Յայտարարութիւն

Thursday, July 30, 2009

Պատարագի Բացատրութիւն 1

Յաջորդական երեք յօդուածներով ԱՄԷ ի Հոգևոր Հովիւ Տէր Արամ Քահանայ Տէյիրմէնճեան ընթերցողին կը հրամցնէ Պատարագի բացատրութիւնը ,անոր այլաբանական իմաստը : Տէր Հայրը միևնոյն ատեն կուտայ գործնական գիտելիքներ որ հաւատացեալը կարենայ ըմբռնելով հետևիլ Պատարագին և ըմբոշխնել անոր խորհուրդը:

«Նշանակ»



՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝
Ս. Պատարագ

Պատարագ կը նշանակէ Աստուծոյ մատուցուած ընծայ, նուէր կամ զոհ: Ս. Պարարագը կը բաղկանայ չորս մասերէ`
1. Պատրաստութիւն:
2. Եախայից Պատարագ:
3. Հաւատացեալներու կամ բուն Պատարագ:
4. Արձակում:


1 Պատրաստութիւն

Պատարագը Վերջին Ընթրիքին կրկնութիւնն է, ինչպէս նաև շարունակութիւնը Գողգոթայի խաչին վրայ Քրիստոսի զոհագործութեան: Ս. հաղորդութեամբ մեզի տրուած հացն ու գինին կը խորհրդանշեն Քրիստոսի ինքզինք զոհելը մեր մեղքերուն քաւութեան և թողութեան համար: Պատարագը սքանչելի արարողութիւն է, կը ներկայացնէ Քրիստոսի կեանքը, գործը և իր ուսուցումները:

Պատարագիչ քահանան աւանդատան մէջ կը զգեստաւորուի սպասարկող սարկաւագին օժանդակութեամբ նախ քան զգեստաւորումը, աղօթք կը կարդայ իր մեղքերուն թողութեան. իւրաքանչիւր զգեստի մասը հագած ատեն պատարագիչը կ’աղօթէ, որ Աստուած զօրացնէ զինք, մաքրէ իր սիրտը, պաշտպան ըլլայ իրեն և զինք արժանի ընէ պատարագելու: Ապա զգեստաւորուելէն ետք մոմակալներուն և բուրվառակիրին առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ ատեանը կը մտնէ «Խորհուրդ Խորին» շարականով:
¯ “Խորհորդ խորին”-ի երգեցողութեամբ դպրաց դասը պատարագիչը կ’առաջնորդէ դէպի եկեղեցի:

¯ Եթէ բարձրաստիճան է (Եպիսկոպոս, Արքեպիսկոպոս) պատարագիչը կը զգեստաւորուի Համալիրի դահլիճին գրասենեակին մէջ:
Կ’երգուի Խորհուրդ Խորինի փոխարէն «Հրաշափառ»-ը եւ կ’արտասաուի «Լուացից Սրբութեամբ» Սաղմոսը:

Հանդիսաւոր եպիսկոպոսական պատարագի առիթով`
Ա) Խաչվառը առջեւէն:
Բ) Մոմակիրները:
Գ) Աղջիկները աջէն, տղաքը ձախ կողմը շարուած:
Դ) Սարկաւագը եւ Բուրվառակիրը:
Ե) Եպիսկոպոսը:
Զ) Քշոցակիրները:
Է) Ժողովուրդը:
¯ Եկեղեցւոյ մայր մուտքէն մինչեւ դաս կ’երգուի “Հրաշափառ Աստուած” շարականը :

¯ Դասին մէջ կը շարուին պատարագիչին ընկերակցող դպրաց խումբը հետեւեալ կարգով`
Խորանին դիտուած դէպի ժողովուրդ առաջին քշոցակիրը, առաջին մոմակիրը, սպասարկող Սարկաւագը, դասին կեդրոնը պատարագիչը, Բուրվառակիրը, երկրորդ մոմակիրը, երկրորդ քշոցակիրը բոլորին դէմքերը դէպի խորան:
¯ Սարկաւագը Եպիսկոպոսին հետ փոխասացութեամբ կ’արտասանէ “Լուացից սրբութեամբ” սաղմոսը որ սկիզբէն պատրաստած կոնքն ու փարչը ձեռքին ջուր կը թափէ Եպիսկոպոսի ձեռքին` “Լուացից սրբութեամբ” սաղմոսի ընթերցման ժամանակ, աւարտին կ’երգուի “Թագաւոր երկնաւոր” պատարագի երգը:

Պատարագիչը Ս. Խորանին առջեւ ձեռքերը կը լուայ, իբրեւ հոգեւոր ներքին մաքրութեան նշան հրապարակաւ անգամ մը եւս իր մեղքերը կը խոստովանի Աստուծոյ, Ս. Աստուածածնին, բոլոր սուրբերուն եւ ներկայ ժողովուրդին, խնդրելով, որ աղօթեն իր մեղքերուն թողութեան համար:
“Եւ վասն Սրբուհւոյ...” Ս. Աստուածածնին ուղղուած է պատարագիչին արտասանած առաջին աղօթքը, որովհետեւ Քրիստոս իր առաջին հրաշքը Ս. Կոյսին միջնորդութեամբ եւ բարեխօսութեամբ կատարեց:

Ապա պատարագիչը դէմքը դարձնելով ժողովուրդին “ընկալ Տէր…” հրապարակաւ կը խոստովանի ժողովուրդին առջեւ, իր սիրտը մաքրելու համար, ներում խնդրելով ժողովուրդէն: Այստեղ դպրաց դասին եւ ժողովուրդին պարտականութիւնն է աղօթել և բարեխօսել պատարագիչին իր մեղքերուն թողութեան և քաւութեան համար: Պատարագիչին խոստովանութեան այս պահուն մենք ևս պէտք է մտածենք մեր մեղաւոր ըլլալուն, հոգիով սրբանալու և մաքրուելու, մեր մեղքերուն ներում ստանալու համար:

Եթէ ներկայ է այլ եկեղեցական մը եկեղեցւոյ մէջ, դասին կեդրոնը գալով կ’արտասանէ` “Ողորմեսցի” աղօթքը թողութիւն տալու Աստուծոյ անունով պատարագիչին:

Եթէ պատարագիչէն զատ ուրիշ եկեղեցական չկայ, եկեղեցւոյ մէջ «Ողորմեսցի»ն կրնայ սարկաւագ մը կամ դպիրներէն մէկը կեդրոնը գալով արտասանել:

Երկու դպիրներ դէմքերնին դէպի խորան դարձուցած պատարագիչին կողքին փոխասացութեամբ կ’արտասանեն “աղաղեկեցէք” 100-րդ Սաղմոսը:
¯ Ընդունուած սովորութեան համաձայն մոմակիրները պէտք է արտասանեն` “Աղաղակեցէք” սաղմոսը. սաղմոսէն ետք, արտասանողները պատարագիչին աջը իսկ Եպիսկոպոսին ձեռաց խաչը կը համբուրեն:

¯ Սարկաւագը առաջին քշոցակիրը կը ղրկէ երկրորդ քշոցակիրին քով եւ առաջին մոմակիրը երկրորդ մոմակիրին մօտ որպէսզի Ս. Խորան բարձրանան:

Հրապարակային խոստովանութենէն յետոյ պատարագիչը համարձակութիւն կ’ունենայ Աստուծոյ առջև ներկայանալու և Խորան բարձրանալու: Պատարագիչը փոխն ի փոխ 43-րդ “Դատ արա ինձ…” սաղմոսը սարկաւագին հետ կ’արտասանէ և դէպի Խորան կը բարձրանայ և կ’երկրպագէ մինչ սարկաւագը կը խնկարկէ մինչեւ Ս. Բեմին առջեւ: Աստուծոյ առջեւ ներկայանալու այս մուտքը կը յիշեցնէ մեզի Ադամի արտաքսուած ըլլալը Դրախտէն իր անհնազանդութեան համար: Պատարագիչը Ս. Խորան բարձրանալը կը խորհրդանշէ երբեմնի մեղաւոր մարդուն Աստուծոյ շնորհքին արժանանալը:

Առաջադրութիւն

Երբ պատարագիչը Ս. Սեղան կը հասնի, « Ի յարկի սրբութեան» աղօթքին երբ «խոնարհեալ» բառը կ’արտասանէ կը խոնարհի և կը համբուրէ Ս. Սեղանը սարկաւագը կը խնկարկէ սեղանին 3 անգամ եւ վարագոյրը կը գոցուի:

Վարագոյրը գոցուելէն ետք, դպիրները յաւուր պատշաճի մեղեդի կ’երգեն, Սարկաւագը Ս. սեղան կը բերէ ընծաները` օրհնել տալով նշխարն ու գինին “Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք, ընկալ կեցո եւ ողորմեա”, պատարագիչը կ’օրհնէ նշխարն ու գինին ապա կը կարդայ Ս. Նարեկացիին երկու աղօթքները, ապա մատուցուած նշխարը երկիւղածութեամբ Մաղզմային վրայ կը դնէ, գինին խաչանիշ կը լեցնէ սկիհին մէջ և կ’օրհնէ: Պատարագիչը կ’աղօթէ, “Հոգին Սուրբ Եկեսցէ” աղօթքը ըսելով բուրվառակիրը կը խնկարկէ 9 անգամ ապա օրհնել կու տայ խունկը ըսելով “Եւ եւս….” պատարագիչը խունկը կ’օրհնէ “օրհնութիւն եւ փառք” ըսելով եւ բոլորը միասին թափօր կը դառնան: Եթէ բարձրաստիճան է պատարագիչը սպասարկող Սարկաւագը կը բռնէ աջ ձեռքով գաւազանը եւ ձախ ձեռքով խնկամանը: Սարկաւագը սկիհը կը տեղաւորէ խորհրդանոցին մէջ:
Եթէ պատարագիչը բարձրաստիճան է «Ի յարկի սրբութեան» աղօթքէն ետք, նախքան վարագոյրին փակուիլը Եպիսկոպոսը խոյրը հանելով և ծունկի գալով Խորանին առջեւ լուռ կը կարդայ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթքը, որու ընթացքին դպիրները կ’երգեն «Ընտրեալդ» շարականը:
¯ Սպասարկող սարկաւագը եւ բուրվառակիրը ծունկի` Ս. Սեղանին առջեւ կը բռնեն պատարագամատոյցը: Դպիր մը կ’երգէ “ Ընտրեալդ Աստուծոյ” մեղեդին:

¯ Քշոցակիրները ծունկի կու գան Եպիսկոպոսին ետեւ եւ շղարշով խոյրը կը բռնեն ի տես ժողովուրդին:

Իսկ եթէ պատարագիչը Քահանայ է վարագոյրը կը փակուի, դպիրները կ’երգեն օրուան պատշաճ մեղեդին:

Պատրաստեց՝
Արամ Քահանայ Տէյիրմէնճեան
Հոգևոր Հովիւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց


Շար. 1
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝