Յայտարարութիւն

Monday, July 6, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» Մուշեղ Իշխան - 10

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» - 10


ՓՐՈՖ. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԱԴՈՆՑ

Սիրելի Ընթերցող,




Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի :




«Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:




Նշան Պասմաճեան

____________________________________________________________

ՓՐՈՖ. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԱԴՈՆՑ


Պատերազմի յայտարարութիւնը խոր ազդեցութիւն ունեցաւ փրոֆ. Ադոնցի վրայ։ Աշխարհի սպառնացող տակնուվրայութիւնը կը մտահոգէր զինք։ Աճապարանք կար իր աշխատելու եղանակին մէջ։ Կը վախնար որ ծրագրած գործերը կէս կը մնան։ Սկսաւ քիչ մը աւելի բացուիլ եւ ակնարկութիւններ ընել հրատարակելի կամ պատրաստութեան մէջ եղող գրութեանց մասին։ Միւս կողմէ, սակայն դէպքերու ընթացքը հանգիստ չէր տար իրեն։ Կ՚ապրէր պատերազմով եւ իւրաքանչիւր նորութեամբ։ Աւելի յաճախ կ՚իջնէր սրճարան թերթ կարդալու եւ խօսակից փնտռելու։ Զգացած յուզումը աւելի զօրաւոր էր քան ինքնամփոփումի պահանջքը։

Մեր ժողովուրդի ապագան յոռետես կամ լաւատես ենթադրութեանց չէր մղեր զինք։ Ադոնցի մտահոգութեան առանցքը ներկան եւ համաշխարհային կացութիւնն էր։ Հին ու փտած կարգերու փլուզումին կը սպասէր՝ իրական արդարութեան մը յաղթանակին յոյսով։

Չէր հաւատար պաշտօնական զեկոյցներու ճշմարտութեան եւ կը ջանար իրողութիւնները զատել քարոզչութեանց տուրքէն։ Պելճիքա չէզոք պետութիւն էր տակաւին եւ Ադոնց առիթը ունէր հետեւելու պատերազմիկ երկու կողմերէն ստացուած ճառերուն եւ տեղեկութիւններուն։
Բաւականին լայն փորձառութիւն ունէր՝ ցնորքներ չսնուցանելու համար։ Բայց կը սպասէր արմատական յեղաշրջումներու, համոզուած՝ որ պետութեան կեանքն ու գործը վարող հիմնական սկզբունքը գեղեցիկ խոստումները եւ ցնորքները չեն, այլ սեփական շահերը։

Ադոնց ջերմ ջատագովն էր ազգերու անկախութեան. մշակոյթներու ծաղկումին առաջին պայմանը կը նկատէր ժողովուրդի մը ազատութիւնը կամ առնուազն ներքին ինքնավարութիւնը։

Իր դաստիարակութեամբ եւ ըմբռնումով Ադոնց կրնար ապրիլ եւ շնչել բնականաբար միմիայն ժողովրդապետական կարգերու տակ։ Իր միտքը վարժուած անկաշկանդ ստեղծագործութեան, չէր հանդուրժեր քաղաքական բռնակալ թելադրանքներով սահմանափակուելու։ Այդ պատճառով ալ, վաղանցուկ կը գտնէր ոյժի եւ բռնութեան վրայ հիմնուած ամէն իշխանութիւն։

Այսուհանդերձ Ադոնց բուռն քննադատութեան կ՚ենթարկէր նաեւ կեղծիքի եւ խորամանկութեան սկզբունքով առաջնորդուող դիւանագիտութիւնները։ Կ՚ուզէր, որ անկեղծութիւնը տիրէր վերջապէս ազգերու փոխյարաբերութիւններուն միջեւ եւ բան մը փոխուէր աշխարհիս երեսին։

Կը զգուշանար գուշակութիւններ ընելէ։ Իր հոգիին խորը անթեղուած վախ մը ու վիշտ մը կար, վիշտը նոր յուսախաբութիւններու եւ նոր անիրաւութեանց, որոնք կրնային դարձեալ հարուածել ազատութեան ի խնդիր չարչարուած եւ այնքա՜ն արիւն թափած հայ ժողովուրդի նուիրական դատը։

Եւ Ադոնց աչքերը փակեց պատերազմի առաջին օրուան մէջ, առանց տեսնելու խորհրդաւոր գալիքը։

*
* *

Փրոֆ. Ն. Ադոնց վերջին անգամ տեսայ 1940 Մայիս 14ին, Պելճիքայի վրայ Գերմանիոյ կատարած արշաւանքին չորրորդ օրը։ Երկրին մէկ մասը գրաւուած էր արդէն եւ թշնամի բանակները կը մօտենային մայրաքաղաքին։ Պրիւքսէլ յուզումի եւ եռուզեռի մէջ էր։ Փողոցները լեցուած էին զինուորներով, փոխադրակառքերով, դէպի Ֆրանսա փախուստ տուող գաղթականներու կարաւաններով եւ դէպի ճակատ գացող հրասայլերով։

Համալսարանը փակուած էր եւ ուսանողութիւնը զէնքի տակ կանչուած։ Հայ տղաքս շարունակ իրարու մօտ էինք՝ հետեւելով դէպքերու զարգացումին եւ մտածելով մեր ընելիքի մասին։ Այդ օր վերջապէս որոշեցինք հեռանալ եւ կերպով մը Ֆրանսա անցնիլ։ Կէսօրուան մօտ բաժնուեցանք իրարմէ՝ շոգեկառքի կայարանը հանդիպելու խոստումով։

Չորս օրէ ի վեր գիշեր-ցերեկ ահազանգ կը հնչէր։ Վտանգի ազդանշան մը հազիւ վերջացած՝ կը սկսէր երկրորդը։ Գերման օդանաւերու տորմիղներ ալիք ալիք կ՚անցնէին երկինքէն եւ հակօդային պաշտպանութեան հրետանին վարէն անընդհատ կը գոռար։ Հակառակ տիրող դժոխային աղմուկին եւ ձայնասփիւռի տարածած գէշ լուրերուն, խուճապ չկար քաղաքին մէջ։ Անցորդներու դէմքին վրայ նշմարելի էր քիչ մը լրջութիւն եւ քալուածքին մէջ՝ քիչ մը աւելի աճապարանք։

Սենեակս երթալէ եւ գոյքերս հաւաքելէ առաջ, որոշեցի վերջին այցելութիւն մը տալ Ադոնցին։ Հազիւ իր բնակարանին մօտեցած՝ նոր եւ բուռն ռմբակոծում մը ծայր տուաւ դարձեալ. Ադոնցի սենեակին փեղկերը փակ էին։ Խորհեցայ թէ կրնար ապաստանարան իջած ըլլալ, բայց եւ այնպէս հնչեցուցի դրան զանգը։

Փրոֆ. Ադոնց սենեակն էր, սեղանին առջեւ եւ կ՚աշխատէր խորասուզուած լրջութեամբ, անտարբեր դուրսի աղմուկին եւ հոգերուն։ Փեղկերը ամուր փակած բիրտ ուժերու արշաւանքին եւ աւերածութեան դէմ՝ լծուած էր ստեղծագործ աշխատանքի։ Աչք մը նետեցի իսկոյն սեղանին վրայ, ուր ցրուած էին ֆրանսերէն մանր գիրերով ծածկուած բազմաթիւ էջեր։
Փրոֆեսորի դէմքին բարեւի ժպիտը հազիւ ուրուագծուած էր, երբ մօտակայ վայրի մը մէջ ինկող ռումբի ահաւոր պայթիւնը ցնցեց երկուքս ալ։

– Ի՞նչ կ՚ընէք, փրոֆեսոր, չէ՞ք մտածեր հեռանալու եւ Ֆրանսա ապաստանելու մասին,– հարց տուի՝ բան մը ըսած ըլլալու համար։
– Ինչպէ՞ս հեռանամ,– պատասխանեց հանդարտ ու վճռական ձեւով։ Ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ կեանքս, եթէ բաժնուիմ գիրքերէս, որոնք հազիւ կրցած եմ տարիներու ընթացքին իրարու քով բերել։ Եւ յետոյ ինչո՞ւ համար այս օրերուն իյնամ ճամբաներու վրայ եւ դիմեմ դէպի անծանօթը, երբ կրնամ աղէկ գէշ գլուխս պահել եւ գործս շարունակել։ Ի՞նչ պիտի ընեն եկողները ինծի պէս ծերունիի մը...

Ադոնցի ամբողջ ուշադրութիւնը այդ վայրկեանին կեդրոնացած էր իր ձեռագիրներուն վրայ եւ մնացածը իրեն կը թուէր երկրորդական, անցողիկ։ Դիմացս նստած էր դարերէն եկած եւ նախնիքներու աւանդութիւնը շարունակող անընկճելի հայ մարդը, որ բոլոր վտանգները, սուրի ու թնդանօթի բոլոր հարուածները գիտէ դիմագրաւել գրիչով, մագաղաթին ու թուղթին անխորտակելի պատնէշով։ Վանքի մը խուցին մէջ, մոմի ցոլքին տակ, ջարդարար վոհմակներու հեղեղին դէմ, հայ հանճարին լոյսը եւ հայոց պատմութեան անջնջելի տեւականութիւնը դրոշմող դպիրներուն յար եւ նման։ Գրասեղանին առջեւ նստած՝ հոգեկան բարձրագոյն արժէքներու կռիւը կը մղէր լուռ ու մունջ։

Դուրսի ժխորը կը մեծնար, կը բազմապատկուէր, տան ապակիները կը ցնցէր՝ ներս խուժելու մոլուցքով։ Հակօդային հրետանին աւելի ու աւելի զայրոյթ կը ժայթքէր երկինքի խաղաղութիւնը սրբապղծող մահուան սեւ բազէներուն դէմ։

– Երանի թէ,– ըսաւ Ադոնց,– սա գետինը ճեղքուէր եւ գիրքերովս, սեղանովս եւ աղօտ ճրագովս ինձ առնէր իր մէջը, չլսէի այս բոլորը, կարողանայի աշխատիլ հանդարտ սրտով եւ վերջացնել ծրագրած գործս։

Երբեք այսպէս սրտակցութեան կարօտ վիճակի մէջ չէի տեսած Ադոնցը։ Կարծես կը զգար, որ իր ուժերը անբաւարար պիտի գային փորձութեան շրջանը անցընելու. կարծես գիտէր որ իր կեանքին մեծ երկը կէս պիտի մնար։

Օգտուեցայ առիթէն եւ հարցուցի թէ ի՞նչ կը գրէր։

Գզրոցէն հանեց խոշոր թղթածրար մը, բացաւ եւ սկսաւ պահ մը լուռ դարձնել էջերը։ Մատներէն կը հոսէր թախիծի եւ գուրգուրանքի թեթեւ դող մը։ Հօր մը պէս, որ շուտով իր մէկ հատիկ զաւակը պիտի յանձնէ պատերազմի հազար ու մէկ վտանգներուն, Ադոնց այժմ համակ սէր ու նուիրում դարձած էր իր գիրքին համար։

– Հայոց պատմութեան ընդարձակ ուսումնասիրութիւնս է,– ըսաւ Ադոնց լռութիւնը խզելով.– մինչեւ Տիգրան մեծը հասցրել եմ։ Այժմ ուզում եմ հիմնովին վերամշակել ուրարտական շրջանը (1), որ առանձին մօտ չորս հարիւր էջ է բռնում։ Կարծում էի, թէ վերջնական ձեւ է ստացել այն, բայց նոր փաստեր ձեռք անցընելով՝ նշմարեցի, որ սխալ հիմերի վրայ եմ կառուցել։ Գրած ժամանակ նկատի ունէի Վանի արձանագրութեանց օտար գիտունների տուած մեկնաբանութիւնը։ Մի քանի ամիս առաջ բերել տուի արձանագրութիւնների լուսանկարները եւ ուզեցի անձնապէս կարդալ։ Շատ բաներ սխալ են հասկացուել։ Կան հատուածներ, որոնց իմաստը փոխուել է, որովհետեւ դասաւորումը ճիշդ չէ։ Օրինակ, ժայռի այս կտորը պէտք է միւսներից յետոյ զետեղել եւ ո՛չ թէ նրանց սկիզբը։

Ադոնց ջուրերուն մէջ էր դարձեալ։ Քանի կը խօսէր հայոց պատմութեան եւ իր գործի մասին՝ այնքան կ՚ոգեւորուէր եւ կը դառնար կայծկլտուն աչքերով ու բարձր տրամադրութիւններով նախկին մարդը։ Կէս ժամի չափ անդադար բացատրեց ինծի թէ ինչպէ՞ս եւ ո՞ր գիտունը կարդացած է արձանագրութիւնները, թէ ի՞նչ ձեւով պէտք է վերծանել ուրարտական շրջանէն մնացած բեւեռագրերը (ինք սորված էր այդ լեզուն), թէ ինչո՞ւ այսինչ հատուածը միւսէն առաջ պէտք է կարդալ, եւն. եւն.։

Ես աւելի կը դիտէի սեղանին վրայ դրուած յուշարձաններու հոյակապ լուսանկարները, քան թէ կը հետեւէի իր տուած բացատրութիւններուն։ Ժամանակը կ՚անցնէր, ռմբակոծումը կը շարունակուէր եւ մտքիս մէջ տասը տեսակ ծրագիրներ կը դառնային։

– Ինչո՞ւ ֆրանսերէն գրեցիք,– հարց տուի ընդմիջելով։
– Ֆրանսախօս համալսարանի մը կապուած եմ եւ յոյս կայ, որ համալսարանը հրատարակէ գործս։ Յետագային կարելի է հայերէնի վերածել,– պատասխանեց՝ երկրորդական նկատելով լեզուի հարցը։

Ձեռագիրներուն մէջէն մասնաւոր հոգածութեամբ դուրս քաշեց հաստ թուղթի վրայ գծագրուած քանի մը նկարներ, որոնք կը ներկայացնէին ուրարտական շրջանէն մնացած ամաններ եւ զանազան հնութիւններ։

– Ասոնք կինս գծած էր,– ըսաւ ցած ձայնով,– մեծ շնորհք ունէր նկարելու։

Յանկարծ լռեց։ Ակամայ բացած էր կեանքին այն էջը, զոր երկիւղածութեամբ կը ծածկէր ուրիշներէ։ Կինը իր կեանքին քնարերգութիւնն էր եւ վէպը։ Որքան քաղցր, նոյնքան եւ եղերական ապրումներով լեցուն վէպ մը, որու մասին կցկտուր տեղեկութիւններ միայն ունէինք։

Ճիշդ դիմացս, սենեակի որմէն ինծի կը նայէր տրտում աչքերով գեղանի կին մը, ի՛ր կինը։ Կ՚ըսէին թէ Ադոնցի եւ կնոջ միջեւ տարիքի մեծ տարբերութիւն է եղած։ Կ՚ըսէին թէ Ադոնց խենթի պէս սիրած է իր դեռատի կենակիցը եւ երկու տարի, նոյն սենեակին մէջ, մեծ անձնուիրութեամբ խնամած զինքը, երբ ան կը տառապէր անբուժելի հիւանդութենէ մը։ Գիտէինք նոյնպէս, որ ամէն տարի Զատիկին Ադոնց Փարիզ այցելութեան կ՚երթար կնոջը գերեզմանին։ Բայց ոչ մէկ ատեն Ադոնց իր «անդրշիրիմեան սէրը» զգալ չէր տուած այնպէս, ինչպէս այդ օրը։

– Փրոֆեսոր, ուրիշ տպագրելի ձեռագիրներ չունի՞ք,– խօսքը փոխեցի՝ իր յուզումը չխորացնելու համար։

Դարակէ մը դուրս քաշեց թուղթերու նոր կապոց մը, որ կը բաղկանար ձեռագիրներէ եւ պարբերաթերթերու մէջէն հանուած տպագիր յօդուածներէ։ Աչքի կը զարնէին մանաւանդ «Հայրենիք» ամսագրի էջերը։

– Ասոնք,– ըսաւ,– տարբեր ժամանակներ գրածներս են։ Ամբողջական մի հատորի մէջ պիտի ամփոփուին։ Նուպարեան Ֆոնտի Հրատարակչական Յանձնախումբը որոշել էր լոյս ընծայել. պատերազմը վրայ հասաւ։ Պէտք է աշխատեմ մի կերպ այս ծրարը Փարիզ հասցնել։
– Տուէք ինծի, տանիմ։

Երեսս նայեցաւ զարմացած։ Պարզեցի իրեն Պրիւքսէլէն մեկնելու մեր որոշումը։ Դէմքի արտայայտութենէն հասկցայ, որ շատ գոհ չմնաց։ Գիտէի արդէն իր տեսակէտը նման պարագաներու համար,– ամբոխային հոսանքներու չենթարկուիլ, խուճապի չմատնուիլ եւ պաղարիւնութեամբ սպասել դէպքերու զարգացման։

– Դուք ի՞նչ խորհուրդ կու տաք։ Մնա՞նք թէ փախինք,– հարց տուի՝ կարծիքը ուղղակի իր բերնէն իմանալու նպատակով։
– Այսպիսի ժամանակ,– պատասխանեց,– դժուար է ոեւէ մէկին խորհուրդ տալ։ Ճանապարհների վտանգը նոյնքան մեծ է որքան գրաւուող քաղաքներինը։ Ձեր գիտնալիք բանն է։ Յամենայն դէպս, ձեռագիրներս պիտի չտամ, որովհետեւ դեռ յայտնի չէ Փարիզին վիճակուելիք ճակատագիրն էլ. իսկ քո բեռդ չեմ ուզում ծանրացնել։

Ռմբակոծման վերջ գտնելը աւետող ազդանշանը կը հնչէր արդէն երկար ու միօրինակ եղանակով։ Պատրաստուեցայ հրաժեշտ առնելու։ Ադոնց ներսի գրպանէն դրամապանակը հանեց եւ յուզումի զգալի շեշտով մը դարձաւ ինծի ու ըսաւ.

– Քանի որ վճռել ես անպայման հեռանալ, Աստուած հետդ լինի։ Ա՛ռ այս դրամը, քովդ յաւելեալ գումար թող գտնուի. դրամի շատ պէտք պիտի ունենաս։ Զգոյշ եղի՛ր եւ ուր որ հասնիս, աշխատիր նամակ գրել ինձ։

Կտրուկ կերպով մերժեցի ընդունիլ դրամը՝ յայտարարելով թէ ունեցածս Փարիզ կը հասցնէ զիս, անկէ վերջն ալ՝ «Աստուած ողորմած է»։

Ադոնց ընկերացաւ ինծի մինչեւ փողոցին դուռը։ Դուրսը ամայի էր բոլորովին։ Բաժանման յուզումները ամէնէն շատ կը ցնցեն մարդկային հոգին, երբ մանաւանդ բաժանումը կը կատարուի սիրուած անձէ մը։ Ճշմարիտ ցաւով էր որ սեղմեցի այդ մեծ հայուն պատուական ձեռքը, որ կէս դարէ աւելի այնքա՜ն նուիրումով եւ ուժով ծառայած էր մեր ազգային մշակոյթին։

– Փրոֆեսոր, չեմ գիտեր՝ «ցտեսութի՞ւն» ըսեմ թէ «մնաք բարով», եղաւ շրթներէս դուրս ելլող վերջին հարցումը։

– Ցտեսութիւն ասա,– պատասխանեց դառն ժպիտով,– աշխարհ է, դեռ առիթը կ՚ունենանք տեսնուելու. կը վերադառնաս եւ ուսումդ կը շարունակես։

Արագ քայլերով հեռացայ։ Փողոցի անկիւնը չդարձած՝ ետիս նայեցայ մեքենաբար։ Ադոնց իր սլացիկ հասակով, արծաթէ մազերու լուսապսակին տակ, անշարժ կը մնար դրան սեմին վրայ։
Ըսած «ցտեսութիւնս» օգուտ չըրաւ։ Վերջին անգամն էր, որ կը տեսնէի Ադոնցը, որովհետեւ ժամ մը ետք ես պիտի խառնուէի Փարիզի ճամբան բռնող պելճիքացի գաղթականներու կարաւանին, իսկ ինքը քանի մը ամիս վերջ պիտի գտնէր իր յաւիտենական հանգիստը՝ թոքատապէ բռնուած։
Ադոնց այն հայն էր, որ ամէնէն աւելի իրաւունք ունէր Հայաստանի հողին մէջ հանգչեցնելու իր ոսկորները, որոնք, վստահ եմ, հանգիստ չունին օտար հողի ցուրտ գրկին խորը։

Ադոնցի տեղը Հայաստանի պանթէոնն է, անմահներու հանգստարանին մէջ։


(1) Այս գործը յետագային լոյս տեսաւ Փարիզի մէջ։


Շարունակելի 10



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝