Յայտարարութիւն

Saturday, June 20, 2009

ՆՈՐ ԱՐԻՒՆ, ՆՈՐ ՈՃ


Այս անգամ նորութիւն հրամցուց մեզի Ապու Տապիի Հայկական Մշակութային Ընկերակցութիւնը Dubai Concert Committee-ի հետ համատեղ։

Dubai Community Theatre and Arts Centre-ի (Mall of The Emirates) սրահը լեցուն էր բերնէ բերան վեց հարիւրէ աւելի հայ եւ օտար հանդիսատեսներով։ 17 Մայիս 2009ին Հայաստանի Պետական Երիտասարդական նուագախումբի բացառիկ ելոյթը շատերուս մտքին մէջ դրոշմուած պիտի մնայ որպէս յիշատակելի թուական։

Ճշդուած ժամուն, հիւմուրով խառն բացման խօսքին մէջ Dubai Concert Committee-ի ներկայացուցիչը ներկայացուց Սէրգէյ Սմբատեանի 45 հոգինոց նուագախումբը, որպէս տաղանդաւոր արուեստագէտներու խումբ, որուն միջին տարիքը ՝ 21 , տարիքը՝ խմբավար Սմբատեանի։

Ծափողջոյններու տարափին տակ, հայու քաղցր ժպիտը իրենց դէմքին, իրենց նուագարաններով բեմ ներկայացան մեր սիրելի տղաքն ու աղջիկները, որոնց հետեւեցաւ ղեկավար Սմբատեան։

Առաջին մասը՝ Մոցարթ, «Սիմֆոնի 24»էն երեք կտոր (AllegroSpiritoso,Andantino Grazioso,Allegro), ապա Կոմիտաս՝ 6 կտոր «Ալ Այլուղս», «Քելէ Քելէ», «Երկինքն Ամպել է», «Վաղարշապատի Պար», «Հոյ Նազան» եւ «Կաքաւիկ»։

Խումբն իր հմտութիւնը փաստեց Էտկար Յովհաննիսեանի Barocco Concerto-ով՝ 5 կտոր(Prelude,Interlude,Ariette,Polonaise,Postlude)։
Այս բարդ Concerto-ի սոլիստ-ջութակահարը ղեկավար Սմբատեանն էր1 Ան ճարտարօրէն կարողացաւ մեկնաբանել Յովհաննիսեանի գլուխ գործոցներէն մին, միեւնոյն ատեն պաղարիւնութեամբ ղեկավարեց խումբը եւ լարուած պահեց զմեզ՝ ունկնդիր ներկաներս։

Ճիշդ 15 վայրկեան դադար եւ երկրորդ մաս։ Չայքովսքի՝ Սերենատ լարերու համար՝ 3 կտոր (Walzer,Elegy,Finale)եւ Ալեքսանդր Յարութիւնեան Sinfonietta՝ 4 կտոր(Prelude,Arioso,Intermezzo-Pizzicato,Finale) ։

Ժողովուրդի որոտընդոստ ծափողջոյններն ու պռաւօները ստիպեցին, որ Սմբատեանն ու խումբը յաւելեալ 4 կտոր նուագեն՝ Kreisler-ի Vienna March, Leroi Anderson-ի Fiddle-Faddle, Poltoratsnig-ի Souvenir, Straus-ի Polka Pizzը։

Օտար ներկաները սրահէն հեռացան լիովին գոհացած։ Արուեստը համակած էր հայ հանդիսատեսի սիրտն ու հոգին, որոնք փքուած էին նաեւ հայու հպարտութեամբ, ապա վայելքի գոհունակութեամբ։

Երիտասարդ Սմբատեան հիացուց բոլորս։ Հայ Մշակութային Ընկերակցութիւնը գաղութիս ներկայացուց նոր արիւն, իսկ «նոր արիւնը» ցուցաբերեց նոր և գեղեցիկ ոճ։

Թող Սմբատեանի օրինակը խթան ծառայէ մեր երիտասարդութեան՝ կազմակերպուելու։ Տաղանդաւորներ բազմաթիւ են մեր գաղութի երիտասարդ փաղանգին մէջ, հարկ է գուրգուրալ այդ փաղանգին վրայ…

Սմբատեանի ղեկավարած խումբի դեռատի արուեստագէտները տաղանդաւոր են անկասկած: Թէև թերաւարտ , սակայն 17 Մայիսի իրիկուան professional ելոյթը, Էտկար Յովհաննիսեանի ամենաբարդ կտորը ամենայն պարզութեամբ նուագելն ու խումբը գլխու շարժուձեւերով ղեկավարելը կ՚ենթադրեն յամառ եւ անընդմէջ խմբային աշխատանք։ Սէրգէյ Սմբատեան յարատեւող նկարագիր է, րիսք առնող եւ ինք իրեն մարտահրաւէր կարդացող մայեսթրօ՝ տակաւին 21 տարիքին։ Յաջողութիւնն ու դափնեպսակները իր ապագան են՝ ո՛չ մէկ տարակոյս։

Երբ Սովետ Միութիւնը կը քանդուէր եւ զայն բաղկացնող երկիրներու ժողովուրդներն ու պետութիւնները կը ձերբազատուէին Մոսկուայի լուծէն, (միևնոյն ատեն կը զրկուէին անոր տրամադրած պիւտճէներէն) շատ շատեր մտահոգ հարց կուտային թէ ինչ պիտի ընէր Հայաստանը, որուն շուրջ պաշարման օղակ էր դրուած (եւ որ կը շարունակուի ցայսօր), ի՞նչ պիտի ըլլար մտաւորականներու, արուեստագէտներու փաղանգը, բայց մանաւանդ ի՞նչ գորշ ճակատագիր կէ սպասէր հայ արուեստին և Հայ արուեստագէտին՝ վաղը։ Թերահաւատներ համոզուած էին, որ առանց պիւտճէի, առանց ֆինանսներու հայ արուեստը դէպի խորխորատ պիտի ընթանար եւ ջարդ ու փշուր ըլլար։ Գուցէ իրաւունք ունէին…Մայիսի 17ի գիշերը Սէրգէյ Սմբատեան եւ իր 45 տղաքն ու աղջիկները հակառակը փաստեցին։ Այսօր Երեւանի երաժշտանոցը համաշխարհային մաշտապով որակեալ երաժիշտներ հայթայթող հաստատութիւններէն մէկն է, ընդամէնը՝ 19 տարի ետք այն օրերէն...

«Նշանակ» իր խորազգած երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Հայկական Մշակութային Ընկերակցութեան , որ աւելի քան քսանհինգ տարիներ գաղութին , բայց մանաւանդ Էմիրութիւններ կայք հաստատած օտար հասարակութեան՝ Հայ արուեստը լաւագոյնս հրամցուց ,ծանօթացնելով զայն Հայուն, Արաբին, Հնդիկին,Ասիացիին , Եւրոպացիին, Ամերիկացիին թէ Աւստրալացիին յարգանք պարտադրելով անոնց հանդէպ Հայ ժողովուրդին և հանդէպ Հայրենիքին:

«Նշանակ»

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝