Յայտարարութիւն

Sunday, June 7, 2009

Գեղեցկութիւնը

«Նշանակ»ի կրթադաստիարակչական մտահոգութեանց մաս կը կազմէ Հայ տիկինը, մանաւանդ Հայ Տանտիկինը ,առողջ տեսնել և բարձր տրամադրութեան մէջ: Հայ մայրը այսօրուան պայմաններուն ներքև սատար է իր ընտանիքին իր արտատնային աշխատանքով,մէկ խօսքով ան օրական ութ ժամ ուրիշի համար աշխատելէն ետք պարտաւոր է նաև իր ամուսնով ու զաւակներով զբաղելու մի քանի ժամ: Կարենալ սատար հանդիսաալու համար Հայ տիկնոջ ընդհանրապէս,անոր տրամադրութիւնը միշտ բարձր պահելու մտահոգութեամբ որոշեցինք «Կանացի» բաժինը աւելցնել կայքէջին մէջ: Տալիդա Գալըպճեան ստանձնեց շաբաթական դրութեամբ լեցնել այդ էջը:«Նշանակ» իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Տիկին Գալըպճեանին և մեր սիրելի մայրերուն ու քոյրերուն կոչ կ’ուղղէ իրենց մասնակցութիւնը բերելու այս էջին:Հետաքրքրուողները եթէ հարցումներ ունին թող բարեհաճին հեռաձայնել +971 50 6261064 թիւին

Շնորհակալութիւն՝
«Նշանակ»

_________________________________________________________



Գեղեցկութիւնը

Հոգեկան գեղեցկութիւնը գերազանց է մարմնական գեղեցկութենէն.
Գեղեցկութիւնը լաւագոյն յանձնարարագիրն է.
Գեղեցկութիւնը հրաշալի նուէրն է բնութեան.
Գեղեցկութիւնը բռնակալութիւն մըն է , որ կարճ կը տեւէ.
Գեղեցկութիւնը շրթներու եւ աչքերու մէջ չէ, այլ սրտին մէջ:

Ձեր Դրամագլուխը Ձեր Գեղեցկութիւնն Է

Տանտիկին, վաճառորդուհի թէ գրասենեակի քարտուղարուհի ենթակայ էք մեծ վտանգի մը : Չափազանց յոգնութիւնը դարուս գլխաւոր հիւանդութիւններէն մէկը կը համարուի:

Չափազանց յոգնութիւնը կրնայ մէկ օրէն միւսը ծերացնել ձեզ ծերութեան տարիքէն առաջ: Շատ քիչ ժամանակ կորսնցնելով , առանց ձեր սովորութիւններէն բան մը զիջելու, կրնաք ձեր տան մէջ, ձեր սովորական գործի ընթացքին յոգնութեան դէմ պարիսպ քաշել:

Քիչ մը նախաձեռնութիւն պէտք է եւ քիչ մը հեռատեսութիւն հետեւելու համար հետևող խրատներուն:

▪ Ուշադրութիւն ըրէք երբ կը նստիք, շիտակ թող ըլլայ ձեր կռնակը, ձեր մարմնին ծանրութիւնը թող չյոգնեցնէ ձեզ, ձեր մատներուն ծայրամասերը գետին թող դպնան, իսկ կռնակը քիչ մը բարձր թող մնայ.
▪ Եթէ կը սիրէք բազկաթոռներու վրայ նստիլ, մէջը մի կորսուիք այլ ձեր կռնակը ուղիղ եւ կուրծքը դէպի առաջ ինկած թող ըլլան: Եթէ կը սիրէք ոտք ոտքի վրայ դնել բարձր թող մնան ձեր ոտքերը, ձեր թեւերը հորիզոնական պահեցէք, ուսերը մի բարձրացնէք: Մի նստիք բարձր թեւոց ունեցող բազկաթոռներու վրայ:
▪ Երբ ոտքի էք, ձեր աջ ոտքը ձախէն մի քանի սանթիմեթր առաջ թող ըլլայ, ձեր ծանրութիւնը հաւասարակշռեցէք . երբեմն հակառակը ըրէք աջին ձգելով ծանրութիւնը: Այս ձեւով կրնաք երկար ժամանակ առանց յոգնելու մնալ:
▪ Այս ձեւին առաւելութիւնը հասկնալու համար փորձեցէք կենալ «պատրաստ» վիճակի մէջ, զինուորներու նման, մի քանի վայրկեանէն պիտի յոգնիք: Եթէ ձեր ձեռքը ապրանք մը ունիք հակառակ կողմի ձեռքով բռնեցէք, այսինքն եթէ ծանրութիւնը ձեր մարմնին ձախ ոտքին վրայ է ՝աջ ձեռքով բռնեցէք:
▪ Կարեւոր է նաեւ քնանալու ձեւը, կռնակի վրայ մի պառկիք, կրնաք խռմբալ, նախընտրելի է կողմնակի պառկիլ, որ կողմը որ կը նախընտրէք, միայն ձեր ձեռքը կուրծքին վրայ մի ծալլէք, կրնայ շնչառութիւնը խանգարել, միշտ նոյն բարձը գործածեցէք ,ձեր անկողինը շատ կակուղ թող չըլլայ, կրնայ ձեր մարմինը աւելի յոգնեցնել:

Օրուան Մտածումը

-Այն տունը , ուր գիրք չկայ , կը նմանի հոգեզուրկ մարմնի.
-Իմ ունեցած ամէն լաւ բանի համար ես պարտական եմ գիրքերուն.
-Էականը ոչ թէ գիրքեր ունենալն է, այլ կարդալն ու հասկնալը.
-Կարդալով այն հեղինակները, որոնք լաւ կը գրեն, դուք կը սորվիք լաւ խօսիլ:Սորվեցէք ու կարդացէք լուրջ գիրքեր, մնացածը կեանքը կը լրացնէ:

Պատրաստեց
Տալիդա Գալըպճեան
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝