Յայտարարութիւն

Wednesday, June 10, 2009

Սփիւռքահայ Գրականութիւն - 5

2-Տեղագրական- Ազգագրական գրականութիւն

Այս տեսակն ալ գեղարուեստական գրականութեան հետ քիչ աղերս ունի, աւելի կապուած է Հայաստանի աշխարհագրութեան, պատմութեան, հայ ժողովուրդի ազգագրութեան, բանահիւսութեան եւ տեղական բարբառներուն հետ: Իրենց հայրենիքը կորսնցուցած մեր հայրենակիցները սփիւռքի պայմաններուն մէջ դեռ առաջին օրերուն սկսան մասունքներ հաւաքել իրենց կորսուած հայրենի շրջանի աշխարհագրութեան եւ պատմութեան մասին, ճարտարապետական կոթողներու եւ տեղական բարքերուն մասին:


Հաւաքեցին իրենց հեքիաթները ,առածներն ու ասացուածքները, առակներն ու անեքթոտները ,կարելի եղածին չափ փորձեցին տալ իրենց բարբառին նկարագրութիւնը: Ասոնք ընդհանրապէս մեծածաւալ եւ այլազան բովանդակութիւններով գիրքեր եղան, յաճախ գեղարուեստական խօսքի բացառիկ իրագործումներով:


Արեւմտահայաստանի հայաբնակ շրջանի նուիրուած այս աշխատասիրութիւնները սփիւռքահայ գրականութեան պատմութեան համար մեծ բարիք եղաւ,որովհետև Հայաստանի մէջ, խորհրդային օրերուն, արեւմտահայ գաղթականները եթէ նոյնիսկ փորձեցին որևէ նիւթ տպել՝ այդ եղաւ կիսատ-պռատ ու մեծապէս զեղչուած: Հոս սփիւռքահայ իրականութեան մէջ այս գործերը իրականացնելու աշխատանքին մեծապէս նպաստեցին հայրենակցական միութիւնները, անոնցմէ յիշենք Վահէ Հայկի «Խարբերդը» եւ իր «Ոսկեղէն Դաշտը»
«Յուշամատեան Քիլիսի Հայոց» Համբարձում Պէրպէրեան , Խորէն Աւագ Քահանայ Ներսէսեան, 1969 Պէյրութ.
«Երզնկա» Գարեգին Սիւրմէլեան
«Ուրֆայի Հերոսամարտը» Հեղինակ Արամ Սահակեան 1956 Պէյրութ.
Մկունդ «Ամիտայի Արձագանգերը» Տիգրանակերտ.
«Պատմութիւն Այնթապի Հայոց Ա եւ Բ» Գէորգ Ա. Սարաֆեան
«Մարաշ» Գրիգոր Գալուտեան Ամերիկա
«Յուշամատեան Մուսա լերան» Պօղոս Մատուռեան, Մարտիրոս Գուշաքճեան.
«Քեսապ Ա.Բ.Գ.»Յակոբ Չոլաքեան
«Կարմուճ» Ատոմ Քհնյ.Քէհէեան 1990 Հալէպ.
Որքան որ արժէքը մեծ է վերոյիշեալ փաստագրական վաւերագրական գրականութեան, սակայն ան չի համեմատուիր գեղարուեստական գրականութեան հետ: Արդարեւ,սփիւռքահայ գրականութիւնը որքան ալ տարտղնուած վիճակ ունէր այնուամենայնիւ ստեղծած էր գեղարուեստական արժէքով այլազան ու ճոխ գրականութիւն: Արձակի մէջ գլխաւորաբար մշակուեցան հետեւեալ նիւթերը առաջին սերունդի գրողներու կողմէ.
1- Վէպի ձեւին տակ մեր ազգային ազատագրական վերջին պայքարի վիպականացումը:-Յիշենք
Մալխասի «Զարթօնքը» 6 հատոր
Համաստեղի «Սպիտակ Ձիաւորը» 2 հատոր
Կարօ Սասունիի «Սարերու Ասլան»ը եւայլն.
Այս վէպերը ունեցան ընթերցող լայն հասարակութիւն: Այս նիւթը դժբախտաբար Հայաստանի մէջ շատ ուշ պիտի մշակուէր, հասկնալի պատճառներով: Խորհրդահայ վիպագիր Խաչիկ Դաշտենց առաջին անգամ Հայաստանի մէջ վէպի նիւթ դարձուց այս նիւթը իր «Խոդեդան» եւ «Ռենչպերներու Կանչը» վէպերով:

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 5
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝