Յայտարարութիւն

Saturday, June 6, 2009

Սփիւռքահայ Գրականութիւն - 4

Վերապրող գրողներու դերը սփիւռքահայ գրականութեան մէջ

1915 Ապրիլ 24-ի ձերբակալութիւններէն եւ տարագրութեան ճամբաներէն ստոյգ մահէն փրկուեցան փոքրաթիւ գրողներ:Ասոնք կուգային արեւմտահայ գրականութեան վերջին 2 սերունդներէն` իրապաշտ եւ արուեստագէտ : Այս մտաւորականներուն վրայ աւելցան Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք Համայնավար իշխանութիւններէն փախած եւ սփիւռք ապաստանած շարք մը այլ գրողներ , մտաւորականներ, քաղաքական դէմքեր եւ արուեստագէտներ:


Սփիւռքը շատ բան կը պարտի այս բոլոր դէմքերուն, զորս կը ճանչնանք վերապրողներ անունին տակ: Անոնցմէ ոմանք եղան հայ դպրոցը կազմակերպողները,ոմանք մամուլի հիմնադիրները իսկ ուրիշներ մեր հանրային եւ քաղաքական կազմակերպութիւնները վերակենդանացնող եւ անոնց նոր պայմաններուն համաձայն ծրագիր եւ ուղղութիւն տուողներ: Բայց գրականութեան մէջ , երախտաշատ յատուկ աշխատանք տարին խումբ մը վերապրող գրողներ, ինչպէս`Յակոբ Օշական իբրեւ ուսուչապետ եւ գրական քննադատ, անոր դարբնած ուսանողները դարձան սփիւռքի անուանի ուսուցիչներ , եկեղեցականներ եւ գրական մշակներ :Անոր գրական ժառանգութիւնը հպարտութիւն մը եղաւ Սփիւռքի գրասէր հասարակութեան համար իսկ քննադատութիւնները՝ վաւերական անուններ դարձուցին նոր գրողներէն շատերը ինչպէս Մուշեղ Իշխանը, Անդրանիկ Ծառուկեանը, Համաստեղը, Արամ Հայկազը եւ շատ ուրիշներ:

Վահան Թէքէեան եղաւ առաջին բանաստեղծը որ թէեւ հինէն կուգար, բայց լաւ ճանչցաւ մեր նոր պայմանները եւ Սփիւռքի հայ մարդուն հայօրէն ապրելու ոգի ներշնչեց եւ ուղղութիւն տուաւ անոր. հոգատար դարձաւ նոր բանաստեղծներուն, հրատարակեց անոնց երախյայրիքը, հիմնեց բազմաթիւ թերթեր՝ «Զարթօնք», «Արեւ», «Շիրակ»: Անոր բանաստեղծութեան ազդեցութեան տակ մնացին զինք յաջորդող գրող սերունդները:

Վիպասան ու թատերագիր Լեւոն Շանթ , բանասէր ու գրական քննադատ Նիկոլ Աղբալեան , հիմնադիրներ՝ Պէյրութի Հայ Ճեմարանի , փրկարար դեր խաղցան, իրենց հիմնած Համազգային Մշակութային Ընկերակցութեամբ: Արշակ Չոպանեանի թարգմանական աշխատանքները հպարտութեան աղբիւր դարձան օտար մշակութային շրջանակներու մօտիկ հայ գրական սերունդներուն: Թիւը մեծ է, յիշեցինք գլխաւորները միայն:



Սփիւռքահայ Գրականութեան Գլխաւոր Թեմաները

Գրականութիւնը կեանքի հայելին է, իրականութեան գեղարուեստական պատկերն է: Գրականութիւնը մեզի կը բերէ ապրուած օրերու յիշողութիւնը, ապրուող օրերու հոգն ու տագնապը, ապրելիք օրերուն երազն ու իւթոպեան: Գրականութիւն չկայ գրականութեան համար, այսինքն`գրականութիւնը նպատակ մը ունի, գրականութեան դերը մեծ է յատկապէս կեանքի ճանաչողութեան եւ դաստիարակչական մարզերէն ներս:


Ուրիշ բան չէր կրնար ըլլալ նաեւ սփիւռքահայ գրականութիւնը,որ ծնաւնդ առաւ մեր ժողովուրդի համար իսկապէս ողբերգական եւ տարադարձիկ իրադարձութիւններէ ետք եւ օտար երկիրներու մէջ: Արդէն սփիւռքահայ գրականութեան գլխաւոր յատկանիշներէն մէկն ալ կուգայ օտար երկիրներու մէջ ծնունդ առած ըլլալու իր հանգամանքէն : Անիկա պանդուխտի գրականութիւն չէ որովհետեւ, պանդուխտը ի վերջոյ հայրենիքը ունի եւ անոր ճամբան կրնայ գտնել բայց, սփիւռքահայը թէպէտեւ հայրենիք ունէր, բայց հայրենիքի ճամբաները միշտ փակ էին եւ ինք դատապարտուած էր մնալ սփիւռքահայ եւ ապրիլ որպէս հայ, գոյատեւել հայկականութեամբ:
Սփիւռքահայ գրականութեան մէջ, մանաւանդ առաջին սերունդի գրողներուն գործերուն մէջ տպաւորապաշտ գիծը հիմնական յատկանիշ է.յատկապէս արձակին մէջ. երբեմն չափածոյ գործերուն մէջ մեր «երէկը» իբրեւ տպաւորութիւն մեծ տեղ կը գրաւէ: Այսպէս, արձակի մէջ մշակուեցան տպաւորապաշտ գրականութեան քանի մը տեսակներ, զորս կրնանք հետեւեալ ստորաբաժանումներով ներկայացնել:

1-Քաղաքական Յուշագրութիւն

Այս տեսակը թէեւ գեղարուեստական գրականութեան հետ շատ քիչ աղերս ունի, բայց ճանաչողական դաստիարակչական հսկայ դեր կատարեց սփիւռքահայ յաջորդ սերունդներուն համար: Այս տիպի գրականութեան արժէքը բազմապատիկ աւելի կը մեծնայ երբ նկատի ունենանք , որ նոյն սերունդի մարդիկը Խորհրդային Հայաստանի մէջ այս նիւթը մշակել չէին կրնար:Մեր ժողովրդի երեկուայ յիշողութիւնները հարազատութեամբ եւ անաչառութեամբ թուղթին չէին կրնար յանձնել տիրող դժուար պայմաններուն պատճառւ: Յիշենք այդպիսիներէն քանի մը հատ.
Սիմոն Վրացեանի »Հայաստանի Հանրապետութիւնը»
Տաճատ Թէրլէմէզեանի «Անդրանիկ»ը ,
Ռուբէն Տէր Մինասեանի յուշերը՝ «Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները» խորագրով,
Լեւոն Շանթի, Վ. նաւասարդեանի ,Համօ Օհանջանեանի եւ շատ ուրիշներու կարճ կամ ծաւալուն աշխատասիրութիւնները, տպաւորապաշտ էջերը, մեր ազգային ազատագրական շարժումին ,հերոսամարտերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդին եւ անոր պատմութեան մասին:
«Ապրուած Օրեր» Արմէն Գարօ
«Կեանքի Ուղիներով» Սիմոն Վրացեան
«իմ Յուշերը» Վահան փափազեան (Կոմս)
«Ապրոմներ » Մալխասի Յուշերը
«Մուրատի Ճամբորդութիւնը» Զապէլ Եսայեան
«էջեր իմ Օրագրէն» Գարեգին Նժդեհ
Սապահ Կուլեան «Ս.Դ.Հ.Կ» Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն

-Այս գրականութիւնը փաստօրէն փաստագրական գրականութիւն է , որովհետեւ հեղինակները չեն բաւարարուած իրենց անձնական յուշերը տալով միայն , այլ դիմած են ժամանակակից այլ դերակատարներու վկայութիւններուն եւ մեծ չափով օգտագործած են լուսանկարներ, նամակներ եւ այլ բնոյթի բազմաթիւ փաստաթուղթեր:


Այս վերնագրին տակ կարելի է դնել նաեւ Մեծ Եղեռնը տեսած ու վերապրած բազմաթիւ անձերու գրաւոր վկայութիւնները մանաւանդ Վանի, Շատախի, Ուրֆայի, Շապին Գարահիսարի,Սասնոյ, Մուսա Լերան հերոսամարտերուն մասնակից ղեկավարներու եւ մասնակիցներու վկայութիւնները:Այս շարքի վերջին օղակը կը ներկայացնեն մեր ահաբեկիչները, որոնք պատերազմէն ետք մէկիկ-մէկիկ զգետնեցին մեր սպանդը ծրագրած ու գործադրած թուրք ղեկավարները: Անոնց յուշերը, գրուած իրենց կողմէ կամ գրի առնուած այլոց կողմէ տակաւին կը շարունակեն յագուրդ տալ Մեծ գողգոթա ապրած մեր ժողովուրդի նոր սերունդներու ազգայնական զգացումներուն: Անոնցմէ յիշենք Արամ Երկանեանի, Միսաք Թորլաքեանի, Սողոմոն Թէհլիրեանի, եւ Արշաւիր Շիրակեանի յուշերը: Արշաւիր Շիրակեանի «Կտակն էր Նահատակներուն» գործը կը վերապատմէ նաեւ միւս ահաբեկիչներուն կատարած գործերը:

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 4

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝