Յայտարարութիւն

Tuesday, July 7, 2009

« ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ » - Մուշեղ Իշխան 11


ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ

Սիրելի Ընթերցող,
Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի :
«Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:
Նշան Պասմաճեան


ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ


Ա. ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ

Արուեստագէտներ, գրողներ եւ գիտնականներ կան, որոնք իրենց անձով եւ կեանքով շատ աւելի կ՚արժեն քան արտադրուած գործը։ Այն յորդահոս աղբիւրներուն նման, որոնց յարատեւ բխումը փոխանակ յուռթի դաշտեր արգասաւորելու, ընդարձակ կարելիութիւններ կը ցուցադրէ եւ երգի ու շարժումի հմայիչ պատկերներ կը ստեղծէ՝ ձորերն ի վար իր վազքին մէջ։ Աղբալեանը ճանչցող բոլոր ժամանակակիցները կրնան վկայել, որ պայծառ իմացականութեան հրաշալի ժայթք մըն էր ան։ Եթէ չկրցաւ իր ուժերը հունաւորել որոշ ուղղութեամբ՝ յանցաւորը միայն իր խառնուածքը չէր, այլ նաեւ հայ կեանքի փոթորկալից այն ժամանակաշրջանը, ուր ապրեցաւ եւ գործեց ինք։ «Յեղափոխական շարժումը դուրս հանեց ինձ իմ ակօսից», կը գրէ Աղբալեան Հայոց Գրականութեան Պատմութեան նուիրուած ներածութեան յառաջաբանին մէջ, եւ կ՚աւելցնէ. «Սուրը չթողեց որ երգիչ դառնամ, երգը չթողեց որ մարտիկ դառնամ»։

Միայն յեղափոխութիւնն ու սուրը չէին անշուշտ, որ արգելք հանդիսացան իր ընդունակութիւններու լիակատար ծաղկումին։ Այլ նաեւ ամէն բան ընդգրկելու, գիտութեան եւ արուեստի բոլոր մարզերուն մէջ տարածուելու այն անհուն ծարաւը, որ զինք հալածեց մինչեւ մահուան դուռը։

Աղբալեան փորձած է գրական քննադատութիւն, բանասիրական եւ լեզուական ուսումնասիրութիւններ, քաղաքական եւ կուսակցական տեսութիւններ, պատմական հետազօտութիւններ, եւայլն։ Ցանուցիր այդ աշխատանքներու խառնուրդին մէջէն եթէ փորձենք իր բուն դիմագիծը ճշդել՝ ո՞ր տարազը ամէնէն աւելի պիտի պատշաճէր իր տաղանդին։ Բոլոր ճիւղերուն ալ տիրապետած է գրեթէ հաւասար ձեռնհասութեամբ։ Բայց ո՞րն է իր կոչումին հիմնական ուղին, որմէ կամովին կամ ակամայ շեղեցաւ ան՝ ընդգրկելու համար գրական կեանքի այսքան ընդարձակ հորիզոններ։

Ինծի կը թուի թէ Ն. Աղբալեան ոչ թէ շեղում կատարած է, այլ հաւատարմօրէն սպասարկած է իր ներքին դրդումներուն։ Եթէ անպայման տարազ մը պէտք է զինք բնորոշելու, մտաւորական որակումը ամէնէն ազնուական եւ խորիմաստ առումով, լաւագոյնս պիտի յարմարէր իր խառնուածքին։ Արդարեւ, Աղբալեան հզօր իմացականութեամբ օժտուած, համապարփակ հետաքրքրութիւններով մեծ մտաւորական մըն էր. որքան մտքի, նոյնքան եւ զգացումներու մարդ մը նոյն ատեն, որ մշտարթուն ջերմութեամբ գիտէր բաբախել կեանքի երեւոյթներուն առջեւ։ Օր մը, Լ. Շանթի գրականութեան նուիրուած դասախօսութեան մը ընթացքին հետեւեալ ձեւով սահմանեց մտաւորականը.– «Բուն իմաստով մտաւորականը նա է, որ աշխատում է հանրային եւ իմաստական խնդիրներ դնել, պարզաբանել եւ լուծել»։ Աղբալեան կատարելութիւն մըն էր այս տեսակէտէն։ Գուցէ նուազ «իմաստական» քան «զգացական», բայց թափանցող, վերլուծող եւ համադրող։

Աղբալեանի գրչին ու խօսքին բոլոր նուաճումները իրագործուած են բարձրագոյն մտաւորականի ապրումներով։ Եղած է քննադատ, տեսաբան, բանասէր եւ լեզուագէտ, որովհետեւ արուեստը, քաղաքականութիւնը, պատմութիւնն ու լեզուն, հանրային եւ իմաստական շարժումի զանազան երեսներն են, կապակից եւ զուգընթաց երեւոյթները, որոնք տեւաբար եւ յաջորդական փոփոխութիւններով կ՚իյնան իր հոգեկան պրիսմակի լուսարձակին տակ։

Կարելի է անվարան պնդել թէ Աղբալեանի մշակոյթի արտայայտութիւններէն եւ ոչ մէկուն հանդէպ յաւելեալ նախասիրութիւն կը սնուցանէր։ Նոյն ոգեւորութեամբ գիտէր ընկղմիլ քերթուածներու հատորի մը մէջ, որքան, օրինակ, իմաստասիրական բարդ տեսութեան մը խորը։ Սեղանի մը վրայ գտնուած որեւէ պատահական գիրք – պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, քիմիաբանութիւն, ոգեհարցութիւն, վէպ, թատերախաղ – կրնար իրմէ մտաւոր վայելքի ամբողջ ժամեր խլել։ Փրոֆեսիոնէլ մասնագէտի հետաքրքրութիւն մը չէ որ կը պտըտցնէր գրադարաններէն ներս, այլ հանճարեղ սիրողի անխոնջ թարմութիւնը։

Այս պատճառով, հակառակ իր ամբարած հարուստ հմտութեան, մասնագիտական աշխատանքի ձեռնարկելու պարագային, մասնագէտներու հմտութեան կատարելութիւնը յուսահատութիւն կը պատճառէր իրեն եւ թերահաւատութիւն կը ներշնչէր իր կարելիութիւններուն վերաբերմամբ։

Պարկեշտ մտաւորական մըն էր Ն. Աղբալեան։ Լաւագոյնին երազը կեանքին նպատակը եղած էր միշտ եւ դառն ափսոսանքով լաւն ալ զոհած էր լաւագոյնին հասնելու դժուարին ճամբուն վրայ։ Գիտէր կշռել գործի մը տարողութիւնը եւ իր ուժերուն չափը։ Հիանալու ընդունակութիւնը որքան թռիչք ու ներշնչում տուած է իր հոգիին, նոյնքան եւ զսպիչ ոյժ հանդիսացած՝ անդամալուծելով յաճախ անոր արտադրական թափը։ «Պատմութիւն Հայոց Գրականութեան» անունը կրող հատորի յառաջաբանը կը սկսի հետեւեալ տողերով.– «Այս գիրքը ես չեմ գրած հմուտների համար։ Ես բաւական հմուտ չեմ նրանց օգտակար լինելու համար։ Նրանք աւելի թերիներս կարող են մատնանշել, քան նոր փաստեր կամ ճշդումներ գտնել այդ գրութեան մէջ»։ Այս տողերը առհարկի համեստութեան մը արդիւնք չեն, այլ կը մատնեն բազմակողմանի մտաւորականին հոգեկան ողբերգութիւնը։ Հմտութիւնը, ինչպէս կը շեշտէ ինք, կը պահանջէ անձնուէր խորացում, մինչ իր միտքը կ՚որոնէր կեանքի համայնատրոփ վայելքները։

Եթէ չունեցաւ մանրակրկիտ պրպտողի մեթոտիկ եւ սպառիչ լիութիւնը, փոխարէնը սակայն իր քաղած գիտելիքներուն եւ գաղափարներուն տուաւ ինքնադրոշմ նկարագիր, յեղաշրջող նորութիւններ եւ յանդուգն թեւածումներ։ Աղբալեան շատ հեռու էր հետեւակ բանահաւաքներու նեղ արահետէն։ Կը սիրէր զարտուղի բարձունքներու պարզած անակնկալները եւ գիտէր վերէն տիրապետել նիւթերու եւ մտքերու բազմադարեան համայնապատկերին։

Բեղուն գրիչ մը չեղաւ եւ չէր կրնար ըլլալ իր այս յատկանիշներով։ Հակասութիւն թող չթուի եթէ պնդեմ, որ էապէս ստեղծագործ միտք մըն էր Աղբալեան։ Ստեղծագործ կարողութիւնը քանակով չէ պայմանաւորուած։ Մտաւոր կեանքի իր մեքենականութիւնը ստեղծագործական բնոյթ կը կրէր։ Որեւէ կարծիք, որեւէ հարց, որեւէ գաղափար ծանօթութեան սովորական պիտակով իւրացնելու տեղ, իմաստասիրական կառուցումի մէկ մասնիկը կը դառնար իր մտքին մէջ եւ իբրեւ նոր կերպարանք կը յայտնուէր իր խօսքերու հանդէսին։ Ահա թէ ինչու հաճելի էր միշտ զինք լսել, նոյնիսկ ամէնէն պարզ եւ հասարակ նիւթերու շուրջ։

Ըսի թէ պարկեշտ մտաւորական մըն էր Աղբալեան։ Գրուած էջի մը հանդէպ իր յարգանքը գրեթէ երկիւղած պաշտամունքի կը հասնէր։ «Խօսքը կը թռչի, բայց գիրը կը մնայ,– կ՚ըսէր ան իր աշակերտներուն,– եւ ինչ որ կը մնայ պէտք է կատարելութեան ձգտի»։ Հոս պէտք է գտնել գաղտնիքը իր գրի ժլատութեան եւ բանի շռայլութեան։ Շատ աւելի դիւրութեամբ յանձն կ՚առնէր տասը դասախօսութիւն տալ, քան թէ տասը էջ բան գրել։ Ամբողջ կեանքը խօսելով անցուց արդէն, հինաւուրց Յունաստանի փիլիսոփայ վարդապետներուն նման, որոնք ունկնդիրներու բազմութեանց իմաստութեան կայծեր կը ցանէին անխնայ։ Եւ ի՜նչ աննման դասախօս էր ան, հայ բեմին անզուգական ոսկեբերանը։ Միշտ կշռուած, միշտ լուրջ, միշտ իմաստալից եւ ինքնատիպ։ Իր անսայթաք լեզուն ընդունակ էր ամէնէն բարձր հարցերը ամենապարզ եւ յստակ ձեւին մէջ ներկայացնելու։ Ոգեւորութիւնը, որ առաջին բառերէն իսկ կը վարակէր ունկնդիր հասարակութիւնը, ոչ թէ հնչեղ ու աղմկալից նախադասութիւններու պերճանքէն կը հոսէր, այլ գաղափարներու կենդանի ջերմութենէն։ Հռետոր չէր՝ ամբոխավարութեան իմաստով. բայց գիտէր ամբոխներ գրաւել իր խօսքին ու շեշտին սրտայոյզ անկեղծութեամբը։ Կ՚ուսուցանէր, կը դաստիարակէր ու նոյն ատեն կը ներշնչէր։ Մարզուած իր միտքը, առօրեայ զրոյցներու ընթացքին անգամ, դժուարութիւն չէր կրեր էականը երկրորդականէն զատելու։ Արժանիք մը, որ բանախօսէն պահանջուած առաջին յատկութիւնն է անկասկած՝ սկզբունքներ եւ տեսակէտներ պարտադրելու համար։ Հակառակ խօսելու իր մեծ դիւրութեան եւ հակառակ բազմամեայ փորձառութեան, Աղբալեան ժողովուրդին չէր ներկայանար երբեք առանց նախապէս պատրաստուելու։ Ոչ ոք զինք բեմին վրայ չէր տեսած առանց այն կտոր մը թուղթին, որուն վրայ խղճամիտ հոգածութեամբ արձանագրուած կ՚ըլլար իր դասախօսութեան նախագիծը կամ ամփոփումը։

Ամբողջ կէս դար, Կովկասէն սկսած մինչեւ Սփիւռքի տարածքները, Ն. Աղբալեան տիրապետող դէմք մը մնար մեր մտաւոր շարժումներու ասպարէզին վրայ։ Ծանրաշուք հեղինակութիւն մը պտըտցուց ան ամէն տեղ։ Արժէքներ յայտնաբերեց (Չարենց, Իսահակեան, Սայաթ Նովա) եւ դէպքեր ու երեւոյթներ արժեւորեց։ Այս իրողութիւնը անբացատրելի պիտի մնար եթէ միայն իր գրչին վաստակով ուզէինք հաւասարակշռել իր մտաւորականի դերը։ Աղբալեանի տրուած «մշակոյթի պահակ» որակումը կ՚արդարանայ առաւելապէս իր հանապազօրեայ կեանքով, կրած ու գործած ազդեցութիւններու անձնական փոխյարաբերութեամբ, ապրելակերպին ընդհանուր նկարագրով։

Աղբալեանին տրուած էր կեանքը եւ գիրքերը հաշտեցնելու մոգական արուեստը։ Աշուղ մըն էր ան, բայց ոչ թէ տաղասաց եւ քնարահար աշուղ, այլ գերազանց միտքերու, գիտութեան եւ գրականութեան առինքնող տարածիչ մը։ Պարզ ու անփոյթ իր արտաքինին տակ Արեւելքի իմաստուն տէրվիշ մը կար թաքնուած, խորհրդաւոր եւ խորհրդասէր առաքեալ մը, որ նուիրական մատեաններու գանձարանը տարածելու երկնատուր առաքելութիւնն էր ստացած կարծես։ Աղբալեան իր գացած տեղը հոգիի սնունդ եւ բարձրագոյն վայելք կը տանէր հետը։ Հոն ուր ինք կը գտնուէր, անհնարին էր որ խօսակցութիւնը ճապաղէր, տափակնար եւ այլասերէր։ Ինք իր անձով եւ խօսքով կը սրբացնէր մթնոլորտը, թեւ կու տար գետնամած հոգիներու եւ անպայման մտաւոր շարժում կը ստեղծէր։ Քանի՜ քանի ընտանեկան պարզ հաւաքոյթներ, համեստ ու նոյնիսկ տգէտ ընկերակիցներու ներկայութեան, վերածուած են գրական լուրջ երեկոյթներու, շնորհիւ Աղբալեանի մտքերու անգիր աւետարանին։

Մարած աչքերով եւ մագաղաթեայ տժգոյն դէմքով այն □մտաւորական□ներէն չէր ինք, որոնք գրքերու վրայ հակած կը մնան գիշեր ու ցերեկ, գիրքերէն կը ստանան իրենց սնունդը եւ հարուստ բայց փոշեպատ գիրք կը դառնայ նաեւ իրենց հոգին։ Աղբալեան կենսուրախ եւ զուարթախոհ՝ գիրքերով կը լուսաւորէր իր կեանքը։ Հանրային գործիչ մըն էր ան՝ մշակոյթի նուիրումով, եւ նոյն ատեն «անվեղար վարդապետ» մը՝ դպրութեանց տաճարին սպասարկու։ Կը սիրէր կեանքը, բնութիւնը, երգն ու գինին, ազատագրական պայքարները, հերոսներու խոյանքը եւ ընկերային կարգերու մեծադղորդ բախումները նոյնքան, որքան մեր հին ձեռագիրները, Եղիշէն կամ Պերկսոնի իմաստասիրական դրութիւնը։ Այս է պատճառը, որ իր խօսքին ու խոհերուն մէջ թարմութիւն կար, աւիւն, սուր հեգնութիւն, քմայքի խաղեր ու անսպառ ոգեւորութիւն։ Այս էր պատճառը դարձեալ, որ շատեր, ապրող ժամանակի, կենդանի դէպքերու, արտաքին աշխարհի յարաշարժ միջամտութիւն մը գտնելով իր տեսակէտներուն եւ գիտական տեսութեանց մէջ, վերացականութեամբ կը մեղադրէին կեանքի իր ըմբռնումները։

Մշակոյթը բացառիկ ճարտարութեամբ ռամկացնող մեծ վարպետ մը եղաւ Աղբալեան։ Ժողովուրդին համար կը գրէր, ժողովուրդին համար կը խօսէր եւ ժողովուրդին համար կը գործէր։ Զգացումի եւ մտածումի վերին կատարները սաւառնելու կիրքով եւ կարողութեամբ օժտուած՝ ան գիտէր հասարակ մահկանացուները անմահ երկերու լոյսին հետ հաղորդակցութեան մէջ դնելու արուեստը։ Հեռու մնաց միշտ բանգէտի հովերով զարմանք կամ հիացում պարտադրելու սոփեստութենէն։ Առատաձեռն այս մշակը լիաբուռն ափերով սերմանեց եւ ինքզինք երջանիկ զգաց, երբ ուրիշներ հնձէին։

Պէտք էր տեսնել Աղբալեանի գրեթէ մանկունակ հրճուանքը նոր հեղինակի մը յայտնաբերած արժէքին կամ մշակութային ճակտի վրայ հայկական յաջողութեան մը առջեւ, ըմբռնելու համար թէ մտաւորականի ապրումը ո՛ր աստիճան իրական ու ինքնաբուխ նուիրում էր իր մօտ։ Հայ երգի կտոր մը մոռցնել կու տար իրեն մռայլ առօրեան եւ գեղեցիկ գիրք մը՝ ամբողջ պատերազմը։ Վերջին տարիներուն փայփայած իր սիրական երազն էր հիմնել մտաւորականներու աշխարհական միաբանութիւն մը, որուն անդամները՝ պնակ մը ոսպապուրի փոխարէն՝ յանձն առնէին ձեռք քաշել կեանքի վայելքներէն, թեթեւնալ սեփական հոգերէ եւ բոլորանուէր ճիգերով ծաղկեցնել հայոց մշակոյթը։ Աւա՜ղ, իր շատ մը ծրագիրներուն նման այս մէկն ալ մնաց երազի ոլորտներուն մէջ։

Խոժոռ եւ այլամերժօրէն գիտական ու չոր չէր մտաւորականի իր նայուածքը։ Ընդհակառակը, արուեստագէտի խառնուածքը գերակշիռ չափով մը տիրապետող էր պրպտող մարդու իր ունակութիւններուն եւ սովորամոլութիւններուն վրայ։ Այլապէս, ինչո՞վ բացատրել մասնագիտական մանր խնդիրները ոսկեզօծելու, պատմութիւնը կենդանացնելու եւ իրերն ու երեւոյթները գեղեցկացնելու այն յորդ զգացումը, որ տեւաբար կը ճառագայթէր իր խօսքերէն։ Աղբալեան մտաւորական մըն էր, որ չկրցաւ թաղել հաւատքը գիրքերու գերեզմանին խորը։ Հաւատքը ապրելու արժէքին եւ հաճոյքին հանդէպ, հաւատքը արդարութեան եւ բարիի յաղթանակին եւ վերջապէս՝ հաւատքը հոգիի անմահութեան։ Շէնշող լաւատեսութիւնը մտքի ճիգին արգասիքը եւ անյագ պրպտումներուն եզրակացութիւնը եղաւ։ Չհաւատաց մահուան, եւ մահը, որ մօտեցաւ իրեն գաղտագողի՝ չկրցաւ գերեզմանել անոր անկորնչելի յիշատակը եւ գործին լուսեղէն փառքը։

Շարունակելի 11

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝