Յայտարարութիւն

Wednesday, July 15, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ»-ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ 19


Սիրելի Ընթերցող, Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի : «Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:

Նշան Պասմաճեան ՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ


Բ. ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԸ



Հայ կրթական կեանքին մէջ Լ. Շանթ ձգած է անջնջելի հետք մը, իբրեւ բազմարդիւն ուսուցիչ եւ տաղանդաւոր մանկավարժ։

Ընդունուած իրողութիւն է թէ մանկավարժութիւնը նախ արուեստ է, ապա նաեւ գիտութիւն։

Բնատուր ձիրք եւ շնորհք կը պահանջուի զայն գործադրողէն։ Ճշմարիտ մանկավարժը կը ծնի, ինչպէս նկարիչը, երաժիշտը կամ բանաստեղծը։ Բայց բոլոր արուեստներուն նման, կատարելագործուելու համար, մանկավարժութիւնն ալ կը կարօտի գիտութեան եւ ուսումնասիրութեան բերած նպաստին։

Առանց մէկուն՝ թերի եւ անբաւարար կը մնայ միւսը։

Որքա՜ն մարդիկ կան կրթական ասպարէզին նուիրուած, որոնք լայն զարգացում ունին, լաւապէս հմուտ են իրենց աւանդած ճիւղին, կարդացած են մանկավարժական ամէնէն արդիական տեսութիւնները, կը հետեւին օրուան նորութիւններուն, սակայն շատ հեռու են տիպար մանկավարժներ ըլլալէ։ Դասարանէն ներս կը տառապին եւ կը տառապեցնեն մանուկները։

Միւս կողմէ, չեն պակսիր նաեւ կրթական գործը սիրող եւ ընդունակ ուսուցիչներ, որոնք ծանօթ չըլլալով մանուկներու հոգեբանութեան եւ մանկավարժական հիմնական սկզբունքներու, բազում յոգնութիւն յանձն կ՚առնեն՝ առանց համապատասխան արդիւնքներ քաղելու։

Քիչ է թիւը անոնց, որոնք արուեստն ու գիտութիւնը միացուցած են իրենց անձին վրայ։ Ունին թէ՛ սէր եւ թէ ուսուցման յստակ եղանակ. սրտին շնորհներն ու մտքին լոյսը իրար կ՚ամբողջացնեն, առաջ բերելով այն բախտաւոր ներդաշնակութիւնը, ուրկէ կը ծնի մանկավարժին ստեղծագործ կարողութիւնը։

Լեւոն Շանթ այդ քիչերէն մէկն էր ոչ միայն մեր իրականութեան մէջ, այլ նաեւ օտար ժողովուրդներուն։ Իր արժէքով, հասկացողութեամբ, ընդունակութեամբ եւ վաստակով կրթական գործիչներ հազուագիւտ են ամէն տեղ։

Աւելի քան կէս դար Շանթ ծառայած է հա՛յ վարժարաններու յարկին ներքեւ, Կովկասէն մինչեւ Պոլիս եւ Եգիպտոսէն Լիբանան։ Իր աշակերտները կրնան բանակ մը կազմել։ Ինչ տարիքի, համոզումի եւ ասպարէզի ալ պատկանին անոնք, հիացումէ ու յարգանքէ զատ ուրիշ զգացում չունին իրենց մեծ ուսուցչին հանդէպ։ Գոնէ մեզի հասած վկայութիւնները, գրաւոր թէ բերանացի, տարբեր հաստատում չեն ըներ։

Մանկավարժ Լեւոն Շանթ մեզի կը ներկայանայ երեք դէմքով – դաստիարակը, գիտունը եւ ուսուցիչը։

Ա.ՄԱՍ

Մարդկային կարողութիւններու ընկերային մշակումն է, որ կը կոչուի դաստիարակութիւն, առաւելաբար հոգեկան ու բարոյական կրթութեան առումով։ Առանց դաստիարակութեան, բնական ձիրքերու զարգացումը եւ մտաւոր պաշարի ամբարումը կը մնան թերի։ Եւ արդէն ի՞նչ է կրթական գործին բուն նպատակը.– ուսում եւ զարգացում տա՞լ. մտքի ու ձեռքի ճարտարութիւննե՞ր շնորհել, թէ ատոնց նպաստով նկարագիր կերտել եւ մանուկը դարձնել արժանի մարդ կոչումին։

Կասկած չկայ թէ մանկավարժութեան գերագոյն ձգտումը կը մնայ, ամէն բանէ առաջ, մարդ անհատի բարոյական դիմագիծը կերտել։

Ամէն լաւ ուսուցիչի չէ տրուած միեւնոյն ատեն լաւ դաստիարակ դառնալու ընդունակութիւնը։ Բարձր ու ազնիւ նկարագրի տէր անձերն են որ կրնան բարձր ու ազնիւ մթնոլորտ ստեղծել իրենցմէ ճառագայթող հեղինակութեան եւ հրապոյրին ազդեցութեամբ։ Դաստիարակութիւնը իմացում ըլլալէ աւելի շունչ է եւ ոգի, որոնք կը փոխանցուին առօրեայ շփումներով եւ անզգալաբար։

Լ. Շանթ ունէր մեծ դաստիարակէ մը պահանջուող էական յատկութիւնները։ Ան իր ուղղամիտ, պարկեշտ եւ շիտակ նկարագրին կը միացնէր նաեւ գաղափարական անշեղ կեցուածք մը՝ կեանքի բոլոր հարցերուն հանդէպ։ Մարդ անհատի կոչումի եւ դերի մասին իր սնուցած ըմբռնումը վեր կը մնար սովորական չափանիշներէ։ Մարդ ըլլալ – ահա Շանթի փիլիսոփայութիւնը, որ հասած է կրօնական ջերմեռանդութեան եւ գրաւած անոր բովանդակ գրականութեան խորքը։ Կեանքը չունի աւելի վսեմ նպատակ, քան ձգտիլ, շարունակ բարձրանալ եւ հոգեկան գեղեցկութիւններու նորանոր գագաթներ նուաճել։

Շանթի տեսական եւ գործնական մանկավարժութիւնը լուսաւորուած կը գտնենք մարդակերտ այս սկզբունքով, որ ճշդած է իր ընթացքն ու վերաբերումը ըլլայ ուսուցանողներուն, ըլլայ ուսանողներուն հանդէպ։

Մարդու արժանաւորութեան գիտակցութիւնը որքան խոր ու լայն տեղ գրաւէ մէկու մը հոգիին մէջ, այնքան անոր համարումը կը բազմապատկուի ուսուցիչներու կատարած գործին վերաբերեալ, որովհետեւ ուսուցիչն է մատղաշ կեանքերու մշակը եւ ուսուցիչի ձեռքերուն է յանձնուած նոր սերունդի ապագան։

Քիչ մանկավարժներ Շանթի չափ իրական յարգ ու գնահատանք ընծայած են ուսուցիչի աշխատանքին։ Ան դպրոցական գործին հիմն ու առանցքը կը նկատէր անշուք այն աշխատաւորները, որոնք սիրտ ու կեանք կը սպառեն դասարանի մը չորս պատերուն մէջ փակուած. իսկ դպրոցը՝ մարդկութիւնը ազնուացնելու համար անհրաժեշտ առաջնակարգ դարբնոց։

Շանթի վէպերուն հերոսներէն մէկը տեղ մը կ՚ըսէ. «Մեր հաւաքականութեան մէջ վեհ գաղափարի մը ծառայելը ուսուցչական ասպարէզ ընտրելն է»։
Այս ըմբռնումէն կը ծնէր Շանթի այնքա՜ն յարգալից, գուրգուրոտ, սրտագին եւ եղբայրական յարաբերութիւնը իր պաշտօնակիցներուն հետ։

Անոնք որ իր հետ աշխատելու բախտն են ունեցած, երբեք պիտի չմոռնան Շանթի քաղցր յիշատակը։ Անոր ներկայութիւնը, խօսքը, ժողովականութիւնը, մինչեւ իսկ խրատը ոյժ մը եւ յենարան մըն էին ուսուցչական ամբողջ կազմին համար։
Իբրեւ դպրոցի տնօրէն՝ ան իշխող ու հրամայող չեղաւ, այլ մտերիմ աջակից մը եւ վերին աստիճանի ուղղամիտ առաջնորդ մը, որուն ձեռքը գիտէր տկարները բռնել իրենց տատանումին մէջ եւ մոլորումները դնել շիտակ ճամբու վրայ, առանց զգալ տալու, առանց բիրտ միջամտութիւններու։ Գործակցութեան կանչուած սկսնակ ուսուցիչները լաւ գիտեն թէ Շանթի ձեռքին պարզ մէկ սեղմումը եւ անոր ներողամիտ ժպիտը ինչպիսի՜ քաջալերանք եւ նոյն ատեն զոհողութեան ի՜նչ անդիմադրելի հրաւէր էին։

Իր բարոյական հեղինակութիւնը այնքան մեծ էր եւ իր անձէն ծորող ազնուութիւնը այնքա՜ն ազդու, որ Շանթի ներկայութեան գձուձ արարքներն ու փոքրոգի մտածումները ինքնաբերաբար կը նահանջէին կարծես։ Պայմանադրական կանոններու օժանդակութեան ապաստանելու փոխարէն, կը նախընտրէր միշտ իր պաշտօնէութեան բարեխղճութիւնը արթուն պահել՝ փոխադարձ վստահութեան զգացումով։

«Որեւէ հաստատութեան վարիչը որքան քիչ միջամտէ ներքին գործերու ընթացքին եւ որքան քիչ զգացնէ իր ներկայութիւնը, այնքան աւելի ձեռնհաս է ու հեղինակաւոր։ Կրթական հաստատութիւնը մանաւանդ, որ գաղափարի նուիրական օճախ մըն է, հաւաքական զոհողութիւններու եւ ճիգերու գումարով պէտք է հասնի այնպիսի ներդաշնակութեան մը, ուր տեսուչի գոյութիւնը աւելորդ զգացուի»։
Այսպէս կը խորհէր Շանթ որպէս տնօրէն եւ այս արդիւնքին ձգտեցաւ հասնիլ անցնող քսան տարիներու տեւողութեան, Ճեմարանի տեսչարանէն։

Դեռահաս կամ հասուն կամքերը վարելու համար երբեք պէտք չունեցաւ կողմնակի եւ արուեստական միջոցներու։ Անկեղծութիւնը, գործին սէրը, ընկերական վստահութիւնն ու հաւատքը իր միակ զէնքերը կազմեցին։

Շանթ նոյն զէնքերով մօտեցաւ նաեւ աշակերտութեան, իւրաքանչիւր տղու մէջ փնտռելով եւ գտնելով մարդը, հոգ չէ թէ թերի, բայց անպայմա՛ն օժտուած՝ կատարելագործուելու կարելիութիւններով։

Կրթական ասպարէզին վարիչ սկզբունք, Շանթի համոզումով, անհատականութեան ազատ ծաղկումն էր, հեռու սուտէն, կեղծիքէն եւ հոգիի թռիչքը կաշկանդող կաղապարներէն։
Ամէն անձ ի՛նք պէտք է վարժուի ինքզինք ճանչնալու, ինքզինք սրբագրելու, ի՛ր ուղեղով մտածելու եւ ի՛ր սրտով զգալու գաղտնիքին։ «Հին Աստուածներ»ու հեղինակը վանահօր բերնով երբ կը պատգամէ՝ «մարդս ինք միայն կրնայ շինել իր աստուծուն նուիրուած տաճարը», միայն վանականներուն չ՚ուղղեր իր խօսքը, այլ բովանդակ մարդկութեան, որուն կրտսեր սերունդը կը ներկայացնեն դպրոցական աշակերտները։ Այս վերջիններու ստացած դաստիարակութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի ընկերութեան տեսակէտէն, որուն անդամութեան կը պատրաստուին մանուկները։ Ահա թէ ինչու անհատի առանձնայատկութիւններուն եւ նկարագրին լիակատար ծաղկումը ամէն բանէ վեր կը դասէր Շանթ։

Եւ այդ արդիւնքին հասնելու միակ բնական եւ բեղմնաւոր եղանակը կը համարէր գիտակցութեան արթնացումը՝ բարոյական առաքինութիւններու եւ գաղափարական խանդավառութեան մաքուր մթնոլորտի մը մէջ։ Հասունցնել աստիճանաբար մանուկի ինքնագիտակցութիւնը՝ կը նշանակէ զայն մարդացնել, զայն տէր դարձնել իր հոգեկան հարստութիւններուն եւ ճակատագրին։

Կրթական կարեւոր խնդիրները, իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով՝ Շանթ կը կապէր մանկավարժական այս դաւանանքին։ Եթէ սկզբունքով հակառակ էր ան պատիժներու եւ վարձատրութիւններու, նիշերու եւ քննութիւններու դասական ձեւերուն՝ պատճառը միշտ նոյն մտահոգութեան մէջ պէտք է որոնել։ Մինչեւ որ աշխատանքը սիրով չկատարուի ու չվերածուի հաճոյքի, չի տար սպասուած արդիւնքը. մինչեւ որ օրէնքներու հնազանդութիւնը գիտակցական չդառնայ՝ դաստիարակիչ դեր խաղալու տեղ կը խաթարէ թարմ հոգիները՝ բռնակալ ուժերու ճնշումին տակ։

Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէր սակայն Շանթ մարդու մտատիպարը։
Այս հարցումը մեզ կրնայ շատ հեռուները տանիլ, կապուած ըլլալով գրագէտի ամբողջ աշխարհայեացքին եւ փիլիսոփայութեան հետ։ Վէպերուն եւ թատրերգութիւններուն մէջ ստեղծած իր հերոսները, ինչպէս նաեւ իր իսկ անձն ու կենցաղը որոշ գաղափար մը կու տան արդէն Շանթի նախասիրած յատկութիւններուն մասին։ Իր ձգտումն էր, ամէն բանէ առաջ, պայքարի, հաւատքի, գործի ընդունակ մարդիկ պատրաստել։ Զօրեղ անհատականութիւններ, որոնք ըլլային գաղափարապաշտ՝ առանց երազամոլութեան, եւ իրատես՝ առանց նիւթին կապուելու։ Բնութեան հետ հաշտ, չափազգած, հաւասարակշիռ խառնուածքներ, որոնց կամքը եւ նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար։

Բանականութեան, հոգիին, գիտութեան պարգեւած ոյժն ու միջոցները բաւ կը համարէր մարդուս ինքնիշխան վերելքին եւ չէր ուզեր որ կրօնաբարոյագիտական մաշած անթացուպեր օգնութեան հասնէին անոր նետած քայլերուն։ Շատ քիչ անգամ դասերէն շեղելով կը փորձուէր խրատ տալ, բայց երբ տար՝ գրեթէ միշտ նոյն միտքը կը կրկնէր տարբեր բառերով.
– Մա՛րդ եղէք, անկախ եւ անվախ մա՛րդ...Մեծ կամ փոքր ամէն արարիչ կը ջանայ իր պատկերին համաձայն գոյութիւններ ստեղծել։ Աստուած եւս այդպէս ըրաւ։ Մանկավարժն ալ առանձնայատուկ արարիչ մըն է, երբ ձեւ կու տայ մատղաշ կեանքերու հոգենիւթին։ Ո՛վ որ մօտէն կը ճանչնայ Լ. Շանթը, ճիգի ու կամքի այս մեծ մարդը, դժուարութիւն պիտի չունենայ անոր մանկավարժական եւ դաստիարակչական հաւատամքը ըմբռնելու։



ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 19





«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝