Յայտարարութիւն

Tuesday, July 14, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ»-ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ 18

Սիրելի Ընթերցող, Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի : «Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:


Նշան Պասմաճեան

՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

Լ. Շանթ ունէր իւրայատուկ փիլիսոփայութիւն մը կեանքի մասին։ Անոր աշխարհայեացքը պարզ էր, անկնճիռ եւ բոլորովին զուրկ խորհրդազգած բարդութիւններէ։ Գրքունակ եւ սորվուած փիլիսոփայութիւն մը չէր իրը, այլ բնութիւնը դիտելով, բնութենէն հանուած դրական մտածելակերպ մը, որ հաւասարապէս կը պատշաճի թէ արտամարդկային եւ թէ մարդկային ընկերութեան։ Մարդը բնութենէն չէր բաժներ որեւէ ատեն։ Քանի՜ քանի անգամ գրքերուն մէջ եւ հրապարակով Շանթ սահմանած է իր փիլիսոփայութիւնը, կարճ ու կտրուկ բանաձեւով.- «Կեանքը կռիւ է, մաքառում, ձգտում, բարձրացում։ Իւրաքանչիւր հանգրուանէ ետք՝ նոր բարձունք մը կը պարզուի մեր առջեւ։ Պէտք է անվերջ կռուիլ եւ անվերջ առաջանալ՝ առանց ետ նայելու։ Տկարները, տատամսողները, ուշացողները ոտնակոխ կ՚ըլլան։ Կարեւորը մեր նուաճած հանգրուանները չեն, այլ այն պայքարը որ կը մղենք նպատակի ճամբուն վրայ»։

Մօտաւորապէս այս է եղած Շանթի անխախտ համոզումը, զոր ան քարոզած է զանազան ձեւերով, գեղարուեստի, գիտութեան եւ մանկավարժութեան ընծայած զանազան միջոցներով։

Այս կէտին մէջ ալ Կէօթէի եւ Շանթի մտածողութիւնները իրարու կը հանդիպին։ Կէօթէն չէ՞ր որ կը սիրէր ըսել. «Ես մարդ եղայ, այսինքն պայքարող մը»։

Ոյժի փառաբանանք եւ պաշտամունք կ՚ենթադրէ այսպիսի դաւանանք մը, որուն բնական մէկ հետեւութիւնն է Շանթի անհատապաշտութիւնը։

Ժողովուրդի մարդ չէր «Հին Աստուածներ»ու հեղինակը եւ ժողովրդական չեղաւ ո՛չ իր գրականութեամբ, ոչ ալ առօրեայ յարաբերութիւններով։ Իր խօսքն ու գործը ուղղուած մնացին միշտ ընտրանիին, վեր ձգտողներու եւ բարձրացողներու որոշ դասակարգի մը։

Կը հաւատար որ ընկերութիւնը ազնուացնելու, որակաւորելու եւ քաղաքակրթելու լաւագոյն միջոցն է զայն բաղադրող անհատները կրթել, արժանիքի եւ արժանապատուութեան տէր դարձնել, մարդկային կոչումի բարձր գիտակցութեամբ օժտել։ Ով որ իր անձը չի կրնար արժէքաւորել՝ անընդունակ է հանրութեան ծառայելու։ Ահա թէ ինչո՛ւ Շանթ իր աշակերտներէն կը պահանջէր, որ նախ մտածեն իրենց անձին մասին, անհատապէս բարձրանան ու զօրանան, որպէսզի յետագային կարենան իրապէս օգտակար մէկ անդամը դառնալ ժողովուրդին։

Անհատապաշտութիւնը, այս առումով, շատ հեռու է եսականութենէն։ Մանաւանդ Շանթի պարագային, որ պայքարի եւ ոյժի ըմբռնումը ոգեղինացուցած էր, ամբողջապէս վերածելով հոգեկան կարողութեանց համագումարի մը։

Պայքարի մէջ յաղթելու, գործի մէջ յաջողելու պահանջքէն ծնող անհատապաշտութիւնը կ՚այլասերի եւ եսամոլութեան հետ կը նոյնանայ այն ատեն միայն, երբ հոգեկան ուժերը կը ստորադասուին նիւթականին։ Շանթ անհատի արժէքն ու իրաւունքները գնահատող գաղափարապաշտ մըն է, որ իրական յաղթանակները հոգեկան ռազմաճակատներուն վրայ հնարաւոր կը տեսնէր։

Զարմանալի չէր ուրեմն, որ ֆիզիքականապէս տկար եւ նիւթապէս աղքատ իր ժողովուրդին հանդէպ հիացում եւ անսասան հաւատք ունեցաւ Շանթ։ Ժողովուրդ մը, որուն դարաւոր կռիւները մղուած են յանուն հոգեւոր արժէքներու եւ որուն մշակոյթը տառապանքի խաւարէն ժայթքող լոյսի ճառագայթում մըն է։


Բնութիւնը Շանթի մեծագոյն ուսուցիչը, սնուցիչը, ներշնչարանը եւ աստուածազօր հեղինակութիւնը մնաց միշտ։ Բողոք եւ ըմբոստացում չունեցաւ բնութեան հակասութիւններուն եւ երեւութական անիրաւութիւններուն դէմ։ Զայն գիտէր առնել այնպէս ինչպէս որ է, անոր հետ հաշտ ու համընթաց։ Շատ չէր աշխատէր առեղծուածային «ինչու»ներէն ներս թափանցել. կը գոհանար վերլուծելով «ինչպէս»ները եւ պատշաճիլ օրէնքներու, իբրեւ անոնց ներդաշնակ մէկ մասնիկը։ Ասոր համար ալ գոհ էր կեանքէն, ժպտադէմ, լաւատես եւ կայտառ։ Միթէ ծառերը կը հարցնե՞ս թէ ինչո՛ւ կը ծաղկին, կը պտղաբերին, տերեւաթափ կ՚ըլլան եւ ի վերջոյ օր մըն ալ կը տապալին։ Անոնք երջանիկ են արեւուն շողերը ծծելու համար իրենց ընծայուած կարճ կամ երկար պատեհութեամբ։

Ամենադժուարին վայրկեաններուն, նեղութեանց եւ անախորժ պատահարներու առջեւ, Շանթ մէկ խօսք ունէր շրթներուն.
– Ի՞նչ ընենք, ա՛յս է կեանքը...

Գլխու կորովի շարժումով մը կը թօթափէր հոգերը, ի բաց կը վանէր տրտմութիւնները, գիտակից ձեռքով մը մէկդի կը հրէր հոգին պաշարող մռայլ ամպերը, իբրեւ մարդուս թանկագին ուժերը կրծող մակաբոյծներ։

«Կեանքը իր ճամբով, մահը իր ճամբով» նշանաւոր խօսքը, իր հերոսներէն մէկուն բերնով արտասանուած, Շանթի անձնական փիլիսոփայութեան արտայայտութիւնն է, խտացած բանաձեւը իր աշխարհայեացքին։

Կեանքը թեթեւ առնող եւ թեթեւ մտածող մէկը չըլլալով հանդերձ, Շանթ կը յաջողէր կեդրոնացեալ աշխատանքի մէջ գտնել մոռացումը եւ թեթեւացումը, ինչպէս ուրիշներ գինիին, աղօթքին, առանձնացումին կամ ախտաւոր մոլութիւններու մէջ կը փնտռեն զայն։

Մարդկային հոգին իր ներքին հարստութիւններով եւ արտաքին աշխարհը իր բնական սքանչելիքներով Շանթի արբեցութեան բաժակը կը կազմէին – երկնային անարատ գինիով լի բաժակ – ուրկէ առատօրէն ըմպեց ան եւ նոյնքան առատօրէն պատմեց՝ մարդ ու հայ ծնած ըլլալու իր հրճուանքը։

Ոչ ծուխ առած էր բերանը, ոչ ալ ոգելից ըմպելի։ Կեր ու խումի սեղանները զինքը չէին հետաքրքրեր իրենց պարունակութեամբ, այլ միայն այն ջերմ մթնոլորտով, որ անոնց շուրջ կը ստեղծուի երբեմն եւ սիրտէ սիրտ հաղորդակցութեան կապեր կը նետէ։ Այդքա՛ն։ Զգացումի չափին հետ՝ Շանթ խստօրէն պահեց նաեւ զարմանալի ժուժկալութիւն մը ֆիզիքական ամէն տեսակ փորձութեանց հանդէպ, տարիներ շարունակ հետեւելով սննդական պահեցողութեան եւ առողջապահական կարգ ու կանոնի։

Կեանքին վրայ դողալո՞ւն համար էր այս զգուշաւորութիւնը։

Մահէն չէր վախնար եւ մահուան մասին ալ չէր սիրեր մտածել։ Բայց առողջութիւնը կը համարէր աղբիւրը լաւ տրամադրութեանց եւ արդիւնաւոր աշխատանքի։

Օր մը, Ճեմարանի ուսանողութեանս վերջին տարիներուն, վիճակացոյց բաշխելու հանդիսաւոր պահուն, երբ Շանթ տեսչարանին մէջ կ՚առանձնանար իւրաքանչիւր աշակերտի հետ եւ քանի մը վայրկեան տեւող խօսակցութիւն կ՚ունենար հետը, նիշերուս վրայ աչք մը նետեց եւ ըսաւ.
– Աշխատանքդ թուլցած կ՚երեւի. ուսուցիչներդ ալ դիտել տուին թէ ընկճուած, կոտրած բան մը կայ վրադ վերջերս. ի՞նչ ունիս։
Շուարեցայ, կմկմացի եւ ի վերջոյ ըսի թէ տրամադրութիւններս լաւ չէին։
– Տրամադրութի՞ւն,– վրայ բերաւ Շանթ, աթոռին մէջ շտկուելով,– տրամադրութիւնը, տղա՛ս, մարդ ինքը կը ստեղծէ։ Քու այս թարմ հասակիդ ինչո՞ւ տրամադրութիւններդ լաւ պիտի չըլլան։ Կամ լեարդդ խանգարուած է եւ կամ ստամոքսդ չի գործեր։ Բժիշկին դիմէ՛ անգամ մը։

Անսպասելի էր պատասխանը. զարմացած երեսը նայեցայ. զգաց դժգոհութիւնս եւ աւելի մեղմ շեշտով աւելցուց.
– Դէ՛, ի հարկէ, հոգեկան պատճառներ ալ կրնան ըլլալ, բայց ատոնք անցողական են, երբ մարդս առողջ է եւ կենսունակ։

Շանթի նկարագրին ուշագրաւ գիծերէն մէկն ալ, որ բոլոր զինք ճանչցողներուն աչքին զարկած էր անպայման, ցուցադրութիւններէ հեռու մնալու այն խորունկ պահանջն էր, որուն ջանաց հաւատարիմ մնալ առաւելագոյն չափով։ Ճշմարիտ մտաւորականի եւ ստեղծագործող մարդու ինքնաբաւութիւն մը, որ հանրային կարծիքի յենարաններ չփնտռեց եւ փառաւորումին մէջ չգտաւ իր հոգեկան գոհացումը։ Ծափերուն եւ հրապարակային ներբողներուն հանդէպ ֆիզիքական խորշանք կը զգար։ Սովորութիւն չունէր իր ըրածին կամ ընելիքներուն մասին խօսելու։ Թոյլ ալ չէր տար որ ուրիշներ խօսին՝ իր ներկայութեան։ Անհատապաշտ այս մարդուն եսը կը սիրէր քողարկուիլ, մոռցուիլ եւ մենութեան մէջ աճիլ։ Ամօթխած ու քաշուող չէր բնաւ, բայց տաժանք էր իրեն համար իր անձին գովաբանութիւնը լսել։ Նախանձի զգացումը կարծես անծանօթ կը մնար իր հոգիին, իսկ փառասիրութեան մարդկային ձգտումը՝ աւելորդ ժամավաճառութիւն, որմէ խոյս կու տար միշտ՝ վիրավորիչ ըլլալու աստիճան կտրուկ ընթացքով մը։
Վաթսունամեայ գրական ու կրթական վաստակի տէր Շանթը ոչ իսկ մէկ անգամ յոբելինական հանդիսութեանց արժանացաւ։ Պատճառը հայ ժողովուրդի անտարբերութիւնը կամ ժլատութիւնը չէր, այլ իր ընդդիմութիւնը։
Զինք հետաքրքրողը միայն ու միայն գործն էր եւ այդ գործի իրականացման ճամբուն վրայ թափուած ճիգը։ Մնացեալը – ճառ, ծափ, գովաբանութիւն, աւուր պատշաճի ուղերձներ – հեղինակին հետ ուղղակիօրէն կապ չունեցող բեմադրութիւններ կը համարէր ինք եւ չէր ուզեր ծիրանեկիր դերակատարը հանդիսանալ հասարակաց բեմերուն։
Երբ աչքի առջեւ ունենանք մարդոց մեծամասնութեան փառքի անյագ ծառաւը եւ իրենց համբաւը տեւաբար սնուցանելու համար ի գործ դրած բազմատեսակ հնարքները, Շանթի պարկեշտ վերապահութիւնը կրկնակի արժէք կը ստանայ, իբրեւ հազուագիւտ առաքինութիւն։
Համեստութի՞ւն։ Այո՛, Շանթ համեստ էր, բայց համեստութեամբ մը, որ իր ներքին արժէքի գիտակցութենէն կը ծնէր եւ ուրիշներու գնահատանքին կարիքը չէր զգար։ Արժանաւորութեան գիտակցութիւնը արժանաւորապէս կրելը գիտնալը նկարագրի գեղեցկութեան մաս կը կազմէ։ Շանթի հպարտօրէն համեստ կեցուածքը ոչ մէկ արուեստականութիւն ունէր իր մէջ։ Կը պարտադրէր ինքզինք շրջապատին, առանց դիմացինները վիրաւորելու եւ իր եսին գերազանցութիւնը սքողուած կը պահէր, առանց անոր ներքին արժէքէն բան մը զիջելու։
Վեր էր ճղճիմ հաշիւներէ, քէներէ, ոխերէ, մանր վրէժխնդրութիւններէ։ Իր համակրանքներու արտայայտութեան մէջ շռայլ չէր, իսկ իր հակակրանքները դժուար էր գուշակելն իսկ։ Ուժեղ եւ լեցուն անհատականութեան մը ներողամիտ ժպիտով կը դիտէր մարդկային կրքի բռնկումները, մինչեւ անգամ եթէ իր դէմ ուղղուած ըլլային անոնք։ Ոչ մէկ ատեն մտածած է փոխադարձութեան մասին։ Ոչ մէկ վէճ ու վիրաւորանք կրցած են զինք վար իջեցնել իր վեհաշուք բարձրութենէն։
Գրական գետնի վրայ նոյնպէս Շանթ անտարբեր մնաց քննադատութեան յարուցած աղմուկին։ Քիչ գործեր կան, որոնք «Հին Աստուածներ»ու չափ յուզում առաջացուցած ըլլան հանրային կարծիքին մէջ։ Կովկասէն մինչեւ Պոլիս մեր թերթերը ամիսներ շարունակ զբաղած են անով։ Շանթ դիտած, լսած, կարդացած է իր մասին եղած ամէն արտայայտութիւն, բայց շարունակած է ըլլալ այն ինչ որ էր, մտածել ու գործել այնպէս, ինչպէս որ կը թելադրէր իր խառնուածքը։
Անգամ մը, հիւանդի մահիճին մէջ, հետեւեալ խոստովանութիւնը ըրաւ Շանթ, երբ տակաւին իր գիտակցութեան եւ ուժերուն տէրն էր.–
«Գրագէտը պարտաւոր է հաւատարիմ մնալ իր հոգիի իսկութեան։ Քննադատութիւն ըսուածը, լաւագոյն պարագային, հազիւ կը բացատրէ հեղինակի հոգին։ Իսկ ընդհանրապէս՝ հակասական կարծիքներու խառնակոյտ մը կը ներկայացնէ։ Վա՜յ անոր որ կ՚ազդուի եւ իր ուղղութիւնը կը կորսնցնէ։ Ես կարդացած եմ իմ մասիս գրուած բոլոր յօդուածները։ Առանց յաւակնութեան՝ կրնամ ըսել թէ քննադատներէս ոչ ոք կրցած է անցնիլ իմ մտածումիս սահմանէն անդին։ Ամէնէն շատ՝ հասած են անոր ու այդքա՛ն միայն»։
Շանթ այս կարծիքը կը ձեւակերպէր՝ անկողնին շուրջ հաւաքուած երիտասարդներս զգուշացնելու համար քննադատութեան յարափոփոխ հովերուն վտանգէն։
Անխոցելի էր Շանթ՝ ինչպէս իբրեւ մարդկային նկարագիր, նոյնպէս իբրեւ արուեստի եւ գիտութեան հաստատակամ սպասարկու։ Հաւատքը իր պատուանդանը կը կազմէր եւ համոզումը՝ իր պատնէշը։
Մարդ մըն էր Շանթ՝ ամէն բանէ առաջ։ Այն քիչերէն՝ որոնք բնատուր տաղանդէն եւ ձիրքերէն անդին կ՚անցնին եւ որոնց մարդկային արժէքի փառքին առջեւ կը նսեմանան միւս բոլոր ստորոգելիները։ Ի զուր չէր որ Նափոլէոն, Կէօթէին ծանօթանալով, աւելի բարձր գնահատական որակում չգտաւ քան թէ ըսել՝
– Պարոն Կէօթէ, դուք մարդ մըն էք։
Շանթն ալ ներկայացնելու համար, կը խորհիմ թէ ամէնէն արդար եւ իրաւացի բացատրութիւնը պիտի ըլլար կրկնել նոյն խօսքը.
– Լեւոն Շանթ մարդ մըն էր։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 18



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝