Յայտարարութիւն

Tuesday, June 2, 2009

«Փրօ Արմենիա» - 9

Տաթեւ Սուլեան




Իսկ Փ. Քիառ իր արտասանած խօսքին մէջ յիշեցուցած է, թէ նոյն սրահին մէջ 18 ամիս առաջ տեղի ունեցաւ նոյնանպատակ ժողով մը, որ ցարդ մեծ արդիւնքի մը չէ յանգած, եւ այդ թուականին պատասխանատուն է ոչ միայն սուլթանի կառավարութիւնը, այլեւ Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ ազատ քաղաքացիները, որոնք պահանջուած մարդուժով չեն ազդեր իրենց կառավարութիւններուն վրայ: «Պատասխանատու ենք մենք հայերու նկատմամբ, որոնց տուինք մեր քաղաքականութեան ճաշակը, ազատութեան եւ արդարութեան գաղափարները»,- կþաւելցնէ Փ. Քիառ:
Իտալացի Վիտտօրիօ Մ. Տի Օլիվիերին, որ Հայկական հարցի լուծման ջերմ բարեկամներէն մէկն էր եւ Իտալիոյ մէջ Հայկական հարցի քարոզչութեան մասնակիցներէն, կողմնակից էր, որ իտալական կառավարութիւնը վճռական միջամտութիւն ունենայ ի նպաստ Հայկական դաշտի շուտափոյթ լուծման: «Դրօշակ»-ին ուղարկուած «Հայկական հարցը եւ Իտալիոյ պատուիրակութիւնը» վերլուծական յօդուածին մէջ, մեկնաբանելով Պալքաններու եւ Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներուն վիճակը արտաքին ուժերու միջամտութեան, հնարաւորութիւնները եւ մակեդոնական հարցերուն Իտալիոյ կառավարութեան միջամտութիւնը, կը գրէ. «Եթէ ուշի-ուշով դիտուին այն պատճառները, որոնց համար Թուրքիան վայրագ կերպով կը հալածէ հայերը, եւ Եւրոպան, որ, սակայն, շատ քիչ կը միջամտէ Պալքանեան եւ Կրէտէի ժողովուրդներու պաշտպանութեան համար եւ անխռով թոյլ կու տայ, որ այս կոտորածները կատարուին, դժուար չէ տեսնել, որ մէկ պատճառ միայն կայ այս բոլորին, այն՝ որ Գերմանիան պաշտպան եւ զօրավիգ է Թուրքիոյ: Այս ուժն ու պաշտպանութիւնն է, որ թոյլ կու տան սուլթանին՝ կարեւորութիւն չտայ եւրոպական կառավարութիւններուն զգացումներուն եւ փափաքներուն, այս ուժն ու պաշտպանութիւնն է, որ, Եւրոպայի մէջ ահաւոր պատերազմ մը առաջ բերելու վախով կը կանգնեցընեն պետութիւնները, որոնք, սակայն, կþուզէին միջամտել ի նպաստ հայոց՝ անոնց օգնութեան հասնելու համար.... Սակայն Հայաստանը հազար անգամ բաժան-բաժան եղաւ եւ շահագործուեցաւ անթիւ թշնամիներէ. պէտք է, որ այժմ ան ալ ձեռք բերէ իր անկախութիւնը, իր ազատութիւնը միեւնոյն պարագաներու մէջ, ինչպէս Իտալիան, որ գերմանական լուծէն ազատեցաւ, երբ Ֆրանսան ու Անգլիան հասկցան, որ ուրիշ ոչ մէկ միջոց կար՝ գերմանական ամբարտաւանութիւնը ետ մղելու: Իտալիան պէտք է անոնց յիշեցնէ, որ այս ազատութեան, խաղաղութեան եւ յառաջադիմութեան գործը կը վերջանայ միայն այն ժամանակ, երբ համագերմանականութիւնը վնասելու անկարելիութեան մէջ դրուի բան մը, որ կþիրագործուի՝ օգնելով հայերուն, ինչպէս եւ մակեդոնացիներուն, որոնք ինքնավստահութիւն ձեռք բերեն, որպէսզի կարենան ամուր պատուար մը կազմել գերմանական արշաւանքի ճամբուն վրայ: Իսկ Իտալիան իր բազուկները պէտք է դնէ ի պաշտպանութիւն ժողովուրդի մը, որ այսօր երէկի տառապանքները կþապրի եւ իր հրաշալի յատկութիւններով ցոյց կու տայ, որ մեծապէս արժանի է ազատութեան, որով պիտի կարենայ լայն եւ հզօր ազդեցութիւն ունենալ աշխարհի յառաջդիմութեան վրայ»:


1906 թուականի յուլիս 23-ին Լոնտոնի մէջ գումարուեցաւ միջխորհրդարանական ժողով, որուն մասնակցեցան 600 պատգամաւորներ՝ ներկայացընելով տարբեր խորհրդարաններ:


Ընդունելով այս ժողովին կարեւորութիւնը՝ ընդհանուր քարոզչութեան իմաստով, եւ օգտուելով այն իրողութենէն, որ այդ ժողովը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ Հայկական հարցին՝ Լահէյի խորհրդաժողովին ներկայացնելու գործին մէջ, «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը միջոցներ ձեռք առաւ Հայկական հարցը ժողովին ներկայացնելու: Հեռագիրով դիմումներ ուղարկեց Տը Կոնստանին, Տը Պրեսսանսէի եւ Ժորժ Լօրանին: «Նկատի ունենալով ձեր համակրանքը մեր դատին նկատմամբ՝ հարկադրուած ենք խնդրելու ձեզմէ, որ նեղութիւն յանձն առնէք, յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան գործին, որուն քաջարի պաշպաններէն էք: Կը խնդրենք, որ միջխորհրդարանական ժողովին յարուցէք եւ արծարծէք Հայկական հարցը՝ հիմնուելով միջազգային դաշնագիրներու վրայ....»:


Իսկ յուլիս 25-ի նիստին՝ ժորժ Լօրան իր Հայկական հարցին ելոյթին մէջ նշեց. «Խնդիրը յատկապէս կը վերաբերի Պերլինի դաշնագրութեան բացայայտ տրամադրութիւններուն, որոնք Օսմանեան կայսրութեան քրիստոնեայ ժողովուրդներուն երաշխաւորած են օրինաւոր ռեժիմ մը, որ կրնայ անոնց ապահով ու կարգ ու կանոնի, անդորրութեան եւ արդարութեան վիճակի մէջ ապրեցնել: Արդ, ամէն մարդ գիտէ, եւ ես այս մասին պնդելու պարտքը չեմ զգար, որ Թուրքիոյ քրիստոնեայ ժողովուրդները, որոնք միջազգային օրէնքներու առարկայ դարձած են, չեն վայելեր, ինչպէս նաեւ մահմետական ազգաբնակչութիւնը, քաղաքակիրթ կեանքի տարրական պայմանները եւ յանձնուած են, մասնաւորապէս հայ ժողովուրդը ամենաահռելի կամայականութեան եւ ամենայոռի անապահովութեան իշխանութեան կանոններու ներքեւ կþապրի....»:


Ուշագրաւ է, որ օգոստոս 25-ին «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը Դաշնակցութեան անունով Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Իտալիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարարութիւններուն յղեց դիմում մը Հայկական հարցը Լահէի ժողովին ներկայացնելու նպատակով: Այդ դիմումին կցուեցաւ նաեւ 14 երեսներէ բաղկացած թղթածրարը եւ ցուցակ մը՝ Արեւմտահայաստանի մէջ կատարուած բռնութիւններու մասին՝ սկսած 1906 թուականի յունուար 1-էն մինչեւ նոյն թուականի յուլիս 1-ը:


25 մարտ 1907-ին «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը, հիմնուելով իր ստացած տեղեկութիւններուն վրայ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, եւ Իտալիոյ արտաքին գործերու եւ այդ երկիրներուն մէջ լոյս տեսնող գլխաւոր թերթերուն հեռագիր մը յղած է, ուր ընդհանուր ձեւով ներկայացուցած է Արեւմտահայաստանի իրավիճակը: Հեռագիրին մէջ շեշտուած է նաեւ հայկական պահանջներուն մէջ վերջերս տեղի ունեցած բռնութիւններուն, առեւանգումներուն եւ գաղթերուն առնչուող փաստեր:


Նոյն տարին՝ Լահէի խորհրդաժողովին առիթով, «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը Պերլինի դաշնագիրը ստորագրող պետութիւններուն՝ անգլիական, ֆրանսական եւ իտալական արտաքին գործերու նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ուղղեց հեռագիրներ հետեւեալ բովանդակութեամբ. «Յանուն . Դաշնակցութեան, որ 17 տարուց ի վեր գործում է Թուրքահայաստանում, մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներին պաշտպանութեան համար դիմում ենք անում ձեզ, որ ի գործ դնէք ձեր ազդեցութիւնը, որպէսզի Հայկական խնդիրը՝ հիմնուած միջազգային դաշնագրի վրայ, ներկայացուի Լահէի խորհըրդաժողովին: Դա մի պահանջ է, որ բխում է հայ ժողովուրդի ծանր կացութիւնից եւ եւրոպական պետութիւնների մի քանի անգամ կրկնած պաշտպանական խոստումներից: Ուզում ենք յուսալ, որ ձեր պատգամաւորները չեն զլանայ անելու ինչ հնարաւոր է եւ հարկաւոր՝ պաշտպանելու Հայկական դատը, որ է միաժամանակ մարդկութեան եւ արդարութեան դատ»:


1907-ին տեղի ունեցաւ Հաակայի խաղաղութեան երկրորդ համագումարը: Օգոստոս 10-ին՝ Համագումարի բացման օրը, Հայկական հարցը ներկայացուցին երկու պատուիրակութիւններ. մէկը՝ Հայոց Կաթողիկոսարանին կողմէ՝ եպս. Իւթիւճեան, Ա. Ահարոնեան եւ Յ. Շահնազար, միւսը՝ Ֆրանսայի հայասէրներու կողմէ Վիքթոր Պեռար՝ «Revenue de Paris»-ի խմբագիր, եւ Փ. Քիառ՝ «Փրօ-Արմէնիա» երկշաբաթաթերթին խմբագիր:


Վերոյիշեալ երկու պատուիրակութիւնները օգոստոս 7-ին Հաակայի մէջ առանձին բողոքագիրներ ներկայացուցին եւ համագումարէն պահանջեցին Հայկական հարցի քննութիւնը՝ իբրեւ միջազգային խնդիր, որ միեւնոյն ժամանակ արդարութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքի խնդիր է:


Կաթողիկոսի խնդրագիրին մէջ կը նշուի. «Քսան տարի շարունակ այս՝ Պերլինի 61-րդ յօդուածը՝ «Բարձրագոյն Դուռը յանձն է առնում տեղական պէտքերին համապատասխան անհրաժեշտ բարելաւումներն ու բարեգործումները եւ երաշխաւորում է հայերի ապահովութիւնը չերքեզների եւ քիւրտերի յարձակումներից: Բարձրագոյն Դուռը պարբերաբար կը հաղորդի այդ միջոցների իրագործման մասին», ոչ մի կիրարկութիւն ունեցած, իսկ 1894-1895 թուերին բարենորոգումների փոխարէն՝ ենթարկուեց ջարդերի: Վեց պետութիւնների ներկայացուցիչները կազմեցին այն ժամանակ մի յիշատակագիր եւ մի պաշտօնագիր որը եւ յանձնեցին Բարձրագոյն Դրան 1895 թուի մայիսի 21-ին:... Ահա տասը տարի է անցել, եւ ոչ մէկը այդ բարենորոգումներէն, որ այն ժամանակ նկատում էին անհրաժեշտ եւ կարեւոր, նոյնքան մահմետականների, որքան եւ քրիստոնեաների համար, չիրականացան: Հազարաւոր հայեր ոչնչացան կամ մասնակի կոտորածներով մահացան, եւ Մուշի դաշտի դէպքերը անցեալ յունիս ամսին վերստին բաց արին 1894-95-96-ի ջարդերի շրջանը: Նորին Սրբութիւն Ամենայն հայոց կաթողիկոսը` Մկրտիչ Ա.ը, երեսուն տարուց յետոյ գալիս է խնդրելու քաղաքակիրթ պետութիւնների արդարադատութիւնն ու գթութիւնը: Այսօր խոր ծերութեան մէջ նա չի կամենում թողնել աշխարհը` առանց կտակելու այս գերագոյն պարտքին դէպի իր ժողովուրդը»:

Շարունակելի 9

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝