Յայտարարութիւն

Wednesday, June 3, 2009

«Փրօ Արմենիա» - 10

Տաթեւ Սուլեան





Հայ պատգամաւորներուն այս գրաւոր դիմումը յանձնուեցաւ Անգլիոյ, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Աւստրօ-Հունգարիոյ ներկայացուցիչներուն՝ առանց ունկնդրութեան բերանացի կերպով հայ ժողովուրդի անտանելի կացութիւնը ներկայացնելու խնդրանքով:


Նոյն համագումարին հայասէրներու պատուիրակութիւնը իր կողմէն համագումարին մասնակցող կարեւոր անձնաւորութիւններու ներկայացուց գրութիւն մը, որուն մէջ յիշուած են Արեւմտահայաստանի դէպքերը: Գրութեան մէջ նշուած է, որ «Հայերի վիճակը երբեք աւելի ողբալի չի եղել, քան այսօր: Եւ եթէ նրանց շուտափոյթ օգնութիւն չի լինի, նրանք կը ջնջուին այն երկրում, ուր ապրում են դարերից ի վեր եւ ուր նրանք ներկայացնում են եւրոպական քաղաքակրթութիւնն ու միտքը: Ջարդերին հաւասար սովն ու աղքատութիւնը, գաղթականութիւնը եւ կրօնափոխութիւնը օժանդակում են թիւի աստիճանական նուազումին այն ժողովուրդին, որ հաւատարիմ կը մնայ իր ազգայնութեան, իր պատմական եկեղեցուն, իր ազգային աւանդութիւններին եւ որ պահպանեց այդ բոլորը, անձեռնմխելի են կրօնական այնքան արշաւանքներից յետոյ՝ արիւնոտ զոհերի գնով: Ո՛չ Պերլինի դաշնագիրն ստորագրող պետութիւնները, ո՛չ նրանք, որոնք մասնակցում են Հաակայի քոնկրեսին, չեն կարող անտարբեր մնալ դէպի մի ժողովուրդի ճակատագիր, որի գոյութիւնը պիտի ապահովէին տակաւին չջնջուած քաղաքական դաշինքները: Դա կը լինէր վիրաւորանք մարդկութեան եւ մի արտասուելի բռնաբարումն միջազգային իրաւունքի:... Մենք հաւատում ենք, որ անօգուտ տեղը դրած չենք լինի ձեր առաջ հայերի պահանջների իրաւական հիմունքները՝ 61-րդ յօդուած 1878 թուի յուլիս 23 եւ մայիս 11, 1898 թուի Մեմորանդում, ինչպէս եւ անօգուտ տեղը յայտարարած չենք լինի, թէ որպէս եւրոպական վեց միակ պետութիւններից մէկի քաղաքացիներ, ինչ խորունկ կսկիծով ենք զգում մեզ յանցակից եւ պատասխանատու մի անիրաւութեան, այսինքն՝ երկարատեւ եւ այս աստիճան աղէտաբեր Եւրոպայի պատիւի եւ խաղաղութեան համար»:


Համագումարին մասնակցող պատուիրակները պատասխան նամակով մը յստակացուցին, թէ իրենք չեն կրնար ընթացք տալ բերանացի ունկնդրութեան հայերու պահանջքին, քանի որ այդ իրաւունքը եւ Հայկական հարցին քննարկումը ժողովի սահմաններէն դուրս է: Մէկէ աւելի դիմումներու մերժումը ստանալէն ետք, հայ պատգամաւորները անգամ մը եւս դիմում ներկայացուցին մեծ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն՝ բողոքելով համագումարի որդեգրած ընթացքին դէմ՝ շեշտելով Հայկական դատին միջազգային բնոյթը, որ կը բխի Պերլինի դաշնագիրի 61-րդ յօդուածէն, ինչպէս նաեւ 1895 թուականի «Մայիսի բարենորոգումներու ծրագիր»-էն:


Գրութիւնը այսպիսի վերջաբան ունի.«Այս պարագաներում մեզ անընդունելի է թւում, որ խաղաղութեան միջազգային քոնկրէսը կարողանայ հրաժարուել Հայկական Հարցի որեւէ քննութիւնից, եթէ, ինչպէս ցոյց են տալիս նորագոյն փաստերը, սկզբունքներ մշակելուց եւ պարզ ցանկութիւններ արտայայտելուց յետոյ քոնկրէսը մտածում է անցնել վերջապէս միջոցների իր սկզբունքների կիրառելուն»:


Այս գրութեան կողքին զուգահեռ՝ հայ պատգամաւորները բողոքով մը դիմեցին նաեւ միջազգային հասարակաց կարծիքին: Կոչին մէջ նշուած է հետեւեալը. «Քոնկրէսը իր նախագահի բերանով հրաժարւեց կատարել մեր խնդիրը՝ առաջ բերելով իրաւասութեան խնդիրներ, որ մենք չենք կարող համարել հիմնաւոր՝ ի նկատի ունենալով Պերլինի քոնկրէսը, 61-րդ յօդուածը եւ 1895 թուականի Մեմորանդումը: Արդ, մենք բողոքում ենք այդ մերժման դէմ, որ գալիս է միանգամայն հասկանալու նոյնիսկ քոնկրէսին բուն նպատակը: Մենք յիշեցնում ենք, որ պետութիւնների՝ դէպի հայերը յանձն առած երաշխաւորութիւնները մնում են մեռած տառ, թերի կառավարութիւնը իր կազմակերպած ջարդերով, բռնի տեղափոխութեամբ եւ գաղթով աւերում եւ ամայացնում է Հայաստանը: Հանդէպ այս անիրաւութեան դէպի մի ժողովուրդ, որ պահանջում է միայն իր տարրական իրաւունքները քաղաքակիրթ աշխարհի խղճին, եւ թող նա դատի, թէ Հայկական հարցի խաղաղ լուծման համար ջանքերի այսպիսի անյաջողութիւնը, աւելացնելով մարտիրոս ժողովուրդի յուսախաբութիւնը եւ, վերջ ի վերջոյ, չի խախտուի այդ ժողովուրդի հարցը ի սպառ դէպի խաղաղ միջոցների արժէքը»:


Իսկ «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը Հաակայի համագումարին եւ անոր տուած որոշումներուն մասին հետեւեալ ձեւով կþանդրադառնայ. «Յեղափոխականներ լինելով հանդերձ՝ մենք խորշում ենք թէկուզ մի հատիկ կաթիլ արիւնից եւ մենք առաջին կը լինէինք ողջունելու Հայկական հարցի խաղաղ լուծումը, թէկուզ խիստ սահմանափակ ձեւով: Ահա թէ ինչո՛ւ մենք միշտ կողմնակից ենք այնպիսի դիմումների, այնպիսի քայլերի, որոնք գալիս են հեշտացնելու մեր հարցի խաղաղ լուծման ճանապարհ: Եւ մի ճակատագրական հետեւողականութեամբ այդ դիմումները անսիրտ, քարացած անտարբերութեան են հանդիպում: Եւ թող չմեղադրեն, եթէ խաղաղ միջոցներից, խնդիրներից, աղերսներից ի սպառ յուսախաբ տարաբախտ հայ ժողովուրդը այլեւս աւելի համոզիչ միջոցների դիմի իր փրկութեան համար»:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

20-րդ դարու սկիզբը հայ ժողովուրդի երկու հատւածներուն կեանքը կը շարունակէր մնալ անդարմանելի: Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները, որոնք տասը տարիէ աւելի հիմնուած էին, յաջողած էին ժողովուրդին մէջ արթնցնել ըմբոստութեան եւ պայքարի ոգին: Անոնք, տեսնելով արեւելահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները հայ եկեղեցւոյ գոյքերու գրաւման ժամանակ՝ 1903-ին, եւ զգալով հայ-թաթարական բախումներու հետեւանքը, հասկցան, որ իրենց ծրագիրին մէջ պէտք է ընդգրկէ ամբողջ հայութիւնը:


Հայ եկեղեցւոյ գոյքերու գրաւման ընթացքին հայ ժողովուրդի արեւելեան հատուածը միասնաբար պայքարեցաւ Յուլիսեան ծրագիրի իրագործման դէմ: Այս միասնականութեան արդիւնքը եղաւ հայ-թաթարական բախումներէն յաղթական դուրս գալը: Այս իրադարձութիւններուն, հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները, միանալով հայկական կազմակերպութիւններուն, իրենց միասնական պայքարով ցոյց տուին հայ ժողովուրդին արիութիւնը: Իսկ միւս կողմէն՝ արեւմտահայութիւնը կը շարունակէր զանազան միջոցներով պայքարիլ յանուն իր արդար իրաւունքներու իրականացման:


Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները, տեսնելով ռուսական հատուածի մէջ բնակող հայ ժողովուրդին վիճակը, հասկցան, որ Հայկական հարցին լուծումը սեփական միջոցներով տանելու եւ արտաքին եւրոպական միջամտութեան համար անհրաժեշտ էր արտաքին քարոզչութիւնը:
Իսկ Դաշնակցութիւնը, հաւատարիմ մնալով իր Հայկական հարցի հետապնդման ծրագիրին, 1898-ին իր Բ. Ընդհանուր ժողովին յարմար կը նկատէր, որ անհրաժեշտ է օտարներուն եւ մասնաւորապէս այն երկիրներու քաղաքացիներուն, որոնք ստորագրած էին Պերլինի Դաշնագիրը, ծանօթացնել հայկական նահանգներուն կացութիւնը, որպէսզի անոնք իրենց հերթին ճնշեն իրենց պետութիւններուն վրայ մինչեւ տուեալ դաշնագիրի իրականացումը; «Փրօ-Արմէնիա»-ն հիմնուեցաւ, որպէսզի իրականացնէ ու ծառայէ վերոյիշեալ նապատակը: «Փրօ-Արմէնիա»-ն լոյս տեսաւ Քրիստափոր Միքայէլեանի, բժ. Յովհաննէս Լորիս-Մելիքեանի եւ ուրիշ հայերու, ինչպէս նաեւ կարգ մը ֆրանսացի մարդասէրներու ու հայասէրներու հետեւողական աշխատանքներուն շնորհիւ:


«Փրօ-Արմէնիա»-ի արդիւնքը եղաւ Հայկական հարցին արծարծումը Եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ: Հայկական հարցը արծարծուեցաւ Եւրոպական մէկէ աւելի Խորհրդարաններու մէջ, կառավարութիւններու նիստերու ընթացքին եւ հաւաքներու ժամանակ: Այստեղ մեծ է «Փրօ-Արմէնիա»-ի դերը յատկապէս Եւրոպական հասարակութեան Հայկական հարցը ծանօթացնելու իմաստով: «Փրօ-Արմէնիա»-ի յաջողութեան մէջ մեծ դեր ունի Ֆրանսացի եւ եւրոպացի մտաւորականներ, որոնք իրենց ժամանակը տրամադրեցին՝ Եւրոպա բնակող ժողովուրդներուն ծանօթացնելու համար Պերլինի 61-րդ յօդուածը, «Մայիսեան ծրագիր»ը եւ Հայկական նահանգներու իրավիճակը:


«Փրօ-Արմէնիա»-ն լոյս տեսած ութ տարիներու ընթացքին յաջողեցաւ իր շուրջ հաւաքել եւրոպացի հայասէրներ, որոնց անունները, «Փրօ-Արմէնիա»-ի կողքին, կը մնան Հայկական հարցը հետապնդող այլազգի ներկայացուցիչներու անուններու երկար ցանկին մէջ:

ՏԱԹԵՒ ՍՈՒԼԵԱՆ




Օգտագործուած Աղբիւրներու եւ Գրականութեան Ցանկ

I. «Դրօշակ», օրկան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան.-
1900, թիւ 9,10
1901, թիւ 2,3,5
1902, թիւ 1,2,3,4,6,7
1903, թիւ 2,3,4,8
1904, թիւ 6,7,8,9
1905, թիւ 3,8,10,13
1906, թիւ 1,2,3,4,8,10
1907, թիւ 3,6,7,8

II. Տասնապետեան Հ., «Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Բ. հատոր, Բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, 1985:

III. Տասնապետեան Հ., «Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Դ. հատոր, Բ տպագրութիւն, Պէյրութ, 1982:

IV. «Միքայէլեան Քրիստափորի նամակները», Պէյրութ 1993:

V.Գասպարեան Ե. Ա., «Հայասիրական Շարժումը Ֆրանսիայում առաջին աշխարհամարտի տարիներին», Երեւան, 1999:

VI. Գրիգորեան Հ., «Հայ Ազատագրական պայքարի մարտավարութիւնը 1895-1898 թթ.», Նոյեան Տապան, Երեւան, 2002:

VII. Սիմոնեան Հ., «Ազատագրական պայքարի ուղիներում», գիրք I, «Հայագիտակ», Երեւան, 2003:

VIII. Սիմոնեան Հ., «Ազատագրական պայքարի ուղիներում», գիրք II, «Հայագիտակ», Երեւան, 2003:

IX. Վարանդեան Մ., «Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն», Երեւանի Համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 1992:

X. Տասնապետեան Հ., «Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. ընդ. ժողով (1890-1924)», Աթէնք, 1988:

XI. «Հայկական Հարց. հանրագիտարան», Երեւան, 1996:

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝