Յայտարարութիւն

Wednesday, July 8, 2009

« ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ » -Մուշեղ Իշխան 12

ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ

Սիրելի Ընթերցող, Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի : «Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:

Նշան Պասմաճեան

ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ


Բ. ՔՆՆԱԴԱՏԸ

Գրական քննադատը Նիկոլ Աղբալեանի մտաւորական բազմաշնորհ տաղանդին երեսներէն մէկն էր եւ գուցէ ամէնէն հիմնականը։ Ի զուր չէ որ տիրող կարծիքը Աղբալեանի բուն կոչումը կը նկատէր գրական քննադատութիւնը, որուն հաւատարիմ չմնաց ան հետեւողական ձեւով եւ փորձեց մերթ ընդ մերթ, ի միջի այլոց։ Բայց այն քիչն ալ որ արտադրած է այս մարզին մէջ, երկարատեւ ժամանակամիջոցներու ընդմիջումով, ինքնուրոյն դատողութեամբ եւ խոր թափանցումով, օժտուած քննադատ մը կը յայտնաբերէ։

Մեր սերունդը երբ իր աչքերը բացաւ հայ գրականութեան անդաստանին վրայ, Աղբալեան դադրած էր արդէն քննադատութեան ածուն մշակելէ։ Երբ նկատի չունենանք ծաւալով ու տարողութեամբ փոքր եւ պատահական իր յօդուածները, որոնք գիրքի մը կամ գրական երեւոյթի մը առթիւ լոյս տեսան վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին, կրնանք ըսել թէ գաղութահայ գրական շարժումը զրկուած մնաց անոր քննադատի ծաւալուն շունչէն եւ գործօն ազդեցութենէն։ Իր քննադատական վերլուծումները եւ տեսութիւնները կը զուգադիպին նախապատերազմեան շրջանին, Կովկասի միջավայրին մէջ, ուր ստեղծուած համբաւ մը դիմացաւ ամլութեան բոլոր տարիներուն։

Ամլութի՞ւն իսկապէս։ Շօշափելի կշիռով այդ բառը արդարանայ գուցէ Աղբալեանի կեանքի վերջին քառորդ դարը բնորոշելու համար, բայց ան չդադրեցաւ գեղագէտ քննադատի գերազանց միտք մը եւ հոգի մը ըլլալէ մինչեւ իր մահը։ Չգրեց գիրքերու եւ գրական շարժումներու մասին, բայց ապրեցաւ զանոնք եւ ապրեցուց անոնցմով նաեւ իր շրջապատը։ Ահա թէ ինչու՝ յանդուգն փորձերով շահուած անուն մը, բեղուն սկզբնաւորութենէ մը յետոյ, շարունակեց մնալ պատուանդանի վրայ եւ պիտի շարունակէ այսուհետեւ ալ, երբ իր գրիչը ծիլ չունի արձակելիք գերեզմանի հողէն։

Աղբալեան իբրեւ կրթական մշակ, դասախօս, խօսակից, ժողովական եւ կեանքի ուղեւոր՝ կենդանի խօսքով եւ ներշնչումներով կատարեց այն դերը, զոր մենք կը պահանջենք քննադատէ մը։ Քննադատ Աղբալեանէն իմ տպաւորութիւններս քաղուած են ոչ թէ գրուած էջերէ, այլ առօրեայ շփումներու եւ պարագայական դասախօսութիւններու հարուստ շտեմարանէ մը, որ մնայուն չըլլալով հանդերձ, նուազ վաւերական չէ սակայն. լիուլի բաւարար՝ անոր քննադատի տաղանդը ճանչնալու եւ հաստատելու համար։ Ինծի հետ միասին պատրաստ են նոյն վկայութիւնը տալու բոլոր անոնք, որոնք սիրեցին զինք ունկնդրել ամէն առիթով։

Կարելի է ափսոսալ անշուշտ, որ այս մարզին մէջ ալ, Աղբալեան չկրցաւ օգտագործել իր կարելիութիւնները՝ զանգուածներու սեփականութիւնը դարձնելու եւ Սփիւռքի հայ գրականութեան ղեկավար դէմքերէն մէկը դառնալու համար։ Նոյնիսկ չիրագործեց երիտասարդական օրերէն ի վեր երազած «Հայ գրականութեան գեղեցիկ պատմութիւնը», որուն ներածութիւնը միայն լոյս տեսաւ իր մահուան տարին։ Բայց ասիկա պատճառ մը չէ որ չխոնարհինք իր երկնատուր ձիրքերուն եւ մեծ իմացականութեան առջեւ։

Աղբալեան կը մարմնաւորէր քննադատի մը անհրաժեշտ հիմնական յատկութիւնները։

Եթէ ճիշդ է որ արուեստագէտի մը գործը դատողը պէտք է արուեստագէտի զգայարանքներով օժտուած ըլլայ ամէն բանէ առաջ, Աղբալեան ունէր այդ զգայուն հոգին, որ գիտէր թրթռալ գեղեցկութան այլազան արտայայտութիւններուն եւ երեւոյթներուն դիմաց։

Եթէ մտքի բնական կորովը եւ ըմբռնողական որոշ աստիճան մը լրացուցիչ մասը կը կազմեն ճանչնալու եւ թափանցելու կարողութեան, Աղբալեան օժտուած էր բացառիկ ուշիմութեամբ մը, որուն սովորաբար տաղանդ անունը կու տանք։

Եթէ քննադատի մը լայն հետաքրքրութիւնները պաշտպանուած պէտք է ըլլան անպայման նոյնքան լայն եւ բազմակողմանի զարգացումով, շատ քիչեր կրնային մրցիլ Աղբալեանի հետ՝ իրենց հաւաքած հմտութեան պաշարով եւ հոգիի անյագ ծարաւով։

Եթէ յատկապէս գրականութեան սէրը քննադատը ղեկավարող ու գործի մղող կրքի մը պէտք է վերածուի, միջազգային եւ հայ գրական արժէքներուն հանդէպ Աղբալեանի սնուցած զգացումը երկիւղած պաշտամունքի կը հասնէր։

Այս բոլորին աւելցուցէք գրադատի իր արտակարգ բարեխղճութիւնը, ճշգրտութեան իր հիւանդագին բծախնդրութիւնը, նիւթ մը եւ հեղինակ մը վերլուծելու համար իր կրած քաղցր տառապանքը, այն ատեն դուք կ՚ունենաք վաւերական քննադատի հարազատ տիպարը, որ անխոյզ հանքի մը պէս կը խտանար Աղբալեանի անձին մէջ եւ որուն արտաքին խաւէն հազիւ քանի մը գանձեր լոյս աշխարհ գալու եւ բիւրեղանալու կարելիութիւնը ունեցան։

Աղբալեան լրիւ գիտակցութիւնը ունէր քննադատի բարձր կոչումին։ Առհասարակ ան գիտէր շատ սուղ գնահատել գրողին առաքելութիւնը, բայց մանաւանդ քննադատի դերի մասին իր ունեցած ըմբռնումը վեր կը մնար ընթացիկ մտահոգութիւններէ։

Գրական քննադատութիւնը՝ իր աչքին՝ մնայուն ստեղծագործութիւն մըն էր եւ ոչ թէ հրապարակագրութեան ճակատագիրը բաժնող առօրեայ քրոնիկագրութիւն մը, կամ արագ վճիռներու հրախաղ մը ,որ գեղեցիկ ճաճանչներ կը բոցավառէ պահ մը միայն, բայց չի լուսաւորեր մթութիւնը եւ չի տեւեր երկար ժամանակ։

Այդ պատճառով ալ, մտերմական զրոյցներու ընթացքին իսկ, նոր ստացուած գրքի մը հանդէպ կը պահէր որոնող, տագնապող ընթերցողի կէս գոհացուած հետաքրքրութիւն, որ համոզում եւ կարծիք դառնալու համար՝ պէտք ունի դեռ ներսուզումի, խոկումի եւ վերընթերցումի։ Դատաստանի նուիրականութիւնը արդարութեան գերագոյն պարտք մը կը դնէր կարծես իր խղճին, հակառակ անոր որ դիրքերու հետ առաջին շփումով ընդունակ էր ինք անոնց իրական արժէքը կշռելու։

Չէ պատահած որ Աղբալեան յօդուածով կամ դասախօսութեամբ հրապարակ գայ եւ կարծիք ձեւակերպէ երկի մը մասին, առանց այդ երկը բազում անգամներ կարդալու, մանրակրկիտ քննութենէ անցընելու, բաղադրիչ ներքին տարրերը մաղելու եւ վերլուծումէն բարձրանալու համադրական դատողութեան։

Գրական հոտառութիւնը չէր, որ կը պակսէր իրեն. սակայն կասկածը ունէր միշտ առաջին տպաւորութիւններու սխալանքին եւ գիտէր թէ մարդկային զգայարանքները մոլորեցնող են յաճախ, երբ չեն անցնիր իմացականութեան բովէն։ Մինչդեռ, որքա՜ն շատ է թիւը անոնց, որոնք գրքի մը ամբողջական ընթերցումին յոգնութիւնն իսկ յանձն չեն առներ՝ յաւակնոտ եզրակացութիւններ հրամցնելէ առաջ հանրութեան։

Նոր լոյս տեսած հատորի մը առթիւ իրեն եղած հարցումներուն մէկ պատասխան ունէր. «Դեռ նոր ձեռքս առի, բարձիս տակն է, կրկին պէտք է կարդալ, նիւթին ծանօթացայ. այժմ պէտք է խորքին եւ կառուցումին հասնիլ»։

Կը յիշեմ որ Համաստեղի «Տոմար Մաքիական» գործին նուիրուած իր դասախօսութիւնը պատրաստեց, այդ երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը եօթը անգամ կարդալէ ետք։ Նոյնպէս, երիտասարդ քերթողի մը հատորին քանի մը էջ յառաջաբան գրելու համար կազմեց բառարանը անսովոր գործածութեան կանչուած բոլոր բառերուն եւ մի առ մի մասնաւոր դասաւորութեան ենթարկեց ձեռագիր քերթուածներու շարքը։

Կը յիշեմ դարձեալ մտերմական իր մէկ խոստովանութիւնը՝ հին օրերու յուշերէն ինկած իբրեւ փշրանք։ «Կը կարծէի թէ,– ըսաւ օր մը,– գրական քննադատութիւնը իմ ասպարէզս պիտի դառնայ։ Եղաւ շրջան մը որ իմ բոլոր ուժերովս սկսայ պատրաստուիլ այդ դերին։ Եւ որովհետեւ համոզուած էի թէ գրական քննադատ մը պէտք է նաեւ լաւ ծանօթ ըլլայ նկարչութեան, երաժշտութեան եւ արուեստի միւս ճիւղերուն՝ մասնաւոր դասեր սկսայ առնել եւ հմտանալ ձայնանիշերու դասաւորումին»։

Գիծեր են ասոնք, որոնք լաւապէս կը յատկանշեն քննադատ Աղբալեանի նկարագիրը։

Աղբալեան կը պատկանէր քննադատութեան այն դպրոցին, որ կը ձգտի բանաձեւուած կարծիքները հասցնել գիտական տարազներու անփոփոխելի ճշգրտութեան։ Տպաւորապաշտութիւնը, իր հապճեպ եւ զուտ ենթակայական տուեալներով, գրական-գեղարուեստական խաղ մը, աւելի ճիշդ տարբեր սեռ մը կը նկատէր, բայց ոչ իրական քննադատութիւն։ Ընթերցողին եւ հեղինակին միջնորդը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ լուսաբանել, լուսաւորել եւ առաջնորդել, հնարաւոր եղածին չափ պարտաւոր է առարկայօրէն մօտենալ իր քննած նիւթին եւ անոր արուեստին։ Մինչդեռ, տպաւորապաշտ քննադատութիւնը, իր կարծիքով, կը տեւէ այնքան, որքան զայն ստորագրողին վայրկեանի տրամադրութիւնը։ Ո՛չ իսկ անոր անձն ու կեանքը, որովհետեւ կեանք մը կը լեցուի այլազան ու յաճախ հակասական տրամադրութիւններով։ Այդ չէ՞ պատճառը որ տպաւորապաշտ քննադատը գիրք մը առիթ կ՚ընտրէ ի՛ր մասին խօսելու համար եւ այսօր հաւնածը վաղը կրնայ մերժել եւ ուրանալ։

Աղբալեանի ճիգն էր փաստերէն մեկնիլ եզրակացութիւններու։ Ատոր համար ալ ուսումնասիրութիւնը հիմք կը նկատէր քննադատութեան։ Այսինքն՝ գեղարուեստական երկի մը յղացման, զարգացման, երկնումի ամբողջ պատմութիւնը, միջավայրի եւ ժամանակի ազդակներուն հետ, հեղինակին կրած ու գործած ազդեցութեանց առնչութեամբ եւ անոր խառնուածքին յատկանիշներով կը փափաքէր քննութեան սեղանին վրայ փռուած ունենալ՝ նախքան այդ երկին ընդհանուր արժէքը ճշդորոշելը։ Կը փափաքէր որ քննադատին կարծիքը բիւրեղացած ըլլար գալիք բոլոր սերունդներու դատաստանին առջեւ։ Այն ինչ որ ժամանակը կը կատարէ հիներու արժէքին համար, նորերուն նկատմամբ նոյն արդիւնքը ստանալ հնարաւոր կը նկատէր վերլուծական համբերատար աշխատանքով։

Աղբալեան, ընկերաբանական եւ իմաստասիրական գիտութեանց լայն պաշարով մը զինուած, ինքն ալ փիլիսոփայ, մտածող, գրական ստեղծագործութիւն մը չէր անջատեր կեանքէն եւ ընկերային երեւոյթներէն, որոնցմէ կը սնանի արդէն հեղինակը եւ որոնց ուղղութիւն ու շեշտ կու տայ իր կարգին։ Գրողի գործին ու կոչումին մէջ նուիրական առաքելութիւն մը կը տեսնէր եւ իր աւագ մտահոգութիւնն էր զայն որոնել, գտնել եւ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել։

Այս տեսակէտէն մեկնելով՝ «Գրականութեան պատմութիւնը» կերտող գրողներու յաջորդականութեան վրայ կը նայէր իբրեւ բնական զարգացման հոլովոյթի մը, ուր իւրաքանչիւր երկ ու հեղինակ իր տեղը, արժէքը եւ դերը ունի, երկարաձիգ շղթայի մը աւելի կամ նուազ փայլուն օղակը կը կազմէ։

Անհեթեթ կը գտնէր գրական արտադրութիւնները բոլորն ալ արուեստի նոյն չափանիշով եւ այսօրուան ըմբռնումներով գնահատելու եւ ըստ այնմ վճիռներ արձակելու ապարդիւն փորձը։ Կը սիրէր որ իր դատումները հաշտ ըլլային ժամանակին եւ տուեալ պայմաններուն հետ։ Ասով ալ կարելի է բացատրել մասամբ իր լայնախոհութեան եւ ներողամտութեան ծանօթ ժպիտը, որ կը ծագէր անխտիր հին ու նոր գրողներու վաստակին վրայ։ Դիւրահաճ չէր, բայց բարեացակամութիւնը, գուրգուրալից խանդավառութիւնը կը մղէին զինք աղօտ նշոյլ մը գոնէ գտնելու հոն, ուր ուրիշներ միայն թանձր ստուեր կը տեսնեն։

Գիտէր խանդավառուիլ։ Ահա քննադատի էական յատկանիշ մը, որ դատախազի անողոք մահավճիռներ պահանջելէ առաջ, արուեստի գործերու կեանքը երկարաձգելու մասին կը մտածէ, եւ երբ համոզուի թէ անոնք մեռած ծնած են՝ այն ատեն միայն, ափսոսանքով, մոռացութեան փոսին կը սահմանէ զանոնք։

Անվրէպ էր Աղբալեանի ակնարկը՝ օժտուածն ու անտաղանդը իրարմէ զատելու հարցին մէջ։ Հանրային կարծիքը ոչ մէկ նշանակութիւն ունէր իրեն համար այս պարագային։ Կանխակալ կարծիքներէ բոլորովին ձերբազատ, անկախ եւ աննախապաշար ոգիով կը մօտենար գրուածքի մը։ Նախապէս պատրաստուած չափեր ու կշիռներ գործածելու սովորութիւն չունէր բնաւ։ Ոչ թէ իր ցանկացածը կը պահանջէր հեղինակէ մը, այլ անոր ունեցածը կը ջանար հասկնալ, սիրել, արժեւորել եւ սիրցնել։

Կարեւորը քննադատ Աղբալեանի համար խառնուածքի մը գիւտն էր, հոգ չէ թէ այդ խառնուածքը համապատասխան չըլլար իր նախասիրութիւններուն։ Գրական իր պատրաստութեամբ, սեփական խառնուածքով եւ նոյնիսկ արուեստի հանգանակներով հակուած դէպի դասականներն ու դասականութիւնը, Աղբալեան իր հոգիին դռները չէր փակած նորերուն եւ նորութիւններուն առջեւ։ Անոնցմէ չէր ինք, որոնք մէկ ուղղութեամբ կը տեսնեն եւ մէկ ուղղութեամբ կը քալեն։ Զարտուղի ճամբաներու յոգնութիւնը, անսովոր արտայայտութեանց ժայթքը չէին խրտչեցներ իր կազմաւորուած ճաշակը։ Անակնկալին շփումը յաւելեալ հաճոյք մըն էր նոյնիսկ իր որոնող մտքին համար։ Այսպէս է որ պարզ ու յստակ ոճերու գեղեցկութեամբ տարուած Աղբալեանը գիտէր օրերով խորասուզուիլ, օրինակ, Ինտրայի բարդ ներաշխարհին նոյնքան բարդ դարձուածքներուն խորը, կամ ամբողջ գիշերներ լուսցնել Փրուստի հատորներուն վրայ։

Եթէ ընդունինք թէ գոյութիւն ունի հարթող, կործանող քննադատութիւն, պէտք է ընդունինք ուրեմն որ կայ նաեւ անոր հակադիր տեսակը, շինող, կերտող քննադատութիւն, որուն տիպար ներկայացուցիչը կրնանք նկատել Աղբալեանը՝ իր դատելու եղանակով, իր ոգեւորութեան յարանորոգ ապրումներով եւ հայ ստեղծագործ հանճարին հանդէպ իր սնուցած անխախտ հաւատքով։ Կերտելու համար չէր հաւատար թէ անհրաժեշտ է անպայման նախ քանդել, որովհետեւ իր նայուածքը կ՚ընդգրկէր ամբողջութիւնը եւ ոչ թէ մասնակին, մշակումի սպասող լայնատարած բաց դաշտը եւ ոչ թէ հոս ու հոն պատահօրէն աճած խոտելի բոյսերը, որոնց մահը իրենց ցօղուններուն մէջն է արդէն։ Աղբալեանի ուշադրութեան ոսպնեակը գիտէր խտացնել ցրուած արժէքները եւ անոնց կեդրոնաձիգ կիզումէն հասնիլ հայ հոգիի իսկութեան։

Եւ այդ էր իր բուն նշանակէտը,– հասնիլ հայ ոգիին, բռնել անոր ինքնուրոյն յատկանիշները, խորացնել մտքերու մէջ անոր պայծառ գիտակցութիւնը։ Աղբալեանի տուած հարիւրաւոր դասախօսութիւններէն իւրաքանչիւրը մէյ մէկ ներբող էր՝ ի պաշտպանութիւն եւ ի փառաբանութիւն հայ մտքի եւ հայ ոգիի առանձնայատուկ արժէքներուն։ Մեր ժողովրդական երգերուն հանդէպ իր անհուն սէրը, իբրեւ անաղարտ եւ կոյս հանք հայ քերթողական արուեստին եւ հայեցի զգայնութեանց՝ հետեւանք էր գլխաւորաբար ա՛յս ըմբռնումին։

Դարձեալ այս ըմբռնումով էր, որ Աղբալեան գրուածքներու ձեւէն կը սիրէր իսկոյն իջնել անոնց խորքին, առանց խորքն ու ձեւը իրարմէ անջատելու։ Նոյնքան կենսական կը գտնէր նիւթը, որքան անոր զգեցած կերպարանքը։ Չէր գոհանար պատասխանելով «ինչպէս կ՚երգէ» հարցումին, այլ նաեւ կ՚ուզէր ճշդել «ի՞նչը», «ինչո՞ւն», բացատրելու համար հեղինակի սրտակցութիւնը իր ժողովուրդին եւ անոր հաւաքական ապրումներուն հետ։

Աղբալեանի քննադատութիւնը կառուցուած էր իմաստասիրութեան, բանասիրութեան եւ գեղագիտութեան տարրերով, որոնք մշակուած մտքի մը եւ խորազգաց սրտի մը լուսարձակներն էին՝ ինչպէս իմացական այլազան հարցերու, նոյնպէս եւ գրական ստեղծագործութեանց վրայ բացուող։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 12
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝