Յայտարարութիւն

Thursday, June 4, 2009

ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆՆԵՐ - 2

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆԱՑԱԾ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ
(INDUSTRIALIZED)

Գործարաններու մէջ պատրաստուած ուտելիքները բնական ուտելիքներէ շատ տարբեր են :Այնտեղ պատրաստուած ուտելիքները (Mass production) հսկայ համեմատութեամբ զտուած եւ բնական կենսանիւթերէ զրկուած են։

Հացահատիկներ, բոյսեր եւ բանջարեղէններ իրենց նեարդներէն եւ կենսանիւթերէն կը մերկացուին ետին թողելով մի միայն նշայ (ճերմակ բրինձը), ապա նեարդները (fibers) կ՚օգտագործուին տարբեր ուտելիքներու մէջ, անոնց համ տալու համար։

Այստեղ, իբրեւ բաղադրիչներ կ՚օգտագործուին ալիւրն ու շաքարը։ Այս ուտելիքները երկար պահելու համար (որպէսզի չհոտին), մասնաւոր քիմիական նիւթեր կ՚աւելցնեն։
Իրողութիւնը սա է թէ՝ երբ այս ուտելիքները մուտք կը գործեն աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, ժողովուրդին ընդհանուր առողջութիւնը անկում կը կրէ։ Վատ ակռաներ, շաքարախտ, սիրտի հիւանդութիւն եւ քաղցկեղի յաւելում կ՚արձանագրուի, որոնք կապ ունին ճարտարարուեստականացած (industrialized) միջավայրին հետ։

Dr. Weston Price (ատամնաբոյժ), ուսումնասիրած է կարգ մը բնիկ ցեղեր, որոնք «նոր» ուտելիքներէն կը սպառեն։ Ասոնք բաղդատած է ուրիշ բնիկ ցեղերու հետ, որոնք դեռ իրենց դասական սննդականոնին կը հետեւէին։

Dr. Priceի տեղեկութիւնները, որոնք բնիկներու նկարագրութեամբ եղած են, անոնց կրած առողջական փոփոխութիւններու մասին է եւ առաւել՝ իր նկատումները եւ մէջբերումները։ Այս բոլորը կարելի է գտնել 1948ին իր գրած գիրքին մէջ։ "Nutrition And Physical Degeneration": A Comparison of Primitive Diets and Their Effects".

Արդի բժշկութիւնը եւ technology-ն սքանչելիօրէն յառաջացան եւ ազդեցին երկրի վրայ ապրող բոլոր էակներուն։ Կը մնայ երկսայրին... Ինչպէ՞ս հաւասարակշռել «նոր» ուտելիքները բնական ուտելիքներու հետ... Շատեր անդրադառնալով սխալին, կը վերադառնան բնական ուտելիքներուն։

ԲՆԱԿԱՆ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐ
Fast foodերէն եւ junk foodերէն առաջ, մարդկութեան ուտելիքները բնական էին։ Հողը կը մշակէին, կը քաղէին, կ՚եփէին, կ՚ուտէին եւ երբեմն ալ քիչ մը միս կ՚ուտէին։
Ովքեր ալ ըլլան անոնք, հիւսիսային կամ հարաւային Ամերիկայի հնդիկներ, մեքսիքիներ, ափրիկեցիներ, Միջերկրականի ժողովուրդներ, Եւրոպա կամ Ասիա, բոլորին սննդականոնը նոյն բաղադրութիւնը կը կազմէ - բնութեան արտադրութիւնները – հացահատիկներ, բրինձ, ցորեն, կորեկ, դե՛ռ երկրի վրայ տիրապետող ուտելիքներն են։

Վերջերս, բնական ուտելիքներ արտադրող ընկերութիւնները սկսան աւելնալ։


ԽԻՍՏ ԲՈՒՍԱԿԵՐՈՒԹԻՒՆ
Ասիկա ալ, շատ պարզ, բայց խիստ բուսակերութեան սննդականոնն է։ Միայն հացահատիկներ, բանջարեղէններ, լուբիաներ, ընկուզեղէն, հունտեր եւ կանաչութիւններ կ՚ուտեն։ Կենդանական ուտելիքներ, ինչպէս՝ հաւկիթ, պանիր, մածուն, կարագ, պաղպաղակ չեն սպառեր։
Աճումի ընթացքին, յղութեան եւ դիեցման շրջանին, դժուար է հաւասարակշռութիւն պահել։
Այս սննդականոնին հետեւողներուն կշիռքը յաճախ միջակէն վար կ՚ըլլայ, իսկ cholesterolը՝ սովորաբար ցած։

Հաւանական սննդային թերութիւններ կրնան երեւան ելլել, ինչպէս՝ կենս. B12ը, որ ամենակարեւորն է։ Երկաթը եւ կրածինը (calcium) նոյնպէս կրնան ցած ըլլալ։ Protein-ի մակարդակը լաւ կրնայ ըլլալ, եթէ անհատը լրացուցիչ ուտելիքներու հետ, խղճմտօրէն եւ ուշիմութեամբ բաւարար protein կ՞օգտագործէ։

Կենսանիւթ Aի պակասը չի զգար այնքան ատեն, որ դեղին կանաչ բանջարեղէններ եւ նարինջ կը սպառէ։ Կենս. D-ն յաճախ ցած կ՚ըլլայ, բայց այս պարագային արեւու շողերը իրենց օգուտը կը բերեն։ Կը պատահի որ zincը պակսի. սակայն կանոնաւոր կերպով, սերմերու եւ պիստակեղէններու սպառումը կ՚օգնէ այս տկարութեան։

Խիստ բուսակերութիւնը ընդհանրապէս առողջարար է, սակայն վստահ ըլլալու համար, քանի մը տարին անգամ մը պէտք է ընդհանուր քննութեան երթալ։


MACROBIOTIC ՍՆՆԴԱՌՈՒԹԻՒՆԸ.-
Այս սննդականոնը միայն եփած ուտելիքներէ կը բաղկանայ։ Այստեղ հում ուտելիքները անմարսելի կը նկատուին, քանի որ մարմինին ջերմաստիճանը կ՚իջեցնեն։
Շատ քիչ պտուղ կը սպառեն, որոնց մեծամասնութիւնը եփած պէտք է ըլլայ։ Կը խուսափին կաթնեղէններէն եւ հաւկիթէն։ Կարգ մը տեսակի ձուկեր յանձնարարելի են, ինչպէս կարմրախայտը, ճերմակ ձուկը (Halibut), Trout-ը եւ տափակ ձուկը (Sole)։ Ասոնք, սննդառութեան 5%ը կը կազմեն։ Նոյնպէս պտուղը։

Այս սննդառութիւնը, խիստ բուսակերութեան կը նմանցնեն (vegan), սակայն հոս կարծէք, աւելի protein եւ կենսանիւթեր կան քան սովորական բուսակերութեան սննդականոնին մէջ։ Macrobiotic ճաշերը կը բաղկանան 50-60% լման հացահատիկներէ (լման բրինձ, milet, վարտակ (oats), կորեկ, ցորեն, հաճար (չավտար) եւ Buckwheat (տաճկացորեն)։ Ալիւր եւ ալիւրով պատրաստուած ուտելիքներ չկան հոն, ինչպէս՝ biscuit, pasta հաց, որոնք երբեմն՝ որոշ առիթներով կ՚ուտուին։

Բանջարեղէնները ճաշին 20-25%ը կը կազմեն։ Կը խուսափին թունաւոր բանջարեղէններու ընտանիքին պատկանող սմբուկէն, գետնախնձորէն, լոլիկէն, (night shades), նաեւ avocadoէն, շոմինէն, անուշ գետնախնձորէն, yamէն։

Օրուան ճաշերը հարստացնելու համար, կ՚ուտեն նաեւ քիչ մը լուբիա եւ ծովային բոյսերով պատրաստուած ուտելիքներ։

Օգտագործուած լուբիաներէն ամենագլխաւորը՝ azukiն (կարմիր եւ մանր լուբիա), ոսպը, carbanzosն եւ ասոնց հետ եփած tofu, tempeh, miso, որոնք բուսական protein-ներ են։
Տարաշխարհիկ ուտելիքներէն ինչպէս umeboshi-ն (ճաբոնական սալոր) եւ թթխմորուած (pickled) ուտելիքներ – daikon (սեւ բողկ), ginger (արմատ մը)։ Ասոնք սովորաբար ճաշի վերջաւորութեան կ՚ուտեն, լաւ մարսելու համար։

Tamari (Soya sauce), աղով պատրաստուած շուշման եւ bancha թէյը առօրեայ ճաշերուն մաս կը կազմեն։

Ընդհանուր առմամբ այս սննդականոնը կազմուած է գլխաւորաբար լման ուտելիքներէ։ Դրականապէս խօսելով, ասիկա լաւ հաւասարակշռուած սննդականոն մըն է, բաւարարաչափ կենսանիւթեր կը հայթայթէ, հանքային նիւթեր. լաւ է նաեւ carbohydratesով եւ նեարդով։ Protein-ը բաւարար է, իսկ իւղի քանակը՝ քիչ։

Հաւասարակշռութիւնը (Yin-Yang) պատկերացնելու համար, ուտելիքներու մեծամասնութիւնը դիտել spectrum-ի կեդրոնը – օրինակ՝ բանջարեղէնները, հացահատիկները։ Իսկ քիչ գործածուող ուտելիքներ՝ պտուղներն ու շաքարը ծայրամասին են, ու հակառակ ծայրամասին կ՚իյնան միսն ու կաթնեղէնները։

Ըստ Ծայրագոյն Արեւելեան փիլիսոփայութեան, այս սննդականոնը Yin-Yang, կը հաւասարակշռէ, կը սնուցանէ եւ կը կազդուրէ։

Խուսափելով քիմիականներէն, անբնական ուտելիքներէն, իւղէն ու շաքարէն, այս սնանելու ոճը նախաքայլ մըն է առնուած դէպի ալ աւելի առողջարար սննդականոն մը։ Ուտելիքներու զանազանութեան սպառումով, տկարանալու վախն ու մտահոգութիւնը կը ջնջուին, հակառակ անոր, որ սննդառութեան հետեւողները աւելի նիհար կ՚երեւին։

Macrobioticsի սննդառութենէն ալ աւելի կրնան օգտուիլ բարեխառն կլիմայի ժողովուրդները, մնացեալ երկիրներու բնակիչները կրնան բարեփոխել զայն, իրենց երկրին կլիմային համեմատ։


0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝