Յայտարարութիւն

Thursday, July 9, 2009

« ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ » - Մուշեղ Իշխան 13


ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ
Սիրելի Ընթերցող, Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի : «Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:

Նշան Պասմաճեան
՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝
ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ

Գ.ՄԵԾ ՀԱՅԸ

Ի՞նչ է ազգութիւնը։

Այս հարցումին պատասխանելու չափ դժուար է ճշդել նաեւ այն արժանիքները, որոնք անձ մը կը դարձնեն իր ազգութեան հարազատ եւ ամէնէն ինքնադրոշմ անդամը։

Առանց վերլուծումներու մէջ մտնելու, գիտենք սակայն թէ կան մեծ ֆրանսացիներ, մեծ անգլիացիներ կամ հայեր, ինչպէս կան իրարմէ բոլորովին անջատ այդ ազգութիւնները։ Ոչ ոք պիտի ուզէր ժխիել, օրինակ, որ Ն. Աղբալեան մեծ մտաւորական մը ըլլալով հանդերձ մեծ հայ մըն էր նոյն ատեն։ Արդ, իր ո՞ր յատկանիշներուն համար չենք վարանիր Աղբալեանի տալ այդ բարձրագոյն գնահատանքը։

Եթէ ազգի մը մեծ զաւակը յորջորջուելու համար բաւարար ըլլար տաղանդը, այն ատեն բազմաթիւ տաղանդաւոր անձեր, գիտութեան եւ արուեստի բոլոր կալուածներէն, տեղ պիտի պահանջէին մեր հոգիներու տաճարին մէջ, իբրեւ համազգային պաշտամունքի առարկայ կուռքեր։ Այդպէս չէ սակայն իրականութիւնը։ Որքա՜ն մեծատաղանդ բժիշկներ, գիտնականներ, ճարտարագէտներ եւ նոյնիսկ գրողներ ունինք, որոնք գուցէ պատիւ կը բերեն հայութեան իրենց գործերով, բայց մեծ հայեր չեն։ Անոնք, այլապէս յարգանքի արժանի դէմքեր, իրենց ասպարէզին մէջ կրնան լուսաւոր աստղեր դառնալ, բայց ո՛չ անպայման լուսաղէն հոգի մը հայ ժողովուրդի հաւաքականութեան համար։

Իր ազգի պատմութեան, գրականութեան եւ արոեւստներու խոր հմտութիւնը բաւարա՞ր է արդեօք՝ անոր արժանաւոր ներկայացուցիչը դառնալու եւ սերունդներու հիացումը իր վրայ հրաւիրելու համար։ Տեսականօրէն միայն զարգացած բայց իրենց կեանքի օրինակով ժողովուրդի ցաւերուն, ուրախութիւններուն եւ երազներուն անհաղորդ բազմաթիւ մտաւորականներու պարագան մեզ կը հարկադրէ կրկին ժխտական պատասխան տալու։ Զարգացումը մեծութեան պետ ուղիղ չի համեմատիր, երբ ազգին եւ անհատին միջեւ հոգեկան կապը պէտք եղած կենդանութիւնը եւ ոյժը չունի։

Հայրենասէրներ ալ չեն պակսիր մեր իրականութեան մէջ. ճշմարիտ եւ բուռն սիրով մը հայութեան հաւատարիմ անձեր, որոնց սէրը պէտք եղած պարագային կրնայ նոյնիսկ մինչեւ անձնազոհութեան երթալ։ Բայց եթէ բոլոր ազգասէրները եւ հայրենասէրները «մեծ հայեր» կարենայինք կոչել՝ անոնց թիւը հազարներու պիտի հասնէր եւ գնահատանքի մեր չափանիշը պիտի կորսնցնէր իր բացառիկ արժէքը։

Կարելի է դեռ երկարել բաղդատական բնորոշումի այս շարանը, պահանջուած յատկութիւնները առանձին-առանձին վեր առնելով, եւ միշտ յանգիլ նոյն եզրակացութեան։ Որով, պարզ կ՚երեւի թէ բազմաթիւ արժէքներու եւ յատկութեանց համադրութիւն մը անհրաժեշտ է, որպէսզի կարելի ըլլայ սերունդներու անհատնում հոսանքին մէջ գտնել այն հազուագիւտ տիպարը, որ մարմնացումն է մեծութեան, իբրեւ իր ազգի պատուաբեր մէկ անդամը եւ իբրեւ անոր դարաւոր հոգիին ամէնէն առողջ ու ամէնէն հարազատ բաբախումը։

Նոյնը չէ՞ միթէ պարագան նաեւ ազգի մը լրիւ բնորոշումին։ Լեզուն, կրօնը, բարքերը, պատմութիւնը, հողը, արենակցական կապը ւենսական ազդակներ ըլլալով հանդերձ, ի զօրու չեն ազգ մը կերտելու՝ իւրաքանչիւրը առանձին առած։ Այդ բոլոր ազդակներու միասնական գոյութեամբ եւ համադրութեամբ է որ ազգը կեանք ու կերպարանք կը ստանայ։

Արդ, Ն. Աղբալեան իր անձին մէջ կը խտացնէր այն բոլորը, ինչ որ կը պահանջուի մեծ հայէ մը։ Գուցէ իրմէ աւելի հմուտներ եւ զարգացածներ կան, իբրեւ հայագէտ, իրմէ մեծ ճարտասաններ կամ քննադատներ եղած են հաւանաբար ու պիտի ըլլան. իրենց կեանքի եւ արեան գնով հայրենիքի փառքին համար նահատակուածներ շատ ունինք։ Բայց Ն. Աղբալեան այն դէմքն էր, որ մանկութենէն սկսած մինչեւ խոր ծերութիւն ապրեցաւ, զգաց ու գործեց իր ազգով բարձրանալու, իր ազգը բարձրացնելու եւ իր ազգին ծառայելու անսպառ ներշնչումով։

Բոլոր անոնք որ բախտը ունեցան Ն. Աղբալեանը ճանչնալու իր առօրեայ կեանքի մտերմութեան մէջ, չեն կրնար իրենց ճակատները չխոնարհեցնել իր հայեցի մեծութեան առջեւ։ Այս մասին չկայ երկու կարծիք։ Իր յուղարկաւորութեան թափօրին ընկերացող համազգային սուգը եւ երկիւղած յարգանքի համայնական արտայայտութիւնը լաւագոյն վկայութիւններն էին իր ներկայացուցած արժէքին եւ գրաւած դիրքին՝ հայ ժողովուրդին հոգիին մէջ։ Անհնարին է որ ժողովուրդ մը, մեծով ու պզտիկով եւ իր բոլոր խաւերով, ծնրադրէ դագաղին առջեւ սոսկական գիտունի մը, կրթական մշակի մը, ձեռնհաս բանասէրի մը կամ տաղանդաւոր քննադատի մը։ Ն. Աղբալեանի մահը կեանքի կոչեց այդ հրաշքը։

Հայ ժողովուրդը կորսնցուց մեծ զաւակ մը, որովհետեւ Ն. Աղբալեան գիտուն, բանասէր, քննադատ եւ գրագէտ ըլլալով, այդ բոլորէն վեր բան մըն էր նոյն ատեն, այդ բոլորը ոեղինացնող, սրբացնող եւ բազմապատկող հայաշունչ առաքելութիւն մը։
Հայ ժողովուրդը կորսնցուց մեծ զաւակ մը, որովհետեւ Ն. Աղբալեան գիտուն, բանասէր, քննադատ եւ գրագէտ ըլլալով, այդ բոլորէն վեր բան մըն էր նոյն ատեն, այդ բոլորը ոգեղինացնող, սրբացնող եւ բազմապատկող հայաշունչ առաքելութիւն մը։

Ն. Աղբալեանի քարոզած գաղափարաբանութիւնը եւ դաւանած կրօնը հայութիւնն էր՝ պատմական շքեղ անցեալով եւ տառապալից ներկայով, մշակութային հարստութեամբ եւ ազգային երազներով։ Շրջապատին վրայ թողած իր անձի յարաճուն պատկառանքը կը սնանէր հպարտանքի այն ակերէն, որոնք կը բխին ժողովուրդի ծոցէն եւ կ՚երթան ոռոգելու նոյն ժողովուրդի բեկորներուն հոգիին ծարաւ դաշտերը։

Ո՞ւր է գաղտնիքը առաքեալներու մեծութեան, եթէ ոչ աստուածային յորդ լոյսի մը ցոլարձակ մէկ ճառագայթը դառնալուն մէջ։ Ն. Աղբալեան գիտցաւ այս աշխարհի վրայ շրջիլ որպէս հարազատ շառաւիղ մը՝ հայ ժողովուրդի անվախճան արեգակէն արձակուած։ Ան հզօր, կենսունակ, պայծառ եւ հպարտ զգաց ինքզինք իր ծագումով եւ ատոր համար ալ պայծառացուց, զօրացուց եւ հպարտացուց իր խարխափող ազգակիցները։ Առանց ժառանգական կապի այս վառ գիտակցութեան եւ հաւատարմութեան՝ որեւէ մեծութիւն կիսկատար է միշտ։

Ինք եւ իր ազգութիւնը մէկ ամբողջութիւն կը կազմէին՝ իրարմով հպարտ եւ իրար լրացնող։ Ն. Աղբալեան նման էր այն սաղարթախիտ եւ բեղմնաւոր ոստին, որ կացինահար կոճղի մը վէրքերէն կը ծլի, անոր արմատներէն կը ծծէ աւիշը եւ ի վերջոյ անոր գորշ տրտմութիւնը դալար ծառի մը կը կերպարանափոխէ։ Ու կու գայ ժամանակ մը, երբ անցորդները կը սկսին իրարու հետ շփոթել հին կոճղը ու նոր ոստը, չեն կրնար զանազանել թէ ո՞ր մէկն է միւսին փառքն ու յենարանը, այնքան անոնք միաձուլուած են շքեղ ներդաշնակութեամբ մը։

Ն. Աղբալեանի մտքի ծառէն ինկած ամէն մէկ տերեւ, ամէն մէկ շիւղ եւ ամէն մէկ պտուղ անպայման մայր բունին հոտն ու համը ունին։ Ն. Աղբալեան մեր հայրենիքը կը կրէր իր հոգիին, երակներուն եւ սրտի իւրաքանչիւր տրոփին մէջ։ Շրջուն հայրենիքն էր ինք, ոչ միայն իբրեւ յուշ ու յիշատակ, այլ նաեւ, այլ մանաւա՛նդ իբրեւ թաւալուն կեանք, յարաստեղծ ոգի, առինքնող հրապոյր, հարուստ մշակոյթ եւ ալեկոծ սէր։ Այդ պատճառով ալ օտար հողի վրայ ծնած եւ իր շունչին ու հովանիին տակ հասակ նետած սերունդը չէր կրնար չհաղորդուիլ հայրենի աւանդութեանց եւ հայրենի գանձերուն։ Այդ պատճառով ալ մեծ հայն էր ան, որ գացած տեղը կը լեցնէր Արարատի, Արագածի, Անիի, Խորենացիի, Աբովեանի պատկառազդու հայութեամբ։

Ազգերու գրականութիւնը գլուխ-գործոցներ շատ ունի՝ զանազան շրջաններէ եւ զանազան հեղինակներէ։ Բայց երբ ազգի մը հոգին եւ նկարագիրը ցոլացնող տիպար երկ մը հարկ ըլլայ ընտրել, այդ երկը գրական արժէքի ընդունուած չափանիշով չեն կշռեր։ Կը ներկայացնեն գործ մը, ուր ամէնէն աւելի հարազատօրէն խտացած են ժողովուրդի նկարագրին գլխաւոր գիծերը, զգալու եւ մտածելու ուրոյն եեղանակը, աշխարհայեացքը եւ շրջապատող մթնոլորտը։ Այսպիսով յառաջ կու գան անկախ մեծութիւններ եւ ներկայացուցիչ մեծութիւններ։

Մտաւորական հսկաներու դասակարգում մըն ալ կարելի է ընել նոյն ձեւով։ Եթէ Յ. Թումանեան, իր քերթուածներու հայեցի դրոշմով, իրաւունք ունէր «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ» կոչուելու, ապա ուրեմն Ն. Աղբալեան, մեր օրերուն, իրաւունք ունի «Ամենայն Հայոց Մտաւորական» տիտղոսը կրելու։ Չեմ կարծեր թէ ոեւէ մէկը դժուարութիւն կը կրէր հայ մտքի դեսպան ընտրելու, որքան ատեն որ կ՚ապրէր ու կը գործէր այս մեծ հայը։

Ըսի թէ Ն. Աղբալեան կը մարմնաւորէր ամբողջ հայութիւնը՝ ժամանակի եւ տարածութեան պատնէշներէն վեր բիւրեղացումով մը, ուր հալած էին հինի ու նորի, արեւելքի եւ արեւմուտքի բոլոր պարտադիր սահմանաւորումները։ Ծնունդով արեւելահայ, արեւմտահայէ մը աւելի իւրացուցած էր, օրինակ, մեր լեզուին նրբութիւնները ու թափանցած մեր գրականութեան գանձերուն, ինչպէս նաեւ կենցաղային բարքերուն։ Կ՚ապրէր ժամանակակիցներուս հոգերով եւ երազներով, բայց անոր հոգին կը թեւածէր շարունակ Ոսկեդարու ոլորտներուն մէջ։ Կ՚անցնէր մեզի հետ ու մեզի պէս օտար ոստանի մը պողոտաներէն, բայց իրականին մէջ ան կը շրջէր Հայաստանի պատմական յուշարձաններուն քովն ի վեր։ Հայաստանի աշխարհագրութիւնը, հայ գրականութիւնն ու պատմութիւնն ալ՝ պարզ գիտութիւն մը չէին իրեն համար, այլ հանապազօրեայ ապրում, ներշնչում, յուզում եւ ստեղծագործութիւն։

Ն. Աղբալեան իր բովանդակ կեանքն ու տաղանդը նուիրեց՝ անցեալին մշուշապատ խորքերէն հայկական արժէքները յայտնաբերելու նպատակին։ Այդ ճամբուն վրայ՝ իր հաւատքը հասաւ ինքնամոռաց խանդավառութեան եւ իր հայեացքը, խանդաղատանքով ու հիացումով լեցուն, եղաւ բացառիկ կերպով խորաթափանց։ Հայութենէն ստացաւ իր հոգեւոր յատկանիշները, կարողութիւնը, տաղանդը եւ հայութեան վերադարձուց զանոնք բազմապատիկ ճոխութեամբ։ Քիչեր իրեն չափ լաւ կը ճանչնային հայ հոգիին եւ հայ հանճարին առանձնայատկութիւնները, ըլլայ քերթողական արտադրութիւններու եւ ըլլայ արուեստի ու մշակոյթի այլ ճիւղերուն մէջ։ Հայ ոճն ու հայ ոգին իր որոնումներուն անշեղ ուղեցոյցը մնացին միշտ։ Այն աստիճան սիրեց ու կրցաւ գնահատել – բայց անաչառ եւ ճիշդ արժէքաւորումով մը – հայեցին ու հայկականը, որ ինքն ալ, ի վերջոյ, նոյնացաւ այդ արժէքներուն հետ ու իր էութեամբ դարձաւ անոնց ապրող մէկ իրականութիւնը, ազնուագոյն մէկ մասնիկը։

Անվերապահ նուիրումի հասնող պաշտամունքով մը սիրեց հայ ժողովուրդը՝ իր առաւելութիւններով ու թերութիւններով։ Անոնցմէ չէր Ն. Աղբալեան որոնք ինքնախաբէութիւնը կ՚ունենան իրենց սէրն ու հաւատքը լաւին վրայ միայն հիմնելու։ Այդպիսիներուն համար հիացումէն դէպի հիասթափութիւն՝ հազիւ քանի մը քայլ է անջրպետը։ Ն. Աղբալեան լաւին հետ վատն ալ տեսնելու, բայց իր հաւատքին մէջ անսասան մնալու քաջութիւնը ունեցաւ մինչեւ վերջ։ Եւ իր ժողովուրդին տկար կողմերը, տառապանքները, դժբախտ ճակատագիրը զինք մղեցին ազգանուէր գաղափարարակիրներու առաջին շարքերուն։ Իւրաքանչիւր աղէտ ու հարուած՝ իր ազգի սրտին հասած՝ զինք աւելի ամրապնդեց պայքարի ճակատներուն վրայ։ Ու եղաւ հոն, ուր որ պարտականութիւնը զինք կանչեց՝ տարիներուն հետ զոհելով մինչեւ անգամ ստեղծագործողի իր երկնատուր ձիրքերը։

Ն. Աղբալեան ապահովաբար կրնար շատ աւելի մեծ մտաւորական, բանասէր կամ քննադատ ըլլալ, եթէ հաշտուէր նուազ մեծ հայ մը ըլլալու գաղափարին հետ։

Բայց ո՞րն է փառքերուն եւ գնահատանքներուն վեհագոյնը... Հայութիւնը տուած է արդէն իր վճիռը։

Բնական մղումով մը միտքս այս պահուս կ՚երթայ միւս մեծ հայուն՝ Ն. Ադոնցին։ Երկու դէմքեր, մշակոյթի եւ գիտութեան երկու հսկաներ, որոնք հաւասար զօրութեամբ ու բարձրութեամբ մեծ հայեր էին նոյն ատեն։ Բայց որքան իրենց տաղանդին գիծերը իրարմէ կը հեռանային, նոյնքան եւ անոնց հայկականութեան մէջ տարբերութիւն կար։

Ն. Ադոնց ներկայացուցիչն էր հայ ազնուականութեան, կարծես սերած մեր իշխանական տուներու հին շառաւիղներէն։ Ն. Աղբալեան ազնուական տիպարն էր հայ ժողովուրդի ռամիկ դասակարգին, գիւղացի եւ աշխատաւոր զանգուածներուն, որոնց ժառանգորդներն ենք մենք բոլորս ալ։

Բայց երկուքն ալ անմահ մեծութիւններ, երկուքն ալ՝ մեծ հայեր։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 13
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝