Յայտարարութիւն

Tuesday, June 30, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» Մուշեղ Իշխան - 4

Սիրելի Ընթերցող,


Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի :

«Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:


Նշան Պասմաճեան ____________________________________________________________



«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» - 4

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ

Գողունի կատարուած այս արարքը եւ անոր յաջորդող սպասումը բաւականին մեծ յուզումներ արժած են ինծի։

Մէկ կողմէ կ՚երեւակայէի որ Օշական անակնկալի եկած ստեղծագործութեանս գեղեցկութեան առջեւ՝ պիտի շնորհաւորէր զիս դասարանին մէջ ու ես մէկ օրէն միւսը պիտի դառնայի հռչակաւոր բանաստեղծ. միւս կողմէ վախի մէջ էի, որ պիտի մտնէր դասարան ջղայնացած եւ գետնէ գետին պիտի զարնէր գործս, ծիծաղելի դարձնելով զիս ընկերներուս աչքին։
Եւ ահա տետրակներու տրցակը ձեռքին Օշական կը մտնէ դասարան եւ զանոնք կը նետէ սեղանին վրայ։ Մէջէն մէկ հատը միայն պահելով՝ հրահանգ կու տայ, որ մնացեալները բաժնուին իրենց տէրերուն։ Սիրտս կը սկսի թփրտալ կուրծքիս տակ. պահած տետրակը անպայման իմս ըլլալու է։

– Հարկ չեմ տեսներ ձեր շարադրութիւններուն մասին մի առ մի դիտողութիւններս ընելու. պէտք եղածը գրած եմ իւրաքանչիւրին տակը։ Ընդհանրապէս խեղճ բաներ են. բայց գլուխ գործոցը հետեւեալն է.–

Օշական կը բանայ վերապահած տետրակը ու կը կարդայ.

«Այս նկարը կը ներկայացնէ գիւղական տեսարան մը. մէջը կան վեց ծառեր իրարմէ քիչ մը հեռու. դաշտին մէջէն անցնող ճամբան նեղ է, քարքարոտ կ՚երեւի։ Հինգերորդ եւ վեցերորդ ծառերուն տակ տնակի պէս բան մը կայ։ Նկարին մէջ ոչ թռչուն կայ, ոչ մարդ արարած։ Այս տեսարանը ես չսիրեցի, որովհետեւ տխուր է»։

Այսքա՛ն։ Շունչ մը կը քաշեմ։ Իմ տետրակս, մէջի գանձով, ձեռքս է. չեմ համարձակիր բանալ։ Օշական ամպիոնին վրայ կեցած խոժոռ դէմքով մեզ կը դիտէ, ապա դառնալով յիշեալ գրուածքի հեղինակին՝ կ՚ըսէ.

– Փինթի՛, ասիկա շարադրութի՞ւն է, ասիկա հայերէն է. ո՞ւր է աչքդ, ո՞ւր է սիրտդ գրուածքին մէջ։
– Բայց, պարոն,– ոտքի կ՚ելլէ տղան.– ամէն բան ըսած եմ. ձեր պատուէրին համաձայն՝ նախ առարկայականը տուած եմ, յետոյ ենթակայականը։
– Այսինքն,– կը հեգնէ Օշական,– նախ ծառերը համրած ես, յետոյ «չսիրեցի» մը կոխած տակը։ Գետնին տակը անցնիս դուն ալ, քու սիրելդ ալ։ Երեւակայութիւն ըսուած բանը չունիք, իսկ ձեր հոգին՝ աղքատ Ղազարոս...

Զանգը կը փրկէ մեզ եւ ես դուրս կը վազեմ անհամբեր։ Կ՚առանձնանամ անկիւն մը եւ կը բանամ տետրակս։ Ո՜վ աստուածային երջանկութիւն. քերթուածս կարդացուած է. փաստ՝ տակը կարմիր մելանով Օշականի արձանագրած դիտողութիւնները։

Պատմական այս դէպքին վրայէն անցեր է աւելի քան կէս դար, սակայն յիշողութեանս մէջ դրոշմուած կը մնան մանրամասնութիւնները. ասանկ բաներ չեն մոռցուիր մարդուս կեանքին մէջ։

Մելգոնեանի տրամադրած տետրակները իրենց կողքին վրայ ունէին անգղի գլուխ մը։ Անգղի գլուխով իմ տետրակս ինկած էր «անգղի կտուցին տակ»։ Ո՛չ, առաջին մեծ երկունքէ ծնած գործս բոլորովին չէր բզկտուած անոր անողոք կտուցին տակ։

Երկա՜ր ատեն պահած էի այդ տետրակը իբր յիշատակ ու վկայութիւն. ափսո՜ս որ կորսնցուցած եմ. բայց մօտաւորապէս կը յիշեմ Օշականի մանրիկ, ճանճի տոտիկներու նմանող գիրերուն պարփակած իմաստը։

Քերթուածիս տակ արձանագրած դիտողագիրը կէս էջ մը կը բռնէր, յստակօրէն բաժնուած քանի մը կէտերու։ Այսպէս՝
1.- Այս ոտանաւորը ուշադրութիւնս կը գրաւէ լեզուի եւ պատկերներու իր ճոխութեամբ։
2.- Իրաւ ապրումներու փշրանքներ կան հոն։
3.- Վիրաւոր է ռոմանթիզմով եւ շրջանը յատկանշող այլ մեղքերով։
4.- Վարուժան, Ռ. Որբերեան, Սիպիլ կը հոտի։

Ու տակաւին նման քանի մը ուրիշ օշականեան դիտողութիւններ։

Ուրախանա՞լ թէ տխրիլ։ Պահ մը շշմած մնացի եւ մխրճուեցայ հակասական խորհրդածութիւններու մէջ։ Գրածս պէտք եղած զգայացունց տպաւորութիւնը չէր գործած վարպետին վրայ։

Միւս կողմէ՝ չէր ալ մերժուած բոլորովին, քանի որ «գրաւած էր իր ուշադրութիւնը»։ Այդքանը մեծ բան էր անշուշտ։

Լաւ չէր ոտանաւորիս Ռ. Որբերեան եւ Սիպիլ հոտիլը։ Իր դասերէն գիտէի թէ Օշական չէր հաւներ այս հեղինակները։ Ինք չէ՞ր որ Սիպիլի համար ըսած էր օր մը. «Այս կինը հազիւ լուբիայի չափ սիրտ ունի»։ Իսկ Ռ. Որբերեանի նշանաւոր «Գիւղիս ճամբան» վերլուծելով եզրակացուցած էր. «քարթ-փոստալ մըն է». գառնուկը, մարգագետինը, առուակը, մանուշակը։
Ի՜նչ փոյթ. ինձմէ կու գար նաեւ Վարուժանի բուրմունքը։ Ատկէ մեծ պատի՞ւ...
Այնուհետեւ Օշականի աչքը քաղցրացաւ վրաս. դասարանին մէջ կարդացուած գրութեան մը մասին յաճախ սկսաւ հարցումներ ուղղել ինծի իր սովորական կատակով.

– Մե՛նծ քերթող, ինչո՞ւ կը հաւնիս Բաշալեանի այս պատմուածքը, կրնա՞ս ըսել։

Ատկէ դիւրին ի՞նչ կար. բաւական մօտէն ծանօթ էինք այլեւս մեր ուսուցիչի գրական-գեղարուեստական ճաշակին եւ ըմբռնումներուն։

– Այո՛, պարոն, որովհետեւ զուսպ է, իրապաշտ, կեանքով բաբախուն։

Իր խօսքերը կը վերադարձնէինք իրեն. այսուհանդերձ ամսէ ամիս բան մըն ալ կը մնար մեզի։ Ես միայն դպրոցական երկու տարեշրջան աշակերտեցի Օշականին, բայց կրնամ անվարան վկայել թէ բառամոլութենէն զգացած ներքին երկիւղս, յուզական պատկերներու հանդէպ ունեցած նախասիրութիւնս, իմացական որոնումներու տեղ կեանքի ջերմութիւնը գտնելու եւ փոխանցելու հակումս իրեն կը պարտիմ։ Օշականի ազդեցութիւնը վրաս, գրական յիշեալ յատկանիշներով, լա՞ւ եղաւ թէ գէշ՝ այլ խնդիր։ Թերեւս այս տողերը կարդալով նորահաս սերունդէն մտածողներ ըլլան թէ Օշական մեռցուցած է զիս՝ դէպի պարզութիւն, ժուժկալութիւն եւ յուզական իրապաշտութիւն մղելով։ Չեմ վիճիր։ Արուեստի մէջ ճաշակները յարաշարժ են եւ այլատեսակ։ Ես դժգոհ չեմ իմ իսկութենէս, որուն հաւատարիմ մնացի՝ խոշոր չափով մը Օշականի ուղեցոյցով։

«Մենծ քերթող» դառնալէս ետք օր մը Օշական կանչեց զիս եւ ըսաւ.

– Այսօր դասի չես մտներ, կ՚առանձնանաս գրադարանը եւ կը գրես ուղերձ մը՝ նուիրուած Մելգոնեան բարերարներու յիշատակին...

Զարմացած մնացի։ Ես ո՜ւր, ուղերձը ուր։ Եւ ինչո՞ւ համար։

– Հանդէս պիտի ըլլայ, տնօրէնը կը փափաքի որ աշակերտ մըն ալ ուղերձ կարդայ։
– Բայց, պր. Օշական, ես ի՞նչ պիտի գրեմ, ես բնաւ ուղերձ չեմ գրած։ Թող ուրիշ մը գրէ...
– Կրնաս, դժուար չէ, բառերդ եւ լեզուդ բաւարար ճոխութիւն ունին։
– Բառերը կը բաւե՞ն։
– Բաներ կան, որոնք առաւելաբար բառերով կը հիւսուին, հանդիսաւոր օրերու ճառերը, տօնական ուղերձները... կարելի է անկեղծ մտածումներ ու զգացումներ ալ յայտնել։ Խօսէ նուիրատուներու անձնազոհութենէն, մեծասիրտ առատաձեռնութենէն, հայ արժէքներու հանդէպ տածած յարգանքէն...

Շփոթած ու անշարժ կեցած էի դիմացը։ Օշականն էր հրամայողը. ստիուած էի ընդունիլ։ Գիտէի թէ ամիսներ առաջ Օշական ստանձնած էր բարերարներուն ընդարձակ կենսագրականը գրելու պարտականութիւնը, անոնց ծննդավայր՝ Կեսարիայէն սկսեալ մինչեւ անոնց բնածին տաղանդին ոսկի դառնալը եւ ոսկիին կրթական օճախի վերածուիլը։

Ի՞նչ եղաւ Մելգոնեան բարերար եղբայրներու նուիրուած Օշականի աշխատասիրութիւնը՝ տեղեակ չեմ։ Հարկ լուծանէ զօրէնս. մեծ գրագէտը «իր չունեցած ժամանակէն» երբեմն կը յօժարէր օրեր տրամադրել պարագայական նման աշխատանքներու, երբ ատոր բարիքին պէտքը զգար։ Տարիներ ետք նոյնանման աշխատանք մըն ալ կատարեց՝ ամբողջ հատոր մը նուիրելով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Աթոռի գահակալին՝ «Արեւելահայ Բանասիրութիւնը եւ Գարեգին Կաթողիկոս Յովսէփեան» խորագրին տակ։ Օշական այդ օրերուն որոշած էր Լիբանան գալ եւ ստանձնել Անթիլիասի դպրեվանքին գրականութեան դասերը։

Քրտնաջան աշխատանքով գրուած ուղերձս յաջողութիւն գտաւ հանդէսին. տնօրէնը մինչեւ իսկ առաւ զայն՝ Բարեգործական Միութեան պաշտօնաթերթին ուղարկելու համար։
Ուսուցիչի եւ աշակերտի մեր յարաբերութիւնները դասէ դաս լաւ կ՚ընթանային հիմա, բայց ես կ՚ուզէի աւելին. ես բուռն փափաքը ունէի Օշականի հետ, դասերէն դուրս, անձնական յարաբերութիւններ մշակելու։ Մտքիս մէջ ունէի բազմաթիւ այրող հարցումներ գրականութեան եւ յատկապէս բանաստեղծներու մասին. մեր բազմանդամ դասարանին մէջ դժբախտաբար կարելիութիւն չկար Օշականի հետ մտերմանալու, որովհետեւ մենք գիշերօթիկ էինք, իսկ ան կամ կ՚աշխատէր սենեակը փակուած կամ տուն կ՚երթար դասերը աւարտելէ ետք։ Մէկ հնարաւորութիւն միայն կար Օշականին մերձենալու. կէսօրուան ճաշը իր սենեակը տանելու պարտականութիւնը։

Արդարեւ, կարգ մը ուսուցիչներ շաբթուան ընթացքին մէկ-երկու օր իրենց սենեակին մէջ կը ճաշէին։ Ընդհանուր հսկիչը, հերթապահութեան դրութեամբ, ճաշ տանող աշակերտ մը կը նշանակէր իւրաքանչիւր ուսուցիչի համար։ Ամէն շաբաթ կը փոխուէր հերթը։ Ես ամբողջ սրտով կ՚ըղձայի որ Օշականին ճաշ տանելու հերթը ինծի գար. չար բախտէս՝ իմ ծառայութիւնս այլ ուսուցիչներու կը վիճակուէր։

Օր մըն ալ, երբ հերթապահներու ցուցակը կախուեցաւ պատէն, տեսայ որ անունս գրուած էր Օշականի անուան դէմ։ Վերջապէ՜ս. ես պիտի մտնէի, ճաշի ափսէն ձեռքիս, գրականութեան մեծ քուրմին սենեակը եւ հարկաւ քանի մը բառ փոխանակելու երջանկութիւնը պիտի ունենայի իրեն հետ։

Առաջին անգամ երբ ճաշը տարի՝ Օշական սեղանին առջեւ նստած կը գրէր. հազիւ գլուխը վեր առաւ եւ արագ նայուածք մը նետեց վրաս՝ քիթին տակէն մռլտալով.

– Լաւ, դիր այնտեղ, թող մնայ։
– Բայց, պր. Օշական, ճաշը կը պաղի։
– Հոգ չէ,– ըսաւ ան եւ շարունակեց գրել։

Ես կը դանդաղէի՝ իրմէ պզտիկ զրոյցի պահ մը խլելու յոյսով։

– Վրան գոցե՞մ։

Օշական չհասկցաւ կարծեմ ըսածս, տարուած իր աշխատանքով։ Ստիպուեցայ դուրս ելլել սենեակէն՝ կամաց մը դուռը փակելով։ Յուսախաբ էի։ Ճաշի սպասարկութեան այս առիթն ալ օգուտ չըրաւ Օշականի մտերմութեան մատչելու համար։

Յաջորդ օր աւելի տրամադիր կ՚երեւէր։ Ճանչցաւ զիս եւ շնորհը ըրաւ կատակելու։
– Մե՜նծ քերթող, քեզի՞ յանձներ են այս ապերախտ պաշտօնը։
– Հաճոյք է, պարոն, ձեզի ճաշ բերելը։

Հերթապահութեան այդ շաբթուան ընթացքին առիթ ունեցայ անշուշտ հետը կարճ զրոյցներ ունենալու, որոնցմէ քանի մը խօսք կամ գաղափար կը յիշեմ միայն։
Օշականի համար ամէնէն սուղ բանը ժամանակն էր. ուղղակի կը տառապէր ժամանակի պակասէն։ Մտքին մէջ պատրաստ բազմաթիւ վէպերու ծրագիրներ կային, որոնց իրագործման համար մէկ մարդու կեանքը անբաւարար կը գտնէր։ Օր մը ափսոսանքի արտայայտութիւն մը ունեցաւ, այս մասին խօսելով.

– Սիրտս պիտի դիմանա՞յ արդեօք գրելու այս հեւասպառ վազքին։

Ես ի՞նչ կրնայի ըսել՝ ճաշի պնակը ձեռքիս կեցած իր դիմացը։ Ես՝ իր վրայ հիացող ազազուն պատանի, ինք մեծահամբաւ գրագէտ։ Այդ օրերուն սրտի տագնապ չէր ունեցած տակաւին, բայց կարծես կը նախազգար։

Յետոյ խօսեցաւ ժամանակը խնայելու համար ի գործ դրած միջոցներու մասին։ Օշական մելանին մէջ ջուր կը խառնէր, որպէսզի գրիչը աւելի դիւրին եւ արագ սահի. կը գրէր մանրադիտային եւ հազիւ ընթեռնելի տառերով, որպէսզի ստեղծագործութեան նիւթեղէն ճիգն ու սպառումը նուազագոյնի իջնեն։

Կը յիշեմ որ «Հայրենիք» ամսագիրը ետ էր ուղարկած «Ծակ Պտուկ»ին ձեռագիրը, որովհետեւ գրաշարները բողոքած էին։ Այդ վէպին գոնէ մէկ մասը կարգ մը աշակերտներու կողմէ վերընդօրինակուեցաւ եւ այդ ձեւով կարելի դարձաւ տպագրութիւնը շարունակել։
Գրելու «կատաղութիւն մը» վարակած էր Օշականին ամբողջ էութիւնը։ Իր մտատիպարը այս մարզին մէջ Պալզաքն էր, աշխատանքի եւ ստեղծագործութեան այդ հսկան, որ նախանձը կը շարժէր Օշականին։

– Գիտե՞ս որ ես ստիպուած եմ,– ըսաւ ան անգամ մը,– օրը գոնէ երկու ժամ ալ ընթերցումներուս յատկացնել։ Առանց կարդալու կը ժանգոտիս։

Իր ընթերցումները գլխաւորաբար գիտակա՞ն գործերու նուիրուած էին թէ վիպական՝ ծանօթ չէր ինծի։ Գիտեմ միայն թէ հիացում ունէր Հիբոլիտ Թէնի եւ Սէն Պէօվի հանդէպ, իբրեւ արուեստը ըմբռնող եւ մեկնաբանող մեծատաղանդ հեղինակներ։

Սփիւռքի չորս կողմէն, հին եւ նոր սերունդին պատկանող բոլոր գրողները իրենց հրատարակած գործէն օրինակ մը կ՚ուղարկէին Օշականի, շողշողուն ձօնագրութեամբ։ Կը սպասէին անշուշտ որ անուանի քննադատը արտայայտուի. երբեմն ձօնագրուած հատորին կ՚ընկերանար նամակ մըն ալ, աւելի ճիշդ՝ խնդրագիր մը, որ Օշական շնորհը ընէ քանի մը տող գրելու։

– Ինչպէ՞ս կը հասնիք ձեզի ղրկուած այդ բոլոր գիրքերը կարդալու,– համարձակեցայ հարցնել օր մը, սեղանին մէկ անկիւնը տեսնելով նոր հրատարակութեանց դէզը։

– Կը կարդամ, տղաս, կը կարդամ. Օշական առանց կարդալու կարծիք չի յայտներ։
– Բայց ձեր սուղ ժամանակը...
– Կը բաւէ որ հատորէ մը երկու ոտանաւոր կարդամ, կարծիքս կազմուած կ՚ըլլայ արդէն. գիտեմ թէ գրողը բանաստե՞ղծ է թէ ոչ։
– Հապա վէպե՞րը։
– Վէպն ալ կը սկսիմ եւ եթէ առաջին տասը էջերը բռնեցին զիս, կը շարունակեմ. եթէ ոչ՝ մէկդի կը նետեմ։

Իր վերաբերումն ու քննադատութեան կերպը որքան ալ ենթակայական ըլլար, Օշականի սուր զգայարանքը քիչ անգամ կը սխալէր դատումներուն մէջ։ Դժուարահաճ էր նորերու հանդէպ, ինչպէս եղած էր երիտասարդութեան նաեւ՝ հիներուն։ Այն ատեն «նորերը» ըսելով կ՚ըմբռնէին Փարիզի տղաքը։ Շ. Շահնուր □Յառաջ□ի մէջ նոր էր հրատարակած իր վէպը՝ «Նահանջը Առանց Երգի». Օշական հաւնած էր Շահնուրի ոճին արագութիւնը, բայց զգայացունց ըլլալու «սրբապիղծ փորձ» կը համարէր անոր լուտանքները՝ ուղղուած Նարեկին եւ աւանդական այլ արժէքներու։ Չեմ յիշեր վէպը հատորի վերածուա՞ծ էր թէ ոչ. մեր ուսուցիչի մասնաւոր կարգադրութեամբ արտօնութիւն ստացանք Շահնուրը կարդալու «Յառաջ»ի էջերէն։ Բացառիկ շնորհ էր ասիկա. օրաթերթ կարդալու իրաւունք չունէին Մելգոնեանի սաները։ Տակաւին կը յիշեմ իր կարծիքը Վազգէն Շուշանեանի մասին. «սիրտ ունի այդ տղան» ըսաւ օր մը եւ աւելցուց. «վախնամ սրտէն երթայ անժամանակ»։ Շուշանեան սրտէն չգնաց, բայց «անժամանակը» ճիշդ դուրս եկաւ դժբախտաբար։

Օշական, աշխատանքէ յոգնած, «ուղեղը պարպելու համար» երբեմն կը սիրէր տամա խաղալ։ Տամայի մեծ վարպետ էր ինք։ Հաստատութեան մէջ ոչ ոք կրնար չափուիլ հետը։ Իր դէմ խաղացողները անպայման պարտուած դուրս կու գային։ Իրար ետեւէ քարեր կը զոհէր՝ ի վերջոյ «ուտելու» համար հակառակորդին բոլոր քարերը։

– Պարոն, մեծ ռազմագէտ էք,– կը կատակէին խաղին շուրջ բոլորուած վերի դասարանի տղաքը։

Ռազմագէ՜տ՝ այո՛, թերեւս, բայց Օշականի միտքը մեթոտի եւ կարգաւոր մտածողութեան պակասէ կը տառապէր։ Ինք գիտէր այս թերութիւնը եւ գիտական դասերը չսիրող տղոց յաճախ կ՚ըսէր.

– Սխալ է փախուստ տալ մաթեմաթիկէն. իմ անձս ձեզի օրինակ.իմ միտքս շատ աւելի մշակուած ու տիսիբլինէ եղած կ՚ըլլար, եթէ բարձրագոյն ուսում ստացած ըլլայի։

Ծանօթ է բոլորին թէ Օշական գիւղի նախակրթութենէն ետք մէկ տարի միայն ուսած էր Արմաշի դպրեվանքը եւ այդքա՛ն։ Մնացածը ձեռք էր բերած ինքնաշխատութեամբ, կատաղօրէն լափելով Արտաշէս Յարութիւնեանի գրադարանին բոլոր գիրքերը, Մալկարայի մէջ։

Իր մտքի կէս մնացած կրթանքը լրացնելու համար երբեմն մեր մաթի ուսուցիչէն երկրաչափական խնդիրներ կ՚առնէր եւ կը լուծէր։

*
* *

Շարունակելի 4

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝