Յայտարարութիւն

Thursday, June 25, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» Մուշեղ Իշխան



Սիրելի Ընթերցող,


Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի :

«Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:

Նշան Պասմաճեան

____________________________________________________________


«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ»

Մուշեղ Իշխան

ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ

Սփիւռքի մէջ ես եղայ այն քիչերէն, որոնք բախտը ունեցան հայրենի շունչն ու ոգին անձնաւորող քանի մը ականաւոր դէմքերու մտերմութիւնը վայելելու, կա՛մ իբրեւ աշակերտ, կամ իբրեւ կրտսեր բարեկամ։
Անոնցմէ առաջինը եղաւ յայտնի գրագէտ ու քննադատ Յակոբ Օշական, որուն աշակերտեցի դպրոցական երկու տարեշրջան՝ 1928 - 1930, թարմ պատանութեան տարիքիս՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ։
Այնուհետեւ, 1930էն սկսեալ, երկար տարիներ վայելած եմ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի մտերմութիւնը, մինչեւ անոնց մահը, թէ՛ իբրեւ աշակերտ եւ թէ յետագային իբրեւ պաշտօնակից Պէյրութի Հայ Ճեմարանի յարկին տակ։
1938 - 1940ին, համալսարանական կրթութիւն ստանալու համար Պրիւքսել մեկնած ըլլալով, հոն բաւական մօտէն ճանչցած եմ մեծատաղանդ պատմագէտ Նիկողայոս Ադոնցը եւ հետեւած իր հայագիտական դասընթացքին։
1952 թուականէն ետք, մօտ երկու տասնամեակ վայելած եմ բարեկամութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի, երբ ան ստանձնեց Ճեմարանի տնօրէնի պաշտօնը։
Դէպքերը այնպէս բերին, որ գրեթէ նոյն տարիներուն Սիմոն Վրացեանի հետ Պէյրութ ժամանեց Կոստան Զարեան եւ երկու տարի ապրեցաւ Լիբանան։ Հռչակաւոր գրողը Ճեմարանի մէջ աւանդեց Արուեստի պատմութիւն, ազատ դասախօսութիւններու շարքով մը, որոնց բոլորին ալ հետեւեցայ հաւատարմօրէն։
Ամիս մըն ալ անցուցած եմ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի հետ՝ Լիբանանի գեղատեսիլ ամարանոցներէն Տհուր Շուէր գիւղը։
Յիշեալ եօթը անձերն ալ ընդմիշտ մեկնած են այս աշխարհէն, իրենց ետին թողելով ստեղծագործական հարուստ վաստակ։ Այդ վաստակը - վէպ եւ թատերախաղ, բանաստեղծութիւն կամ քննադատութիւն, յուշ եւ պատմագրութիւն - մատչելի է բոլորին եւ մնայուն արժէք։ Սակայն անոնց հեղինակները, իրենց մարդկային դիմագիծով, նկարագրային յատկանիշներով անծանօթ կը մնան նոր սերունդներուն։ Այս գիրքի էջերուն մէջ ես աշխատած եմ քանի մը հիմնական գիծերով վերստեղծել տաղանդաւոր այդ անձերուն կենդանագիրը այնպէս ինչպէս որ ճանչցած եմ զիրենք։
Անոնցմէ հինգը - Յ. Օշական, Լ. Շանթ, Ն. Աղբալեան, Ն. Ադոնց եւ մասամբ նաեւ Կ. Զարեան - եղած են ուսուցիչներս։ Ուղղակի իրենց կը պարտիմ մտաւոր եւ հոգեկան դաստիարակութիւնս։
Միւս երկուքը թէեւ դաս չեն աւանդած ինծի, բայց անոնցմէ մէկը՝ Սիմոն Վրացեան գաղափարական գլխաւոր դաստիարակներէն է մեր սերունդին, իսկ Վահան Թէքէեան՝ բանաստեղծական արուեստի ներշնչողը։



ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ
ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ


Յ. Օշական ոչ միայն տիրական, այլեւ առասպելական դէմք մըն է այլեւս մեր գրականութեան մէջ։ Իր մասին խօսողներն ու գրողները պատկառոտ վերաբերում ունին միշտ։ Իր քննադատի անողոք վճիռնե՞րն են արդեօք թէ գրական վաստակին հսկայական հարստութիւնը, որ իր անունին շուրջ ստեղծած են այս առասպելը։ Յամենայն դէպս ոչ ոք մինչեւ այսօր համարձակած է Յ. Օշական քննադատը քննադատել, կամ վիպագիրին արժէքը վերլուծումի ենթարկել։
Յ. Օշականի մահէն տարիներ ետքն ալ վաստակաշատ գրողին ծանր շուքը կը հալածէ կարծես գրականութեան մեծ ու պզտիկ բոլոր սպասարկուները։
Ո՞վ պիտի համարձակի Յ. Օշականը դնել քննութեան սեղանին եւ անդամահատել անոր վաստակին կազմախօսութիւնը։
Միայն Յ. Օշական կրցած է գրել Յ. Օշականի մասին՝ հարիւրաւոր էջերու մէջ քիչ մը աւելի մշուշապատելով իր անձին ու գործին խորհուրդը։
Ու առասպելը կը շարունակուի...։
Ես ալ անոնցմէ մէկն եմ, որ պատանի հասակիս, դպրոցական երկու տարեշրջան, ենթարկուեցայ Յ. Օշական ուսուցիչի դասաւանդութեանց կախարդանքին ու մինչեւ հիմա դուրս չեմ կրցած ելլել անոր ազդեցութան եւ հմայքին շրջանակէն։ Յետագայ ընթերցումներս զիս քիչ մը աւելի մխրճեցին օշականեան աշխարհի ոլորապտոյտին մէջ, ուրկէ շատ դժուար է դուրս գալ եւ «մաքրաջրուած» աչքերով դիտել զինք։ Հետեւաբար սա քանի մը տողերը բնաւ չեն ձգտիր Յ. Օշականի գրական արժէքը դատաստանի ենթարկելու, այլ պարզապէս հեռաւոր անցեալին ընդմէջէն քանի մը բնորոշ գիծերով կ՚ուզեմ ոգեկոչել իր յիշատակը, ինչպէս դրոշմուած է ան, Օշականի իսկ բառերով՝ «հոգիիս տախտակին վրայ»։
Ահա աչքերուս առջեւ կը ներկայանայ 14-15 տարեկան այն պատանին, որ խումբ մը տղոց հետ ներս կը մտնէ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան երկաթէ դարպասէն։ Դիմացը, իրարմէ ոչ շատ հեռու, երկու քարաշէն գեղեցիկ շէնքեր, շրջապատուած ընդարձակ բայց չոր տարածութիւններով։ Լերկ բլուր մը, կտրուած քաղաքէն, որ սակայն բացառիկ հմայք ունի իմ աչքիս՝ իր ներքին խորհրդալի բովանդակութեամբ։ Ինծի կը թուի թէ շէնքերու տաշուած քարերէն իմաստութիւն եւ գիտութիւն կը կաթկթի։ Ուրեմն շուտով ես պիտի դառնամ երջանիկ բնակիչներէն մէկը այս լուռ մենաստանին. եկած եմ դէպի աղբիւրը լոյսին եւ հոգիս «սափորն է դատարկ»։
Խումբին միւս անդամները ինծի չափ յուզուած չեն երեւիր։ Հետաքրքրուած են աւելի ֆութպոլի խաղավայրով կամ կը փորձեն սրամիտ խօսքերով ճեղքել մեզի սպասող կեանքին գաղտնիքը.
– Ասիկա բա՞նտ է, ինչ է, կ՚ըսէ մէկը, ցոյց տալով երկու շէնքերը իրարմէ բաժնող փշալարերու ցանցը։
Լաւատեղեակ մը կը բացատրէ թէ շէնքերէն մէկը աղջկանց յատուկ է, միւսը՝ տղոց, հետեւաբար ցանցապատումը անհրաժեշտ նկատուած է, որպէսզի անոնք իրարմէ հեռու մնան։
Վերջապէս զանգ մը կը հնչէ՝ վանական կոչնակի թրթռուն արձագանգով. քիչ ետք հանդարտաբարոյ ուսանողներու բազմութիւն մը կը խմբուի մեր շուրջ։ Բոլորն ալ հագած են Մելգոնեանի տարազը – կարճ տաբատ եւ զինուորական օձիքով ու կոճակներով բաճկոն։
Տղոց շէնքի սանդուխներուն վրայ կը յայտնուի կլոր ու փայլուն դէմքով եւ հաստ ակնոցներով մէկը. նշան կ՚ընէ որ նորեկներու խումբը մօտենայ։ Տնօրէնն է՝ պրն. Կիրակոսեան։
Ես անհամբեր եմ Յ. Օշականը տեսնելու։ Նախակրթարանի իմ ուսուցիչս Դամասկոսի մէջ յաճախ խօսած է անոր մասին մեծ պատկառանքով, իբրեւ «Սփիւռքի միակ քննադատը»։ Եւ ես դաս պիտի առնեմ իրմէ։ Բայց Յ. Օշական չ՚երեւիր. հարցումներս անպատասխան կը մնան։
– Դուք,– կ՚ըսէ տնօրէնը, մատը մեր վրայ ուղղելով,– պեխով մօրուքով հասուն մարդիկ կ՚երեւիք, ինչպէ՞ս պիտի նստիք գրասեղաններու առջեւ։
Իսկապէս խումբի անդամներէն ոմանք, որ երկար տաբատ կը կրեն, արդէն իսկ ածիլուելու տարիքին մէջ են։ Ես տակաւին պեխ ու մօրուք չունիմ, երեսիս ածելի չէ դպած։ Կրնայ ըլլալ որ շրթունքիս վերի մասը ստուերոտած է քիչ մը թխորակ աղուամազով, սակայն պատանի եմ, իսկական պատանի։
Մեզ կարգ ու կանոնի տակ դնելու առաջին նախաձեռնութիւնը կը կատարուի նոյն օրն իսկ։ Մեր մազերը կարճ կը խուզեն եւ մեզի կը հագցնեն հաստատութեան տարազը։
Թէեւ ըսուած է թէ սքեմը մարդս վարդապետ չի դարձներ, բայց ամբողջ ճշմարտութիւնը չէ ասիկա։ Հագուստին դերը շատ մեծ է կեանքին մէջ։ Նորեկներուն խումբը, մելգոնեանցիի տարազով, այլեւս չի զանազանուիր հին սաներու կարգապահ շարքերէն։
Խումբին բոլոր անդամներուն ծանօթ չեմ։ Նաւուն մէջ, Պէյրութէն Կիպրոս ութ ժամ տեւող ճամբորդութեան ընթացքին մտերմացած եմ մէկ-երկու հոգիի հետ, որոնք ինծի պէս արհեստաւոր՝ կ՚երթան կէս մնացած իրենց ուսումը շարունակելու։ Բոլորն ալ սակայն մեծ-մեծ յաւակնութիւններ ունին։ Աւելի ճիշդ՝ մե՜ծ երազներ։ Կ՚երթան ապագան նուաճելու։ Գիրուկ եւ արիւնոտ աչքերով սա տղան, հօրէ եւ մօրէ որբ, որոշած է ճարտարապետ ըլլալ։ Հիւանդկախ երեւոյթով սա միւսը գրագէտ պիտի դառնայ։ Պայուսակին մէջ բանաստեղծութիւններու տետրակ մը ունի արդէն եւ կը տանի Օշականին ցոյց տալու։
– Դո՛ւն ի՞նչ պիտի ըլլաս,– կը հարցնեն անոնք ինծի։


ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 1

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝