Յայտարարութիւն

Wednesday, June 3, 2009

ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆՆԵՐ - 1

Քաղուած Մարօ Նիկողոսեանի
«Նախընտրելի է Կանխել Քան Դարմանել» գիրքէն

Երբ «սննդականոն» կ‏՚ըսենք, մեզմէ շատեր անմիջապէս կը խորհին նիհարութեան մասին եւ կամ՝ միջոց մը, որով կը փորձեն նիհարնալ ։ Ո՞վքեր ենք, ի՞նչ կը զգանք, կամ որքա՞ն ենք ծաւալով եւ կազմով – այս ամէնը արդիւնք են մեր կերածներուն, մեր սովորութիւններուն։
Երբ փոփոխութիւն մը կը ցանկանք (ֆիզիքական կամ հոգեկան), հարկ է փոխել սննդականոնը եւ սորվիլ՝ ինչ եւ ինչպէս ուտել։

Սննդականոններու այլազան դասաւորումներու մէջ կ‏՚իյնան՝ 1)բուսականութիւնը, 2)ընդհանուր ուտելիքներով սնանելու ոճը (Omnivorous), 3)համայն աշխարհի ժողովուրդներու սովորական սննդառութիւնը։

Մշակոյթը եւ միջավայրը կ‏՚ազդեն սնանելու ոճին։ Ընտանիքին կամ գերդաստանին մէջ սովորութիւն դարձած սննդառական ոճը կրնայ առողջական խնդիրներ յառաջացնել – գերճնշում, սրտի հիւանդութիւն, շաքարախտ, գիրութիւն եւ նոյնիսկ քաղցկեղ։

Մեր ուտելու ոճը եւ սովորութիւնները կ‏՚ազդուին նաեւ մեր նախընտրանքէն։ Ժումերէ դուրս ուտել, հանդարտ ուտել, արագ ուտել, ընկերներով ուտել, ընթրիքէն ետք պաղպաղակ եւ կամ անկողին չմտած կաթ ու կարկանդակ ուտել եւ շատ անգամ, փոքրերը վարձատրելու համար անուշեղէններ տալ։

Կեանքի տեւողութեան, այս սովորութիւնները խնդիրներ կրնան յառաջացնել։
Յիսուն տարուան ընթացքին, աշխարհի մէջ ուտելիքներու տեսակները աւելցան աւելի քան որևէ այլ նիւթ։ Technology-ն, մարդուն լման ուտելիքները ձեւափոխեց ու շինծու ուտելիքները, համերը եւ պահածոյ ուտելիքները աւելցուց։ Նախկին բնական ուտելիքները դարձան անբնական (fast food, snacks food)։ Աշխատող դասակարգին համար ձեռնտու էր, որովհետև ան դիւրին եւ ժամանակ խնայող ճաշեր կ՚որոնէր։

Technology-ն, իր բոլոր լաւ կողմերով, վատօրէն ազդեց ընդհանուր սննդառութեան վրայ։
Ամերիկեան եւ արեւմտեան նախկին սննդականոնները, կաղապարուելով նոր սննդային փոփոխութիւններուն վրայ, սկսան արագօրէն տարածուիլ տարբեր ազգերու մէջ։
Անցեալին, մարդոց գլխաւոր մտահոգութիւնը «թերի սննդառութիւն»ը եղած էր (Deficiency disease), որու պատճառը կարգ մը կենսանիւթերու պակասն էր։ Ներկայիս ՝ ընդհակառակը ուտելիքներու մէջ կենսանիւթերու չափազանցեալ գոյութիւնն է։ Ներկայ սնունդին եւ սովորական աղիտալի հիւանդութիւններու միջեւ կայ ուղիղ կապ ( արեան ճնշում, սրտի հիւանդութիւն (Coronary Artery Disease), քաղցկեղ, շաքարախտ, գիրութիւն, ատամնային հիւանդութիւն, վարուելակերպի փոփոխութիւն եւ այլք)։

Քաղաքի եւ գիւղերու սննդառութեան տարբերութիւնը մեծ է։ Ճաշարանները, super market-ները, fast food-ը, մարդոց որակաւոր սննդառութեան արգելք կ‏՚ըլլան։ Երբ մեր պարտէզներուն մէջ բնական բուսականութիւն մէջտեղ բերենք, վերադարձած կ‏՚ըլլանք հողին որ կը հայթայթէ ամենաթարմ եւ կենսալից սնունդը։

«Բնական» (natural), «թարմ» (fresh), "organic" (քիմիական չի պարունակեր) բառերը վերջերս սկսած են ժողովրդային դառնալ։

Վերջ ի վերջոյ, պէտք է գտնել սննդառութեան հաւասարակշռութիւնը։ Կարդալով, սորվելով, փորձելով կրնանք գիտնալ մեզի յարմար սնունդին քանակը եւ կշռոյթը։

Իւրաքանչիւր մշակոյթ պէտք է գտնէ այս հաւասարակշռութիւնը։ Ամէն ժողովուրդ, արդէն իսկ իր բնական գլխաւոր ուտելիքները ունի, բայց ասոնց կարգին ունի նաեւ չափազանցութիւններ եւ սխալներ, որոնք կ‏՚ականահարեն առողջութիւնը։ Օրինակի համար, Արեւելքի ժողովուրդներու սննդառութեան մէջ, իւղի եւ protein-ի լաւ կշռոյթով բարձր քանակով բնաթել (fiber) եւ complex carbohydrates կը գտնուի։ Սակայն, այս շրջաններուն մէջ չափազանց աղ, թթուաշ եւ պահածոյ (մունէ) կը գործածեն, այդ պատճառով ստամոքսի քաղցկեղ կը յառաջանայ։
Իսկ Արեւմտեան երկիրներու սնունդին մէջ, բնաթելներու պակասին եւ իւղի առատութեան շնորհիւ, մեծ աղիքի քաղցկեղը կը բազմանայ։

Հաւասարակշռել սննդառութիւնը – ահա ա՛յս է կարեւորը։

Սննդառութեան բարեշրջումը սկսաւ վաչկատուն ցեղերով, որոնք կը տեղափոխուէին եղանակին համեմատ եւ իրենց հաւաքած ուտելիքները կ‏՚ուտէին։ Իսկ նստակեաց, գիւղական կեանքը իրենց սորվեցուց նոր ձեւով կերակրուիլ։ Հերկել, ցանել, պահել եւ պատրաստել ուտելիքներ, որոնք բաւարար էին գերդաստանին եւ աճող սերունդին համար։

Ցանքն ու որսը, երկուքն ալ կենսական էին գոյութեան համար։

Աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ ապրող մարդիկ տարբեր ուտելիքներ ունէին, ուստի, այս մէկը կ‏՚առաջնորդէր սննդառութեան մը մշակութային ։ Ճաշացուցակներու հմտութիւնը կ՚անցնէր սերունդէ սերունդ, իւրաքանչիւրը բան մը աւելցնելով հինին վրայ։

Ճկուն ըլլալ ու յարմարիլ. յարմարելու կարողութիւնը գոյատեւման բանալին է։ Եթէ նոյնիսկ 40 տարի նոյն ուտելիքները կերած ըլլանք, կրնանք փոխել զանոնք, եթէ այդ օգուտ է մեզի։ Այսպիսի փոփոխութիւններ շատ կարեւոր կրնան ըլլալ տեւական առողջութեան կամ նուազեցնելու համար հիւանդութիւններու շարքը։ Կրնան նաեւ դրական ազդեցութիւն ունենալ կեանքի տարբեր հանգամանքնրուն վրայ։

Սննդառութիւնը եւ ապրելու եղանակը փոխել դիւրին չէ, սակայն ուզողին համար, անկարելի չէ։

OMNIVOROUS.- Կը նշանակէ՝
Թէ՛ Բուսական եւ թէ կենդանական ուտելիք սպառողներ։ Աշխարհի մեծամասնութեան սննդառութիւնը այսպէս է. ասիկա դիւրին է հաւասարակշռել. անշուշտ կարեւոր է գիտնալ ու սորվիլ յատուկ ուտելիքներու անհրաժեշտութիւնը, անոնց տեսակն ու քանակը։
Կան կենդանիներ որ թէ՛ բուսակեր են եւ թէ մսակեր, որոնցմէ են արջերը եւ ագռաւները. անոնք մարդոց պէս թէ՛ միս կ՚ուտեն եւ թէ բոյս։

CARNIVOROUS.- Մսակեր
Մսակերներու գլխաւոր ուտելիքը միսն է։ Յաճախ կ՚ըսեն, թէ այն մարդը որ միս կ՚ուտէ, մսակեր կը սեպուի։ Իրականութեան մէջ, ան Omnivorous կը սեպուի, այսինքն՝ բուսակեր-մսակեր։ Մի միայն միսով սնանող մարդ դժուար է գտնել։

Գայլն ու կատուազգիները, բնականէն, կենդանիներու միսով կը սնանին ։ Ատոր համար բնութիւնը զիրենք ոժտած է յաւելեալ արագութեամբ, ուժով, սուր ատամներով եւ ժանիքներով։ Ասոնք, մեզի պէս աղացող ակռաներ չունին, անոր համար չեն կրնար ծամել, պարզապէս՝ միսը կուլ կու տան։

Կենդանիներու մարսողական դրութիւնը,հնարաւորութիւնն ունի մեծ քանակով protein եւ իւղ մարսել։ Անոնք երբ հիւանդանան, այն ատեն է որ կանաչութիւն կ՚ուտեն։
Մարդը սակայն, տարբեր է։ Առանձնայատուկ մարսողական երկար ուղի մը ունի, որ սահմանուած է բուսականութիւն մարսելու համար։ Անոր մարսողական դրոյթը կրնայ բանիլ թէ՛ բուսական եւ թէ կենդանական ուտելիքներու համար։

Տեսութիւն մը կ՚ըսէ, թէ մսակերութիւնը, ագահութիւն եւ յափշտակութիւն կը ստեղծէ, «դեռ աւելի՛ որսալու» տենչով։

Միսը ուտելիքներու համախմբում մըն է, որ կը պարունակէ առատ protein, իւղ, կարգ մը կենսանիւթեր, հանքային նիւթեր եւ չնչին բնաթել։

Միսին protein-ը, աճման եւ մկաններուն օգուտ են. անոր մէջ երկաթի քանակը շատ է։ Սակայն, առանց նեարդային ուտելիքներու (բանջ.) օգնութեան եւ կշռոյթին, չափազանց միսի սննդառութիւնը մեծ աղիքի եւ տարբեր օրկաններու քաղցկեղի վտանգը կ‏՚աւելցնէ։
Իւղոտ միսը քաղցկեղի վտանգը կ‏՚աւելցնէ, երակները կը խցէ, սրտի հիւանդութիւն եւ տարբեր խնդիրներ կը յառաջացնէ։

Միսը հաւասարակշռելու համար, սննդառութեան մէջ պէտք է աւելցնել բաւարար բնաթել եւ կենսանիւթեր – B, C, E եւ ուրիշ հանքային նիւթեր, որոնք բանջարեղէններուն մէջ կը գտնուին։

LACTO – OVO – VEGETARIAN: (Կաթնեղէն եւ հաւկիթ սպառող բուսակերներ)։
Ասիկա, սովորական բուսակերութեան սննդառութիւնն է։ Այս սննդառութիւնը թէեւ միս չի պարունակեր, բայց կ‏՚օգտագործէ մածունը եւ պանիրը։

Խիստ բուսակերները չ‏են օգտագործեր այս ուտելիքները։ Անոնք կ'օգտագործեն բանջարեղէն պտուղ, արմտիքներ, չոր լուբիաներ, հնտիկներ, պիստակեղէն։

Մարդկային պատմութեան մէջ, մարդոց մեծամասնութիւնը բուսակեր եղած է, մասնաւոր առիթներուն միայն միս կերած է։ Գրեթէ նոյնն է այսօր։ Միայն անցեալ դարուն, Հիւսիսային Ամերիկայի, Աւստրալիոյ եւ եւրոպական երկիրներու մէջ, միսով պատրաստուած ուտելիքներու սպառումը աւելցաւ։ Ասիկա պատահեցաւ նախիրներու վաճառքով, սպանդանոցներու մէջ հօտերու ջարդով եւ պատրաստ միսի կապոցներու վաճառումով։

Ամերիկեան եւ եւրոպական սննդառութեան հետ բաղդատելով, բուսական սննդառութիւնը (քիչ միս, իւղ) ալ աւելի բնական եւ առողջարար է։

Խիստ բուսակերութիւնը կը նուազեցնէ քրոնիկ հիւանդութիւնները։ Այնքան ատեն որ կենդանական protein ի օգտագործուած քանակը քիչ է, առողջական բարդոյթները նուազ են։ Անբաւարար protein ստանալու վախն է պատճառը, որ միսը կարելի չըլլար լքել:Սակայն Protein-ի չափազանցութիւնը աւելի մտահոգիչ է քան անոր պակասը։
Խիստ բուսակերներ protein պէտք է սպառեն եւ իրենց մարսողութեան հոգ տանին, քանի որ անոնց մօտ յաճախ մարսողական խնդիրներ կ՚երեւին եւ B12ի պակաս։
Մեր առօրեայ ճաշերուն եթէ քանի մը բուսական ուտելիքներ կարենանք միացնել, բաւարար քանակով կարեւոր Amino acid-ներ ստացած կ՚ըլլանք։

Կատարեալ protein ստանալու համար, միացնել հետեւեալ ուտելիքները.-

1.-Բրինձ կամ ուրիշ արմտիքներ + չոր լուբիա։ Օրինակ՝ բրինձ + ոսպ, ձաւար կամ ոլոռն (պիզելիա)։

2.- Հունտեր կամ պիստակեղէն + չոր լուբիա։ Օրինակ՝ Tofu պանիր + շուշմա (սըմսոմ)։

Կաթ, հաւկիթ, կարագ ուտող բուսակերներու համար.-

Արմտիք + կաթ կամ հաւկիթ։ Օրինակ՝ Lasagna, կաթնապուր կամ հաւկիթ + բրինձ։
Բանջարեղէն + կաթ կամ հաւկիթ։ Օրինակ՝ Crme-ով ապուր, հաւկիթով + բանջարեղէն։ Հաւկիթով աղցան։

ՀՈՒՄԱԿԵՐՈՒԹԻՒՆ.-
Հումակերութիւնը լման եւ հում (թրջուած) ուտելիքներ ոգտագործելն է, շատ անգամ կը ծլեցնեն հատիկները եւ չոր բանջարեղէնները, որոնք առողջարար են, մանաւանդ արեան խռնումի (blood congestion) համար։ Այս սննդառութեան մէջ ուտելիքները չեն եփեր, այլ կ՚ուտեն զանոնք իրենց սննդալի վիճակին մէջ։

Արեւուն ջերմութիւնը, ուժը, ջուրին եւ հողին սնունդը, կը զօրացնեն բանջարեղէնները, պտուղները, սերմերը եւ այլն։ Ծլած լուբիաները եւ սերմերը (սըմսոմ եւ այլն) ճաշերուն սնունդը կ՚աւելցնեն։ Ծլած հատիկներով հաց կը պատրաստեն, հում կաթի արտադրութիւններ կ՚օգտագործեն (unpasteurized)։

Ջուր, թարմ պտուղի հիւթ, արեւու տակ չորցած թէյ - ահա ասոնք են իրենց գլխաւոր խմիչքները։ Կը խուսափին գրգռիչներէ, քիմիական նիւթերէ, ալքոլէն եւ սուրճէն։
Այս սննդառութիւնը շատ առողջարար կրնայ ըլլալ. սակայն, եթէ կատարեալ չհաւասարակշռուի, կարելի չըլլար երկար ժամանակամիջոցով անոր հետեւիլ։

Հումակերութիւնը կենսալից սնունդ եւ կենսունակութիւն կու տայ, բայց protein-ին, կրածինին (calcium) եւ երկաթին մակարդակը ցած ըլլալով, երկարատեւ սննդառութեան պարագային խնդիրներ կրնայ յառաջացնել։ Նաեւ, կրակի եւ ջերմութեան պակասին պատճառով, կրնայ մարմինը պաղիլ։

Տաք երկիրներու մէջ ապրողներ՝ անոնք, որ չափազանց գեր են (obèse) եւ կամ անոնց, որոնց մարմնին ջերմաստիճանը բարձր է, կրնան օգտուիլ այս սննդականոնէն։ Այս ուտելիքները լաւ պէտք է ծամել։


ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ ՄԷԿ

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝