Յայտարարութիւն

Sunday, June 28, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» Մուշեղ Իշխան - 2

Սիրելի Ընթերցող,


Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի :

«Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:


Նշան Պասմաճեան ____________________________________________________________



«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» - 2

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ


Կ՚ուզեմ անվարան պատասխանել թէ ճամբայ ելած եմ բանաստեղծ ըլլալու համար, բայց կը քաշուիմ ըսելու։ Ես հետս պատրաստ գրուածքներու տետրակ չեմ տանիր։ Կ՚երթամ եւ իմ շարադրութիւններովս կը զարմացնեմ Օշականը։
Յաջորդ օր մեզի կը յայտնեն թէ քննութիւն պիտի անցընենք եւ ըստ այնմ պիտի որոշուին մեր դասարանները։ Կարգադրութիւններ ընողը դպրոցին ընդհանուր հսկիչն է, որ ձեռքերը ետին կապած՝ լուռ կ՚երթեւեկէ եւ ակնոցներուն ետեւէն իր մանրիկ աչքերը կը յառէ մեր վրայ։ Այն անձերէն է, որոնք բառ մը արտասանելու վախ կ՚ազդեն։

– Ո՞վ է, կը հարցնեմ կամացուկ հին աշակերտի մը։
– Չե՞ս ճանչնար, թուաբանութեան ուսուցիչն է, պրն. Արուսեան։ Զգո՜յշ, այս մարդը կը խաչէ ձեզ։

Կ՚ըսէ ու կ՚անհետանայ։ Սարսուռ մը կ՚անցնի մարմնէս. ես թուաբանութեան մէջ տկար եմ եղած ընդհանրապէս։ Եւ հիմա ստիպուած եմ քննութիւն անցընելու «մարդ խաչող» այս ուսուցիչին առջեւ։ Զարմանալի՜ երեւոյթ. երբ կարգս կու գայ՝ կարծես բախտս կ՚օգնէ եւ գրատախտակին վրայ կը յաջողիմ լուծել տուած խնդիրները։

– Լաւ է, կ՚ըսէ խստադէմ ուսուցիչը. հիմա գնա պրն. Օշականին մօտ։

Օշականի՜ն մօտ... հայերէնի քննութիւն։ Աւելի ինքնավստահ եմ հիմա։ Հայերէնը իմ նախասիրած դասս է եղած մանկութեանս շրջանին։ Հայերէն շարադրութեան առաջին մրցանակը ես խլած եմ նախակրթարանի վերջին դասարանին։ Թանգարան, Գանձարան, Մեղրագետ, իրենց պարունակած հրաշազան աշխարհներով մտերիմ են ինծի։ Յետոյ կայ Յ. Օշականին ներկայանալու անհուն հետաքրքրութիւնը։

Աւելի թեթեւ քայլերով կ՚ուղղուիմ դէպի այն դասարանը, ուր նստած է Օշական, գրասեղանի մը ետին։ Խոշորակազմ, հաստամարմին, կլոր դէմքով մէկը, բաց օձիքով եւ անփոյթ արտաքինով։ Մազերը գլխուն վրայ ցցուած ըլլան կարծես սանտրի պակասէն։ Խոշոր աչքերուն մէջ արեան բիծեր։

– Մօտեցիր, մօտեցիր, աբեղայ,
– կ՚ըսէ Օշական վարանքս տեսնելով։

Սեղանին վրայ գիրք մը կայ, որուն էջերը կը սկսի դարձնել խառն ի խուռն եւ ի վերջոյ զայն կ՚երկարէ ինծի կարդալու։ Աչք մը կը նետեմ բացուած էջի խորագրին վրայ. Ռուբէն Զարդարեանի «Զարնուած Որսորդը»։ Ծանօթ չեմ այս կտորին. ես Մեղրագետի մէջ կարդացած եմ նոյն հեղինակի «Պուտ մը ջուր»ը։ Ի՜նչ փոյթ... քանի գործս ուղղագրութեան հետ չէ, ընթերցումէն վախ չունիմ։ Քանի մը բաներ ալ գիտեմ Ռուբէն Զարդարեանի մասին – գաւառի գրագէտ, «Ցայգալոյս»ի հեղինակ, Մեծ Եղեռնի զոհերէն։ Չի՞ բաւեր այսքանը։

Աշխոյժով եւ յստակ առոգանութեամբ կ՚աւարտեմ կտորին ընթերցումը եւ կը սպասեմ որ Օշական բառեր հարցնէ կամ հեղինակին մասին տեղեկութիւններ պահանջէ։ Բայց ան պահ մը լուռ կը նայի դէմքիս եւ կ՚ըսէ.

– Սիրեցի՞ր գրուածքը։
– Այո, պարոն, սիրեցի, շատ աղուոր էր։
– Ի՞նչ կը հասկնաս «աղուոր» ըսելով, ի՞նչ յատկութիւններ գտար անոր մէջ։
Կը սկսիմ շփոթիլ եւ սրունքներուս վրայ երերալ. ես ասանկ հարցումներու չէի սպասեր։ Ինչո՞ւ չի հարցներ՝ «ո՞վ է հեղինակը»։ Ի վերջոյ ամբողջ համարձակութիւնս հաւաքելով կ՚ըսեմ.
– Շատ լաւ նկարագրած է. լեզուն ալ գեղեցիկ է։
– Աղէկ, կը մրմնջէ Օշական քիթին տակէն, ի՞նչ կը ներկայացնեն որսորդը եւ այծեամը։
Կայծակի արագութեամբ պատասխանը կը փայլատակէ մտքիս մէջ եւ առանց երկար-բարակ կշռելու, գիւտս կը նետեմ մէջտեղ։
– Որսորդը թուրքն է, պարոն, իսկ այծեամը՝ հայը։
– Հա՞, այդպէ՞ս է, ինչէ՞ն եզրակացուցիր։
– Պարզ է, կ՚ըսեմ աւելի ինքնավստահ, հալածական այծեամը, որուն մարմնէն արիւն կը կաթկթի, հայն է, իսկ անոր ետեւէն ինկած ու զայն որսալու համար եկող որսորդը՝ թուրքը, կապարճը ուսին։
Օշականի դէմքին վրայ ուրուագծուող ժպիտը գոհունակութեան արտայայտութի՞ւն է թէ հեգնախառն կարեկցութիւն, չեմ հասկնար. բայց ան կը ժպտի, գլուխը կը շարժէ եւ կը մենախօսէ կարծես.

– Այո՛, կը հասկնամ. դուն ալ որբերու սերունդէն ես, այնպէս չէ՞։ Բնաւ զարմանալի չէ որ ձեր հոգեյատակին նստած ըլլայ ջարդարար թուրքին պատկերը եւ ամէն ինչ ուզէք բացատրել հայուն ապրած մեծ ողբերգութեամբ... բաւարար է, կրնաս մեկնիլ։
Դուրս կ՚ելլեմ անորոշ տրամադրութեամբ. ճի՞շդ էր տուած բացատրութիւնս թէ սխալ. Օշական հաւնեցա՞ւ թէ ոչ...
– Ի՞նչ եղաւ,– կը հարցնեն դուրսը սպասող տղաքը։
– Չեմ գիտեր,– կը պատասխանեմ մտահոգ եւ քայլերս կ՚ուղղեմ երրորդ դասարան մը՝ այլ քննութիւն տալու։ Ջարդարար թուրքին փոխարէն, Օշականի աչքերուն երազուն նայուածքը մխրճուած կը մնայ հոգիիս մէջ։



*
* *





Մեր դասարանը երեսունէ աւելի աշակերտ կը հաշուէ իր մէջ։ Այլազան վայրերէ եկած եւ այլազան շնորհներով օժտուած տղոց մեծ դասարան մը։ Ես նստած եմ վանեցի յաղթանդամ տղու մը քով, որ «գրագէտ»ի որոշ համբաւ կը վայելէ արդէն, Օշականի հաւնածներէն։

Յ. Օշական մեր հայերէնի ուսուցիչն է եւ շաբաթը քանի մը անգամ կու գայ, բթամատին եւ ցուցամատին միջեւ բռնած գիրք մը օրօրելով։ Կու գայ եւ իր ծանր մարմինը կը նետէ աթոռին ու հեգնախառն ժպիտով անուշցած նայուածքը կ՚ուղղէ մեր վրայ։ Իր դասերը ժամանակի ընթացքին միայն գրաւիչ կը դառնան ինծի համար, սկզբնական օրերուն ծանր յուսախաբութիւն պատճառելէ ետք։
Կը յիշեմ Օշականի առաջին դասը. սրտատրոփ կը սպասէի իրեն. նախկին դասակիցներս ըսեր էին թէ Աւ. Ահարոնեան պիտի «վերլուծենք»։ Կարդալ բառը երեւի սովորութիւն չէր գործածել Օշականի պահերուն, որովհետեւ հեղինակի մը կտորը կարդալ, կը նշանակէր զայն վերլուծել, գնահատել, քննադատել։ Ահա թէ ինչու Օշականի աշակերտները միշտ կը գործածէին «վերլուծել» բացատրութիւնը։

Այդ պահուն ընթերցման նիւթ դարձող գրուածքը Աւ. Ահարոնեանի «Արիւնոտ Թթխմորը»ն էր։ Տղայ մը իր ձեռագիր տետրակէն կարդաց անոր մէկ մասը։ Ես լաւ ծանօթ էի կտորի ամբողջ բովանդակութեան իմ հին դասագրքիս՝ Մեղրագետի էջերէն։ Անհամբեր կը սպասէի Օշականի վերլուծումին։

Աւ. Ահարոնեան առասպելական հրապոյրով դէմք մըն էր ինծի համար։ Կարդացած էի անոր «Ազատութեան Ճանապարհին»ը եւ շատ սիրած։ Իր մէջ կար թէ՛ ողբերգութիւն, թէ՛ հերոսական խոյանք։ Րաֆֆիին հետ ան մեր մեծագոյն հեղինակներէն էր, թերեւս մեծագոյնը, թերեւս սրբագոյնը։ Անհպելին, անքննադատելին։

Յ. Օշական այդ դասին պաղ ջուր թափեց վրաս։ «Արիւնոտ Թթխմորը» հաւնելով հանդերձ իբրեւ հոգեբանական ճշգրիտ պատկերացումներ ունեցող պատմուածք, սկսաւ իւրայատուկ քմծիծաղով քննադատել անոր վերջին մասը՝ իր ուռուցիկ եւ ճարտասանական բնոյթին պատճառով։ Կէս դար ետք դեռ ականջներուս մէջն են Օշականին խօսքերը, երբ կը մատնանշէր Ահարոնեանի «յաջողած պատմուածքէն հետեւեալ վիրաւոր հատուածը».

«Ամէն առաւօտ գիւղի երդիքներից ծխի պտոյտները, որպէս թանձրացած սեւ հոգսեր ու ցաւեր, ձգւում են դէպի վեր, դէպի երկինքը եւ բօթերով բեռնաւորուած բանբերների պէս վազում են կապուտակ անսահմանութեան մէջ, զարհուրելի բաներ են պատմում եւ կարծես հաշիւ ու համար են պահանջում անարդար երկնքից...»։

Այս տողերը կարդալէ ետք Օշական կ՚աւելցնէր. «Ի՞նչ պէտք ունէր հեղինակը նման վերացական, ճոռոմ խօսքերով ծանրաբեռնելու «Արիւնոտ Թթխմոր»ին իրաւ, կենդանի յաջողուածքը։ Դժբախտաբար Ահարոնեանի գրականութեան մեծ մասը դատապարտուած է մեռնելու, հակառակ վերամբարձ իր ոճին։ Ռոմանթիզմի մէջ թաթխուած յուզականութիւնը իր մեծագոյն մեղքն է։ Ապագան շատ բան պիտի չպահէ իրմէ»։

Գրականութեան տաճարէն նոր ներս մտնող հաւատաւոր եւ երկիւղած տղու մը համար շատ ծանր էր տեսնել իր պաշտամունքի առարկան հանդիսացող գրողի մը տապալումը Օշականի սեղանին վրայ, անոր վճռական եւ անվերաքննելի հարուածով։

Աւ. Ահարոնեան մեծ գրող չէ։

Աւ. Ահարոնեանէն շատ բան չի մնար։

Պատանի հոգիս ուղղակի ըմբոստացած էր։ Ա՞ս էր Օշական ըսուածը, թափթփած որքան իր արտաքինով, նոյնքան եւ լեզուով։ Այս մարդը շնորհքով խօսիլ անգամ չէր գիտեր. բառերը կը թափէին բերնէն թոթովանքով։

Երբ զանգը հնչեց եւ Օշական մեկնեցաւ դասարանէն, դարձայ քովս նստող վանեցի տղուն եւ յայտնեցի հիասթափութիւնս.

– Մե՜ղք, ես ալ մեծ բան մը կը կարծէի, երբ Օշական կ՚ըսէին։ Նախակրթարանի մեր ուսուցիչը աւելի լաւ էր, աւելի աղուոր դաս կու տար։
– Այսինքն գրողները կը գովէր, այնպէս չէ՞։
– Ահարոնեան շատ մեծ գրող է եւ Օշական չի հասկնար կոր անոր արժէքը։
– Ոչ, իրաւունք ունի Օշական, ճիշդ են ըսածները։ Երբ քիչ մը հիննաս՝ այն ատեն կը հասկնաս։

Իմ դժգոհանքս եւ ներքին ըմբոստացումս Օշականի կարծիքներուն դէմ շարունակուեցան գոնէ ամիս մը եւս, մինչեւ որ «հինցայ» եւ վարժուեցայ։


Շարունակելի 2
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝