Յայտարարութիւն

Friday, July 10, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ 14

ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ

Սիրելի Ընթերցող,

Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի : «Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:

Նշան Պասմաճեան

՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝

Դ. ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆԻ
ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մեծ մարդիկ յաճախ փոքր թերութիւններով կը յայտնուին կեանքին մէջ, թերութիւններ՝ որոնք աւելի տարօրինակութիւններ են եւ երբեմն այնքան շեշտուած կերպով կ՚արտայայտուին, որ կը նոյնանան անձին հետ եւ կը վերածուին կարծես մարդու բուն իսկութեան։
Նախորդ էջերով աշխատեցայ ուրուագծել մտաւորական Ն. Աղբալեանի հոգեմտաւոր յատկանիշները։ Պատկերը աղօտ պիտի մնայ, եթէ չփորձեմ քանի մը գիծեր աւելցնել իր բնաւորութեան տարօրինակութիւններէն, որոնցմով ծանօթ էր ան։
Հանրածանօթ եւ համակրելի տարօրինակութիւններ...
Ինքը լաւ գիտէր այս պարագան, անկէ կ՚ախորժէր նոյնիսկ եւ կ՚ըսէր. «Ես դարձել եմ Հայոց Նասրէտտին Հոճան. ինչ որ մի տարօրինակ բան է պատահում՝ ինձ են վերագրում»։
Եթէ «հոճա» չէր, անպայման որ «տէրվիշ» մըն էր ան իր ապրելակերպով.– անփոյթ հագուածք, դանդաղ շարժումներ, գործնական արդիւնքները անտեսող քմահաճ մտածողութիւն, վանական մենակեացի տատամսոտ հակում, նոյն ատեն հաճոյասիրական անշէջ ցանկութիւններ, զուարթաբան եւ սրախօս, միամիտ ձեւացող երեւոյթին մէջ՝ սուր դիտողութիւններ ընելու ընդունակ մարդ մը, որ գիտէր նաեւ հեգնել առանց վիրաւորելու, հեգնել ուրիշներն ու իր անձը։
Ամէնէն աւելի աչքի զարնողը Ն. Աղբալեանի ծայրայեղ խնայասիրութիւնն էր, որ կը հասնէր հիւանդագին աստիճաններու։ Կը դողար դահեկանի վրայ եւ երբ ստիպուած ըլլար՝ տառապանքով կը ծախսէր զայն։
Չքաւոր ընտանիքի զաւակ՝ մանկութեան ապրած զրկանքը անջնջելի դրոշմ ձգած էր վրան։ Ինք կը պատմէր, թէ մայրը տունէ տուն երթալով հացթուխի ծանր աշխատանք կատարած է, որպէսզի կտոր մը հաց ճարէ իր ընտանիքին համար։
Ուրիշներ ալ կան հարկաւ որ աղքատ մեծցած են, բայց յետագային ոչ միայն յաղթահարած անօթի մնալու բարդոյթը, այլ եւ ապրած լայն առատաձեռնութեամբ։ Նոյն ճակատագրի հարուածներուն ենթակայ երկու ծանօթ քննադատներ՝ Յ. Օշական եւ Ն. Աղբալեան մինչեւ իրենց կեանքին վերջը թշուառ մանկութեան մղձաւանջը կրեցին իրենց հոգիներուն խորը եւ նոյն մոլեռանդութեամբ սեղմած պահեցին իրենց ափը։
Ն. Աղբալեանի խնայասիրութիւնը երբեմն ծաղրանկարային բնոյթ կը ստանար։
Ամէն իրիկուն պահ մը կ՚առանձնանար եւ հաշուի կը նստէր։ Գրպանէն կը հանէր փոքրիկ տետրակ մը (օր հաշիւի մատեան) եւ ցուցամատի մեծութեամբ մատիտ մը։ Կը սկսէր արձանագրել այդ օր ըրած ծախսերը.-
Մէկ տուփ ծխախոտ, տուփ մը լուցկի, զոյգ մը կօշիկի կապ եւ նման մանր գնումներ։ Ապա կը քաշէր գիծը, կը հանէր ընդհանուր գումարը եւ կը բաղդատէր գրպանը մնացած դրամին հետ։
Եւ որովհետեւ ընդհանրապէս կը մոռնար որոշ մանրամասնութիւններ, գումարները իրարու չէին բռներ յաճախ։ Երկար կը խորհէր ու երբ չկարենար օրուան հաշուին բարդ թնճուկը լուծել, ելքի սիւնակին մէջ կ՚աւելցնէր. «տասը դահեկանի կորուստ»։
– Պրն. Աղբալեան, ինչո՞ւ ամէն իրիկուն այս հաշիւը կ՚ընէք։
– Պահ,– կը պատասխանէր ան,– ո՞նց իմանամ թէ ինչ եմ ծախսել, ինչ է մնում։
Աղբալեանի ծախսե՜լը... բացի ծխախոտէ, սենեակի վարձքէ եւ մանր-մունր կարիքներէ ուրիշ ծախս չունէր ան. կը ճաշէր գիշերօթիկներու սեղանէն՝ ամսական փոքր վճարի մը փոխարէն։ Ճիշդ է, շահած «փողն» ալ մեծ բան մը չէր. ուսուցիչի շա՜տ համեստ թոշակ մը. բայց ինք գոհ էր իրեն բաժին ինկող ամսավճարէն. եւ երբ խօսք դառնար կեանքի սղութեան եւ ուսուցիչներու թոշակը աւելցնելու անհրաժեշտութեան մասին, առաջին ընդվզողը ինք կ՚ըլլար.
– Ախր ի՞նչ էք ասում. Ճեմարանը պարտքի տակ է։ Ես ամիսը տասնըհինգ ոսկուով ապրում եմ, դեռ մի բան էլ դէն գցում. դուք ինչո՞ւ չէք կարող ապրել...
Էքոնոմիայի հարցին մէջ կարելի չէր վիճիլ Աղբալեանի հետ։
Օր մը, երեկոյեան, Ն. Աղբալեան կը ճեմէր Ճեմարանի նախկին շէնքի փոքր բակին մէջ, անխուսափելի ծխափողը շրթունքին եւ վերարկուն ուսերուն նետած։ Աղբալեան կը սիրէր ծխել ծառի ճիւղէ շինուած ծխափողով, հին-հին դարուց յիշատակ։ Ծուխը մեծապէս կը վնասէր առողջութեան. կարծես կը տառապէր արեան ճնշումէ եւ բժիշկը արգիլած էր իրեն ծխել։ Աղբալեան քանի մը անգամ փորձեց հրաժարիլ այդ մոլութենէն եւ չկրցաւ։
– Պր. Աղբալեան,– ըսի կողքէն քալելով,– նորէ՞ն կը ծխէք։
– Գիտե՞ս ինչ կայ,– պատասխանեց ան ամենայն լրջութեամբ,– ինձ երկու ընտիր շապիկ են նուիրել, օձիքները չեն կոճկւում, մի քիչ նեղ են. ես պէտք է նիհարեմ որ յարմարեմ շապիկներին... եթէ ծխելուց դադարեմ՝ ախորժակս պիտի բացուի, եւ պիտի գիրնամ. ափսոս չէ՞ շապիկներին...
Այսպէս, շապիկը չէ որ պիտի յարմարէր Աղբալեանին, այլ ինքը՝ շապիկին։ Չէ՞ որ նուէր էր ստացած։ Կրնար ամբողջ տարի մը շապիկ չգնել...
Ուրիշ օր մը միասին գիւղ պիտի բարձրանայինք. ամառ էր եւ օդը չափազանց տաք։ Պէյրութի խոնաւ ու հեղձուցիչ տաքը։ Քալեցինք մինչեւ Պուրճի հրապարակը, ուրկէ սերվիս ինքնաշարժ պիտի նստէինք։ Աղբալեան քրտնած էր ու կը հեւար։ Առաջարկեցի սրճարան մը մտնել եւ մէկ-մէկ բաժակ զովացուցիչ խմել՝ մինչեւ գիւղ մեկնող ինքնաշարժին յաճախորդները հաւաքուին։
– Զովացուցիչ որ ասում ես՝ որքա՞ն արժէ,– հարց տուաւ Աղբալեան։
– Բան մը չէ, պր. Աղբալեան, չնչին գումար մը։
– Մեծ կամ պզտիկ՝ փող է էլի՜...
– Հոգ չէ, ես կը հիւրասիրեմ։
Աղբալեան համակերպեցաւ՝ որոշ ատեն մը տատամսելէ ետք։ Իսկ երբ վճարելու կարգը եկաւ՝ պնդեց որ ամէն մէկս իր բաժինը տայ։ Եղածը իսկապէս չնչին գումար մըն էր եւ չէր արժեր այդ մասին խօսիլն անգամ։ Չկրցայ համոզել զինք որ ես ըլլամ հիւրասիրողը։ Ինք վճարեց իր բաժինը։
Փող էր, էլի՜...
Անմոռանալի օրեր անցուցած ենք Մէյրուպայի լեռնային գիւղին մէջ քանի մը ծանօթ ընտանիքներ միասին։ Հաւաքոյթներու կեդրոնական դէմքը միշտ Աղբալեանն էր իր հիւթեղ եւ զուարթաբան զրոյցներով։ Բլուրի կողին շոճիներով շրջապատուած տնակ մըն էր վարձած, մենաւոր տնակ մը, որուն մօտ ոչ հոսուն ջուր կար, ոչ ալ կենսամթերք ծախող խանութ։ Աղբալեան սակաւապէտ էր, երբ ինք էր իր կարիքները հոգացողը։ Հաճոյքով կ՚ընդունէր սակայն ընտանեկան հրաւէրները եւ կը շէնցնէր անոնց սեղանը իր առատաբուխ ախորժակով եւ սրախօսութեամբ։
Հակառակ յառաջացած տարիքին եւ ծանրամարմին կազմուածքին՝ կը սիրէր քալել սար ու ձոր ժամերով։ Երիտասարդներու խումբին կը միանար անպայման ամէնէն դժուարին արշաւներու ընթացքին։
Անգամ մը խումբով իջեր էինք Մէյրուպայի ձորը, բոպիկ ոտքերով անցեր գետակը եւ բարձրացեր դիմացի լերան լանջն ի վեր։ Բոլորս ալ յոգնած էինք, Աղբալեանի դէմքը կարմրած էր մտահոգիչ ըլլալու աստիճան։ «Արիւնը խուժած էր գլխուն», ինչպէս սովորութիւն ունէր ըսելու յաճախ։ Բարեբախտաբար մեր շուրջ կը տարածուէին այգիները, ուր մտանք հանգստանալու։ Որթատունկերէն կախ էին ինկած քաղցրահամ խաղողի հասուն ողկոյզները։ Ի հարկէ կուշտ ու կուռ կերանք բոլորս ալ։ Հարցնող տեսնող չկար։ Աղբալեան որ մեծ հաճոյքով կը ճաշակէր սաթի գոյն խաղողը, յանկարծ դարձաւ մեզի եւ ըսաւ.
– Միթէ արդա՞ր է մեր ըրածը։
– Ի՞նչն է անարդար,– հարց տուինք զարմացած։
– Բա՛, ուրիշի խաղողն ենք ուտում։
– Հոգ չէ՛,– ըսի,– այսքան մը անարդարութիւն ալ մենք ըրած ըլլանք. աշխարհ մեզի հանդէպ շա՜տ անարդար գտնուած է, պր. Աղբալեան, ո՞ւր են մեր այգիները։
– Դա ուրիշ հարց է,– պատասխանեց ընկերվարական գաղափարներու ջերմ պաշտպանը։ Մենք ուտում ենք գիւղացի այգեպանի իրաւունքից։
Մեկնելու պահուն Աղբալեան քանի մը դահեկան հանեց գրպանէն եւ դրաւ այգիի մուտքին ինկած մեծ քարին վրայ։
Ի զուր չէ որ ժողովուրդը Աղբալեանի անձին մէջ սկսեր էր Նասրէտտին Հոճան տեսնել։
Յաջորդ տարիներուն, չեմ գիտեր ինչպէս, Ն. Աղբալեան փոքրիկ վրան մը ձեռք էր բերած, ամառները զայն կը լարէր Նահասի աղբիւրին մօտերը, պուրակին մէջ։
Ալեւոր տարիքին ան կը վարէր սկաուտի կեանք, առանց ֆիզիքական ճկունութեան եւ առողջութեան անհրաժեշտ պայմանները ունենալու։
Հետը կը տանէր սնտուկ մը, որուն մէջ կային խոհանոցային նախնական իրեր.– պզտիկ տապակ մը, պզտիկ ճաշաման մը, երեխաներու յատուկ պզտիկ դգալ եւ պատառաքաղ, ինչպէս նաեւ մանրանկար փրիւմուս օճախ մը։ Ամառը, երեք ամիս, ինք կը պատրաստէր իր ճաշերը, եթէ կարելի է ճաշ անուանել Աղբալեանի կերածները վրանին տակ։ Մինչեւ անգամ խմոր կը շաղէր եւ իւրայատուկ «պէօրէկ» կը շինէր... հիւրերու համար։ Երբ վրան այցելողը «պատուական» հիւր մը ըլլար, կը բանար տուփը եւ մէջէն պէօրէկ մը կը հրամցնէր։ Թէ ի՛նչ համ կ՚ունենային այդ համադամները՝ Աստուած գիտէ։
Տարի մը Ճեմարանի պահակը՝ Շերամ աղբար ընկերացաւ վրանաբնակ Աղբալեանին Նահասի ամարանոցը։ Խեղճ ու աղքատ մարդ մըն էր. մինչեւ իրիկուն Պիքֆայայի հրապարակին վրայ կ՚աշխատէր պատահական յաճախորդներու նկարը հանել՝ ուսին շալկած հնօրեայ «ջուրի» մեքենայով մը եւ իրիկուան կը վերադառնար Աղբալեանի վրանը, հետը բերելով քիչ մը հաց ու պանիր, թէյ ու շաքար, շատ անգամ իր շահած դրամով։ Միասին կ՚ընթրէին եւ միային կը քնանային վրանին տակ։
Շերամ աղբար բաւական ծիծաղաշարժ մանրավէպեր կը պատմէր Աղբալեանի տարօրինակութիւններէն եւ մանաւանդ խնայասիրութենէն։
Կը յիշեմ հետեւեալը.
Իրիկուն մը Շերամ աղբար կը տեսնէ թէ վրանին մէջ ուտելիք ոչինչ կայ։ Պիքֆայայի շուկան ալ Նահասէն բաւական հեռու է. ատկէ զատ Շերամին գրպանը դատարկ է բոլորովին։
– Պր. Աղբալեան,– կ՚ըսէ մտահոգ,– գիշերը ի՞նչ պիտի ուտէք։
– Երէկուանից աւելցած բան չկա՞յ։
– Ոչ մէկ բան։
– Մի լաւ նայիր վրանի անկիւնները։
Շերամ աղբար կը նայի, կը փնտռէ եւ կը գտնէ երկու փաթաթէս եւ մէկ սոխ։
– Հրաշալի՜ է,– կը բացագանչէ Աղբալեան.– երկու փաթաթէսը եւ սոխը կը մանրես, մի քիչ ջուր եւ մի քիչ էլ իւղ կ՚աւելցնես, կը լինի պատուական ապուր. երկուքիս էլ կը բաւէ։
Ով որ չէ տեսած Շթորայի հայկական գիւղին մէջ Ն. Աղբալեանի կառուցած տունը, չի կրնար լրիւ գաղափար կազմել հայոց «Նասրէտտին Հոճայի» մասին։ Տունը, որ մինչեւ այսօր կանգուն կը մնայ, իր նկարագրին կենդանի մէկ պատկերն է։
Ն. Աղբալեան, կեանքի վերջին տարիներուն, հողաշերտ մը գնեց հայկական նորաբոյս այս գիւղէն եւ տարիներու ընթացքին խնայած գումարով ձեռնարկեց իր տան շինութեան։ Չկարծէք սակայն թէ սեփական բնակարան եւ ծաղկանոց ունենալու գաղափարն էր Աղբալեանի ոգեւորութեան աղբիւրը, ինչպէս կ՚երազեն յաճախ բնութեան ծոցին մէջ անձնական տնակի մը կարօտով տառապող հոգիներ։
Ն. Աղբալեանի հաշիւները ուրիշ էին։ Կը փափաքէր տէր դառնալ հասութաբեր կալուածի մը, վարձու տալ զայն բաժին առ բաժին եւ ա՛լ ապրուստի մտահոգութիւն չունենալ մինչեւ մահ։ Ճիշդ այս պատճառով ալ Աղբալեանի տունը շինուած է իրարու մէջ անցած եւ իրար հրմշտկող խառնակ բաժիններով, իբրեւ թէ իւրաքանչիւրը ընտանիքի մը յատուկ կամ հազիւ միայն մէկ անձի բաւարար։ Այս վերջինը վերապահած էր անշուշտ իրեն. ցած առաստաղով ծակ մը, ուր մարդ հազիւ կրնայ շնչել։
Աւելորդ է ըսել, թէ Աղբալեանի «շէնքը» ոչ ճարտարապետ ունեցած էր, ոչ նախագիծ։ Ինքն ու իր տարօրինակ խառնուածքն էին այդ բոլորը։ Գործաւորներուն գլուխը կեցած, ամրան այրող արեւուն տակ, արիւն քրտինք թափելով Ն. Աղբալեան քանի մը տարուան ընթացքին իրագործեց իր ծրագիրը։ Ամէն ամառ որ գիւղ երթար՝ նոր սանդուխ մը կ՚աւելցնէր բնակարանի կողէն, սանդուխին վրայ նոր սենեակ մը, սենեակին քով՝ նոր խոհանոց մը եւ այսպէս տունը ծիլեր կ՚արձակէր աջէն ձախէն։ Շէնքը երբեք չամբողջացաւ եւ ամբողջանալիք ալ չունէր։
– Պր. Աղբալեան,– ըսի օր մը,– ինչո՞ւ այսքան կը յոգնիք։
– Էդ շինութիւնը հոգիս հանեց եւ փողերս էլ վերջացան։
– Թող մնայ հոն, ուր հասաւ, ինչո՞վ մտահոգ էք։
– Ախր ուզում եմ ապրուստի եկամուտ ունենալ. ծերացայ, էլ չեմ կարող աշխատել։
– Ձեզի պէս մէկը ապրուստի մտահոգութիւն պէտք չէ ունենայ. ազգը ձեզ կ՚ապրեցնէ ձեւով մը։
Բառերը դուրս եկան բերնէս առանց մտածելու։ Աղբալեան վիրաւորուեցաւ, պահ մը լուռ մնաց, սիկարէթի ծուխը ներս քաշեց եւ ըսաւ.
– Որ ազգին մնացի՝ պէտք է մեռնեմ...
Ն. Աղբալեան իսկապէս ալ ազգին վրայ բեռ չեղաւ երբեք։ Մինչեւ իսկ Շթորայի հին ու խարխուլ այդ շէնքը, որ գրաւուած է ներկայիս լիբանանեան պատերազմի գաղթականներուն կողմէ, մնաց «Համազգային»ին։

*
* *
Ն. Աղբալեան կը սիրէր անդադար կարդալ, բայց կը դժուարանար արտադրելու։ Ներքնապէս կը տառապէր, երբ կը տեսնէր թէ ինչ կենսունակութեամբ Լ. Շանթ կը քաշուէր իր սենեակը եւ գրասեղանին առջեւ նստած կը գրէր շարունակ.
– Չեմ կարողանում աշխատել, արիւնը գլուխս է խուժում,կ՚ըսէր յաճախ, ինքնարդարացման չքմեղանքով մը։ Վստահաբար որոշ ճշմարտութիւն կար այս խօսքին մէջ, բայց Աղբալեանի նշանաւոր «ծուլութիւնը» արդիւնք էր հոգեբանական պատճառներու։ Ստեղծագործական աշխատանքի մղելու համար զինք նիւթական շօշափելի խայծ մը պէտք էր միշտ, կամ արտաքին պարտադրանք մը։ Այսպէս, օրինակ, հայոց հին մատենագրութեան մասին տուած իր դասախօսութիւններուն այնքա՜ն հետաքրքրական ու բովանդակալից շարքը գրի առնուած չէր ըլլար, եթէ «Ազդարար» թերթը իւրաքանչիւր դասախօսութեան գրառման համար որոշ գումար վճարելու խոստումը չտար։
Ս. Վրացեան Աղբալեանի մահէն տարիներ ետք, երբ Պէյրութ եկաւ, հին յիշատակներ քրքրած միջոցին օր մը հետեւեալը պատմեց.
«Փարիզ էինք, ես կը վարէի «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը։ Ամէն ճիգ թափեցի որպէսզի Ն. Աղբալեանը թերթին աշխատակից դարձնեմ. ի զուր, ոչ մէկ յօդուած կրցայ առնել ձեռքէն. միշտ կը խոստանար ու խոյս կու տար։ Պատահեցաւ որ անգամ մը միասին մտնենք մեծ գրախանութ մը։ Աղբալեան հմայուած սկսաւ աչքէ անցընել մեծահարուստ գրքերու դարանները եւ ինծի դառնալով ըսաւ.
– Ինչպէ՜ս պիտի ուզէի ունենալ ռուսերէն լեզուի բացատրական բառարանին սա չորս հատորները. բայց ո՜նց անես. ահագին փող արժեն։
Անմիջապէս օգտագործեցի առիթը.
– Ես կը նուիրեմ քեզի, եթէ «Դրօշակ»ին յօդուածաշարք մը տաս։
– Խօ՞սք,– ըսաւ Աղբալեան թերահաւատ։
– Խօսք,– պատասխանեցի,– երբ սկսիս յօդուածաշարքդ՝ բառարանը կ՚ունենաս։
Ն. Աղբալեան մէջտեղէն չքացաւ մէկ-երկու շաբաթ. օր մըն ալ «Դրօշակ»ի խմբագրատունէն ներս մտաւ՝ ձեռքը թուղթերու տրցակ մը։
Այսպէս է որ գրուեցաւ «Մտածումներ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Մասին» գրքոյկը, Ն. Հանգոյց անունով»։

Ս. Վրացեան, որ նուրբ հեգնանքի ընդունակ մարդ էր, ժպտելով կ՚աւելցնէր նաեւ հետեւեալ դրուագը.-
«Ն. Աղբալեանի այս գործը դաշնակցական մարդն ու գաղափարաբանութիւնը մեծ արուեստով վերլուծող աւետարան է. ես շատ ուրախ էի որ յաջողեցայ Աղբալեանի ժլատ գրիչէն կորզել այդպիսի աշխատանք մը։
«Պատահեցաւ որ երիտասարդ մը ներկայանայ խմբագրատուն. համալսարանական զարգացած տղայ մը, որ փափաքեցաւ զրոյց ունենալ հետս։ Անմիջապէս յայտնեց թէ կ՚ուզէ ծառայել ազգին, մտադիր է անդամագրուիլ Դաշնակցութեան, բայց նախքան այդ՝ անհրաժեշտ կը գտնէ ծանօթանալ կուսակցութեան էութեան, կառոյցին եւ գործելակերպին։ Ինձմէ խնդրեց զինք լուսաբանող գիրքեր։ Ի՞նչ կրնայի տալ առաջին հերթին, եթէ ոչ Ն. Աղբալեանի «Մտածումները»։ Երիտասարդը շաբաթ մը ետք կրկին ներկայացաւ եւ ըսաւ անկեղծօրէն.
– Ուշադրութեամբ կարդացի գրքոյկը, շատ լաւ գրուած է ան. զիս համոզեց որ դաշնակցական չեմ կրնար ըլլալ... կը ներէք։
– Ինչո՞ւ,– զարմացայ ես։
– Այն բոլորը որ կը պահանջուի այս գրքին մէջ, անկարելի է իրագործել. գոնէ ես այդ ոյժը եւ քաջութիւնը չունիմ։
Երիտասարդը մեկնեցաւ ու ես մնացի շփոթ խոհերու մէջ. Աղբալեանի գործը դաշնակցականներ շահելո՞ւ համար էր գրուած թէ կորսնցնելու...»։

Ընթերցանութիւնն էր Ն. Աղբալեանի գլխաւոր հաճոյքը, զբաղումը, մոլութիւնը։ Ընտանիքէն հեռու, կնոջ եւ զաւակներու կարօտը սրտին, առանց հոգածու ձեռքի մը գուրգուրանքին, ան իր օրերը կը լեցնէր կարդալով գիտութեան եւ գրականութեան բոլոր կալուածներուն պատկանող գործեր։
Ինք կը վկայէր թէ երիտասարդութեան ալ այդպէս է եղած։
Ուսուցչական ժողովի մը ընթացքին, օր մը խիստ խօսքեր ըսուեցան աշակերտի մը մասին, որ դասերը չէր պատրաստէր, այլ շարունակ կը կարդար։ Նոյնիսկ առաջարկ ներկայացուեցաւ տղան վարժարանէն հեռացնելու։ Ն. Աղբալեան, որ լուռ մտիկ կ՚ընէր, խօսակիցները ընդհատեց յանկարծ.
– Ասում էք աշակերտը կարդո՞ւմ է շարունակ։
– Այո, բայց դուրսէն գիրքեր,– պատասխանեց տղուն դաստիարակ ուսուցիչը։
– Որ այդպէս է, նա պիտանի մէկը կը լինի. թողէք կարդայ. ես էլ այդպէս էի։ Գէորգեան Ճեմարանում մատենադարանի մի ծայրից սկսայ եւ մինչեւ միւս ծայրը կարդացի բոլոր գիրքերը։ Ամբողջ ժամանակս ընթերցանութեան էի յատկացնում։
Եւ շարունակ յատկացնել մինչեւ մահ, շատ անգամ նոյն գիրքը քանի մը անգամ կարդալով, յատկապէս Ոսկեդարու մեր մատենագիրները, որոնց հաւատարիմ սիրահարն էր։
Իր կեանքի մանրամասնութիւններուն ծանօթ մտերիմներ կը սիրէին վերյիշել երբեմն Աղբալեանի տարօրինակութիւններէն հին դէպքեր։ Միտքս մնացած է հետեւեալը.
Երբ Ն. Աղբալեան կ՚ամուսնանայ, մեղրալուսնի ամիսը նորահարսին հետ կը մեկնի Դիլիջան կամ Ծաղկաձոր, լաւ չեմ յիշեր։ Հոն միասին ման գալու կ՚երթան մօտիկ պուրակը։ Բնութիւնը սքանչելի է եւ գարնան բոյրն ու քաղցրութիւնը՝ արբեցուցիչ։ Աղբալեան կը նստի ծառի մը տակ, գրպանէն կը հանէ Խորենացին եւ կը թաղուի ընթերցանութեան մէջ։ Բոլորովին կը մոռնայ դեռատի հարսը, որ շուարած, շփոթած կը նստի ուրիշ ծառի մը տակ եւ լուռ կը սպասէ։ Ի՜նչ սքանչելի մեղրալուսին...

Ըսի թէ կը կարդար ամէն ինչ որ ձեռքը անցնէր. կը կարդար թերթերը եւ անոնց թերթօններն անգամ։
Կը յիշեմ՝ Գահիրէի «Յուսաբեր»ը սկսած էր իբրեւ թերթօն հրատարակել Յ. Օշականի «Մնացորդաց»ը։ Աղբալեան զարտուղի գրուածքներէ խրտչող մարդ չէր։ Հետաքրքրութեամբ կը հակէր ամէն էջի վրայ եւ եթէ հոն գտնէր գեղեցկութեան կայծեր՝ գիտէր խանդավառուիլ։ Ամիս մը ամբողջ «Յուսաբեր»ի թիւերուն մէջ Յ. Օշականի մեծածաւալ վէպի առաջին մասին հետեւելէ ետք օր մը ըսաւ.
– Գիտես ինչ, ծանր է կարդացւում։ բայց արժէ այդ յոգնութիւնը յանձն առնել. Օշական մի շատ ինքնուրոյն գրագէտ է։
Յետոյ չեմ գիտեր ի՛նչ պատճառով «Յուսաբեր»ի ծրարները դադրեցան գալէ եւ մօտ 40-50 թիւ թերթօնէն բաց մնաց։ Ու երբ դարձեալ «Յուսաբեր»ը սկսաւ հասնիլ, Ն. Աղբալեան շարունակեց կարդալ Օշականի «Մնացորդաց»ը եւ ժպտելով ըսաւ.
– Կարծում էի թէ գործողութեան թելը պիտի կորսնցնեմ. բայց էդպէս չեղաւ։ Քառասուն թիւ առաջ վէպին հերոսը բրիչը բարձրացուցեր էր հողին զարնելու, տակաւին չէ զարկած...

Կեանքի վերջին տարիներուն Աղբալեան չափազանց յուզական էր դարձած։ Բեմին վրայ, դասախօսութեան մը պահուն, կը բաւէր որ Խորենացի ըսէր, կամ Կորիւն, կամ Եզնիկ, կոկորդը կը սեղմուէր եւ աչքերը կը լեցուէին արցունքով։
Ներգաղթի օրերն էին։ Հայաստան վերադարձի շարժումն ու գաղափարը ոգեւորած էին զինք։ Ամէնօրեայ խօսակցութեան նիւթն էր հայրենադարձի բարիքը մեր ժողովուրդին համար։ Ֆիզիքապէս զգալիօրէն տկարացած մարդուն մէջ Հայաստան ապրող իր ընտանիքին կարօտը սկսած էր բոցավառիլ։ Առհասարակ չէր սիրեր խօսիլ իր մտերիմ կեանքի եւ ներքին տուայտանքներուն մասին։ Շուրջէն կը զգայինք սակայն, որ մահուան յաճախանքը կ՚ապրէր։ Եւ մահը իրեն համար կեանքին վրայ դրուած պարզ վերջակէտ մը չէր, ինչպէս Լ. Շանթին համար, այլ անմեկնելի խորհուրդ։
Որքան ալ տարօրինակ թուի՝ Աղբալեան իր տարօրինակութիւններուն վրայ աւելցուցած էր նոր մըն ալ։
Իրիկունները կը նստէր սեղանի մը առջեւ, գրպանէն կը հանէր բիւրեղի կտորի մը կապուած թելը եւ մատներուն ծայրով վեր բռնած՝ կը ձգէր որ օրօրուի։ Այդ շարժումներէն գուշակութիւններ կը հանէր։ Այսպէս օրինակ, եթէ սեղանին վրայ դրուած նկարին տէրը ողջ է՝ կախ ինկած բիւրեղի կտորը տարբեր ձեւով կ՚օրօրուի, իսկ եթէ մեռած է՝ տարբեր։
Բազմահմուտ եւ գիտական մտածողութեան տէր այս տէրվիշը շատ լաւ գիտէր անշուշտ խաղերու սնոտի ըլլալը, բայց «ի՜նչ իմանաս՝ ի՜նչ գաղտնիքներ կան մեր հասկացողութենէն անդին, ի՜նչ խորհուրդներ՝ անդենականի մէջ»։
Ն. Աղբալեան մեկնեցաւ դէպի խորհրդալի այդ անդենականը 1947 Օգոստոսի գիշեր մը, Շթորայի իր տարօրինակ բնակարանէն, հետը տանելով իր բազմաշնորհ տաղանդը, հարուստ հոգին եւ անո՜ւշ տարօրինակութիւնները։



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝