Յայտարարութիւն

Thursday, June 11, 2009

Սփիւռքահայ Գրականութիւն - 6

2- Ինքնակենսագրական Վէպ.- Այս նիւթը մշակեցին այն սերունդի մարդիկ, որոնք կամրջեցին անցեալ եւ նոր ժամանակները և որոնց սահմանագիծը եղաւ 1915 ի Մեծ Եղեռնը: Ասիկա մենք չդրինք փաստագրական վաւերագրական գործերու շարքին որովհետեւ հեղինակները իրենց կեանքի պատմութիւնը պատմելով մէկ տեղ մեզի բերին իրենց ապրած միջավայրերուն, ժամանակներուն, մեծ ու փոքր իրադարձութիւններուն ծանօթ եւ անծանօթ դէմքերու վիպումը: Այս նիւթը խորհրդահայ գրողները աւելի լաւ մշակեցին հասնելով գեղարուեստական խօսքի բարձր մակարդակի: Սփիւռքի մէջ ալ եղան փայլուն իրագործումներ, ինչպէս`
Աւետիս Ահարոնեանի « Իմ Գիրքը» 2 հատոր
Մուշեղ Իշխանի « Մնաս Բարով Մանկութիւն»ը
Զաւէն Լեւոն Սիւրմէլեանի «Ձեզի կը դիմեմ, տիկնայք եւ պարոնայք»
Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մեծերը եւ Միւսները»
Հանրի Վերնէոյի /Աշոտ Մալաքեան/ «Մայրիկը» /Ֆրանսերէն/
Հայաստան ներգաղթած Զապէլ Եսայեանի «Սիլիհտարի Պարտէզները»
Վահան Թոթովենցի « Կեանքը հին հռովմէական ճանապարհին վրայ» եւայլն.

3- Գիւղագրութիւն.- Արդէն անցեալ դարձած , հայրենի գիւղաշխարհը վերապրողներու մտքերուն ու հոգիներուն մէջ ապրեցաւ շատ աւելի յստակ ու պայծառ քան իրականութիւնը: Այս նիւթը մշակուեցաւ առաւելաբար պատմուածքի ձեւին տակ իսկ երբեմն ալ չափածոյի, սակայն սփիւռքահայ գիւղագիրներուն պատկերացուցած գիւղը, գիւղական տեսարանները ,կենդանիները ,մարդիկ, բարքերն ու սովորութիւնները այնպէս չեն պատկերուած ինչպէս օրինակ Ռուբէն Զարդարեանի եւ Ակսէլ Բակունցի պատմուածքներուն մէջ»
Վերջինները բերին իրական գիւղին պատկերը գլխաւորաբար քննադատական մօտեցում ցուցաբերելով գիւղաշխարհի յետամնացութեան եւ գեղջուկ մարդոց կարգ մը սնոտի եւ աւանդութեամբ սրբագործուած մտայնութիւններուն հանդէպ: Հոս յիշենք Ռուբէն Զարդարեանի «Պուտ մը ջուրը» ուր ծոմը քանդել չուզող մեծ մայրիկին զոհը կը դառանյ անմեղ մանուկ մը. կամ «Ծովակին Հարսը» հեքիաթը, ուր Զարդարեան կը փառաբանէ գիւղի մարդոց համար անըմբռնելի ազատ սիրոյ հանգանակը:

Սփիւռքահայ գիւղագիրներու մօտ գիւղը կը ներկայացուի իրապաշտօրէն համոզիչ գեղեցիկ պատկերի ձեւով բայց առանց քննադատական ոգիի: Հայրենի աշխարհին մէջ ինչ տգեղ էր՝ չար էր, յետադիմական էր:Ինչ որ գիւղի բնական կեանքը կը խանգարէր՝ հոս կը տրուի այնպէս ,որ ընթերցողը կը յուզէ բայց անոր մօտ ընդվզում չառաջացներ: Ասոր լաւագոյն ապացոյցը Համաստեղի «Երնէկ այն օրերուն» պատմուածքն է, որուն հերոսները` Մխսին ու Մնուշը, անհաշտ թշնամիներ ,երբ անապատին մէջ կը հանդիպին, կը փաթթուին իրարու հեկեկալով ու կ'ըսեն «Երնէկ այդ օրերուն»:

Սփիւռքահայ գիւղագիրներու մօտ գիւղը կը պատկերացուի իր բոլոր մանրամասնութիւններով: Յիշենք Համաստեղի «Նապաստակի մը օրագիրը» : Մնձուրիի բոլոր պատմուածքներուն մէջ քը հանդիպինք նոյն երևոյթին: Մնձուրի Արմտան գիւղը մեզի կը ծանօթացնէ սանթիմ առ սանթիմ, տերեւ առ տերեւ, ծաղիկ առ ծաղիկ:Տեսակ մը գիւղին օրագրութիւնն է որ կը կատարէ կարծէք: Սփիւռքահայ գիւղագրութեան առաջին ներկայացուցիչները եղան ամերիկահայ գրողները ` Համաստեղ, իր «Անձրեւը», «Գիւղը», «Քաջ Նազար եւ 13 պատմուածքներ» ժողովածուներով, Բենիամին նուրիկեան իր «Այգեկութք»ով, Վահէ Հայկ» Հայրենի Ծիածան» 5 հատորներով, Պոլիսէն` անզուգական Մնձուրին իր հարիւրաւոր պատմուածքներով, Պէյրութէն Եդուարդ Պոյաճեան` իր «Հողը» ժողովածուով, եւայլն......

Մեր խօսքը վերջացնելէ առաջ ըսենք որ սփիւռքահայ գրականութեան մէջ նաեւ կայ ապրող գիւղի պատկերացումը ինչպէս` Գէորգ Աբէլեանի «Հելէ հելէ Քեսապ»ը եւ «Աննա հարսը» ,Եդուարդ Պոյաճեանի «Տոմար Տարագրի» եւայլն. բայց ասոնք սփիւռքահայ գիւղագրութեան մէջ տիրական բաժին մը չեն ներկայացներ :

4- Սփիւռքահայ արձակին եւ բանաստեղծութեան մէջ համահաւասար կերպով կը մշակուի հայ գաղթականութեան նիւթը.Ասիկա առաւելաբար որբերու աշխարհ մըն է, ուր շատեր այլազգներու մէջէն 2-րդ վերապրումով մը միացան իրենց ժողովուրդին: Այս նիւթը ,այսինքն որբերու աշխարհը, սփիւռքահայ գրականութեան ամենէն սրտաճմլիկ նիւթը կը կազմէ: Այդպէս են Վ. Շուշանեանի վէպերէն շատերը, Ա. Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»ը եւ մասամբ «Երազային Հալէպը».

Յետոյ որբը տուն-տեղ շինեց, քովէ քով գալով թաղամաս կառուցեց ու նոր կեանքի հիմերը դրաւ, հացին հետ լոյս եւ սէր փնտռելով: Այս թեման լաւագոյն ձեւով ներկայացուցած են Ֆիլիփ Չաքարեան իր «Որբը տուն շինեց»ով, Մուշեղ իշխան իր «Հացի եւ լոյսի համար» վէպով ,Եդուարդ Պոյաճեան իր «Տոմար Տարագրի» վէպով նաեւ Արամ Հայկազ, Բ. Նուրիկեան եւ այլք: Սփիւռքահայ գրականութեան մեջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն հին սերունդի մարդիկ նոր պայմաններու մէջ:

Այս նիւթը հրաշալի կերպով ներկայացուած է Ս. Սիմոնեանի «Լեռնկարներու Վերջալոյսը» պատմուածքներու հատորին մէջ, նոյն թեմային կարելի է հանդիպիլ ամերիկահայ գրողներ Վ. Հայկի, Համաստեղի, եւ Բ.Նուրիկեանի պատմուածքներուն մէջ:

5- Սփիւռքահայ իրականութիւնը, իրողութիւն մը ըլլալով հանդերձ ,չէր կրնար ընդունուիլ Ա սերունդի գրողներու կողմէ, որպէս կատարուած իրողութիւն: Անոնց համար Սփիւռքը անիմաստ գոյութիւն մըն էր: Միւս կողմէն, Հայ չմնալու , որպէս Հայ չգոյատևելու իրականութիւնը առկայ էր, ուրեմն Լինել Չլինելու պայքարն էր որ կ'ապրէր Հայ մտաւորականութիւնը: Միևնոյն ատեն, ինք որքան որ հայ էր այդքան ալ այդ երկրի բնակիչ մարդ էր, այսինքն Հայու չափ ալ Ֆրանսացի, Անգլիացի, Ամերիկացի էր: Հոսանքին հակառակ թիավարելը մեծ տագնապ էր այդօրուան մտաւորականութեան համար, ան կ'անդրադառնար որ ամէն առաւօտ ան տոկոս մը նուազ հայ կ’արթննար: Այս թեմային լաւագոյնս անդրադարձան Ֆրանսահայ գրողներէն Շահան Շահնուր իր «Նահանջը Առանց Երգի» վէպով, Հ.Զարդարեան՝«Մեր Կեանքը» ով, Կարապետ Փօլատեան՝ իր «Արևելքի Տղաքը» , «Կը հրաժարիմ Հայութենէ»երկերով և այլք:

Սփիւռքահայ գրականութիւնը տակաւին չէ ապրած իր ոսկեդարը: Հայ մտաւորականութեան գլխուն դամոկլեան սուրի նման կախուած է Հայ գրականութեան սպառնացող բազմերես վտանգը: Նոր Շահնուրներ , նոր Միսաքեաններ կամ նոր Մուշեղ Իշխաններ են պէտք յեղափոխականացնելու համար Սփիւռքահայ գրականութիւնը, աւելի սերտացնելու կապը Հայաստանի մերօրեայ գրականութեան և հետամուտ ըլլալու բարձրացնել որակը Սփիւռքահայ նոր գրականութեան:


Պատրաստեց`
Տալիդա Գալըպճեան


ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 6 և ՎԵՐՋ
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝