Յայտարարութիւն

Tuesday, July 28, 2009

Մտածումներ Հրաչ Տասնապետեան 1

Հրաչ Տասնապետեանի ինքնակենսագրութիւնը փոքր բացատրութիւն կուտայ գործունեայ և համեստ անձի մը , մշակութային թէ քաղաքական հսկայ աշխատանք տարած հայու մը մասին:

Յաջորդող յօդուածը Տասնապետեանի առաջին հրապարակային (որ Տասնապետեան կը համարէ «կէս հրապարակային» ) դասախօսութիւնն է տրուած 1947ին : Ինչպէս նախօրօք իմացուցած էինք, «Նշանակ» յաջորդաբար Տասնապետեանի շօշափած զանազան թեմաներու մասին յօդուածներ պիտի հրապարակէ, որպէսզի ընթերցողը կարենայ քիչմը աւելի մօտէն ճանչնալ այս մեծ Հայը:

«Նշանակ»


`````````````````````````````````````````````````````````````````````````````````````

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ՝
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ
(Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան
)

Նախ՝ ինչո՞ւ այս նիւթը։

Վերջին մեր կէս դարու պատմութեան մէջ քիչ չեն եղած այն մարդիկը, որոնք հայ յեղափոխութիւնը նկատած են բոլորովին կանխահաս եւ անտեղի. անոնցմէ շատեր փորձած են նոյնիսկ այս յիսնամեակի ընթացքին հայ ժողովուրդի գլխուն եկած կարգ մը դժբախտութիւնները վերագրել «ջահել եւ անփորձ յեղափոխականներու ձախող ելոյթներուն»։ Եւ դժբախտաբար, այսօր տակաւին կան անձեր, որոնք կը յամառին քննադատել մեր ազգային զարթօնքը կերտողները, նախայեղափոխական «երանելի օրերուն» մասին խօսելով։

Մեր նպատակը պիտի ըլլայ քննել հայ յեղափոխութեան դրդապատճառները, տեսնելու համար, թէ անոնք իսկապէս բաւարա՞ր էին նման մեծ շարժման մը կերտումին համար։ Ու մենք աչքէ պիտի անցընենք այդ «երանելի օրերու» մեր ժողովուրդի հազար անգամ «երանելի» կացութիւնն ալ. եւ ոչ մէկ կասկած, որ ատիկա սքանչացումի բացագանչութիւններ պիտի խլէ մեր կուրծքէն։ Պիտի տեսնե՛նք այս բոլորը։ Բայց ամէն ինչ իր կարգին. չաճապարենք։

Ընկերաբանութիւնը, պատմութիւնը քննելով գիտական ամէնէն դրական մեթոտներու լոյսին տակ, կը հաստատէ, թէ յեղափոխութիւնները հետեւանքը կ՚ըլլան երկու գլխաւոր ազդակներու,- առարկայական պայմաններն ու ենթակայական պայմանները։ Բացատրենք ասոնցմէ իւրաքանչիւրը։
Առարկայական պայմանները,- որոնց «իրերու հոլովոյթ» անունը կու տայ (Միքայէլ ՆՊ)Վարանդեան,- ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ ժողովուրդի կեանքին արտաքին ազդակները. ուրեմն՝ անոր կրած տառապանքներն ու զրկանքները՝ ընկերային, քաղաքական թէ տնտեսական գետնի վրայ։
Ենթակայական պայմանները կը նոյնանան անոր ներքին դրդումներուն հետ.- մտաւորական զարթօնքն ու գաղափարային հասունութիւնն են անոնք։

Եւ կարեւոր է շեշտել, որ այս երկու տեսակի պատճառները իրարու անհրաժեշտ լրացուցիչներն են։ Ժողովուրդ մը կրնայ գտնուիլ ամէն տեսակէտէ չափազանց նեղ կացութեան մը մէջ. ան չընդվզիր սակայն, մինչեւ որ գաղափարական եւ ընդհանրապէս մշակութային զարթօնքը խոր գիտակցութիւնը չտայ իրեն իր արդար ու սրբազան իրաւունքներուն։ Բայց եւ գաղափարական ընդվզումը անզօր է առանց շօշափելի եւ անմիջական պայմաններու ստեղծումին։

Թուենք օրինակներ, աւելի ամուր հիմերու վրայ դրած ըլլալու համար այս հաստատումները։ Բոլորս ալ գիտենք, թէ աղուոր միամտութիւն պիտի ըլլար ֆրանսական յեղափոխութեան պատճառները տեսնել 18րդ դարու վերջերուն ֆրանսացի ժողովուրդին ապրած նիւթական անտանելի կացութեան մէջ։ Ոչ, այդ նոյն դարու կէսերուն Վոլթէռի, Տիտըրոյի, Մոնթեսքիէոյի եւ Ռուսոյի նման մտաւորականներ յառաջացուցած էին արդէն գաղափարներու հոլովոյթը,- ազնուականներու կեղեքումներէն հիւծող աշխատաւոր ու գիւղացի ժողովուրդին վիճակը, նեխած արքունիքի մը ամբարտաւան ոտնձգութիւնները անհատական ու մտքի ազատութեան վրայ, պատճառ եղած էին արդէն, որ անոնք, Esprit des lois-ներու, Lettres philosophiques-ներու, Contrat social-ներու եւ Encyclopռdie-ներու մէջէն, ազատութեան եւ հաւասարութեան գաղափարները շեփորեն։ - Եւ ուրեմն պատրաստ էր Ուժ-գաղափարը (Վարանդեանի բառով), երբ պետական պիւտճէին մէջ քանիցս կրկնուած բացերուն հետեւանքով, Թագաւորը ժողովուրդին ներկայացուցիչները ժողովի հրաւիրել ստիպուեցաւ։ Գաղափարային հասունութեան տիրացած Tiers-Etat-ն (Պարզ Ժողովուրդը ՆՊ)պահանջեց Արքունիքին եւ Կղերին հետ հաւասար իրաւունքներով մասնակցիլ։ Ի զուր անցան իշխանութեան ճիգերը՝ ժողովուրդին արդար պոռթկումը խափանելու։ Բռնակալ վարչակարգը խախտած էր։

Բայց,- պիտի ըսուի,- ֆրանսական յեղափոխութիւնը ներքին բնոյթ կը կրէր, եւ զուտ ընկերային էին անոր դրդապատճառները։ Ճիշդ է. եւ սակայն ընկերաբանութեան բնորոշած երկու տեսակի ազդակները ընդհանուր են եւ կը վերաբերին բոլոր յեղափոխութիւններուն՝ ընդհանրապէս։ Այսպէս, օրինակ, անխուսափելի այդ երկու ազդակներուն համադրութիւնը կը տեսնենք Աւստրիոյ բռնակալութեան դէմ իտալացի ժողովուրդին ապստամբութեան նախօրէին։ 19րդ դարու առաջին քառորդին, Նափոլէոնի կայսրութեան անկումէն յետոյ, Carbonari-ներն ու ասոնց նման գաղտնի կազմակերպութիւններ արմատ ձգեցին արդէն աշխարհագրական Իտալիոյ զանազան երկիրներուն մէջ. սակայն մասնակի ձգտումներ միայն արտայայտեցին անոնք։ Իտալական իրական ապստամբութիւնը ծնունդ առաւ միայն Նափոլէոն Գ.ի օրերուն։ Այս ուշացումին պատճա՞ռը,- պա՛րզ է, երեսունական թուականներուն տակաւին նոր սկսած էր ձեւաւորուիլ ազգային-գաղափարական զարթօնքը իտալացի ժողովուրդին, նշանաւոր Risorgimento-ն։ Երբ ան հասունցաւ, մնացածը,- ապստամբութիւնը,- անխուսափելի էր այլեւս։ Բայց հարկ է ըսել անգամ մըն ալ, որ, առանց Մանցոնիներու եւ Մացցինիներու, Կառիպալտի մը չծնէր թերեւս։

Բայց, այս երկու ցայտուն օրինակներէն վերջ մանաւանդ, ալ կրնա՛նք ձգել օտարները եւ դառնալ մեզի։

Կիլիկեան հայկական թագաւորութեան անկումէն մինչեւ անցեալ դարու ութսունական թուականները, շուրջ հինգ դար գերութիւն ապրած էր մեր ժողովուրդը. «Ապրած էր,- կ՚ըսէ Վարանդեան,- առանց ձէն ու ծպուտ հանելու, վասնզի ունէր գրաստի մը խորունկ անգիտակցութիւնը, կը դիտէր լուծն ու տառապանքը, որպէս երկնառաք, անշեղելի մի ճակատագիր»։

Ամօթ կը զգանք, ընկերնե՛ր, բայց արժանի ենք ատոր։ Այն ժողովուրդը, որ օր մը իր անկախութեան տունը հզօր կայսրութեան մը վերածեց, որ թագաւորներ խոնարհեցուց իր արքաներուն առջեւ, որ ծառացաւ անյաղթ Հռոմի դէմ եւ բիւզանդական ու պարսկական բանակներ ջախջախեց, այն ժողովուրդը վերջապէս, որուն հերոսներուն ծնունդին համար երկինք ու երկիր երկունքի պիտի մտնէին, ստրկութեան ճահիճին մէջ խրած գետնատարած ամբոխ մը դարձած էր։

Իրերու հոլովո՞յթը։

Բայց ի՞նչ աւելի յարմար, ժողովուրդ մը ըմբոստացումի մղելու համար, եթէ ոչ՝ դարերու այդ անհանդուրժելի կացութիւնը,- կեանքի բացարձակ անապահովութիւնը, հարստահարումներն ու կեղեքումները, տնտեսական անտանելի վիճակը վերջապէս։ Բայց ոչ մէկ ընդվզում, քանի կազմուած չէր տակաւին Գաղափարը, որ նման ելոյթներու անհրաժեշտ խթանն է անկասկած։

Այստեղ, հաւանական առարկութեան մը առաջքը առնել անհրաժեշտ է։ Այդ հինգ դարու ընթացքին մենք ունեցած ենք յեղափոխական շարժումներ,- պիտի ըսէք։ - Եւ իրօք, անկարելի է հայ ազատագրական շարժման պատմականը ընել, առանց խօսելու Դաւիթ Բէկի եւ Իսրայէլ Օրիի մասին։ Այո՛, սակայն, այդ կարգ մը սքանչելի հայերուն ձգտումներն ու արարքները անարձագանգ մնացին մեր ժողովրդային խաւերուն մէջ. եւ ազատատենչ այդ խմորումները կարծես դատապարտուած էին արդէն՝ մասնակի դէպքեր մնալու։ Գաղափարներու հոլովոյթը շատ հեռու էր տակաւին՝ ժողովուրդին սեփականութիւնը ըլլալէ։

Անիկա առաջին անգամ զգալի կերպով երեւցաւ ասկէ շուրջ հարիւր տարիներ առաջ։ Եւ եթէ քիչ մը շատ կ՚ըլլայ ըսել, որ այդ գաղափարական զարթօնքը արդիւնքն էր միայն արտաքին ազդեցութիւններու, գէթ պէտք է խոստովանիլ, որ ներշնչման մեծ մասը կու գար օտար օրինակներէ։

Ու զարմանալի չէ ասիկա, այլ շատ բնական։ Զարմանալի չէ նոյնպէս այն իրողութիւնը, որ զարթօնքի առաջին ցոլքերը ծնունդ են առած Թրքահայաստանէն դուրս, համեմատաբար ազատ երկիրներու մէջ, ուր չէին կաշկանդուած հայ մարդերու միտքն ու հոգին։

Առաջին անգամ Մխիթարեաններն էին, որոնք Վենետիկէն արթնցող հայուն ձայնը հնչեցուցին։ Յիսունական թուականներուն, Հայր Ալիշան իր գրական գործունէութեան ամէնէն բեղուն շրջանը կ՚ապրէր։ Անոր ոտանաւորները, որոնք իրենց գրաբարախառն լեզուին պատճառաւ թերեւս հաճելի չեն թուիր այսօրուան հայ երիտասարդներուն, օրին՝ երկրի եւ արտասահմանի հայաշատ կեդրոններուն մէջ, որպէս նոր արշալոյսներու աւետաբեր, ձեռքէ-ձեռք կը խլուէին։

Իսկ անդին, Կովկասի մէջ, ուր հայութիւնը համեմատաբար աւելի հանգիստ կ՚ապրէր անկասկած, Խաչատուր Աբովեանն էր, որ նոյն թուականներուն իր «Վէրք Հայաստանի»ով կու գար վէրքերը թարմացնել հայ սրտերուն։

Ու ահա, կամաց-կամաց, տաճկահայ աշխարհն ալ կը փոթորկէր։ Եւրոպայի համալսարաններուն մէջ կրթութիւն ստացած հայ երիտասարդները, Պոլիս դառնալով, նոր ուշքի կու գային կարծես ու կը խորհէին վերջապէս, թէ օրէ-օր նոր թալաններու եւ ջարդերու ենթարկուող հայութիւնը, որպէս ազգային ամբողջութիւն, հանգիստ ապրելու իրաւունք ունէր։ Ու բացորոշ են այստեղ ներշնչման աղբիւրները անոնց։ Ամէնէն վեր, ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան ոգին կը սաւառնէր անշուշտ. անոր արտայայտած գաղափարները շատ լաւ կը պատշաճէին այդ տղոց ձգտումներուն, այդ յեղափոխութեան տուած երկրի մը իշխանութեան կեղեքումներուն դէմ պայքարի զմայլելի օրինակներէն զատ, Convention-ը բացորոշ կերպով արտայայտած էր ազգային ազատական գաղափարը։ Յետոյ՝ թարմ էին տակաւին յոյներու եւ պուլկարներու ազատատենչ պայքարներու յիշատակները, իսկ օրուան նիւթ՝ իտալական եւ գերմանական ազգային միութիւններուն կազմաւորումը։

Բայց գաղափարներու հոլովոյթը արդիւնք չէր միայն ապազգային ներշնչումներու։ Այն օրերուն, երբ Պոլսոյ եւ Թիֆլիսի մեր առաջաւոր մտաւորականութիւնը աղուոր գաղափարներով կը սնանէր, երկրի ժողովուրդին վիճակը հասած էր տեղ մը, ուր կարելի չէր մարդկայինը զատորոշել անմարդկայինէն։ Բայց ի զուր Վանայ Հայրիկը իր «Վանգոյժ»ով ու «Հայգոյժ»ով- որոնց «մեր յեղափոխական գրականութեան ամէնէն pathetique էջերը» որակումը կու տայ Վարանդեան,- կը փորձէր ստրկութեան ճիրաններէն ձերբազատել ժողովուրդի հոգին. տակաւին ենթակայական պայմանները պէտք եղած չափով չէին հասունցած։

Ռուս-թրքական պատերազմին վրայ կացութիւնը ա՛լ աւելի վատթարացաւ։ Մինչեւ հիմա մենք չդիմեցինք փաստաթուղթերու լոյսին։ Թերեւս քիչ մը դժուար ըլլայ պաղարիւնով լսել այդ օրերուն հայ թէ օտար թերթերու հրատարակած յօդուածները, թղթակցութիւնները։ Սակայն մենք խոստացանք գէթ ամփոփ մէկ պատկերը տալ նախայեղափոխական «երանելի՜» օրերուն։ Սկսինք ուրեմն՝ Times թերթի ներկայացուցիչ Նորմընի «Armenia and the campaign of 1877» հատորէն առնուած սա կտորէն։ Թող նկարագրութեան իրապաշտ չորութիւնը խորթ չգայ կրթուած պարոններու եւ օրիորդներու ձեր ականջներուն. ա՛ս ալ ազգային սեփականութիւն մըն է, ի վերջոյ։
- «Այդ հրէշներու ձեռքով կատարուծ արհաւիրքներու պարզ արձանագրումն իսկ բաւ է յարուցանելու անոնց դէմ արժանւոր պատիժ:Կը բաւէ եսել, որ Բայազէտը հիմնապէս կողոպտուեր է և աւելի քան 11օօ բնակիչներ կոտորուելէ ետք,կը ներկայացնէ այսօր աւերակոյտ մը...Ամենուրեք լքուած գիւղեր,պարպուած,ամայացած քաղաքներ,առևտուրը դադրած,հունձքը կը սպասէ հնձուորներուն,այրեր որ կը սգան իրենց անարգուած կիները,ծնողներ՝որ կ՜ողբան իրենց խողխողուած զաւակները....Խարցի մէժ այդ ճիւաղները կը մտնեն հայ քահանային տունը,որ նոր բերեր էր իր հարսնացուն հայրական տունը:Չարաքործները պարանով կը կապեն մէկտեղ ղեր քահանան ու իր զաւակը և անոնց առջև կը բռնաբարեն աղջիկը:Ապա կը հրամայեն սրէ անցնել երեքն ալ...Այլևս չեմ կարող գրել»։ (Վարանդեան, Հ.Յ.Դ. Պատմութիւն, Ա. հատոր։
Անգլիացիի մը այս խոստովանութիւններէն ետք, ալ դժուար չէ հաւատք ընծայել հայ թերթի մը սա յիշատակութեան, առանց չափազանցութեան վախի։ «Մասիս»ն է գրողը, գրեթէ նոյն թուականներուն.
- «Գրեթէ անհնար է մի առ մի թուել այս ամսուան ոճրագործութիւնները...Նաև կուսապղծութիւնները,որոնց մին է եոթն տարեկան կոյս աղջիկ մը տաճկէ պղծուիլը ի նախատինս ազգին...»։

Կը տեսնէք, չէ՞, «երանելի» վիճակը մեր ժողովուրդին, յեղափոխութեան նախօրէին։ Կը կարծենք, թէ կը բաւէ ասիկա, որպէս պատասխան մեր խոհուն եւ խելօք բարեկամներուն խորիմաստ քննադատութիւններուն։ Ու ալ մի՛ փորձէք խորհրդածել այս բոլորին շուրջ. Նորմըն իրաւունք ունի, երբ կ՚ըսէ.
«The subject is too painful to need any coloring»։

Բայց, միեւնոյն ժամանակ, երբ առարկայական պայմանները հասած էին արդէն իրենց հոլովման վերջակէտին, գաղափարային խմորումները կը զարգանային մեծ թափով, վերջնական եւ անխուսափելի պոռթկումը տալու հոգիներուն։ Պերլինի Վեհաժողովին 16րդ յօդուածին 61րդի փոխուիլը եւ Տիզրայէլի կառավարութեան ժխտական դիրքը հայկական հարցին հանդէպ մէկ կողմէն, եւ տուրքերու անընդհատ յաւելումները միւս կողմէն, Ազգային Ժողովին մէջ Տէմիրճիպաշեաններու, Չերազներու, Այվազեաններու, Արփիարեաններու քննադատութիւնները աւելի յաճախակի եւ բուռն դարձուցին։ Պատերազմին ընթացքին, Թրքահայաստանի կարեւոր մէկ մասին գրաւումը ռուս զօրքերուն կողմէ եւ ժողովուրդին գաղթը դէպի Ռուսահայաստան պատճառ դարձան հոգեկան եւ գաղափարական նոր եւ զօրաւոր մերձեցման մը հայութեան երկու մեծ զանգուածներուն միջեւ։ Ու յառաջ եկաւ մեծ եւ փառաւոր զարթօնք մեր յեղափոխական գրականութեան։ Եւ մինչ Փորթուգալեաններն ու Արծրունիները մտաւորականութիւնը կը հրահրէին, ժողովուրդը կը կարդար ու կը սիրէր Խրիմեանը, Րաֆֆին ու Գամառ Քաթիպան, որովհետեւ ինքզինք կրցա՛ւ ճանչնալ վերջապէս անոնց գործերուն մէջ։

Ութսունական եւ իննսունական թուականներուն, երկու կարգի հոլովոյթներուն համադրութիւնը ամբողջացած կարելի էր սեպել։ Առարկայական պայմանները հասած էին աստիճանի մը, ուր ժողովուրդը, որքան ալ լեցուած ըլլար ան ստրուկի համակերպող հոգեբանութեամբ, չէր կրնար համբերել ու տոկալ։ Իսկ արդէն, արթնցած էին անոր գաղափարային ձգտումները, շնորհիւ մեր Մացցինիներու վէպերուն յեղափոխական քարոզչութեան։ Ալ անկէ անդին ոչ ոք, եթէ իսկ ուզէր, կրնար արգելք հանդիսանալ ազգային արդար պոռթկումին։ Երկու տեսակի պայմաններուն լրացումով՝ անխուսափելի էր մեր ապստամբութիւնը։ Պատմութիւնը չի՛ կասեցուիր։

«Ռայեա՜ն…,- կ՚ըսէ Վարանդեան,- դարերու անխօս, անմռունչ ստրուկը խլրտաց վերջապէս եւ ուզեց ցոյց տալ աշխարհին, որ ինք ալ անարգ գրաստ մը չէ, այլ մարդ էակ մը, ստուեր մը չէ, այլ գոյութիւն… Անգամ մըն ալ արդարացաւ հին, դաժան ճշմարտութիւնը,- «Je m'insurge, donc je suis!» (Կ՜ապստամբիմ ուրեմն կամ) ։

Այո՛, ընդվզեցաւ Ռայեան։ - Ու ան դարձաւ այլեւս արմենական Աւետիսեան եւ մանաւանդ Քրիստափորներու սուրբ հոգիով լեցուած ու պատմութեան բոլոր Կառիպալտիները շուքի մէջ ձգող դաշնակցական Պետօ, Վարդան, Դուման կամ Գէորգ։ Դարերով խաւարի մէջ ապրելէ յետոյ, անիկա կրակ ու բոց պիտի ցանէր այնուհետեւ իր շուրջը։ Եւ համամարդկային պատմութեան պիտի տար դիւցազնութեան եւ արիութեան ամէնէն գրաւիչ օրինակները։

Ընկերնե՛ր, մեր Վարուժանը հայ յեղափոխութեան անզուգական հիմքերէն Եփրեմին ուղղելով իր խօսքը՝ կ՚ըսէ.
«Կառիպալտին Հռոմինն է եւ Պոնափարթ ոճիրին,
Կը պատկանիս դուն միայն ազատութեան ոգիին,
Զքեզ խրճիթ մը ծնաւ, հայ վիշտը քեզ օրօրեց,
Այդ վիշտին չափ՝ եղար մեծ»։
Հայ յեղափոխութիւնը,- ամբողջութիւնը հարիւրաւոր Եփրեմներու գաղափարական եւ զինական գործունէութեան,- դարերու թմփիրէն արթնցող ազատութեան ոգիի՛ն է։ Ան ծնաւ հայ ժողովուրդի խրճիթին մէջ, անոր անլուր տառապանքներուն ու վիշտերուն երկունքով։
Ու այդ վիշտին չափ մեծ եղաւ անիկա։

(Առաջին կէս-հրապարակային դասախօսութիւնս է, տրուած Յակոբ Եագուպեանին տան մէջ, 1947, Պէյրութ, Տաուտ փաշա փողոց,- Հ.Տ.)։




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝