Յայտարարութիւն

Sunday, June 14, 2009

Մորթին գեղձերը ու անոնց ներգործութիւնը մաշկին վրայ

Ա.-Ճարպային գեղձերը:
Ճարպային գեղձերը փակած կ'ըլլան մազարմատներու, ուր ճարպերը անցնելով մազանցքէն կը ծորին դէպի մաշկ: 24 ժամուայ ընթացքին սովորարաբար 1-2կրամ Ճարպ կ'արտադրուի, որուն քանակը փոփոխութիւն կը կրէ ըստ տարիքի, առողջական վիճակի, գեղձահիւթերու «հօրմօն» խանգարման, հոգեկան ու ջղային վերիվայրումներու պատճառաւ:Ճարպի որոշ քանակ անհրաժեշտ մորթին համար զայն չորացումէ պաշտպանելու համար.

Բ.-Քրտնքային գեղձերը:
Քրտնքային գեղձերը կ'արտադրեն քրտինք շնորհելով մորթին խոնաւութիւն, ապա մազանցքէն դուրս կ'ուգան զովացնելով մաշկը այլապէս մորթը կը չորնայ ու մաշկը կը կորսնցնէ իր թարմութիւնը:

Մորթին Տեսակները
Ա.- Բնական մորթ
Բ.- Չոր մորթ
Գ.-Ճարպոտ մորթ

Ա.- Բնական մորթ:
Բնական մորթը կ'ըլլայ սահուն, փափուկ, միջակ հարստութեամբ վարդագոյն ու թաւշային շօշափուկով :

Բ.-Չոր մորթ
Չոր մորթը բնականէն բարակ, անկենդան ու չոր կ'ըլլայ, ճարպի անբաւարարութենէ կը թեփոտի, ինչպէս նաեւ հակամէտ է կնճռոտելու:

Գ.-Ճարպոտ մորթ:
Իւղոտ փայլքով յատկանշուած այս տիպի մորթին շօշափուկը հաստկեկ է, ու ծակտիկները խոշորկեկ : Ենթակայ է սեւ կետերու գոյացման, որոնք կրնան շատ արագ կերպով բշտիկներու վերածուիլ:

Մորթի գլխաւոր երեք տեսակներուն կողքին կան նաեւ երկրորդական տեսակներ.




-Զգայուն մորթ
Զգայուն մորթը ծնունդ կ'առնէ չոր մորթէն , այս տիպի մորթը շատ արագ կերպով կ'ազդուի գեղագիտական կարգ մը արտադրութիւններէ ինչպէս նաեւ տաք եւ պաղ կլիմայէն:
Պաղ օդըի ազդեցութիւնը
Ձմրան պաղին մազերակները կը պրկուին ու կը ճաթռտին, արիւնը դուրս կը ժայթքէ մազերակներէն, տարածուելով մաշկին տակ, հետեւաբար դէմքին վրայ կը յայտնուին կարմրաբիծեր.
Տաք օդի ազդեցութիւնը:
Արեւուն ջերմութիւնը, ոգելից ըմպելիները, գրգռիչ համեմները, զգացական ու ջղագրգիր վիճակները պատճառ կ'ըլլան արեան ընդլայնումի, ապա արիւնը մազերակներէն դուրս խուժելով կը տարածուի մաշկին տակ յառաջացնելով բոլորաձեւ կարմիր բիծեր.


-Անհարթ մորթ
Անհարթ մաշկը ծնունդ կ'առնէ չափազանց ճարպոտ մորթէ, որուն պատճառաւ կը յայտնուին պատանեկան բշտիկները ուստի բծախնդիր ու ճշգրիտ միջոցառումներով պէտք է դարմանել զանոնք, այլապէս անոնք կը բորբոքին ու կը վերածուին թարախոտ վէրքերու:Երկարատեւ դարմանումներէ ետք, անոնք կը բուժուին, սակայն անոնց տեղերը կը մնան փոսիկները, հետեւաբար մաշկը կը դառնայ անհարթ , անողորկ:

Տալիդա Գալըպճեան


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝