէկդի կը նետեմ։

Իր վերաբերումն ու քննադատութեան կերպը որքան ալ ենթակայական ըլլար, Օշականի սուր զգայարանքը քիչ անգամ կը սխալէր դատումներուն մէջ։ Դժուարահաճ էր նորերու հանդէպ, ինչպէս եղած էր երիտասարդութեան նաեւ՝ հիներուն։ Այն ատեն «նորերը» ըսելով կ՚ըմբռնէին Փարիզի տղաքը։ Շ. Շահնուր □Յառաջ□ի մէջ նոր էր հրատարակած իր վէպը՝ «Նահանջը Առանց Երգի». Օշական հաւնած էր Շահնուրի ոճին արագութիւնը, բայց զգայացունց ըլլալու «սրբապիղծ փորձ» կը համարէր անոր լուտանքները՝ ուղղուած Նարեկին եւ աւանդական այլ արժէքներու։ Չեմ յիշեր վէպը հատորի վերածուա՞ծ էր թէ ոչ. մեր ուսուցիչի մասնաւոր կարգադրութեամբ արտօնութիւն ստացանք Շահնուրը կարդալու «Յառաջ»ի էջերէն։ Բացառիկ շնորհ էր ասիկա. օրաթերթ կարդալու իրաւունք չունէին Մելգոնեանի սաները։ Տակաւին կը յիշեմ իր կարծիքը Վազգէն Շուշանեանի մասին. «սիրտ ունի այդ տղան» ըսաւ օր մը եւ աւելցուց. «վախնամ սրտէն երթայ անժամանակ»։ Շուշանեան սրտէն չգնաց, բայց «անժամանակը» ճիշդ դուրս եկաւ դժբախտաբար։

Օշական, աշխատանքէ յոգնած, «ուղեղը պարպելու համար» երբեմն կը սիրէր տամա խաղալ։ Տամայի մեծ վարպետ էր ինք։ Հաստատութեան մէջ ոչ ոք կրնար չափուիլ հետը։ Իր դէմ խաղացողները անպայման պարտուած դուրս կու գային։ Իրար ետեւէ քարեր կը զոհէր՝ ի վերջոյ «ուտելու» համար հակառակորդին բոլոր քարերը։

– Պարոն, մեծ ռազմագէտ էք,– կը կատակէին խաղին շուրջ բոլորուած վերի դասարանի տղաքը։

Ռազմագէ՜տ՝ այո՛, թերեւս, բայց Օշականի միտքը մեթոտի եւ կարգաւոր մտածողութեան պակասէ կը տառապէր։ Ինք գիտէր այս թերութիւնը եւ գիտական դասերը չսիրող տղոց յաճախ կ՚ըսէր.

– Սխալ է փախուստ տալ մաթեմաթիկէն. իմ անձս ձեզի օրինակ.իմ միտքս շատ աւելի մշակուած ու տիսիբլինէ եղած կ՚ըլլար, եթէ բարձրագոյն ուսում ստացած ըլլայի։

Ծանօթ է բոլորին թէ Օշական գիւղի նախակրթութենէն ետք մէկ տարի միայն ուսած էր Արմաշի դպրեվանքը եւ այդքա՛ն։ Մնացածը ձեռք էր բերած ինքնաշխատութեամբ, կատաղօրէն լափելով Արտաշէս Յարութիւնեանի գրադարանին բոլոր գիրքերը, Մալկարայի մէջ։

Իր մտքի կէս մնացած կրթանքը լրացնելու համար երբեմն մեր մաթի ուսուցիչէն երկրաչափական խնդիրներ կ՚առնէր եւ կը լուծէր։

*
* *

Շարունակելի 4

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Monday, June 29, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» Մուշեղ Իշխան - 3

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» - 3

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ

*
**

Հակառակ բոլոր այս դժուարութեանց, Օշականի դասերը դարձան վայելք, տեսակ մը հոգեկան խնճոյք ինծի համար։ Հաւանաբար ինծի պէս, նոյն անհամբերութեամբ Օշականի դասարան մուտքին սպասող երկու-երեք հոգի եւս կային, բայց մեծ մասը, ինչպէս յաճախ կը պատահի, առ ի պարտականութիւն կը հետեւէին, շատ հեղ առանց հասկնալու կամ առանց մասնաւոր հետաքրքրութեան։

Յ. Օշականի կարծիքները ծանօթ են ներկայիս՝ արեւմտահայ գրեթէ բոլոր հեղինակներու մասին, իր տասը մեծադիր հատորով լոյս տեսած «Համապատկեր»ին շնորհիւ։ Աւելորդ է, հետեւաբար, անդրադառնալ իր տեսակէտներուն, որոնք երբեմն ցնցում յառաջ կը բերէին դասարանին մէջ։ Մասնաւոր տկարութիւն ունէր Վ. Թէքէեանի հանդէպ եւ գաղտնիք չէ իր խաղացած կարեւոր դերը Թէքէեանի բանաստեղծութիւններու արժէքաւորման եւ ժողովրդականացման մէջ։
Զարմանալիօրէն սակայն Օշական կը սիրէր դասարան բերել յաճախ այնպիսի քերթուածներ, որոնք անպայման հռչակուած չէին ըլլար իբրեւ հեղինակի լաւագոյն գրուածքներէն։ Այսպէս օրինակ՝ Դ. Վարուժանի «Դիակին սայլը», Վ. Թէքէեանի «Մանկութեան պարտէզին մէջ», եւայլն։

Օր մը, կը յիշեմ, վերլուծելու վրայ էր Վ. Թէքէեանի վերոյիշեալ քերթուածը իւրայատուկ զեղումներով եւ տարածումով, երբ յանկարծ զայրոյթի անսովոր պոռթկում մը ունեցաւ, աչքերը աւելի եւս կարմրեցան, «արիւնի լիճ դարձան» պիտի ըսէր Ա. Չօպանեան եւ մատը ուղղելով աշակերտի մը վրայ պոռաց.

– Դո՛ւրս, շուտ դո՛ւրս դասարանէն...

Չհասկցանք թէ ի՞նչ էր պատահածը։ Դասարանը լուռ էր. ոչ մէկ անկարգութիւն։ Տղան գլուխը կախ դուրս ելաւ. Օշականի զայրոյթը չէր հանդարտած։ Իր արդէն իսկ թոթով լեզուին վրայ բառերը ծուատ-ծուատ եղան եւ վերածուեցան պոռչտուքի։ Երբեք Օշականը նման բարկացած վիճակի մէջ չէինք տեսած։ Երբ քիչ մը հանդարտեցաւ եւ սկսաւ խօսիլ հասկնալի բառերով, նոր միայն գիտցանք եղելութիւնը. յանցաւոր տղան գրասեղանին ետեւը մաքսանենգութեամբ թուաբանութեան խնդիր լուծելու վրայ էր եղած Օշականի դասապահին։

– Սատկելիքներ, կը գոչէր Օշական, ես հոս Թէքէեան վերլուծեմ, հայ լեզուի եւ բանաստեղծութեան արժէքներու մասին խօսիմ եւ դուք դիմացս նստած ծռտի-մռտի բաներով զբաղիք։ Գետնին տակը անցնին աշխարհիս բոլոր գիտելիքները։ Ասիկա հայ գրականութիւն է, հայ հոգի, հայ շունչ. եւ խօսողը Օշականն է, դուք պէտք է ականջ կտրիք։

Օշական չկրցաւ շարունակել դասը եւ ձեռքէն նետեց տետրակը։ Մենք շշմած՝ սպասեցինք զանգակին՝ կախ գլուխներով։ Կարծես բոլորս ալ յանցաւոր ըլլայինք։

Օշական խօսի հայ հոգիէն եւ հայ տղան մտիկ չընէ՜, ուրիշ դասով զբաղի... Է՜հ, տղայութիւն։ Աշակերտ ըսածդ ե՞րբ լրիւ ըմբռնած է ազգային եւ հոգեկան բուն արժէքները։

Պէտք է ըսել որ Օշականի մէջ չափազանց զօրաւոր էր ագզային ջիղը։ Բաւական ատեն միջազգային արժէքի կանգունով չափելէ ետք հայ գրողները, այդ օրերուն արդէն իսկ ճամբայ էր ելած «իր ժողովուրդը գտնելու»։

– Իմ փառասիրութիւնս գիւտն է իմ ժողովուրդիս։
– Գրագէտը պէտք է արժէքներ յայտնաբերէ ցեղային զգայութեան աւազանէն։
– Այս գրողին մէջ ի՞նչ կայ իմ ժողովուրդէս։

Ասոնք Օշականի սիրած խօսքերն էին, որոնցմէ հոսող ջերմութիւնը կը թափանցէր մեր հոգիէն ներս։ Օշական կ՚ուզէր որ մեր բոլորիս հոգիներու դռները միշտ բաց մնան հայութեան անցեալէն ու ներկայէն եկող զարկերուն առջեւ։

Գրականութիւնը մանաւանդ, այդ իրագործումներու շարքին, Օշականի համար ամէնէն սուրբն էր, ամէնէն թանկարժէքը, ամէնէն կարեւոր ժառանգութիւնը։

Կրկնուած տարազ է զինք եւ ուրիշներ կոչել «գրականութեան տաճարին քուրմը»։ Բայց Օշական իսկապէս այդպէս էր։ Գրականութիւնը իր կեանքն էր, իր կրօնը, իր հանապազօրեայ հացը եւ սրբազան նշխարը։

– Ես գրիչովս կ՚ապրիմ,– ըսաւ օր մը դասարանին մէջ։
– Ո՛չ, պարոն, հայ գրողը իր գրչով չի կրնար ապրիլ. ատոր համար ուսուցչութիւն կ՚ընէք,– փորձեց կատակել դասընկեր մը։
– Չէք հասկնար զիս, ապրիլը սնանիլ չի նշանակեր, ապրելու համար նախ հոգին պէտք է կերակրել։ Իմ հոգիիս սնունդը գրականութիւնն է. առէք գրիչը ձեռքէս՝ ես կը մեռնիմ։
– Պարոն, շատ գրած էք,– շարունակեց տղան,– գիւղը եւ գիւղացիները տուած էք աւելիով. ասկէ վերջ ինչի՞ մասին պիտի գրէք։ Գիւղի սահմանները նեղ են։
– Գիւղը, տղաս, չի սպառիր. եթէ յիսուն տարի եւս գրեմ առանց կանգ առնելու, իմ գիւղիս կեանքն ու մարդիկը չեմ կրնար սպառել։ Միայն մէկ անձի հոգին անդունդ մըն է, որուն մակերեսը միայն կրնաս պեղել... ինչպէ՞ս հասնիլ մարդու կուրծքին տակ խաւ խաւ թաքնուած անհուն գանձերուն...

*
* *

Ուսումնական տարեշրջանը լրանալու վրայ էր եւ ես տակաւին չէի յաջողած Օշականի ուշադրութիւնը գրաւել. կը մնայի դասարանի անշուք տղաներէն մէկը։ Ասիկա խորունկ ցաւ էր ինծի համար։ Ես ներքին զօրեղ հաւատքը ունէի բանաստեղծի կոչումիս եւ չէի յաջողեր զայն արժեցնել։ Ինչ որ կը գրէի՝ կը բախէր Օշականի ջլատող մերժումին։ Շարադրութիւններս կը գտնէր անարիւն եւ «ռոմանթիզմով վիրաւոր»։

Ճիշդ է որ ոտքերս հողին վրայ չէին. տարիքիս եւ խառնուածքիս բերումով կ՚ապրէի երազանքի մթնոլորտի մը մէջ։ Վազգէն Շուշանեան կը կարդայի մեծ յափշտակութեամբ։ Շրթունքներուս վրայ կու գային թափառիլ Դուրեանի, Մեծարենցի, Զարիֆեանի տողերը։ Մելգոնեանի շրջապատն ալ կը նպաստէր հոգիս լեցնող երազանքի աշխարհին, իր առանձնացած դիրքով, իր փոքրիկ ու նորահաս պուրակով եւ մասնաւորաբար փշաթելերէն անդին յածող աղջիկներու հեռանուշ ստուերով։ Սէրը կար մէջս, բայց ոչ ձեւ ունէր տակաւին, ոչ մարմին, ոչ անուն։ Մելգոնեանի աղջիկներն ու տղաքը իրար կը տեսնէին միայն հանդէսէ հանդէս, նոյն սրահին մէջ եւ երբեմն ալ, ձայն ու ականջ ունեցող բախտաւորները՝ Բ. Կանաչեանի երգչախումբի փորձերուն։ Ես այդ խումբին մէջ էի, առանց ձայն ունենալու։ Ես չէի երգեր. այլ հոգիս կը ձայնակցէր «Օրօր»ին, «Հոյնար»ին կամ «Տալիլոյ»ին, երբ աղջիկ-տղայ միասին, շաբաթը մէկ անգամ, միասնաբար կ՚ենթարկուէինք Կանաչեանի ճիպոտի հմայքին։

Այնուհետեւ երազը իրականութիւն կը դառնար կարծես, աւելի պինդ կը գրկէր զիս շղարշային իր թեւերուն մէջ ու կ՚օրօրէր, կ՚օրօրէր...

Ինչպէ՞ս արտայայտէի սակայն այս ամէնը, որպէսզի Օշական հաւնէր եւ ըսէր ի վերջոյ.

– Մենծ աղա, հիմա ոտքերդ ամուր դրիր հողին վրայ, հիմա պատառ մը կեանք բերիր մեր ընկալչութեան։

Երազ ու հող, երազ ու կեանք...

Կրնայի՞ն այս երկուքը նոյնանալ։ Բայց երազը կեանք չէ՞ր միթէ. ինչո՞ւ չգրէի այդ մասին։
Ես լծուեցայ, գաղտնաբար անշուշտ, երկարաշունչ բանաստեղծութիւն մը գրելու տքնաջան աշխատանքին, նիւթ ունենալով գլխագիր «Երազը»։ Ինձմէ մօտ 2-3 շաբաթ խլեց այս հրաշակերտին ստեղծագործութիւնը։ Որոշած էի նիւթը սպառել 24 տուներու մէջ եւ յաջողեցայ։ 24 տուն երազ, անոր թեւաւոր սլացքը, քաղցրամրմունջ ձայնը, երկնամերձ երանութիւնը, անբասիր մթնոլորտը, անսպառ հարստութիւնը եւ կեանքի շօշափելի իրականութեան վրայ տարած յաւերժական յաղթանակը... Գործածած էի քերթողական գանձարանէն փոխ առնուած ընտիր բառեր, ինչպէս նաեւ, իմ հաշուովս, պատկերներու գեղեցիկ գիւտեր։

Երբ վերջին տունին վերջին տողն ալ յաջողեցայ գրել ու աւարտել, լայն շունչ մը առի։ Այդ վերջին տունը բաւական չարչարեց զիս։ Յանգ մը կար որ չէր բռներ ու ես ժամերով փնտռած էի զայն, ի զո՜ւր։ Օր մըն ալ Էվրէքա՜, գտայ յանգը յաջողագոյն ձեւով եւ դրի վերջակէտը։ Այդ նշանակալից դէպքը պատահեցաւ վարժարանի հաւաքական պտոյտին, Ճիգգօ կոչուած դաշտավայրին մէջ։ Մինչ ընկերներս կը զուարճանային զանազան խաղերով, ես ծառի մը տակ նստած բառ ու յանգ կը փնտռէի... Գիւտս երջանկութեամբ լեցուց հոգիս եւ պտոյտէն վերադարձայ յաղթական քայլերով։ 24 տուննոց գանձ մը ունիմ այժմ դարակիս մէջ. այս գանձով պիտի չկարենայի՞ նուաճել Օշականը։

Սպասեցի առիթի մը, որ շատ չուշացաւ։

Օշական շարադրութիւն պահանջեց դասարանէն եւ այս անգամ նիւթը ինք տուաւ։ Սեղանին վրայ նետեց քառթ-փոստալ մը եւ ըսաւ.

– Առէք այս է քարթը եւ նկարագրեցէք ինչ որ կը տեսնէք անոր վրայ։
– Պարոն, չ՚ըլլար, պարոն այս ի՞նչ տեսակ նիւթ է, պարոն շատ չոր է, մեզ չի ներշնչեր...
– Նիւթին չորը, թացը չ՚ըլլար,– պնդեց Օշական, գրողէն կախուած է կենդանացնելու արուեստը. լաւ մը դիտեցէք այս պատկերին ներկայացուցած տեսարանը եւ նկարագրեցէք։

Սովորական, տժգոյն քարթ մը, վրան տպուած նկարը սեւով ճերմակ, ծառերու տակ նշմարուող գիւղական տնակ մըն էր կարծեմ։ Տղաքը ձեռքէ ձեռք կը խլէին, միշտ դժգոհ եւ շուարած։

– Պարոն,– բողոքեց կրկին երեւի շարքերէն տղայ մը,– երկու խօսքէն աւելի չի գրուիր այս նկարին մասին. քանի մը ծառ եւ տնակ մը։ Ուրիշ ի՞նչ ըսենք...
– Ըսէք այն ինչ որ կը տեսնէք, ձեր տեսածը նկարագրել սորվեցէք։ Ըսէք այն, ինչ որ կը զգաք, ինչ որ այս տեսարանը ձեր մէջ կ՚արթնցնէ։
– Գոնէ գունաւոր ըլլար,– շարունակեց գանգատիլ տղան։
– Գոյնը դուք պիտի տաք ձեր ներքին տեսիլքով։ Յիշեցէք Մեծարենցը. ինչե՜ր գտած է ըսելիք «դաշտի ճամբու մը վրան սպասող հիւղի» մասին։
– Մենք մեծարե՞նց ենք,– քրթմնջեցին ոմանք եւ լռեցին։ Քարթը շրջան պիտի ընէր դասարանին մէջ, իւրաքանչիւրիս մօտ մնալով քանի մը վայրկեան։ Դիտել պիտի սորվէինք, ապա նաեւ մեր դիտածը բառային նկարի վերածել։ Ա՛յս էր Օշականի պահանջածը։ Որոշումը անվերաքննելի էր։

Ես ալ իմ որոշումս ունէի արդէն։ Երկարաշունչ բանաստեղծութիւնս ընդօրինակել շարադրութեանս տետրակին մէջ եւ յանձնել վարպետին։
Այդպէս ալ ըրի։

Շարունակելի 3

Sunday, June 28, 2009

Կռնակի խնամք

Մարզանքի պակասը, նստակեաց կեանքը կռնակի ցաւի գլխաւոր պատճառներն են: Առհասրակ կիները աւելի ենթակայ են կռնակի ցաւի, քան այր մարդիկ, այսուհանդերձ քիչ մը մարզանք եւ զգուշութիւն կրնան մեծ մասամբ դարմանել այդ ցաւերը:
Մարզանքը չափազանց կարեւոր է: Սակայն կռնակի ցաւ ունեցողները պէտք է զգուշանան պատահական մարզանքներէ ,վնասաբեր շարժումներէ...:
Անոնք պէտք է կիրարկեն մեղմ եւ օգտակար մարզանքներ թելադրուած մասնագէտի մը կողմէ:

Ներքնակին կարեւորութիւնը
Գիտէք թէ մեր կեանքին մէկ երրորդը կ'անցնենք անկողինին մէջ ... իսկ անորակ կամ հինցած ներքնակը կրնայ աւեր գործել.
Լաւ ներքնակը ոչ շատ կակուղ , ոչ ալ շատ կարծր պէտք է ըլլայ, առնուազն տասը տարին անգամ մը պէտք է նորով մը փոխարինել զայն:

Ճիշդ եւ սխալ դիրքեր
-Առտուն երբ կ'արթննաք, անկողինէն մէկ անգամէն մի նետուիք, այլ նախ հանգիստ նստեցէք անկողինին ծայրը, վիզի քանի մը մեղմ շարժում կատարեցէք եւ ապա երկու ոտքերուն վրայ հաստատ կանգնեցէք:

-Երբ կը ծռիք առարկայ մը վերցնելու համար, ծունկերը ծալեցէք եւ այդպէս վերցուցէք զայն.:

-Անկողինը շտկելու համար, դարձեալ մէջքը չէ որ պիտի ծռէք, այլ ծունկը ծալած ու նստած դիրքով պէտք է աշխատիք:

Տաքն ու հանգիստը
-Տաքը միշտ ալ կը մեղմացնէ կռնակի ցաւը, բայց կռնակը տաք պահելը հրաշք պիտի չգործէ, եթէ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր կռնակի ցաւէ կը տառապիք: Նոյնպէս ալ հանգիստը օգտակար է, պայմանաւ որ ցաւի առաջին իսկ օրէն հանգիստի դիմուի: Տեղ շինած ցաւը ժամանակ մը ետք հանգիստով ալ կարելի չըլլար դարմանել:
Պատի մարզանքը
Պատին յենած դանդաղօրէն նստէք ծունկերը ծալելով եւ առանց կռնակը պատէն զատելու: Քանի մը վայրկեան նստած մնացէք եւ ապա նոյն ձեւով դանդաղօրէն կաանգնեցէք:

Փորձառութիւններ՝ կեանքէն
1- Ազնիւ ըլլալը աւելի կարեւոր է քան ճիշդ ըլլալը.
2- Մանուկէ մը ստացած նուէրը բնաւ չմերժել.
3- Եթէ չես կրնար օգնել մէկու մը որեւէ ձեւով, կրնաս աղօթել իրեն համար.
4- Որքան ալ կեանքը կը պահանջէ լուրջ ըլլալ, ամէն անձ պէտք ունի կատակելու ընկերոջ մը հետ.
5- Ըլլանք միշտ ուրախ եւ գոհունակ, ինչ որ ալ ըլլայ Աստուծոյ մեզի պարգեւածը.
6- Առօրեայ պզտիկ դէպքերն են,որ կը զարդարեն մարդուս կեանքը.
7- Իրականութիւնները անտեսելը երբեք չի փոխեր զանոնք.
8- Ամէն անձի, որ կը բարեւես, արժանի է քու ժպիտիդ.
9- Լաւագոյն ձեւը կատարեալ անձ մը դառնալու, յարաբերիլ աւելի խելացի եւ իմաստուն անձերու հետ.
10- Կեանքը յամառ է, իսկ ես աւելի.
11- Վարուիլ մարդոց հետ այնպէս, ինչպէս որ կ'ուզես վարուին քեզի հետ.
12- Ժպիտը ամենամատչելի ձեւն է գեղեցկացնելու դէմքը.
13- Բնաւորութիւնդ չես կրնար ընտրել, բայց կրնաս բարեփոխել.
14- Երբ նորածին զաւակդ կը բռնէ ձեռքդ իր թաթիկով, այն ատեն աւելի կը կապուիս կեանքին.
15- Ամէն անձ կ'ուզէ հասնիլ կեանքի գագաթնակէտին, սակայն ուրախութիւնն ու հաճոյքը հոն հասնելու ընթացքին մէջ է.

Պատրաստեց

Տալիդա Գալըպճեան

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» Մուշեղ Իշխան - 2

Սիրելի Ընթերցող,

Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի :

«Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:

Նշան Պասմաճեան ____________________________________________________________

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» - 2

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ

Կ՚ուզեմ անվարան պատասխանել թէ ճամբայ ելած եմ բանաստեղծ ըլլալու համար, բայց կը քաշուիմ ըսելու։ Ես հետս պատրաստ գրուածքներու տետրակ չեմ տանիր։ Կ՚երթամ եւ իմ շարադրութիւններովս կը զարմացնեմ Օշականը։
Յաջորդ օր մեզի կը յայտնեն թէ քննութիւն պիտի անցընենք եւ ըստ այնմ պիտի որոշուին մեր դասարանները։ Կարգադրութիւններ ընողը դպրոցին ընդհանուր հսկիչն է, որ ձեռքերը ետին կապած՝ լուռ կ՚երթեւեկէ եւ ակնոցներուն ետեւէն իր մանրիկ աչքերը կը յառէ մեր վրայ։ Այն անձերէն է, որոնք բառ մը արտասանելու վախ կ՚ազդեն։

– Ո՞վ է, կը հարցնեմ կամացուկ հին աշակերտի մը։
– Չե՞ս ճանչնար, թուաբանութեան ուսուցիչն է, պրն. Արուսեան։ Զգո՜յշ, այս մարդը կը խաչէ ձեզ։

Կ՚ըսէ ու կ՚անհետանայ։ Սարսուռ մը կ՚անցնի մարմնէս. ես թուաբանութեան մէջ տկար եմ եղած ընդհանրապէս։ Եւ հիմա ստիպուած եմ քննութիւն անցընելու «մարդ խաչող» այս ուսուցիչին առջեւ։ Զարմանալի՜ երեւոյթ. երբ կարգս կու գայ՝ կարծես բախտս կ՚օգնէ եւ գրատախտակին վրայ կը յաջողիմ լուծել տուած խնդիրները։

– Լաւ է, կ՚ըսէ խստադէմ ուսուցիչը. հիմա գնա պրն. Օշականին մօտ։

Օշականի՜ն մօտ... հայերէնի քննութիւն։ Աւելի ինքնավստահ եմ հիմա։ Հայերէնը իմ նախասիրած դասս է եղած մանկութեանս շրջանին։ Հայերէն շարադրութեան առաջին մրցանակը ես խլած եմ նախակրթարանի վերջին դասարանին։ Թանգարան, Գանձարան, Մեղրագետ, իրենց պարունակած հրաշազան աշխարհներով մտերիմ են ինծի։ Յետոյ կայ Յ. Օշականին ներկայանալու անհուն հետաքրքրութիւնը։

Աւելի թեթեւ քայլերով կ՚ուղղուիմ դէպի այն դասարանը, ուր նստած է Օշական, գրասեղանի մը ետին։ Խոշորակազմ, հաստամարմին, կլոր դէմքով մէկը, բաց օձիքով եւ անփոյթ արտաքինով։ Մազերը գլխուն վրայ ցցուած ըլլան կարծես սանտրի պակասէն։ Խոշոր աչքերուն մէջ արեան բիծեր։

– Մօտեցիր, մօտեցիր, աբեղայ,
– կ՚ըսէ Օշական վարանքս տեսնելով։

Սեղանին վրայ գիրք մը կայ, որուն էջերը կը սկսի դարձնել խառն ի խուռն եւ ի վերջոյ զայն կ՚երկարէ ինծի կարդալու։ Աչք մը կը նետեմ բացուած էջի խորագրին վրայ. Ռուբէն Զարդարեանի «Զարնուած Որսորդը»։ Ծանօթ չեմ այս կտորին. ես Մեղրագետի մէջ կարդացած եմ նոյն հեղինակի «Պուտ մը ջուր»ը։ Ի՜նչ փոյթ... քանի գործս ուղղագրութեան հետ չէ, ընթերցումէն վախ չունիմ։ Քանի մը բաներ ալ գիտեմ Ռուբէն Զարդարեանի մասին – գաւառի գրագէտ, «Ցայգալոյս»ի հեղինակ, Մեծ Եղեռնի զոհերէն։ Չի՞ բաւեր այսքանը։

Աշխոյժով եւ յստակ առոգանութեամբ կ՚աւարտեմ կտորին ընթերցումը եւ կը սպասեմ որ Օշական բառեր հարցնէ կամ հեղինակին մասին տեղեկութիւններ պահանջէ։ Բայց ան պահ մը լուռ կը նայի դէմքիս եւ կ՚ըսէ.

– Սիրեցի՞ր գրուածքը։
– Այո, պարոն, սիրեցի, շատ աղուոր էր։
– Ի՞նչ կը հասկնաս «աղուոր» ըսելով, ի՞նչ յատկութիւններ գտար անոր մէջ։
Կը սկսիմ շփոթիլ եւ սրունքներուս վրայ երերալ. ես ասանկ հարցումներու չէի սպասեր։ Ինչո՞ւ չի հարցներ՝ «ո՞վ է հեղինակը»։ Ի վերջոյ ամբողջ համարձակութիւնս հաւաքելով կ՚ըսեմ.
– Շատ լաւ նկարագրած է. լեզուն ալ գեղեցիկ է։
– Աղէկ, կը մրմնջէ Օշական քիթին տակէն, ի՞նչ կը ներկայացնեն որսորդը եւ այծեամը։
Կայծակի արագութեամբ պատասխանը կը փայլատակէ մտքիս մէջ եւ առանց երկար-բարակ կշռելու, գիւտս կը նետեմ մէջտեղ։
– Որսորդը թուրքն է, պարոն, իսկ այծեամը՝ հայը։
– Հա՞, այդպէ՞ս է, ինչէ՞ն եզրակացուցիր։
– Պարզ է, կ՚ըսեմ աւելի ինքնավստահ, հալածական այծեամը, որուն մարմնէն արիւն կը կաթկթի, հայն է, իսկ անոր ետեւէն ինկած ու զայն որսալու համար եկող որսորդը՝ թուրքը, կապարճը ուսին։
Օշականի դէմքին վրայ ուրուագծուող ժպիտը գոհունակութեան արտայայտութի՞ւն է թէ հեգնախառն կարեկցութիւն, չեմ հասկնար. բայց ան կը ժպտի, գլուխը կը շարժէ եւ կը մենախօսէ կարծես.

– Այո՛, կը հասկնամ. դուն ալ որբերու սերունդէն ես, այնպէս չէ՞։ Բնաւ զարմանալի չէ որ ձեր հոգեյատակին նստած ըլլայ ջարդարար թուրքին պատկերը եւ ամէն ինչ ուզէք բացատրել հայուն ապրած մեծ ողբերգութեամբ... բաւարար է, կրնաս մեկնիլ։
Դուրս կ՚ելլեմ անորոշ տրամադրութեամբ. ճի՞շդ էր տուած բացատրութիւնս թէ սխալ. Օշական հաւնեցա՞ւ թէ ոչ...
– Ի՞նչ եղաւ,– կը հարցնեն դուրսը սպասող տղաքը։
– Չեմ գիտեր,– կը պատասխանեմ մտահոգ եւ քայլերս կ՚ուղղեմ երրորդ դասարան մը՝ այլ քննութիւն տալու։ Ջարդարար թուրքին փոխարէն, Օշականի աչքերուն երազուն նայուածքը մխրճուած կը մնայ հոգիիս մէջ։

*
* *

Մեր դասարանը երեսունէ աւելի աշակերտ կը հաշուէ իր մէջ։ Այլազան վայրերէ եկած եւ այլազան շնորհներով օժտուած տղոց մեծ դասարան մը։ Ես նստած եմ վանեցի յաղթանդամ տղու մը քով, որ «գրագէտ»ի որոշ համբաւ կը վայելէ արդէն, Օշականի հաւնածներէն։

Յ. Օշական մեր հայերէնի ուսուցիչն է եւ շաբաթը քանի մը անգամ կու գայ, բթամատին եւ ցուցամատին միջեւ բռնած գիրք մը օրօրելով։ Կու գայ եւ իր ծանր մարմինը կը նետէ աթոռին ու հեգնախառն ժպիտով անուշցած նայուածքը կ՚ուղղէ մեր վրայ։ Իր դասերը ժամանակի ընթացքին միայն գրաւիչ կը դառնան ինծի համար, սկզբնական օրերուն ծանր յուսախաբութիւն պատճառելէ ետք։
Կը յիշեմ Օշականի առաջին դասը. սրտատրոփ կը սպասէի իրեն. նախկին դասակիցներս ըսեր էին թէ Աւ. Ահարոնեան պիտի «վերլուծենք»։ Կարդալ բառը երեւի սովորութիւն չէր գործածել Օշականի պահերուն, որովհետեւ հեղինակի մը կտորը կարդալ, կը նշանակէր զայն վերլուծել, գնահատել, քննադատել։ Ահա թէ ինչու Օշականի աշակերտները միշտ կը գործածէին «վերլուծել» բացատրութիւնը։

Այդ պահուն ընթերցման նիւթ դարձող գրուածքը Աւ. Ահարոնեանի «Արիւնոտ Թթխմորը»ն էր։ Տղայ մը իր ձեռագիր տետրակէն կարդաց անոր մէկ մասը։ Ես լաւ ծանօթ էի կտորի ամբողջ բովանդակութեան իմ հին դասագրքիս՝ Մեղրագետի էջերէն։ Անհամբեր կը սպասէի Օշականի վերլուծումին։

Աւ. Ահարոնեան առասպելական հրապոյրով դէմք մըն էր ինծի համար։ Կարդացած էի անոր «Ազատութեան Ճանապարհին»ը եւ շատ սիրած։ Իր մէջ կար թէ՛ ողբերգութիւն, թէ՛ հերոսական խոյանք։ Րաֆֆիին հետ ան մեր մեծագոյն հեղինակներէն էր, թերեւս մեծագոյնը, թերեւս սրբագոյնը։ Անհպելին, անքննադատելին։

Յ. Օշական այդ դասին պաղ ջուր թափեց վրաս։ «Արիւնոտ Թթխմորը» հաւնելով հանդերձ իբրեւ հոգեբանական ճշգրիտ պատկերացումներ ունեցող պատմուածք, սկսաւ իւրայատուկ քմծիծաղով քննադատել անոր վերջին մասը՝ իր ուռուցիկ եւ ճարտասանական բնոյթին պատճառով։ Կէս դար ետք դեռ ականջներուս մէջն են Օշականին խօսքերը, երբ կը մատնանշէր Ահարոնեանի «յաջողած պատմուածքէն հետեւեալ վիրաւոր հատուածը».

«Ամէն առաւօտ գիւղի երդիքներից ծխի պտոյտները, որպէս թանձրացած սեւ հոգսեր ու ցաւեր, ձգւում են դէպի վեր, դէպի երկինքը եւ բօթերով բեռնաւորուած բանբերների պէս վազում են կապուտակ անսահմանութեան մէջ, զարհուրելի բաներ են պատմում եւ կարծես հաշիւ ու համար են պահանջում անարդար երկնքից...»։

Այս տողերը կարդալէ ետք Օշական կ՚աւելցնէր. «Ի՞նչ պէտք ունէր հեղինակը նման վերացական, ճոռոմ խօսքերով ծանրաբեռնելու «Արիւնոտ Թթխմոր»ին իրաւ, կենդանի յաջողուածքը։ Դժբախտաբար Ահարոնեանի գրականութեան մեծ մասը դատապարտուած է մեռնելու, հակառակ վերամբարձ իր ոճին։ Ռոմանթիզմի մէջ թաթխուած յուզականութիւնը իր մեծագոյն մեղքն է։ Ապագան շատ բան պիտի չպահէ իրմէ»։

Գրականութեան տաճարէն նոր ներս մտնող հաւատաւոր եւ երկիւղած տղու մը համար շատ ծանր էր տեսնել իր պաշտամունքի առարկան հանդիսացող գրողի մը տապալումը Օշականի սեղանին վրայ, անոր վճռական եւ անվերաքննելի հարուածով։

Աւ. Ահարոնեան մեծ գրող չէ։

Աւ. Ահարոնեանէն շատ բան չի մնար։

Պատանի հոգիս ուղղակի ըմբոստացած էր։ Ա՞ս էր Օշական ըսուածը, թափթփած որքան իր արտաքինով, նոյնքան եւ լեզուով։ Այս մարդը շնորհքով խօսիլ անգամ չէր գիտեր. բառերը կը թափէին բերնէն թոթովանքով։

Երբ զանգը հնչեց եւ Օշական մեկնեցաւ դասարանէն, դարձայ քովս նստող վանեցի տղուն եւ յայտնեցի հիասթափութիւնս.

– Մե՜ղք, ես ալ մեծ բան մը կը կարծէի, երբ Օշական կ՚ըսէին։ Նախակրթարանի մեր ուսուցիչը աւելի լաւ էր, աւելի աղուոր դաս կու տար։
– Այսինքն գրողները կը գովէր, այնպէս չէ՞։
– Ահարոնեան շատ մեծ գրող է եւ Օշական չի հասկնար կոր անոր արժէքը։
– Ոչ, իրաւունք ունի Օշական, ճիշդ են ըսածները։ Երբ քիչ մը հիննաս՝ այն ատեն կը հասկնաս։

Իմ դժգոհանքս եւ ներքին ըմբոստացումս Օշականի կարծիքներուն դէմ շարունակուեցան գոնէ ամիս մը եւս, մինչեւ որ «հինցայ» եւ վարժուեցայ։

Շարունակելի 2

Thursday, June 25, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» Մուշեղ Իշխան

Նշան Պասմաճեան

____________________________________________________________

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ»

Մուշեղ Իշխան

ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ

Սփիւռքի մէջ ես եղայ այն քիչերէն, որոնք բախտը ունեցան հայրենի շունչն ու ոգին անձնաւորող քանի մը ականաւոր դէմքերու մտերմութիւնը վայելելու, կա՛մ իբրեւ աշակերտ, կամ իբրեւ կրտսեր բարեկամ։
Անոնցմէ առաջինը եղաւ յայտնի գրագէտ ու քննադատ Յակոբ Օշական, որուն աշակերտեցի դպրոցական երկու տարեշրջան՝ 1928 - 1930, թարմ պատանութեան տարիքիս՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ։
Այնուհետեւ, 1930էն սկսեալ, երկար տարիներ վայելած եմ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի մտերմութիւնը, մինչեւ անոնց մահը, թէ՛ իբրեւ աշակերտ եւ թէ յետագային իբրեւ պաշտօնակից Պէյրութի Հայ Ճեմարանի յարկին տակ։
1938 - 1940ին, համալսարանական կրթութիւն ստանալու համար Պրիւքսել մեկնած ըլլալով, հոն բաւական մօտէն ճանչցած եմ մեծատաղանդ պատմագէտ Նիկողայոս Ադոնցը եւ հետեւած իր հայագիտական դասընթացքին։
1952 թուականէն ետք, մօտ երկու տասնամեակ վայելած եմ բարեկամութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի, երբ ան ստանձնեց Ճեմարանի տնօրէնի պաշտօնը։
Դէպքերը այնպէս բերին, որ գրեթէ նոյն տարիներուն Սիմոն Վրացեանի հետ Պէյրութ ժամանեց Կոստան Զարեան եւ երկու տարի ապրեցաւ Լիբանան։ Հռչակաւոր գրողը Ճեմարանի մէջ աւանդեց Արուեստի պատմութիւն, ազատ դասախօսութիւններու շարքով մը, որոնց բոլորին ալ հետեւեցայ հաւատարմօրէն։
Ամիս մըն ալ անցուցած եմ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի հետ՝ Լիբանանի գեղատեսիլ ամարանոցներէն Տհուր Շուէր գիւղը։
Յիշեալ եօթը անձերն ալ ընդմիշտ մեկնած են այս աշխարհէն, իրենց ետին թողելով ստեղծագործական հարուստ վաստակ։ Այդ վաստակը - վէպ եւ թատերախաղ, բանաստեղծութիւն կամ քննադատութիւն, յուշ եւ պատմագրութիւն - մատչելի է բոլորին եւ մնայուն արժէք։ Սակայն անոնց հեղինակները, իրենց մարդկային դիմագիծով, նկարագրային յատկանիշներով անծանօթ կը մնան նոր սերունդներուն։ Այս գիրքի էջերուն մէջ ես աշխատած եմ քանի մը հիմնական գիծերով վերստեղծել տաղանդաւոր այդ անձերուն կենդանագիրը այնպէս ինչպէս որ ճանչցած եմ զիրենք։
Անոնցմէ հինգը - Յ. Օշական, Լ. Շանթ, Ն. Աղբալեան, Ն. Ադոնց եւ մասամբ նաեւ Կ. Զարեան - եղած են ուսուցիչներս։ Ուղղակի իրենց կը պարտիմ մտաւոր եւ հոգեկան դաստիարակութիւնս։
Միւս երկուքը թէեւ դաս չեն աւանդած ինծի, բայց անոնցմէ մէկը՝ Սիմոն Վրացեան գաղափարական գլխաւոր դաստիարակներէն է մեր սերունդին, իսկ Վահան Թէքէեան՝ բանաստեղծական արուեստի ներշնչողը։

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ
ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Յ. Օշական ոչ միայն տիրական, այլեւ առասպելական դէմք մըն է այլեւս մեր գրականութեան մէջ։ Իր մասին խօսողներն ու գրողները պատկառոտ վերաբերում ունին միշտ։ Իր քննադատի անողոք վճիռնե՞րն են արդեօք թէ գրական վաստակին հսկայական հարստութիւնը, որ իր անունին շուրջ ստեղծած են այս առասպելը։ Յամենայն դէպս ոչ ոք մինչեւ այսօր համարձակած է Յ. Օշական քննադատը քննադատել, կամ վիպագիրին արժէքը վերլուծումի ենթարկել։
Յ. Օշականի մահէն տարիներ ետքն ալ վաստակաշատ գրողին ծանր շուքը կը հալածէ կարծես գրականութեան մեծ ու պզտիկ բոլոր սպասարկուները։
Ո՞վ պիտի համարձակի Յ. Օշականը դնել քննութեան սեղանին եւ անդամահատել անոր վաստակին կազմախօսութիւնը։
Միայն Յ. Օշական կրցած է գրել Յ. Օշականի մասին՝ հարիւրաւոր էջերու մէջ քիչ մը աւելի մշուշապատելով իր անձին ու գործին խորհուրդը։
Ու առասպելը կը շարունակուի...։
Ես ալ անոնցմէ մէկն եմ, որ պատանի հասակիս, դպրոցական երկու տարեշրջան, ենթարկուեցայ Յ. Օշական ուսուցիչի դասաւանդութեանց կախարդանքին ու մինչեւ հիմա դուրս չեմ կրցած ելլել անոր ազդեցութան եւ հմայքին շրջանակէն։ Յետագայ ընթերցումներս զիս քիչ մը աւելի մխրճեցին օշականեան աշխարհի ոլորապտոյտին մէջ, ուրկէ շատ դժուար է դուրս գալ եւ «մաքրաջրուած» աչքերով դիտել զինք։ Հետեւաբար սա քանի մը տողերը բնաւ չեն ձգտիր Յ. Օշականի գրական արժէքը դատաստանի ենթարկելու, այլ պարզապէս հեռաւոր անցեալին ընդմէջէն քանի մը բնորոշ գիծերով կ՚ուզեմ ոգեկոչել իր յիշատակը, ինչպէս դրոշմուած է ան, Օշականի իսկ բառերով՝ «հոգիիս տախտակին վրայ»։
Ահա աչքերուս առջեւ կը ներկայանայ 14-15 տարեկան այն պատանին, որ խումբ մը տղոց հետ ներս կը մտնէ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան երկաթէ դարպասէն։ Դիմացը, իրարմէ ոչ շատ հեռու, երկու քարաշէն գեղեցիկ շէնքեր, շրջապատուած ընդարձակ բայց չոր տարածութիւններով։ Լերկ բլուր մը, կտրուած քաղաքէն, որ սակայն բացառիկ հմայք ունի իմ աչքիս՝ իր ներքին խորհրդալի բովանդակութեամբ։ Ինծի կը թուի թէ շէնքերու տաշուած քարերէն իմաստութիւն եւ գիտութիւն կը կաթկթի։ Ուրեմն շուտով ես պիտի դառնամ երջանիկ բնակիչներէն մէկը այս լուռ մենաստանին. եկած եմ դէպի աղբիւրը լոյսին եւ հոգիս «սափորն է դատարկ»։
Խումբին միւս անդամները ինծի չափ յուզուած չեն երեւիր։ Հետաքրքրուած են աւելի ֆութպոլի խաղավայրով կամ կը փորձեն սրամիտ խօսքերով ճեղքել մեզի սպասող կեանքին գաղտնիքը.
– Ասիկա բա՞նտ է, ինչ է, կ՚ըսէ մէկը, ցոյց տալով երկու շէնքերը իրարմէ բաժնող փշալարերու ցանցը։
Լաւատեղեակ մը կը բացատրէ թէ շէնքերէն մէկը աղջկանց յատուկ է, միւսը՝ տղոց, հետեւաբար ցանցապատումը անհրաժեշտ նկատուած է, որպէսզի անոնք իրարմէ հեռու մնան։
Վերջապէս զանգ մը կը հնչէ՝ վանական կոչնակի թրթռուն արձագանգով. քիչ ետք հանդարտաբարոյ ուսանողներու բազմութիւն մը կը խմբուի մեր շուրջ։ Բոլորն ալ հագած են Մելգոնեանի տարազը – կարճ տաբատ եւ զինուորական օձիքով ու կոճակներով բաճկոն։
Տղոց շէնքի սանդուխներուն վրայ կը յայտնուի կլոր ու փայլուն դէմքով եւ հաստ ակնոցներով մէկը. նշան կ՚ընէ որ նորեկներու խումբը մօտենայ։ Տնօրէնն է՝ պրն. Կիրակոսեան։
Ես անհամբեր եմ Յ. Օշականը տեսնելու։ Նախակրթարանի իմ ուսուցիչս Դամասկոսի մէջ յաճախ խօսած է անոր մասին մեծ պատկառանքով, իբրեւ «Սփիւռքի միակ քննադատը»։ Եւ ես դաս պիտի առնեմ իրմէ։ Բայց Յ. Օշական չ՚երեւիր. հարցումներս անպատասխան կը մնան։
– Դուք,– կ՚ըսէ տնօրէնը, մատը մեր վրայ ուղղելով,– պեխով մօրուքով հասուն մարդիկ կ՚երեւիք, ինչպէ՞ս պիտի նստիք գրասեղաններու առջեւ։
Իսկապէս խումբի անդամներէն ոմանք, որ երկար տաբատ կը կրեն, արդէն իսկ ածիլուելու տարիքին մէջ են։ Ես տակաւին պեխ ու մօրուք չունիմ, երեսիս ածելի չէ դպած։ Կրնայ ըլլալ որ շրթունքիս վերի մասը ստուերոտած է քիչ մը թխորակ աղուամազով, սակայն պատանի եմ, իսկական պատանի։
Մեզ կարգ ու կանոնի տակ դնելու առաջին նախաձեռնութիւնը կը կատարուի նոյն օրն իսկ։ Մեր մազերը կարճ կը խուզեն եւ մեզի կը հագցնեն հաստատութեան տարազը։
Թէեւ ըսուած է թէ սքեմը մարդս վարդապետ չի դարձներ, բայց ամբողջ ճշմարտութիւնը չէ ասիկա։ Հագուստին դերը շատ մեծ է կեանքին մէջ։ Նորեկներուն խումբը, մելգոնեանցիի տարազով, այլեւս չի զանազանուիր հին սաներու կարգապահ շարքերէն։
Խումբին բոլոր անդամներուն ծանօթ չեմ։ Նաւուն մէջ, Պէյրութէն Կիպրոս ութ ժամ տեւող ճամբորդութեան ընթացքին մտերմացած եմ մէկ-երկու հոգիի հետ, որոնք ինծի պէս արհեստաւոր՝ կ՚երթան կէս մնացած իրենց ուսումը շարունակելու։ Բոլորն ալ սակայն մեծ-մեծ յաւակնութիւններ ունին։ Աւելի ճիշդ՝ մե՜ծ երազներ։ Կ՚երթան ապագան նուաճելու։ Գիրուկ եւ արիւնոտ աչքերով սա տղան, հօրէ եւ մօրէ որբ, որոշած է ճարտարապետ ըլլալ։ Հիւանդկախ երեւոյթով սա միւսը գրագէտ պիտի դառնայ։ Պայուսակին մէջ բանաստեղծութիւններու տետրակ մը ունի արդէն եւ կը տանի Օշականին ցոյց տալու։
– Դո՛ւն ի՞նչ պիտի ըլլաս,– կը հարցնեն անոնք ինծի։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 1

Tuesday, June 23, 2009

ՄԻ ՔԱՆԻ ՕՐԷՆ՝
ՄԵԾ ՀԱՅ ՄԸ՝ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ
ՄԱՍԻՆ
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»
ՄԻ ՔԱՆԻ ՕՐԷՆ՝
ՄԵԾ ՀԱՅ ՄԸ՝ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ
ՄԱՍԻՆ
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

Sunday, June 21, 2009

Արամ Ա. Վեհափառի Հարցազրոյցը «Գանձասար» Շաբաթաթերթին Հետ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ի Գանձասար շաբաթաթերթին տուած հարցազրոյցը շահեկան գտնելով զայն ամբողջութեամբ կը հրապարակենք: Վեհափառ Հօր խորիմաստ մտածումներն ու արծարծած գաղափարները մեր ազգային , կրօնական, հասարակական կեանքին հետ գործնապէս առնչուած են :Վեհափառ Հայրը ամենայն անկեղծութեամբ կը մատնանշէ ազգի ու եկեղեցւոյ ունեցած անհամար հարցերը և կուտայ գործնական առաջարկներ:Սոյն հարցազրոյցով Նորին Սրբութիւնը կուգայ անգամ մը ևս ապացուցելու ազգային և կրօնական «ԼԻՏԸՐ»ի իր ունեցած անմրցելի կարողութիւնը :

Կը թելադրենք ուշի ուշով կարդալ Վեհափառ Հօր հարուստ մտքերով լի այս հարցազրոյցը:Շատ բան կայ ուսանելի այնտեղ :

«Նշանակ»

Հարցում.-Վեհափառ Տէր, 3-էն 5 Յունիս 2009-ին, յաջորդական հանդիպումներ տեղի ունեցան Ձեր նախագահութեամբ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս: Կրնայի՞ք, Վեհափառ Տէր, ընդհանուր գծերով ներկայացնել յիշեալ հանդիպումներուն բնոյթն ու նպատակը:

Պատասխան.-Երեք տարբեր, սակայն զիրար ամբողջացնող հանդիպումներ տեղի ունեցան Կաթողիկոսարանէն ներս անցնող երեք օրերու ընթացքին: Առաջին հանդիպումը Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական Ժողովի լիակատար նիստն էր: Սոյն հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Կաթողիկոսարանի առաքելութեան հետեւեալ դաշտերուն առընչուած աշխատանքներ ու ծրագիրներ.-Կրօնական դաստիարակութիւն, Կիրակնօրեայ վարժարաններ, Աստուածաշունչի թարգմանութիւն, Երիտասարդաց Տարի, համալսարանականներու միութիւն (ՀԵՀՈՄ), Քահանայից Պատրաստութեան Դասընթացք, հրատարակութիւններ, բարոյական­ընկերային հարցեր, հոգեւոր շարժումներ եւ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւն: Բնականաբար, կատարուած աշխատանքներուն ընդհանուր արժեւորումը կատարուեցաւ ու յառաջիկայ տարուան գործունէութիւնը ծրագրուեցաւ: Յայտնեմ որ Կրօնական ժողովի օրակարգի վրայ կրօնական դաստիարակութիւնը իր յարակից տարածքներով միշտ կը մնայ առաջնահերթութիւն: Հայու կազմաւորման մէջ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու դերը վճռական է: Այս մտահոգութենէն մեկնած, լայն ժամանակ տրամադրեցինք այս բնագաւառին հետ աղերս ունեցող ծրագիրներու քննարկման:

Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի լիակատար նիստին առաջին հերթին քննական արժեւորումի ենթարկուեցաւ Ազգ. Ընդհ. Ժողովէն յետոյ, անցնող վեց ամիսներու ընթացքին Կաթողիկոսարանի գործունէութիւնը իր յարաբերական, վարչական, տնտեսական, շինարարական, թեմական, եւ այլ երեսներով. եւ ապա քննարկուեցաւ յառաջիկայ ամիսներուն կատարուելիք աշխատանքներուն ընդհանուր ուրուագիծը:

Երրորդ հանդիպումը, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու, Թեմակալ Առաջնորդներու ու Ազգ. Իշխանութեանց ներկայացուցիչներու հանդիպումն էր: Այս հանդիպումի օրակարգը բաղկացած էր երկու բաժիններէ.-Առաջին բաժնին մաս կը կազմէին Կաթողիկոսարանի այն ծրագիրները, որոնք անմիջականօրէն կապ ունէին մեր թեմերուն հետ: Իսկ երկրորդ բաժնին մէջ թեմերը հակիրճ զեկոյցներ ներկայացուցին իրենց գործունէութեան ու ծրագիրներուն մասին:

Հարցում.-Ձեր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեցիք "արժեւորում" բառը: Ի՞նչ կը հասկնաք արժեւորում ըսելով:

Պատասխան.-"Արժեւորումը" ինծի համար սիրելի բառ մըն է. ան իմ կեանքիս բառարանին մէջ մնայուն տեղ ունեցած է: Արժեւորում ըսելով կը հասկնամ ինքնահայեցողութիւն ու ինքնաքննութիւն՝ իրապաշտ ու քննական ոգիով: Ինքնաճանաչման ու ինքնահաստատման ճամբան կ’անցնի ինքնարժեւորման բովէն: Յառաջդիմութեան, զարգացման ու յաջողութեան երաշխիքը քննական ինքնարժեւորումն է: Արժեւորումը մարդը կ’ազատագրէ բացարձակ ինքնավստահութեան վտանգէն ու աժան ինքնագովութեան մոլութենէն. ան մարդը կը հեռացնէ ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ դառնալու վնասաբեր վիճակէն: Ահա թէ ինչու ինքնարժեւորումը որպէս մնայուն ընթացք հրամայական անհրաժեշտութիւն է իւրաքանչիւր անձի, կառոյցի, համայնքի, եկեղեցւոյ, ընկերութեան, ազգի կամ պետութեան համար: Ուր ինքնարժեւորումը բացակայ է, հոն նահանջը կը սկսի ու բռնակալութիւնը կայք կը հաստատէ: Ուր ինքնարժեւորման քաջութիւնը բացակայ է, հոն յառաջդիմութիւնը ու յաջողութիւնը եւս բացակայ կը դառնան: Արդարեւ, ինքնարժեւորումը մեզ կ’առաջնորդէ բացուելու նոր տարածքներու ու հորիզոններու՝ նոր մարտավարութեամբ ու վերանորոգ յանձնառութեամբ:

Իր երկրաւոր առաքելութեան մէկ հանգրուանին, մեր Տէրը իր աշակերտներուն դառնալով ըսաւ՝ "մարդիկ ի՞նչ կ’ըսեն իմ մասիս": Իր եւ իր կատարած գործին մասին Քրիստոս ուզեց իր շրջապատին տեսակէտը, հակազդեցութիւնը, արժեւորումը ունենալ: Եթէ Աստուծոյ Որդին, որոշ իմաստով, կարիքը զգաց ուրիշներուն կարծիքը ունենալու իր եւ իր կատարած գործին մասին, հապա մարդ արարածը, եւ մարդկային ոեւէ՜ կառոյց, որքա՜ն կարիքը ունի՝ զինք ինքնարժեւորումի մղող ուրիշներուն կարծիքը ունենալու…:

Ա՜յս գիտակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ քաջութիւնը ունեցած է իր գործին ներքին թէ հրապարակային արժեւորումը կատարելու, հեռու ամէն տեսակ ինքնահպարտութեան զգացումներէ, իր կատարած աշխատանքը համեստութեամբ ու յստակութեամբ ներկայացնելու մեր ժողովուրդին: Ազգ. Ընդհ. Ժողովի ընթացքին երբ ժողովականներէն մէկը ըսաւ՝ "հսկայ գործ կատարուած է Կաթողիկոսարանին կողմէ, ինչո՞ւ այս մասին չի գրուիր". իմ պատասխանս եղաւ հետեւեալը՝ "ինքնագովութիւնը տեղ չունի մեր Սուրբ Աթոռի կեանքին մէջ. մենք չենք հաւատար աժան քարոզչութեան ու ինքնափառաբանանքի. մենք կը հաւատանք գործին եւ մեր գործը ծառայութիւն է: Մեզի համար մշակը միջոց է, նպատակը հունձքն է": Ահաւասիկ, ա՜յս ոգիով միշտ պիտի փորձենք արժեւորումը կատարել մեր կատարած ծառայութեան: Եւ աւելին. կ’ուզեմ որ այդ արժեւորումը միայն մենք չկատարենք, աոր մասնակցին նաեւ մեր ժողովուրդին զաւակները: Չմոռնանք որ եկեղեցին ժողովո՜ւրդն է: Մենք հաշուետու ենք նախ Աստուծոյ եւ ապա մեր ժողովուրդին:

Հարցում.-Վեհափառ Տէր, վերադառնալով Ձերդ Սրբութեան նախագահած ընդհանուր հանդիպումին, յայտնեցիք որ հոն քննարկեցիք թեմերուն հետ առընչուած ընդհանրական հարցեր. պիտի խնդրենք որ այս ուղղութեամբ որոշ տեղեկութիւններ փոխանցէք մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Պատասխան.-Ձեր հարցումին ուղղակի պատասխանելէ առաջ, կ’ուզեմ յիշեցնել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մէկ ամբողջութիւն է՝ իր Կաթողիկոսարանով ու թեմերով: Ճի՜շդ է, մենք կը գործենք ապակեդրոնացեալ դրութեամբ. մենք կը յարգենք թեմի ժողովուրդին կամքը, թեմին ներքին դրուածքը: Գիտենք նաեւ թէ իւրաքանչիւր թեմ կամ գաղութ տարբեր շրջապատի մէջ կ’ապրի՝ կրօնական, քաղաքական, մշակութային ու ցեղային հասկացողութեամբ: Սակայն, միաժամանակ կը հաւատանք որ Կաթողիկոսարան-թեմ սերտ ու մնայուն գործակցութիւնը խիստ կենսական է: Ահա այս համոզումով, նախ ընդհանոր ակնարկ մը նետեցինք մեր թեմական կեանքին եւ ուրախութեամբ հաստատեցինք, թէ մեր թեմերը լաւապէս կազմակերպուած են, աշխոյժ գործունէութեան լծուած են, շինարարական հսկայ ծրագիրներ իրագործած են,կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան ուղղութեամբ կարեւոր աշխատանք կը կատարեն, ընկերային ծառայութեան բնագաւառէն ներս եւս գնահատելի յաջողութիւններ ձեռք ձգած են: Միաժամանակ, անհրաժեշտ է յիշել, որ մեր թեմերը կը դիմագրաւեն լուրջ մտահոգութիւններ ու մարտահրաւէրներ, որոնք նեղ հասկացողութեամբ թեմական չեն այլ համասփիւռքեան եւ որոշ իմաստով համահայկական տարողութիւն ունին: Հետեւաբար անոնք պէտք է քննուին լայն հայեցակէտով երբեմն միջ-թեմական գործակցութեամբ եւ անհրաժեշտութեան պարագային համազգային մաշտապով:

Վերադառնալով ձեր հարցումին, ես կ’ուզեմ առաջին հերթին անդրադառնալ հայ երիտասարդութեան: Հայ երիտասարդութեան խնդիրը լուրջ է. ան եկեղեցւոյ, գաղութի, իւրաքանչիւր կառոյցի օրակարգի գլխաւոր հարցերէն մէկը պէտք է դառնայ: Երիտասարդութիւնը մեր ապագան չէ, մեր այսօ՜րն իսկ է: Արդ, եթէ մենք այսօրուա՜ն համար չպատրաստենք երիտասարդը, վաղը ո՜ւշ է արդէն: Գաղութի մը, կառոյցի մը, ընկերութեան մը հիմքը երիտասարդութիւնն է: Ես հարցերուն հոռետեսական ու բացասական չեմ մօտենար. իմ մօտեցումս միշտ եղած է իրապաշտ: Լաւ դիտեցէք մեր կեանքը. խորաթափանց մտքով քննեցէք երիտաարդութեան ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս: Այսօր մեր երիտասարդութիւնը տագնապի մէջ է. ո՞ւր ենք մենք: Երիտասարդութիւնը մեր կեանքի լուսանցքի վրայ է երբեմն նոյնիսկ լուսանցքէն դուրս. ի՞նչ կ’ընենք մենք: Երիտասարդութիւնը ըսելիքներ ունի, ի՞նչ կ’ըսենք մենք: Չի՜ բաւեր միայն այս բոլորին մասին խօսիլ, չի բաւեր միայն ախտաճանաչում կատարել. պէտք է գործե՜լ: Մեր հանդիպման ընթացքին, ներկաներէն մէկը ըսաւ՝ "երիտասարդութիւնը եկեղեցիէն կը հեռանայ". իմ պատասխանս եղաւ՝ "ճիշդ չէ այս մօտեցումը. եկեղեցին է որ երիտասարդութենէն կը հեռանայ"…: Երբ եկեղեցին ինքզինք չի վերանորոգեր, երբ եկեղեցին անտարբեր կը մնայ զինք շրջապատող պայմաններուն, մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ, բնականաբար ան հեռու կը պահէ երիտասարդութիւնը իր կեանքէն: Մենք պէտք է գիտնանք երիտասարդութեան մօտենալու կերպերը. անհրաժեշտ է որ երիտասարդութիւնը մեր կեանքին մէջ ներառելու ձեւերուն մասին լրջօրէն մտածենք: Երիտասարդութեան Տարուան առիթով իմ պատգամիս մէջ ըսած էի, հարկ է երկխօսութիւն ունենալ երիտասարդութեան հետ. չըսել իրենց մեզի հետեւեցէք, այլ ըսել՝ միասի՜ն գործենք, միասի՜ն մտածենք, միասի՜ն ծառայենք: Խորապէս կը հաւատամ մեր երիտասարդութեան ունեցած կարողականութեան: Հարկ է զայն ճիշդ կերպով օգտագործել ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ պայծառացման, մեր մշակոյթի ծաղկման, սփիւռքի8 կազմակերպման ու մեր հայրենիքի հզօրացման:

Հարցում.-Քիչ առաջ, Վեհափառ Տէր, ակնարկեցիք հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հարցին: Այս մասին այլապէս ալ անդրադաձած էիք. արդեօք Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին քննութեան նիւթ դարձա՞ւ այս հարցը:

Պատասխան.-Երբ բանաք մեր Սուրբ Աթոռին Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Ընդհ. Ժողովի ատենագրութիւնները, պիտի տեսնէք թէ հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հարցը մնայուն ներկայութիւն դարձած է մեր մտածումներուն ու խորհրդածութիւններուն մէջ: Նախ ըսեմ, որ ես կը նախընտրեմ "վերանորոգում" բառը, որովհետեւ բարեկարգումը պատմական որոշ ժամանակաշրջանի ու որոշ եկեղեցիներուն հետ նոյնացած բառ մըն է. եւ յետոյ, բարեկարգումը աւելի մասնակի ու մասնագիտական բնագաւառ ու մօտեցում կ’ընթադրէ, մինչ վերանորոգումը աւելի համապարփակ ու ուժական գործընթացք մը կ’ընթադրէ:

Անկասկած որ մեր եկեղեցին վերանորոգման անմիջական կարիքը ունի: Մեր եկեղեցին փաստօրէն խառնարանի վերածուած է: Տասնամեակներու ընթացքին ամէն մէկ հոգեւորական իր ուզած "բարեկարգութիւն"ը կատարած է իր պատասխանատուութեան ենթակայ եկեղեցիէն ներս: Այս իրողութեան առընթեր, նաեւ ունինք դարերու ընթացքին տարբեր միջավայրերու մէջ զարգացած, այսպէս կոչուած Էջմիածնական, Կիլիկեան, Երուսաղէմական ու Պոլսական ծիսական տարբեր աւանդութիւններ: Ահաւասիկ այս պատկերը կը ներկայացնէ այսօր մեր եկեղեցին: Մեր եկեղեցին ունի նաեւ թեմական ու վարչական բնոյթ ունեցող հարցեր անցեալէն ժառանգուած: Մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ նաեւ երբեմն կը տեսնենք այնպիտի ըմբռնումներ ու մօտեցումներ, որոնք չեն համապատասխաներ դարերու ընթացքին կազմաւորուած եկեղեցաբանական ու դաւանաբանական տեսակէտներուն: Այս բոլորին վրայ կ’ուզեմ աւելցնել լեզուի խնդիրը, բա րոյագիտական-ընկերային հարցերը: Հարցեր, խնդիրներ, մտահգութիւններ, որոնք տեսական չեն, այլ՝ գոյութենական իրականութիւններ: Ահա այս կացութեան մէջ գտնուող մեր եկեղեցին անյետաձգելի պահանջքը ունի վերանորոգման համապարփակ ու ծրագրուած գործընթացքի մը, ուր առաջնահերթութեան կարգով անմիջականը ու հրամայականը մեր եկեղեցւոյ ծիսական, դաստիարակչական ու աւետարանչական երեսներուն կապուած հրատապ հարցերն են: Եկեղեցին սոսկ պաշտամունքի վայր չէ. եկեղեցին նաեւ ու մանաւանդ ժողովուրդին ուղղուած հոգեւոր ծառայութիւն է ու հաւատքի առաքելութիւն: Հետեւաբար, եկեղեցին պէտք է վերածենք քրիստոնէական հաւատքը, քրիստոնէական ճշմարտութիւնները ու արժէքները ժողովուրդին տանող կենսատու առաքելութեան: Ինչպէս անգլերէն վերջին գրքիս մէջ ըսած եմ՝ եկեղեցին պէտք է իր պատերէն դուրս գայ ժողովուրդի կեանքէն ներս դառնալով Քրիստոսի կեանքին հայելին, Քրիստոսի պատգամին արձագանգը: Այսպէս պէտք է ըլլայ մաւանանդ հայ եկեղեցին որ եղած է ու կը մնայ ժողովուրդի՜ եկեղեցին՝ հոգեւորի կողքին իր ազգային նկարագրով ու առաքելութեամբ: Այս բոլորին մասին պէտք է խօսիլ ու ծրագրել, ոչ թէ վերացական վերլուծումներով, այլ իրատես մօտեցումով ու մեզ շրջապատող պայմաններուն ճիշդ արժեւորումով: Ուրախութեամբ կ’ուզեմ հաստատել, որ այս գծով արդէն իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ յանձնախումբ մը կազմուած է եւ կը սպասենք որ այդ յանձնախումբը շուտով գործի լծուի:

Հարցում.-Ձեր խօսքին մէջ հպանցիկ կերպով ակնարկութիւն մը կատարեցիք հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն: Կարծէք մեր կեանքէն ներս սկսած են կամաց-կամաց նահանջել այդ արժէքները. այս ուղղութեամբ ի՞նչ է Ձերդ Սրբութեան տեսակէտը:

Պատասխան.-Ազգի մը կեանքը կը դառնայ վատառողջ առանց բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու առկայութեան: Ճի՜շդ է, մեր կեանքէն ներս նահանջ մը կայ հոգեւոր արժէքներու: Պայմաններու բերումով, մեր եկեղեցին շեշտը դրաւ ազգայինի՜ն վրայ: Յատկապէս Սփիւռքի մէջ ցեղասպանութենէն յետոյ ստեղծուած դառն պայմանները ստիպեցին որ մեր եկեղեցին ստանձնէ առաւելաբար ազգային դերակատարութիւն: Մեր ժողովուրդի ընդհանրական կեանքը յուզող հարցերուն նկատմամբ եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ: Սակայն, եկեղեցին պէտք է իր կոչումին հաւատարիմ մնայ՝ յստակ առաջնահերթութիւն տալով հոգեւորին: Այլ խօսքով, կրօնական դաստիարակութիւնը, ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներու մատակարարումը, աւետարանչութիւնը, ընկերային ծառայութիւնը եւ եկեղեցւոյ հաւատքի առաքելութեան առընչուած այլ տարածքներ հարկ է յատուկ ուշադրութեան առարկայ դառնան մեր եկեղեցւոյ: Գոհունակութեամբ կ’ուզեմ հաստատել որ այսօր մեր եկեղեցին հոգեւոր վերազարթնումի ընթացքի մէջ կը գտնուի: Այս ուղղութեամբ նշանները տեսանելի են ամէն տեղ: Սակայն, եթէ չկարենանք այս երեւոյթին նոր ծաւալ ու ուժականութիւն տալ աւելի կազմակերպուած մօտեցումով եւ ազդու միջոցներու դիմելով, մեր եկեղեցին կրնայ վերածուիլ սոսկ ծիսակատարական կառոյցի մը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր արժէքներու փնտռտուքին մէջ գտնուող մեր ժողովուրդի զաւակները կը հեռանան մեր եկեղեցիէն ու մաս կը կազմեն տեսակ-տեսակ աղանդաւորական ապաքրիստոնէական ու ապազգային շարժումներու:

Անդրադարձաք նաեւ բարոյական արժէքներուն: Հոս եւս որոշ նահանջ մը զգալի է: Այսպէս կոչուած արժէքներու տարբեր համակարգ մը սկսած է յառաջանալ մեր ազգի կեանքէն ներս ուր կարծէք նիւթականը, անմիջականը ու շահադիտականը սկսած են գերակշիռ ու առաջնահերթ դառնալ քան բարոյականը, ոգեկանը: Նաեւ կը նշմարենք արժեչափերու խախտում: Անձեր, դէպքեր, կացութիւններ ու երեւոյթներ կշռելու ու արժեւորելու այնպիսի արժեչափեր սկսած են գործածուիլ, որոնք երբեմն խոտոր կը համեմատին մեր ազգի ու եկեղեցւոյ դաւանած սկզբունքներւն ու արժէքներուն: Վերջերս Հայաստանէն այցելած մտաւորական մը կ’ըսէր "ոգու սով կայ…": Այո՜, եւ քիչ մը ամէ՜ն տեղ…: Վա՜յ մեզի եթէ ոգիէն ու ոգեկանէն պարպուինք…: Մեր եկեղեցին հոգեւորի կողքին կոչուած է նաեւ բարոյական արժէքներու ջահակիրը դառնալու: Ոեւէ կառոյց երբ արժէքներէ, եւ ո՜չ թէ շահերէ մեկնած կը գործէ, կը մնայ զօրեղ: Արժէքները մնայուն են, շահերը գնայուն: Արժէքները շինարար են, շահերը քանդիչ: Արժէքները երաշխիք են յառաջդիմութեան, իսկ շահերը աղբիւր են ապականութեան:

Հարցում.-Քիչ առաջ ակնարկեցիք, Վեհափառ Տէր, որ գաղութի մը անմիջական սահմաններէն դուրս մենք համասփիւռքեան հարցեր կը դիմագրաւենք: Այս ուղղութեամբ կը խնդրենք ունենալ Ձեր մօտեցումը:

Պատասխան.-Համաշխարհայնացած ժամանակաշրջանի մը մէջ ապրելով, փաստօրէն գաղութի մը հարցը այլ գաղութի մը հարցը դարձած է միաժամանակ եւ, որոշ իմաստով, ամբո՜ղջ Սփիւռքին ու ազգին հարցը: Այս ծիրէն ներս կ’ուզեմ անդրադառնալ նախ խառն ամուսնութիւններուն. երեւոյթ մը որ սկսած է մեր կեանքը ներսէն կրծել, հիւծել, մաշեցնել: Զանազան առիթներով այս մասին անդրադարձած եմ: Մենք ցեղապաշտ չենք, չենք ատեր օտար ազգերը. սակայն, նախանձախնդիր ենք մեր ժողովուրդի հոգեւոր, բարոյական, ազգային ու մշակութային արժէքներու ու աւանդութիւններու պահպանումի գծով: Պատմութիւն ու մշակոյթ ունեցող ոեւէ՜ ազգի պարագային խառն ամուսնութիւնը բնական երեւոյթ մը չէ: Ես օտար ազգերը լայն չափով ճանչցած եմ եւ գիտեմ իրենց մտայնութիւնը: Մանաւանդ փոքր ազգերու պարագային խառն ամուսնութիւնը վնասաբեր է ամէ՜ն իմաստով:

Վերջին տասնամեակին, դժբախտաբար, խառն ամսունութիւնը սկսած է նոր ծաւալ ստանալ մեր կեանքէն ներս: Եթէ Արեւմտեան երկիրներուն մէջ խառն ամուսնութիւնը յստակ պատճառներով հասկնալի է, սակայն հայահոծ գաղութներէն ներս խառն ամուսնութիւններու թիւի բարձրացումը անբնական է եւ անընդունելի: Եւ դժբախտաբար, խառն ամուսնութիւնները առաւելաբար տեղի կ’ունենան մեր կառոյցներէն ներս պատասխանատուութիւն ստանձնած ինչպէս նաեւ քաղքենիացած եւ նիւթական առաւելութիւններով օժտուած ընտանիքներէն ներս: Այս ուղղութեամբ տրուած ոեւէ բացատրութիւն անտրամաբանական է: Օտար մայր ունեցող ընտանիքէ մը ինչպէս կարելի է հայեցի կազմաւորում ունեցող զաւակներ ակնկալել, մեր հաւաքական կեանքին մասնակցութիւն սպասել, մեր ազգի ընդհանրական տագնապներուն ու երազներուն նկատմամբ յանձնառութիւն պահանջել (բացառութիւնները յարգելի են, սակայն չընդհանրացնենք ու չափանիշի չվերածենք):

Արդ, հայ ընտանիքին առողջ պահպանումը՝ իր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային երեսներով մեր բոլորին ամենէն հերատապ խնդիրներէն մէկը պէտք է ըլլայ: Այս ուղղութեամբ չենք կրնար ձեռնածալ մնալ եւ միայն երեւոյթը քննադատել: Իւրաքանչիւր գաղութ իր տեղական պայմաններուն համապատասխան մօտեցումով կոչուած է ազդու միջոցներու դիմելու. այլապէս, մօտ ապագային հայ սփիւռքը ինքզինք պիտի գտնէ իր ներքին հզօրութիւնը ու իւրայատուկ ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգին դիմաց:

Հարցում.-Վեհափառ Տէր, կը խորհի՞ք որ այս հարցին նաեւ առընչուած է օտար վարժարան յաճախող աշակերտներու երեւոյթը:

Պատասխան.-Կարելի չէ նշեալ երկու տագնապները իրարմէ անջատել, սակայն ամբողջութեամբ նոյնացնելն ալ ճիշդ պիտի չըլլայ: Կարգ մը թեմեր խառն ամուսնութիւններու գծով մտահոգիչ թիւեր պարզեցին. իսկ ուրիշ թեմեր օտար վարժարան յաճախող աշակերտներու թիւին գծով սահմռկեցուցիչ թիւեր տուին: Ինչպէս խառն ամուսնաութիւններու պարագային, նաեւ օտար դպրոց յաճախող աշակերտներու պարագային, ես չեմ կրնար հասկնալ հայահոծ գաղութներէն ներս պարզուող կացութիւնը, ուր յստակօրէն նահանջ մը գոյութիւն ունի հայ դպրոց յաճախող աշակերտներու թիւի:

Այս ուղղութեամբ կարելի է շարք մը ազդակներու ու պատճառներու անդրադառնալ. սակայն պէտք չէ ընդհանրացնել ու ընդհանրական մօտեցումներով քննարկել նման հարցեր: Մեր գաղութները տարբեր պայմաններու մէջ ապրելով, անհրաժեշտ է որ անոնք առանձնաբար (եւ սակայն իրարու փորձառութենէն օգտուելով) ու իրապաշտ մօտեցումով քննեն այս մտահոգութիւնը: Միայն չքննադատենք օտար դպրոց յաճախելու այս բացասական երեւոյթը: Ասոր կողքինպէտք է քննենք նաեւ հայ դպրոցին պարզած ներկայ վիճակը: Հայ դպրոցը թերեւս չէ կրցած քայլ պահել իր շրջապատին հետ. թերեւս կարող չէ գոհացում տալ հայ ծնողքի սպասումներուն ու կրթական ներկայ պահանջներուն: Նմանօրինակ հարցեր պէտք է լուրջ քննարկումի ենթարկուին մեր կրթական մարմիններու կողմէ ծնողներու եւ մեր զանազան կառոյցներու մասնակցութեամբ: Հայ դպրոցին դերը եզակի է, ճակատագրական է: Բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութիւն հարկ է ցուցաբերել հայ դպրոցին նկատմամբ: Իմ հայեցողութեամբ, այսօր հայ դպրոցը, ինչպէս մեր կեանքէն ներս գործող ոեւէ՜ կառոյց, հրամայական կարիքը ունի վերարժեւորման ու վերակազմակերպման:

Հարցում.-Ձեր մատնանշած մտահոգութիւնները դիմագրաւելու ու ծրագիրները իրագործելու համար մարդուժը կենսական է. արդեօք անհրաժեշտ մարդուժը ունի՞նք այսօր սփիւռքի մէջ:

Պատասխան.-Մարդուժի խնդիրը առանցքային նշանակութիւն ունի: Մարդն է Աստուծոյ ստեղծագործութեան պսակը. առանց մարդու տիեզերքը կը կորսնցնէ իր իմաստը: Չմոռնանք, որ մարդու վերամարդացման համար Աստուած մարդացաւ, մարդուն համար Աստուած իր արիւնը թափեց: Մարդը արժէք է Աստուծոյ համար. ան գործակից է Աստուծոյ: Արդ, որքան հրամայական է մարդուն տեղը ու դերը տիեզերքի մէջ: Եւ սա քրիստոնէական մարդաբանութեան հիմքը կը կազմէ: Ճի՜շդ է, նիւթականը կարեւոր է. շատ մը բաներ կարելի չէ առանց նիւթական կարելիութեան իրագործել. սակայն առանց մարդու նիւթը իր արժէքը ու իմաստը կը կորսնցնէ: Մարդու ստեղծագործ, ծառայական ու առաջնորդող ներկայութիւնը անյետաձգելի պահանջ է: Հետեւաբար, մարդու պատրաստութիւնը, պէտք է առաջնահերթ տեղ գրաւէ մեր ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն մէջ:

Պատասխանելով ձեր հարցումին, կ’ուզեմ հետեւեալը հաստատել. ո՜չ, մարդուժի պակաս չկայ մեր կեանքէն ներս: Բացատրեմ: Մեր գաղութներէն ներս ունինք մասնագիտութեան տիրացած, հարուստ փորձառութիւն ունեցող անձեր, որոնք կամ անտեսուած են ինչ-ինչ պատճառներով ու մեր կեանքի լուսանցքին վրայ մնացած, եւ կամ անձնական պատճառներով իրենք հեռացած են մեր կեանքէն: Նման անձերը ամէն գնով պէտք է վերադարձնենք մեր կեանքին:

Նոյն հարցումին դարձեալ պատասխանելով կ’ուզեմ ըսել՝ այո՜, մարդուժի պակաս կայ: Ներկայ աշխարհին մէջ, ուր ամէն ինչ արմատական փոփոխութեան, արագասոյր ընթացքի եւ մնայուն յեղափոխութեան մէջ է, ուր նոր մտահոգութիւնները ու նոր կարելիութիւնները մնայուն բախումի մէջ են, այս կացութեան դիմաց, մարդու պակասը մենք ամէն օր ու ամէն տեղ կը զգանք գոյութենական կերպով: Այո, մարդու պակաս կայ ամէն տեղ, Հայաստանէն սկսեալ մինչեւ Սփիւռքի հայահոծ գաղութները: Մարդու կարիք կայ մեր կեանքի բոլո՜ր բնագաւառներէն ներս: Արդ, մարդու պատրաստութիւնը հայ եկեղեցւոյ ու հայ դպրոցին հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը պէտք է դառնայ. այլապէս, մեր հոգեւոր թէ մտաւոր, կրթական թէ մշակութային, պետական թէ հասարակական, քաղաքական թէ լրատուական կառոյցները պիտի դատարկուին հաւատք ու տեսիլք, մասնագիտութիւն ու փորձառութիւն ունեցող մարդերէ:

Հարցում.-Վստահ եմ, Վեհափառ Տէր, ձեր ունեցած ժողովական հանդիպումներու ընթացքին, նաեւ անդրադարձաք Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան:

Պատասխան.-Քիչ առաջ հայ եկեղեցւոյ վերանորոգման մասին խօսելով, ըսի, թէ ան մեր Սուրբ Աթոռին օրակարգի մնայուն հարցերէն մէկը եղած է ու կը մնայ: Նո՜յնը կ’ուզեմ ըսել Հայաստան­Սփիւռք գործակցութեան մասին: Հայաստանը մեր բոլորին հայրենիքն է: Այս գիտակցութեամբ, նախանձախնդրութեամբ ու յանձնառութեամբ կը մօտենանք, ու պէտք է մօտենանք Հայաստանին: Հայաստան եւ Սփիւռք մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն. անոնք մէկ ամբողջութեան տարբեր երեսները, տարբեր արտայայտութիւններն են: Թէ՜ Հայաստան եւ թէ Սփիւռք այդ տարբերութիւնները պէտք է յարգեն՝ միաժամանակ ամրօրէն կառչելով մէկ ու անբաժանելի ամբողջութեան: Հո՜ս կը կայանայ մեր ներքին հզօրութիւնը: Հայաստանը Սփիւռքի նկատմամբ ըսելիք ու ընելիք ունի՝ անհրաժեշտութեան պարագային. նոյնպէս Սփիւռքը Հայաստանի նկատմամբ ըսելիք ու ընելիք ունի՝ դարձեալ անհրաժեշտութեան պարագային: Երկու պարագաներուն ալ պէտք է մեկնիլ մեր ազգի ու հայրենիքի ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն:

Ահա այս շրջագծէն ներս հարկ է դիտել Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը: Պատահական ու մակերեսային, ժամանակաւոր ու միակողմանի գործակցութիւնը վնասաբեր է: Հայաստան­Սփիւռք գործակցութիւնը պէտք է ըլլայ համապարփակ, ծրագրուած, հետեւողական ու հանգրուանային կերպով զարգացող՝ առաջնահերթութիւններու եւ գործելաձեւերու յստակ ճշդումով: Այլ խօսքով, Հայաստանը պէտք է գիտնայ թէ ինչ է Սփիւռքին կարիքը ու ակնկալութիւնը Հայաստանէն, եւ ինչ կրնայ տալ Սփիւռքին.եւ՝ փոխադարձաբար: Հայաստան­Սփիւռք գործակցութեան առընչուած բոլոր հարցերը, անհրաժեշտ է որ ճշդուին միա՜սնաբար: Այլապէս ան կը վերածուի անգոյն, ժամանակավրէպ ու անկապ "միջոցառումներու" հաւաքածոյի մը: Հարկ է ըլլալ զգոյշ՝ հեռու մնալով նման վտանգէ: Կը խորհիմ թէ Հայաստան­Սփիւռք գործակցութեան զգացական ու ռոմանթիկ հանգրուանը արդէն իսկ անցած ենք: Արդ, պէտք է ըլլալ իրապաշտ: Առողջ քննադատութիւնը հայրենասիրութեան ու նախանձախնդրութեան արտայայտութիւն է:

Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ծիրէն ներս անհրաժեշտ է որ կարեւորութեամբ նկատի առնուի Սփիւռքի ներկայութիւնը Հայաստանէն ներս, ո՜չ միայն Սփիւռքի նիւթական ներդրումը, այլ նաեւ Սփիւռքի իրագործումները, տագնապները, մտահոգութիւնները: Ես հարց կու տամ՝ Սփիւռքը որքանո՞վ ներկայ է Հայաստանի մամուլին մէջ. Սփիւռքը որքանո՞վ ներկայ է մտաւորական շրջանակներէն ներս, մշակութային ու կրթական մարզերէն ներս: Շեշտ կը դրուի տնտեսութեան վրայ եւ կ’անտեսուին եւ կ’անտեսուին մեր կեանքի այնքան կենսական մարզերը: Արդ, իմ սպասումս այն է՝ որ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը դուրս գայ պարագայական համագումարներու, հանդիպումներու ու այցելութիւններու ծիրէն եւ վերածուի հետզհետէ զարգացող, հունաւորուող ու ծաւալող մտածելակերպի, գործելակերպի ու գործընթացքի: Ինչպէ՞ս. այս մասին կարելի է անդրադառնալ այլ առիթով:

Հարցում.-Որպէս եզրակացութիւն, Ձերդ Սրբութիւնը ի՞նչ պատգամ ունի փոխանցելիք մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Պատասխան.-Իմ հայրական պատգամս հետեւեալն է ուղղուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն.­

ա) Փոխադարձ յարգանքի ու սիրոյ մթնոլորտի մէջ գործակցութեան ճամբաներ հարկ է որոնել որքան ալ տարբեր ըլլան մեր տեսակէտները ու ըմբռնումները: Առողջ քննադատութիւնը շինարար է. եւ մեր ազգը, հայրենիքը, եկեղեցին, կուսակցութիւնները կենսական կարիքը ունին առողջ քննադատութեան: Վատառողջ քննադատութիւնը քանդիչ է. պէտք է հեռու մնալ նման վիճակներէ:

բ) Տագնապներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ համազգային հիմնահարցեր կը դիմագրաւենք: Իմ կատարած մատնանշումներս պարագայական, ժամանակաւոր կամ տեղայնական խնդիրներ չեն: Անոնք մեր ազգի էութեան, գոյութեան ու ապագային հետ սերտ աղերս ունեցող լուրջ տագնապներ են: Հետեւաբար, համահայկական մաշտապով պէտք է դիմագրաւենք զանոնք: Յաճախ կ’անտեսենք այս տագնապներուն առկայութիւնը մեր կեանքէն ներս եւ կը զբաղինք մանրուքներով, պղպջակներով եւ կը շեփորահարենք մեր փոքր յաջողութիւնները:

գ) Չի բաւեր միայն վէրքը տեսնել, ցաւը զգալ, թերութիւնը նշմարել, տագնապը ապրիլ: Անհրաժեշտ է դարմանի մասին մտածել, միշտ միա՜սնաբար: Հայրենաշինութիւնը ու ազգաշինութիւնը կը պահանջէ մեզմէ որ ըլլանք արթուն, հեռատես ու քաջ՝ հաւաքական հաւատքով, կամքով ու տեսիլքով դիմագրաւելու ներկայ աշխարհին մարտահրաւէրները: