Յայտարարութիւն

Sunday, June 21, 2009

Մորթին հիւանդագին վիճակը

Մորթը հիւանդագին վիճակ կը ստանայ հետեւեալ պարագաներուն.
Երբ դէմքին վրայ կը յայտնուին
-բշտիկներ
-սեւ կէտեր
-սրճագոյն բիծեր
-կարմրաբիծեր
-փոսիկներ
-աղուամազեր
-աչքի շուրջ սեւութիւն եւ կոպերու ուռեցք
վերոյիշեալ վիճակներէն իւրաքանչիւրը ունի զայն բարելաւող ձեւեր:

Բշտիկներ:
Բշտիկը մորթի ամենէն յաճախակի հիւանդութիւններէն մէկն է. որոնց պատճառները զանազան են:Այսպէս՝
-գեղձահիւթերու «հորմոն» խանգարում
-ճարպոտ սննդեղէն
-կենսանիւթի «վիթամին» անբաւարարութիւն
-ջղային դրութիւն
-խնամքի պակաս
Վերոյիշեալ պատճառներով յառաջացած բշտիկները կը կարօտին մասնագէտ բժիշկի լուրջ հսկողութեան:

Սեւ կէտեր:
Սեւ կէտերը մորթին ծակտիկներուն վրայ կը գոյանան, երբ մաշկին հարկ եղած խնամքը կը նուազի: Ճարպային գեղձերու իւղը կը հասնի ծակտիկ, հոն կը միանայ աղտին, ապա միասնաբար կը խցանեն զայն, հետեւաբար մորթը կը դադրի ազատ շնչառութենէ, ապա մաշկը կը կորսնցնէ իր փայլքը:
Օրական մաքրութեամբ, շոգիի բաղնիքով, տաշելով կ'անհետանան սեւ կէտերը ու մաշկը կը վերագտնէ իր երբեմնի փայլքը:

Սրճագոյն բիծեր:
Արեւուն ճառագայթները կը փճացնեն մորթին բջիջները, յառաջացնելով սրճագոյն բիծեր մաշկին վրայ:
Սրճագոյն բիծերու բուժումը դժուար է, որովհետեւ այս տեսակի բջիջները երբեք չեն նորոգուիր:
Յանձնարարելի է առանց «փրօթեքշըն»-ի արեւուն տակ չմնալ եւ շաբաթը անգամ մը մարմնին լեմոնի հիւթ քսել:

Կարմրաբիծեր:

Զգայուն մորթին վրայ յայտնուած կարմրաբիծերու գոյացումը ժամանակաւոր է, անոնք կ'անհետանան երբ պատճառները վերանան:
Յանձնարարելի է այսպիսի պարագաներուն դէմքը լուալ պաղ ջուրով:

Փոսիկներ:
Նախորդ յօդուածին «Անհարթ Մորթ» գլխուն մէջ բացատրցինք փոսիկներու պատճառներն ու բուժումի միջոցը.

Աղուամազեր:
Արդի բժշկութեամբ գեղագէտները վերջնականապէս կը մաքրեն դէմքին աղուամազերը «լէյզր»-ով

Կոպերու մթնագնածութիւն:
Աչքի տակի մաշկը շատ բարակ ըլլալուն կը թափանցէ մորթին մազերակներուն մէջ:Անքնութիւնն ու անպատշաճ սննդականոնը կը յոգնեցնեն մազերակները , կը մթնացնեն արեան գոյնը, ու կը յայտնուի կոպերու սեւութիւն: Կը յանձնարարուի կանոնաւորել քունը եւ գործածել յատուկ քրէմներ,որոնք կը նպաստեն արեան շրջանառութեան:

Մեծ Մայրիկի խորհուրդները

-Սխտորի պճեղները երկար ժամանակ պահելու համար, զանոնք կեղուեցէք եւ ձէթով լեցուն, լայն բերանով ապակեայ շիշի մը մէջ լեցուցէք: Իսկ երբ սխտորները սպառին, կրնաք ձէթը օգտագործել ձեր աղցաններուն մէջ:

-Գործածուած ալիւմինիոմ «ֆոյլ» թուղթերը եթէ աղտոտած չեն, մի թափէք, զանոնք անգամ մը տաք ջուրով ցօղուեցէք, ապա ձեր ափին մէջ ճզմելով գնդակի ձեւ տուէք եւ գործածեցէք ձեր կաթսաներուն եւ ափսէնէրուն յատակը մաքրելու իբրեւ «սիֆ»...:

-Թելերը փախած եւ անգործածելի դարձած կանացի «քոլան» գուլպաները մի նետէք, այլ զանոնք կոշտ կերպով հիւսելով օգտագործեցէք ձեր լուացարաններուն ծորակները մաքրելու:

Տալիդա Գալըպճեան
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝