Յայտարարութիւն

Sunday, June 28, 2009

Կռնակի խնամք

Մարզանքի պակասը, նստակեաց կեանքը կռնակի ցաւի գլխաւոր պատճառներն են: Առհասրակ կիները աւելի ենթակայ են կռնակի ցաւի, քան այր մարդիկ, այսուհանդերձ քիչ մը մարզանք եւ զգուշութիւն կրնան մեծ մասամբ դարմանել այդ ցաւերը:
Մարզանքը չափազանց կարեւոր է: Սակայն կռնակի ցաւ ունեցողները պէտք է զգուշանան պատահական մարզանքներէ ,վնասաբեր շարժումներէ...:
Անոնք պէտք է կիրարկեն մեղմ եւ օգտակար մարզանքներ թելադրուած մասնագէտի մը կողմէ:

Ներքնակին կարեւորութիւնը
Գիտէք թէ մեր կեանքին մէկ երրորդը կ'անցնենք անկողինին մէջ ... իսկ անորակ կամ հինցած ներքնակը կրնայ աւեր գործել.
Լաւ ներքնակը ոչ շատ կակուղ , ոչ ալ շատ կարծր պէտք է ըլլայ, առնուազն տասը տարին անգամ մը պէտք է նորով մը փոխարինել զայն:

Ճիշդ եւ սխալ դիրքեր
-Առտուն երբ կ'արթննաք, անկողինէն մէկ անգամէն մի նետուիք, այլ նախ հանգիստ նստեցէք անկողինին ծայրը, վիզի քանի մը մեղմ շարժում կատարեցէք եւ ապա երկու ոտքերուն վրայ հաստատ կանգնեցէք:

-Երբ կը ծռիք առարկայ մը վերցնելու համար, ծունկերը ծալեցէք եւ այդպէս վերցուցէք զայն.:

-Անկողինը շտկելու համար, դարձեալ մէջքը չէ որ պիտի ծռէք, այլ ծունկը ծալած ու նստած դիրքով պէտք է աշխատիք:

Տաքն ու հանգիստը
-Տաքը միշտ ալ կը մեղմացնէ կռնակի ցաւը, բայց կռնակը տաք պահելը հրաշք պիտի չգործէ, եթէ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր կռնակի ցաւէ կը տառապիք: Նոյնպէս ալ հանգիստը օգտակար է, պայմանաւ որ ցաւի առաջին իսկ օրէն հանգիստի դիմուի: Տեղ շինած ցաւը ժամանակ մը ետք հանգիստով ալ կարելի չըլլար դարմանել:
Պատի մարզանքը
Պատին յենած դանդաղօրէն նստէք ծունկերը ծալելով եւ առանց կռնակը պատէն զատելու: Քանի մը վայրկեան նստած մնացէք եւ ապա նոյն ձեւով դանդաղօրէն կաանգնեցէք:

Փորձառութիւններ՝ կեանքէն
1- Ազնիւ ըլլալը աւելի կարեւոր է քան ճիշդ ըլլալը.
2- Մանուկէ մը ստացած նուէրը բնաւ չմերժել.
3- Եթէ չես կրնար օգնել մէկու մը որեւէ ձեւով, կրնաս աղօթել իրեն համար.
4- Որքան ալ կեանքը կը պահանջէ լուրջ ըլլալ, ամէն անձ պէտք ունի կատակելու ընկերոջ մը հետ.
5- Ըլլանք միշտ ուրախ եւ գոհունակ, ինչ որ ալ ըլլայ Աստուծոյ մեզի պարգեւածը.
6- Առօրեայ պզտիկ դէպքերն են,որ կը զարդարեն մարդուս կեանքը.
7- Իրականութիւնները անտեսելը երբեք չի փոխեր զանոնք.
8- Ամէն անձի, որ կը բարեւես, արժանի է քու ժպիտիդ.
9- Լաւագոյն ձեւը կատարեալ անձ մը դառնալու, յարաբերիլ աւելի խելացի եւ իմաստուն անձերու հետ.
10- Կեանքը յամառ է, իսկ ես աւելի.
11- Վարուիլ մարդոց հետ այնպէս, ինչպէս որ կ'ուզես վարուին քեզի հետ.
12- Ժպիտը ամենամատչելի ձեւն է գեղեցկացնելու դէմքը.
13- Բնաւորութիւնդ չես կրնար ընտրել, բայց կրնաս բարեփոխել.
14- Երբ նորածին զաւակդ կը բռնէ ձեռքդ իր թաթիկով, այն ատեն աւելի կը կապուիս կեանքին.
15- Ամէն անձ կ'ուզէ հասնիլ կեանքի գագաթնակէտին, սակայն ուրախութիւնն ու հաճոյքը հոն հասնելու ընթացքին մէջ է.

Պատրաստեց

Տալիդա Գալըպճեան

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝