Յայտարարութիւն

Friday, June 5, 2009

Սփիւռքահայ Գրականութիւն - 3

Մամուլի Դերը Սփիւռքահայ Գրականութեան մէջ

Մամուլը հայ նոր գրականութեան համար դեռ զարթօնքի օրերէն դարձաւ հիմնական անդաստանը ուրկէ ծնունդ առին եւ հռչակ ձեռք բերին հայ նոր գրականութեան գրեթէ բոլոր մեծ դէմքերը: Եթէ չըլլար Գրիգոր Արծրունիի «Մշակը» արդեօք Ռաֆֆի մը պիտի ըլլար հայ գրականութեան մէջ, եթէ չըլլար Պոլսոյ «Արեւելք»ը արդե՞օք պիտի կազմաւորուէր իրապաշտ սերունդ մը իր Գրիգոր Զօհրապով, Արփիարեանով, Լեւոն Բաշալեանով:

Հայ գրական իրականութեան մէջ, Մամուլը,ընդհանրապէս, ե՜ւ գրողներ ստեղծեց ե՜ւ գրական ուղղութիւններ բացաւ ե՜ւ նոր հոսանքներ յառաջացուց : Սփիւռքահայ գրականութեան կազմաւորման եւ զարգացման մէջ եւս մամուլը ,գոնէ մինչեւ 1970-ական թուականները , նոյն սրբազան գործը կատարեց:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթը, մանաւանդ իր համանուն ամսագրով դարձաւ շտեմարանը սփիւռքահայ բոլոր կեդրոններէն եկող անուններուն եւ անոնց գործերուն:»Հայրենիք» ամսագրին մէջ քաղաքական յուշագրութեան կողքին լայն տեղ տրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական արձակին ու չափածոյին: «Հայրենիք» ամսագրին դերը սփիւռքահայ գրականութեան մէջ անգնահատելի կը մնայ: Միացեալ նահանգներուն համար բեմ դարձան նաեւ ուրիշ անուններ ինչպէս Լոս Անճլոսի «Ասպարէզ»ը Պոսթընի «Պայքար»ը «Նոր Օր» եռօրեան, «Հայաստանի Կոչնակ» շաբաթաթերթը եւ մանաւանդ Բենիամին Նուրիկեանի գրական հանդէսը «Նոր Գիրը».

Ներկայիս Պոսթընի «Հայրենիք» եւ «Պայքար», Լոս Անճլոսի «Ասպարէզ» թերթերու կողքին տասնեակներով պարբերականներ լոյս կը տեսնեն եւ գրական շօշափելի արդիւնքներու կը հասնին: Միացեալ Նահանգներու կողքին կարեւորութեամբ պէտք է յիշել Մոնրէալի «Հորիզոն» թերթի գրական շաբաթական յաւելուածը ,Հարաւային Ամերիկայի մէջ իր համեստ դերը կը կատարէ նաեւ «Արմենիա» թերթը /Պուէնոս Այրես, Արժանթին/.


Եւրոպայի Հայ Մամուլը Պալքանեան երկիրներու մէջ կան բազմաթիւ օրինակներ :1920-ական թուականներուն գրական մարզէն ներս որոշ դեր ունեցած են Պուլկարիոյ «Երեւան» շաբաթաթերթը, Ռումանիոյ «Նոր Կեանք» եւ Յունաստանի »Ազատ օր» շաբաթաթերթերը: Այս թերթերը կը շարունակեն լոյս տեսնել: Այս երկիրները բնակող գրական յայտնի անուններէն կարելի է յիշատակել՝ Կարօ Մեհեանը, Սօս Վանին եւ Յակոբ Սիրունին:

Մխիթարեան վարդապետները անցեալ դարէն ի վեր կը շարունակեն լոյս ընծայել «Բազմավէպ» , «Վենետիկ» եւ «Հանդէս Ամսօրեայ» ամսաթերթերուն, առաւելաբար գիտական և հայագիտական նիւթերով: Հայ արուեստի եւ գրականութեան համար երեւոյթ մըն էր Մխիթարեան Մեսրոպ Վարդապետ Ճանաշեանի գեղատիպ «Գեղատիպ» հանդէսը: Անցեալին եւ այսօր բազմաթիւ պարբերականներ լոյս տեսած են ու կը տեսնեն Եւրոպայի այլազան մեծ ու փոքր հայ գաղութներու մէջ: Սակայն , այնպէս ինչպէս Եւրոպայի մէջ հայ գրականութեան սիրտը Փարիզն էր , Փարիզահայ մամուլն ալ դարձաւ բովանդակ սփիւռքահայ գրականութեան ամենէն տաք ու բաբախուն երակը: Հոս չենք կրնար մոռնալ Արշակ Չոպանեանին դերը: Իր հրատարակած գրականութեան եւ արուեստի «Անահիտ» հանդէսը հայ մամուլի ամենէն փայլուն եւ երախտաշատ ներկայացուցիչներէն մէկն է: Փարիզահայ գրողներու առաջին սերունդին համար շատ կարեւոր բեմ դարձաւ Շաւարշ Միսաքեանի «Յառաջ» թերթը: Թերթ մը որակաւոր մակարդակի կը հասնի նախ շնորհիւ անոր խմբագրապետին և ապա նոր աւիշ եւ եռանդ կը ստանայ շնորհիւ գեղագիտական բարձր ճաշակ եւ քննադատական առողջ մօտեցում ունեցող խմբագիրներու և աշխատակիցներու: Արդ, Շաւարշ Միսաքեան լոկ գրող մը չէր կամ միայն որակեալ խմբագիր. ան իրօք Ֆրանսահայ առաջին սերունդին գրականութեան հայրն է:

Ֆրանսահայ գրականութեան համար փայլատակման համազօր հանդիսացաւ «Մենք» հանդէսը որուն շուրջ հաւաքուեցան Շահան Շահնուր եւ իր ընկերները:

Փարիզի մէջ գրականութեան եւ արուեստի հանդէսներէն յիշենք նաեւ «Կեանք եւ Արուեստ», «Զուարթնոց», Վէմ», «Անդաստան» թերթերը :Վերջերս հոն կը հրատարակուին «Ազատամարտ», «Աշխարհ», եւ «Հայաստան» թերթերը:

Պոլիս 1922-էն ետք Պոլսահայ գաղութը հետզհետէ կազմաւորուեցաւ ու խմբուեցաւ իր եկեղեցիներուն եւ դպրոցներուն շուրջ: Այս գաղութին համար եկեղեցին եւ դպրոցը եղան հայապահպանութեան հիմնական կռուանները: Կամաց-կամաց թերթեր ալ սկսան լոյս տեսնել անոնց մէջէն 30-ական թուականներուն յստակ դիմագիծ եւ առաքելութիւն ունին Մանուկ Ասլանեանի «Ազդարարը» որ հետագային հրատարակուեցաւ Պէյրութի մէջ ալ: 1939-ին սկսաւ լոյս տեսնել «Մարմարա» օրաթերթը,որ հետզհետէ, բայց յատկապէս իր վերջին խմբագրին՝ Ռոպէր Հատտէճեանի տնօրէնութեամբ պոլսահայ գրողներուն համար դարձաւ ազատ բեմ : «Մարմարայի» դերը մեծ է պոլսահայ արդի գրականութեան մէջ:

Գրականութեան որոշ նպաստ բերած է նաեւ Հայկանոյշ Մարքի «Հայ Կին» թերթը , «Բանբեր» շաբաթաթերթը , «Քուլիսը» եւ «Սուրբ Փրկիչ» Ինքնասար Ասլան պարբերաթերթը: Պոլսահայ նոր սերունդներուն խթան հանդիսացան դպրոցական պարբերաթերթեր , որոնցմէ յիշենք Կեդրոնականի «Մշակոյթը» եւ Մխիթարեաններու «Սանը» :



Արաբական Երկիրներ Եգիպտահայ գաղութին համար կարեւոր դեր կատարեցին «Յուսաբեր» եւ «Արեւ» օրաթերթերը իրենց գրական էջերով:
Երուսաղէմի մէջ «Սիօնը»Կը շարունակէ լոյս տեսնել իբրեւ պատամասիրական եւ եկեղեցական հանդէս սակայն. Արաբական աշխարհի հայ մամուլի կեդրոնները եղան Հալէպն ու Պէյրութը . Հալէպի մէջ լոյս կը տեսնէին «Սուրիա», «Եփրատ», «Արեւելք» օրաթերթերը :Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրին» իբրեւ ամսագիր նախ լոյս տեսած է Հալէպի մէջ ապա անցած է Պէյրութ , ուր տպուած է որպէս շաբաթաթերթ :Ցարդ Հալէպի մէջ հրատարակուած են աւելի քան 130 անուն թերթ:

Հալէպահայ գրողներէն շատեր իրենց գրական նախափորձերը լոյս ընծայած են դպրոցական պարբերաթերթերու մէջ , որոնց թիւը մեծ է եղած Հալէպի մէջ: Գրական բազմաթիւ ստորագրութիւններու կը հանդիպինք «Հալէպ Գոլէճ»ի «Աւետարանական դպրոցը» գրասէրներու պարբերաթերթի եւ «Քարէն Եփփէ» Ճեմարանի «Բամբիռ» եւ «Ծիլեր» պարբերաթերթերու մէջ:

Մինչեւ 70-ական թուականները, աւելի ճիշդ`մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, Պէյրութը բովանդակ Սփիւռքի գրական ու մշակութային ամենամեծ կեդրոնն էր: Հոս հրատարակուած են «Ազդարար» եւ «Այգ» օրաթերթերը եւ կը շարունակուին հրատարակուիլ «Ազդակ» «Զարթօնք» եւ «Արարատ» որոնք ունին գրականութեան յատկացուած յատուկ էջեր կամ յաւելուածներ: Լիբանանի մէջ հրատարակուած բազմահարիւր պարբերաթերթերէն ու պաշտօնաթերթերէն գրականութեան համար նոր ակօս բացող հանդէսներ եղան «Ծիածան» ամսագիրը , Վահէ Վահեանի «Անի» ամսագիրը , գրական գրականագիտական եւ իմացապաշտ նկարագիր ունեցող Գրիգոր Շահինեանի «Ահեկան» պարբերականը, Սեզայի «Երիտասարդ Հայուհին» ,Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի»ն, Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթը ու մինչև օրս լոյս տեսնող «Բագին» եւ «Շիրակ» ամսաթերթերը :Վերջերս լոյս կը դեսնէ «Կամար» ամսաթերթը փոխարինելով «Շիրակ»ը:

Լիբանանահայ դպրոցական պարբերաթերթերը ինչպէս Նշան Փալանճեանի «Ակօսը» Դպրեվանքի «Դրազարկը» Այնճարի Աւետարանական երկրորդական վարժարանի «Շիրազ»ը եւ շատ ուրիշ աշակերտական պարբերաթերթեր մեծ թիւով գրողներու բեմ հանդիսացած են բազում տարիներ: Յիշատակեցինք քանի մը հատը միայն սակայն կը հաստատենք, որ Լիբանանի միւս բոլոր պարբերականներն ալ իրենց բարենպաստ դերը խաղացած են ու կը շարունակեն խաղալ սփիւռքահայ գրականութեան համար:

Պէյրութի մէջ կը հրատարակուին Հայ երեք համայնքներու պաշտօնաթերթերը «Հասկ»ը, «Ջանասէր»ը «Մասիս»ն ու «Աւետիքը»: Նաեւ մեր ամենէն լուրջ տարեգիրքերը՝ Դպրեվանքի «Հասկ Հայագիտական»ը եւ Հայկազեան Գոլէճի «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ը:

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 3

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝