Յայտարարութիւն

Saturday, July 11, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ» ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ 15


Սիրելի Ընթերցող, Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի : «Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:

Նշան Պասմաճեան
````````````````````````````````````````````````````````````````````````````````````
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ


Ա. ՄԱՐԴԸ

Լ. Շանթի մահով հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր ամէնէն արժէքաւոր զաւակներէն մէկը, ոչ միայն իբրեւ բազմավաստակ գրագէտ եւ մանկավարժ, այլ նաեւ իբրեւ բարոյական բարձր նկարագիր։

Իր ամբողջական գործերու տասը մեծադիր հատորներուն մէջ, գալիք սերունդները պիտի գտնեն բանաստեղծական, վիպական, թատերական, դատողական եւ գիտական ստեղծագործութիւններու հարուստ վաստակ մը, որ Լ. Շանթի յիշատակը անմահութեամբ կը պսակէ։ Բայց մարդը, որ այնքան ինքնատիպ էր ու ազնուական՝ իր մահկանացու մարմնին հետ իջաւ հող, ժամանակի ընթացքին ի սպառ անհետանալու համար։

Կենսագրական քանի մը տեղեկութիւններ, թիւեր ու թուականներ անբաւարար են վերապրեցնելու մահացողի մը անձնաւորութիւնը, որքան ալ առատօրէն ան ինքզինք բաշխած ըլլայ իր երկերուն մէջ։ Ի՞նչ կը մնայ մեզի մեր մշակոյթի մեծ վարպետներէն,– աղօտ դիմաստուեր մը, տարտամ մտապատկեր մը լոկ, որ հետզհետէ կը վերածուի պարզ անունի։ Լ. Շանթ լաւապէս գիտակից էր մարդկային ճակատագրի այս ողբերգութեան։

Հայ Ճեմարանի ամավերջի մէկ հանդէսին, շրջանաւարտներուն վկայականները բաշխելէ առաջ կը յայտարարէր.
– Ամենանշանաւոր մարդէն իսկ մահը անուն մը կը ձգէ միայն, երկու խեղճ բառերու մէջ ամփոփուած անուն մը։ Ինչ որ կը մնայ անմահ եւ կը դիմանայ դարերու աւերին՝ ատիկա մարդուս գործն է։

Մարդեր կան սակայն, որոնց գործը կարելի չէ բաժնել իրենց անձէն։ Լ. Շանթ այս խումբին կը պատկանի։ Իր գլուխ գործոցը ո՛չ «Հին Աստուածներ»ն է, ո՛չ ալ «Կայսրը». այլ իր իսկ անձնաւորութիւնը, որ քար առ քար բարձրացած, ամբողջացած եւ գեղեցկացած ստեղծում մը կը ներկայացնէր։

Դաստիարակի երկարամեայ ասպարէզին մէջ, Լ. Շանթ քիչ անգամ կը փորձուէր բարոյականի քարոզներ տալ իր աշակերտներուն։ Եւ ատիկա կը պատահէր ընդհանրապէս դասաւանդութիւններէն դուրս, հանդէսներու կամ հաւաքոյթներու ընթացքին։ Ան կը սիրէր միշտ նոյն խրատը կրկնել, գրեթէ նոյն բառերով. «Աշխատեցէք մա՛րդ ըլլալ. մարդը տիեզերքի բարձրագոյն արժէքն է»։

Եւ իրապէս, Շանթ իր ամբողջ ունեցածը կը պարտի մարդկային կոչումին հանդէպ սնուցած այն բարձր ըմբռնումին, որ վեր կը մնար սովորական չափանիշներէ։ Անոնք որ մօտէն ծանօթ են իր կեանքին եւ բնաւորութեան գիծերուն, չեն կրնար չխոստովանիլ թէ Շանթի գրական եւ կրթական բովանդակ գործունէութիւնը արտացոլումն է՝ շարունակ ազնուացող եւ բիւրեղացող անհատականութեան մը, որուն բարեշրջումին ընթացքը պատմութիւնն է նոյն ատեն իր արտադրած գործերու զարգացման։

Իր հոգիին պէս՝ Լ. Շանթի գրականութիւնն ալ յարատեւ վերելք մը եղաւ, աւելի կատարեալին, աւելի վսեմին, աւելի ամբողջականին ձգտումով ու նուաճումով։

Աստիճանական վերելքի այս ճամբուն վրայ որքան իր անձը կատարելագործուեցաւ իբրեւ մարդ, նոյնքան եւ իր գրականութիւնը հարստացաւ իբրեւ արժէք։

Շանթի երկերուն ուշադիր ընթերցումը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ազնիւ գաղափարներու եւ արարքներու սէրը իր գրականութեան խորքը կը կազմէ։ Բարոյական նկարագրի գեղեցկութիւնը եւ գրագէտի կոչումը իր մէջ միաձուլուած ներդաշնակութիւն մըն էին դարձած. ահա թէ ինչու ան չբաժնեց արուեստը գաղափարէն, գեղեցիկը ճշմարիտէն, երազը իրականութենէն։

Բարոյական իր սկզբունքները չէին բխեր կրօնական հաւատալիքէ մը. ոչ ալ իր գոյութեան իմաստը ան կ՚ուզէր խարսխուած տեսնել կանոնագրուած դաւանաբանութեան մը օրէնքներուն վրայ։

Հոգեպէս եւ մտաւորապէս անկախ մարդ մըն էր Շանթ, բոլոր տեսակի նախապաշարումներէն, կաշկանդումներէն եւ երկիւղներէն ձերբազատ, բնութեան դէմ առ դէմ կանգնած, որպէս անոր գիտակից, հարազատ եւ երախտագէտ զաւակը։

Բնութեան ուժերուն հետ հաւասարէ հաւասար չափուելու խիզախ այս դիրքաւորումը իր անձը կ՚օժտէին ներքին այնպիսի զօրութեամբ, որ Շանթի կենսունակութեան, թարմութեան եւ արտակարգ աշխատունակութեան գաղտնիքը կը կազմէր։

Առանց հաւատացեալ ըլլալու՝ ամէնէն հաստատուն եւ պայծառ հաւատքը կրեց ան իր մէջ՝ մարդ անհատի դիրքին եւ արժանաւորութեան մասին։ Առանց պաշտամունքի խորաններուն առջեւ ծնրադրելու՝ անսպառ խանդավառութեամբ սպասարկեց յաւիտանական արժէքներու։ Այդ պատճառաւ ալ իր նկարագիրը շարունակ յղկուեցաւ, անբեկանելի եւ շողարձակ ադամանդի մը պէս, որ կը ժխտէ արատաւոր ստուերներու գոյութիւնը։

Շատ կռանուած երկաթները կարծր կ՚ըլլան. կարծրութեամբ մը՝ որ դիմադրական ոյժի յատկանիշ է։ Լ. Շանթի բնաւորութեան մէջ զգացուող քիչ մը չոր ու կարծր գիծը հետեւանք էր կամքի երկաթէ մուրճին տակ տեւաբար ծեծուած այն նկարագրին, որ տկարութիւններէ հեռու մնաց եւ մինչեւ վերջ պահեց իր անընկճելի տոկունութիւնը։

Մարդուս հոգեկան տկարութիւնները երեւան կու գան առաւելաբար ֆիզիքական քայքայումին հետ։ Մահուան ուրուականին մերձաւորութիւնը զինաթափ կ՚ընէ մեզ եւ յաճախ մանուկի մը պէս անպաշտպան եւ օգնութեան կարօտ կը դարձնէ։ Կը սկսինք յենարաններ փնտռել եւ երերուն ոստերու կառչիլ։

Շանթ չունեցաւ տկարութեան եւ ինքնալքումի այս պահը։ Իր կեցուածքը նոյնքան քաջարի էր մահուան մահիճին մէջ, որքան աշխատանքի սեղանին առջեւ։

Ութսուներկու տարեկան հասակին, երբ բժիշկները վտանգալից գործողութեան մը առաջարկը ներկայացուցին իրեն, մէկ վայրկեան իսկ տատամսում ցոյց չտուաւ։
– Ըրէ՛ք ինչ որ պէտք է. կամ այս կողմ, կամ այն կողմ. անիմաստ է մէջտեղ կեցած անորոշութեամբ օրօրուիլ։

Այս եղաւ իր վճռական կամքը, հաւատարիմ կեանքի այն նշանաբանին, որուն հետեւած էր երիտասարդութենէն մինչեւ խոր ծերութիւն։

Ի՞նչ է լաւատեսութիւնը, եթէ ոչ հաւատքէն եւ կամքի զօրութենէն բխող լոյս մը, որ չի մարիր դժբախտութեանց հովերուն դէմ։ Շանթի գրական եւ գործօն լաւատեսութիւնը ոչ միայն կեանքը իմաստաւորեց առատ հունձքով, այլ մահուան արհաւիրքն ալ պարտութեան մատնեց՝ չմարող ժպիտով մը։

Գործողութենէն երկու ամիս ետք, երբ այլեւս թէ՛ իրեն եւ թէ՛ շուրջիններուն համար որոշ էր չարաշուք վախճանը, Շանթ իր այցելուները կ՚ընդունէր միշտ զեղուն խանդավառութեամբ, նման մարդու մը, որ կարծես դեռ յիսուն տարի ունենար ապրելիք։ Օդին մէջ գծագրուողը ինքնայատուկ այն շարժումն էր դարձեալ, որով տարիներ շարունակ վանած էր ճակատը կնճռոտող խորշոմները, ճեղքելու համար կեանքի դժուարութեանց յորձանքը։ Կարելի չէր չխոնարհիլ մահուան մղձաւանջն իսկ հալածող վճռական այդ շարժումին առջեւ։

Շարժումներուն պէս՝ Շանթի որոշումներն ալ կտրուկ էին եւ անբեկանելի։ Ոչ մէկ բան պատահականութեան կը ձգէր. քմայքին հովերը դեր չունէին իր օրերու հաստատ ընթացքին մէջ։ Տրամադրութեան մարդը չէր ինք, որքան ալ զգացումի ալիքներով փոթորկէր հոգին։ Կրցած էր տիրապետել ջիղերուն, անձին եւ կիրքերուն, զգացումը հաշտեցնելով մտքին հետ եւ ստեղծելով հոգեկան հաւասարակշռութեան սքանչելի օրինակ մը։ Իմաստասիրական, քաղաքական, գիտական եւ մանկավարժական իր բոլոր համոզումներուն մէջ կ՚առաջնորդուէր անշեղ սկզբունքներով, որոնք կը բխէին իր էութենէն, պատճառաբանուած խոկ եւ ապրում դարձող ներքին ըմբռնումի մը բովէն անցնելէ ետք։ Ոչինչ կ՚ընդունէր թելադրութեամբ եւ ոչինչ կ՚արտայայտէր պարագայական թեթեւամտութեամբ։ Թարմ հասակէն սկսած վարժութիւն էր ըրած որեւէ գաղափար կշռադատել եւ յետոյ միայն հիւրընկալել, աւելի ճիշդ՝ անձնականացնել։ Ահա թէ ինչու Շանթ բնաւ չհակասեց ինքզինքին, իր իսկութեան։ Երիտասարդ ու ծերունի Շանթը, վաթսուն տարիներու անջրպետին երկու ծայրերը կեցած, նոյն անհատականութիւնը կը ներկայացնէ, նոյն դիմագիծը, նոյն նկարագիրը եւ նոյն գաղափարաբանութիւնը։ Եթէ ճիշդ է որ ոճը մարդն է, ապա ուրեմն Շանթի ոճն ու լեզուն, առաջին երկերէն մինչեւ վերջինը, մեզի կը բերեն յիշեալ ճշմարտութեան լաւագոյն վկայութիւնը, ինքնուրոյն յատկանիշերու մնայուն գումարով մը։

Մտածելու, գործելու եւ արտայայտուելու շեշտուած ոճ մըն էր Շանթ նաեւ կեանքի մէջ։ Ոմանց համար կրնայ թերութիւն նկատուիլ չափի, ձեւի եւ կանոնի անզիջող տիրապետութիւնը այդ ոճին վրայ, որ տեղ չէր ձգեր ինքնեկ անփութութիւններու հրապոյրին կամ սրտագին մտերմութիւններու յորդումին։ Բայց ասիկա բոլոր ուժեղ մարդոց դէմ ուղղուած մեղադրանք մըն է։ Խորքին մէջ, Շանթ մեր ամէնէն ընկերական եւ հաղորդական մտաւորականներէն մէկն էր։ Չափի գիտակցութիւնը եւ անհատապաշտ իր խառնուածքը սակայն զինք կը պահէին միշտ որոշ հեռաւորութեան մը վրայ, վերապահութեան որոշ քօղով մը պաշտպանուած։

Ընկերային պարտաւորութիւնները եւ դէպքերու վերիվայրումները անզօր մնացին աննշան չափով մը խախտելու դաւանած սկզբունքները, որոնք իր էութեան բաղադրիչ օրէնքներն էին այլեւս։ Չէր քաշուեր զանոնք անվերապահօրէն արտայայտելու, երբեմն այնպիսի կորովով, որ բրտութեան տպաւորութիւնը կրնար ձգել զինքը մօտէն չճանչցողներուն վրայ։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 15

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝