Յայտարարութիւն

Sunday, July 12, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ»-ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ 16

Սիրելի Ընթերցող, Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի : «Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:

Նշան Պասմաճեան

`````````````````````````````````````````````````````````````````````````````````````
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

Բացառիկ հասունութիւն եւ պայծառութիւն ունէր Շանթի միտքը, որ կը խորշէր ամէն տեակ մթութիւններէն, տարտամութիւններէն, դիւանագիտական խաղերէն, վերացականութիւններէն. անողոք լուսարձակի մը պէս, որուն առջեւ զգացական խառնաշփոթ աշխարհի երկդիմութիւնները կը նահանջէին։ Տրամաբանութիւնը իր միակ զէնքն էր, միակ վստահելի միջոցը, որով կարելի է առաջնորդուիլ գիտակցութեան եւ կեանքի ուղիներուն վրայ։

Հոգիի եւ մտքի այս ներդաշնաւորման, ինքնազուսպ այս հաւասարակշռութեան արդիւնքը մենք կը զգանք նաեւ Լ. Շանթի ամբողջ գրականութեան մէջ, որ ժայթք մը ըլլալէ աւելի կառուցում է եւ փոթորիկներ շղթայազերծելէ աւելի պատկերներ կը սեւեռէ։

«Լո՜յս, աւելի լոյս» պիտի ուզէր ըսել անկասկած, Կէօթէին հետ, եթէ գերագոյն բաղձանք մը յայտնելու հարկադրանքին տակ գտնուէր։ Եւ արդէն, հանգիտութեան մէկէ աւելի գիծեր կարելի է նշմարել Կէօթէի եւ Շանթի խառնուածքներուն, ձգտումին, տարիքին, արտադրական զօրութեան եւ կեանքի իմաստասիրութեան մէջ, պահելով բոլոր համեմատութիւնները։ Միթէ Կէօթէն եւս չէ՞ր մարմնացներ ֆիզիքական եւ մտաւոր հաւասարակշռութիւնը եւ մարդու բարձրագոյն տիպարը չէ՞ր պատկերացներ ներդաշնակութեան իրագործումով։ Երկուքի ներաշխարհին տիրական յատկանիշը պայծառափայլ անդորրութիւնը կը մնայ. երկուքի իմացականութիւնն ալ կ՚իշխէր երեւակայութեան խենթ ոստումներուն, իբրեւ զսպիչ հակակշիռ. երկուքի կամքն ալ գահակալ վեհապետ մըն էր՝ կրքերու եւ բնազդներու ամբոխային բազմութեան վերեւ։

Կարգաւորութեան եւ կանոնաւորութեան որոնումը անհրաժեշտ պահանջ ու հաճոյք մնաց Շանթի կեանքին մէջ։ Հագուստ կապուստէն, կենցաղավարութենէն եւ առօրեայ յարաբերութիւններէն սկսած մինչեւ ստեղծագործական ճիգերուն ընթացքը ղեկավարուեցան կոկիկութեան եւ չափականութեան այս նախասիրութեամբ։

Ինչ որ գիտէր՝ դասաւորուած եւ կապակցուած ճշգրտութեան մը դրոշմը կը կրէր անպայման իր վրայ։ Ահա թէ ինչու, ուրիշներու պէս հմտութեան ծով պաշար մը չհաւաքելով հանդերձ, շատերէ աւելի բեղուն միտք մը դարձաւ։ Նիւթական ու բարոյական տեսակէտէ՝ հաւաքող, պահող եւ իր հարստութեամբ երջանկացող խառնուածք մը չէր ինք։ Ընդհակառակը, ստացածն ու ունեցածը կը նեղէին զինք եւ կեանքին վերադառնալու ելք մը կը գտնէին միշտ։

Լ. Շանթ քիչ կը կարդար, չէր սիրեր մանաւանդ ընթերցումի պահերը պատահականութեան յանձնել։ Գրքի մոլի մը չէր, անոնցմէ՝ որոնք կը յարձակին ամէն տեսակ էջերու վրայ եւ խառն ի խուռն տեղեկութիւններու շտեմարան մը կը դարձնեն իրենց միտքը։ Արուեստագէտ Շանթին հաշտ կ՚ապրէր գիտունը, խորհողը, կառուցանողը։

Կը սիրէր գիրքը իբրեւ թանկարժէք առարկայ մը, իբրեւ գանձարան մը եւ կը հաճոյանար նոր լոյս տեսած գեղեցիկ հատորները շոյելով, թերթատելով։ Բայց կը կարդար միայն այն ատեն, երբ իր ծրագրած մէկ աշխատանքին համար պէտք տեսնէր այս կամ այն հատորին դիմելու։ Ընթերցումը ոչ ժամանց, ոչ իսկ անարգասիք հաճոյք էր Շանթի պարագային, այլ լուրջ ուսումնասիրութիւն, մտքի լարուած ճիգ եւ բազմակողմանի խորհրդածութիւններով իւրացուող վերստեղծում։

Կը յիշեմ իր մէկ շատ յատկանշական արտայայտութիւնը։ Անգամ մը քովը գացած էինք երկու դասընկերներ, չեմ գիտեր ի՛նչ հարցի առիթով։ Խօսք բացուեցաւ մեր կարդացած գրքերու մասին. Շանթ ուշադրութեամբ լսելէ վերջ մեր տուած անունները, ճակատը կնճռոտեց եւ վճռաբար յայտնեց.
– Ձեր մտաւոր կազմութեան եւ պաշար հաւաքելու տարիքն է։ Գիտական գրքեր միայն պէտք է կարդալ։ Աշխատեցէք օգտուիլ ձեր ազատ ժամանակէն, քանի դեռ պատասխանատուութիւններ չունիք. ուսումնասիրեցէք պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնը, հոգեբանութիւնը, բնախօսութիւնը, բնապատմութիւնը եւայլն։ Այս առարկաներն են որ մարդուս մտքին հորիզոնը կը լայնցնեն եւ հոգին կը հարստացնեն։ Ժամավաճառութիւն է իրարու ետեւէ վէպ կարդալը։ Վէպի մը ընթերցումը արժէք կը ստանայ, երբ անոր կը մօտենաք քննական նպատակով, ճանչնալու համար, օրինակ, թէ այսինչ մեծ հեղինակը ի՞նչպէս կը ներկայացնէ իր տիպարները, ի՞նչպէս կը շարահիւսէ գործողութիւնները եւ ի՞նչ մեթոտի կը դիմէ՝ հոգեբանական վերլուծումներ տալու համար։ Այս էր գրագէտ Շանթի տեսակէտը գրական երկերու ընթերցումի մասին, ի հարկէ որոշ տարիքէ մը ետք, երբ մէկը ի վիճակի է քիչ թէ շատ սեփական դատողութեամբ առաջնորդուելու։

Շանթ իր ըմբռնումները կեանքին օրինակով իրագործած մարդ մըն էր։ Հակառակ բանաստեղծի եւ գրագէտի կոչումին, Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ ան իր ուսանողական տարիները նուիրած էր առաւելաբար բնական գիտութիւններու իւրացման։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 16

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝