Յայտարարութիւն

Monday, July 27, 2009

ԻՆՔՆԱԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆԻ -2

Հրաչը Հրաչին Մասին 2

ԿԵԱՆՔԻ ՇՐՋԱՆՆԵՐ, ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ



Ա) Կեանքիս Հալէպեան շրջանը (ծնունդէս մինչեւ 1945՝ տասնեօթը տարեկան) լեցուն է անշուշտ ընտանեկան, դպրոցական թէ ընկերային կեանքի մանկապատանեկան յուշերով։ Յաճախած դպրոցներուս մէջ (յատկապէս Lycռe) փայլուն էի գրեթէ բոլոր նիւթերուն մէջ, բացի… արաբերէնէն (որ առանձին ծրագրով կ՚աւանդուէր հայ աշակերտներուս)։ Հայրս այդ օրերուն կուսակցական կարեւոր պաշտօններ կը վարէր (Հալէպի կոմիտէի կամ Սուրիոյ Կ.Կ.ի ներկայացուցիչ), հօրեղբայրս՝ Սիմոնին ալ, որ ընդհանրապէս Գամիշլի կը մնար, ծանօթ գործիչ էր։ Ուստի մեր տունը յաճախադէպ էր ելեւմուտքը թէ՛ դաշնակցական եւ թէ քիւրտ երեւելի անձնաւորութիւններու։ Զիս կանուխէն շատ տպաւորած են, կուսակցական տեղական ուժերէն զատ (Ատուր Գապագեան, Հրաչ Փափազեան, խմբապետ Մուշեղ, Միհրան Հերարդեան, եւլն.), այցելու ընկերներ՝ ինչպէս Մանուէլ Մարութեանը, Շաւարշ Մակարեանը, Կոպեռնիկ Թանտրճեանը, Երուանդ Խաթանասեանն ու յատկապէս առաքելատիպ Համօ Օհանջանեանը, քիւրտ ղեկավարներ՝ ինչպէս շատ համակրելի Մեհմուտ պէյն ու Քամերան Պատրխանը։ Մանկութեանս, պատիւը ունեցած եմ ճանչնալու նաեւ Սօսէ Մայրիկը, որ Հալէպ այցելութեան մը առիթով մնացեր էր ընկերոջս՝ Սենոյենց տունը։ Ուրիշներ ալ, զորս մոռցած եմ հաւանաբար։ Բոլոր պարագաներուն, տան եւ մեր անմիջական շրջանակին հետ կապուած այս մթնոլորտին մէջ է որ ընթացաւ մտքի եւ տրամադրութիւններու կազմաւորման առաջին շրջանս։ Ինչ խօսք որ ժրաջան անդամ էի թէ՛ պատանեկան միութեան, թէ՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական փաղանգին (երբ Պէյրութ փոխադրուեցայ, 1945ին, արդէն առաջնորդ էի, բայց չշարունակեցի. երկու անգամ մասնակցած եմ դէպի Լիբանան կատարուող բանակումներուն)։



Բ) Պէյրութ, ապա՝ ուսանողութիւն.- 1945էն 1948 Հալէպի ֆրանսական հաստատութեանց փակման իբրեւ հետեւանք Պէյրութ անցուցած երեք տարիներս յատկանշական եղան, ուսմանս՝ նախ Lycée-ի, ապա Centre-ի մէջ շարունակման կողքին, նոր ծանօթութիւններով, մեր ազգային-ընկերական կեանքին վրայ յաւելեալ բացումով եւ կուսակցական աշխատանքներու լրջացումով ու ծաւալումով։ Նախ՝ հօրեղբօրս՝ Յակոբ Սիմոնիի մահուան եւ յուղարկաւորութեան առիթով ծանօթացումս Ռուբէն Տէր Մինասեանի հետ՝ առանձին դեր ունեցաւ կուսակցական անհատականութեանս կազմաւորման մէջ (տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը, այս երկուքը, մեռնող Սիմոնին եւ վերապրող Ռուբէնը,- որուն անշուք յուղարկաւորութեան ներկայ պիտի ըլլայի Փարիզ, Pére Lachaise, 1951 Նոյեմբերին…,- միասնաբար դարբնեցին դաշնակցական Հրաչ Տասնապետեանը)։ Ապա նաեւ՝ հին ու նոր դէմքերով հարուստ շրջապատ,- Մովսէս Տէր Գալուստեանը, որ մեր ընտանիքին մօտիկ բարեկամն էր մանկութեանս (Պիթիասի) օրերէն, ակումբ մնացող պատկառելի ծերունին՝ Շահպազ հայրիկը (Վասպուրականի Վարդան Շահպազը), Կարօ Սասունին, Արամ Սահակեանը (Լութեր), Ղազար Չարըգը, Արշակ Յովհաննէսեանը եւ շատ ուրիշներ։ Անդամագրուած էի անշուշտ Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան, որուն շրջանակին մէջ 1946ին (թէ 1947ին) տուի կուսակցական երդումս, Ռուբէնի կնքահայրութեամբ։ Պաքալորիան առնելէս ետք (1947) եւ մինչեւ Ֆրանսա երթալս, շուրջ տարի մը ուսողութեան եւ գիտութեան դասեր ալ տուի Սուրբ Նշան վարժարանին մէջ (Զոքաք Էլ-Պլաթ)։ M.P.C.ի պատրաստութեան տարիս էր, եւ քսան տարեկան չկայի տակաւին։ Կուսակցական գործունէութեան կողքին, ուսուցչական գործը – կոչո՞ւմը – կանուխէն սիրելի եղած է ինծի, հաւանօրէն բնական ժառանգութեան մը իբրեւ արդիւնք։ Ուսանողութեան շրջանին նաեւ (1948-1953,- մանրամասնութիւնները տուած եմ այս ինքնակենսագրութեան առաջին բաժնին մէջ), կատարած եմ կուսակցական բոլոր պարտաւորութիւններս՝ Լիոնի տեղական Ընդհանուր Ժողովներէն մինչեւ Փարիզի Շրջանային Ժողովները։ Առաւել՝ դասախօսութիւններու գրեթէ մնայուն շարք Մարսէյլի թէ Լիոնի, եւ զանազան առիթներով բանախօսութիւն՝ շրջաններուն մէջ (Կրընոպլ, Սէն-Շամոն, Սէնթ Էթիօն, Մարսէյլ, Վալանս, Ռոման, եւլն.)։ Յաջորդական երկու տարիներ հայերէնի կիրակնօրեայ դասեր տուած եմ Վիլլըֆրանշի Նոր Սերունդականներուն։ Ֆրանսայի այս հինգ տարիներուն առիթը ունեցած եմ ճանչնալու կուսակցական բազմաթիւ այլ դէմքեր, որոնց մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ անշուշտ անմոռանալի Շաւարշ Միսաքեանը։ Բայց նաեւ ուրիշներ՝ Սահակ Տէր Թովմասեանը, Գերասիմ Բալայեանը, Մարսէյլ հաստատուած Յակոբ Պապիկեանը (ինծի Հալէպէն ծանօթ), Սիսակ Սիսլեանը, Սերոժա Թորոսեանը, յիշելու համար գլխաւորները միայն։ Ռուբէնի մինչ այդ Փարիզ հաստատուած ըլլալը ինծի համար առիթ ստեղծեց իր առինքնող անհատականութիւնը աւելի մօտէն ճանչնալու եւ անոր հետ աւելի՛ եւս մտերմանալու։



Գ) Նշան Փալանճեան Ճեմարանի ուսուցիչ – Ֆրանսայի ուսանողական շրջանս փակուած նկատեցի, երբ 1953 Նոյեմբերին վերադարձայ Պէյրութ։ Ճեմարանի ղեկավարութիւնը – ոչ ուղղութիւնը - փոխուած էր Նիկոլ Աղբալեանի (1947) եւ Լեւոն Շանթի (1951) մահով։ 1952ին գործի կոչուած էր նոր տնօրէնը՝ բազմավաստակ քաղաքական, կուսակցական եւ մշակութային գործիչ Սիմոն Վրացեանը, զոր անձամբ քանի մը վայրկեանով միայն տեսեր էի Lion-Perrache-ի երկաթուղիի կայարանը, 1951ին, երբ, Փարիզէն անցնելով, խումբ մը ղեկավար ընկերներ կ՚երթային Հ.Յ.Դ.ի 15րդ Ընդհանուր Ժողովին։ 1952ին, Ս. Վրացեան յանձնարարած էր ընկերոջս՝ մաթեմաթիկոս Ստեփան Աթթարեանին (այն օրերուն Ճեմարանի բարձրագոյն կարգերու ուսուցիչ) գրել ինծի, որ ետ կենամ Ֆրանսայի մէջ գիտահետազօտական աշխատանքի նուիրուելու որոշումէս եւ անցնիմ Պէյրութ՝ իբրեւ Ճեմարանի ուսուցիչ։ Երկար չէի տատամսած։ Ծանօթ էի նաեւ «Նշան Փալանճեան» վերանուանուած (1950-51) Պէյրութի Հայ Ճեմարանի սկզբնական վարիչ դէմքերուն,- Նիկոլ Աղբալեանին, շնորհիւ հօրեղբօրս՝ Սիմոնիի իրեն հետ ունեցած մտերիմ բարեկամութեան եւ, 1945-1947 տարիներուն, Memorial Hall-ի իր համո՛վ դասախօսութիւններուն։ Լեւոն Շանթ շատ աւելի ինքնամփոփ էր ու վերապահ. կարծեմ 1947ին, ան մէկ անգամ իր Ուատի Ապու Ժեմիլի գրասենեակը կանչեր էր զիս, դասարանի մը որոշ դասերը առաջարկելու, բան մը, զոր ստիպուած եղեր էի մերժելու, բազմազբաղութեանս հետեւանքով (Centre-ի տարիս էր, եւ արդէն Սուրբ Նշանի դասերս ունէի)։ Պատանեկութեան Ճեմարան յաճախող ընկերներուս պատմածներն ալ (Սենօ, Բաբգէն, Վարդգէս, Վարուժան, Այտա եւ ուրիշներ) կ՚ամբողջացնէին Շանթի եւ Աղբալեանի դպրոցէն ունեցած վկայութիւններն ու տպաւորութիւնները։ Վրացեանի հետ աշխատանքի եւ գործակցութեան այդ տասնհինգ տարիները, որոնք հետզհետէ ստեղծեցին անձնական եւ ընտանեկան մօտիկութիւն մըն ալ, ամբողջացում բերին Ռուբէնի մտերմութեան մէջ սկսուած դաշնակցականի կազմաւորմանս, մթնոլորտի ներշնչման պատմողական-յուշագրական եղանակին վրայ աւելցնելով բազմահմուտ մտաւորականի ու քաղաքագէտի (Ս.Վ.ի) գիտելիքներու անսահման աշխարհը,- արդիւնք՝ բացառիկ կերպով հարուստ ու սուր յիշողութեան մը,- եւ առարկայական մօտեցումները։ Սկզբնական տարիներուն, գէթ մինչեւ 1956ի վերջը, Պէյրութ կ՚ապրէր նաեւ Դրօն (այն ատեն Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ), Վրացեանի հետ միեւնոյն յարկաբաժնին մէջ։ Յուզիչ էր տեսնել մտերմութիւնն ու փոխադարձ գուրգուրանքը դաշնակցական զէնքի եւ մտքի այդ երկու տիտաններուն։ Երբեմնի ղեկավար դէմքերէն՝ Լիբանան կը գտնուէր նաեւ Կոմսը (Վահրամ Փափազեան), որ բոլոր հիներուն մէջ ամէնէն երկարակեացը եղաւ։ Ճեմարանէն ներս աւանդած գիտական նիւթերուս մէջ (առաւելաբար լսարանական կարգերու բնագիտութիւնն ու քիմիան) ձեռնհասութիւնը չէր պակսեր ինծի, թէեւ զուտ մանկավարժական գծով կարողութիւններս,- ըսե՛նք,- աւելի բնածին էին, քան ակադեմականօրէն սորվուած։ Բոլոր պարագաներուն, կը թուի, թէ, իբրեւ ուսուցիչ թէ մեծ ընկեր, սիրուած էի աշակերտներէս (իրենց իսկ վկայութեամբ)։ Այլ դպրոցներու մէջ նաեւ աւանդած եմ միեւնոյն նիւթերը (տեսնել Ա. բաժին)։ Այս ժամանակաշրջանին բազմաթիւ անգամներ եղած եմ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան վարչութեան, Համազգայինի Պէյրութի վարչութեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Կրթական յանձնախումբին, եւ 1956Էն սկսեալ (ընդհատաբար) Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին։ 1967ին, Հ.Յ.Դ. 19րդ Ընդհանուր ժողովը զիս ընտրեց Բիւրոյի անդամ։ Կուսակցական պարտականութիւն մը, զոր անընդհատաբար շարունակեցի մինչեւ 26րդ Ընդհ. Ժողով (Նոյեմբեր 1995)։ Իբրեւ գործակից-անդամ, տարիներու ընթացքին ունեցած եմ ընկ. Հ.Մ., Բ. Փ., Ս.Ս., Ե. Փ., Ա.Վ., Ս. Զ., Վ.Ղ., Հ.Ա., Ռ.Մ., եւ ուրիշներ։ Անոնցմէ ոմանց վաղաժամ կորուստը դժբախտութիւն մը կը նկատեմ մեր կուսակցութեան համար, բնական մահով դադրած ըլլան անոնք գործելէ (տոքթ. Բաբգէն Փափազեան), արկածով՝ ինչպէս Հրայր Մարուխեան, որուն հետ միշտ ունեցած ենք փոխադարձ վստահութիւն եւ յարգանք՝ հակառակ երբեմն գործելակերպային տարբերութիւններու, կամ զոհ դարձած ըլլան հայ կայէններու դաւադրական մէկ արարքին (Սարգիս Զէյթլեան)։



Դ) Տնօրէնութեան շրջան – 1968ի ամառը, երբ Ս. Վրացեան արդէն անշարժութեան դատապարտուած էր դժբախտ արկածի մը հետեւանքով, Հ.Յ.Դ. Բիւրօն, համախորհուրդ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան հետ, զիս նշանակեց Ճեմարանի տնօրէն։ Ես յատուկ արձանագրութիւն ձգած եմ Բիւրոյի համապատասխան նիստի ատենագրութեան մէջ, դէմ արտայայտուելով այդ որոշման (ճիշդ ձեւ չէի նկատեր Բիւրոյի որոշումով իր մէկ անդամին տնօրէն նշանակումը, եւ կը գտնէի, անկեղծօրէն, որ դպրոցավարական հարցերու մէջ անհրաժեշտ պատրաստութիւնը եւ փորձառութիւնը չունէի)։ Բայց որոշումը մնաց, եւ ես առանձին վարեցի, յատկապէս Ս.Վ.ի օգնականներ Մ. Իշխանի եւ Գ. Բանեանի հրաժարելէն ետք (ուսումնական եւ վարչական փոխ տնօրէնի իրենց պաշտօնէն), Նշան Փալանճեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը։ Վարեցի, ոչ անշուշտ անթերի ձեռնհասութեամբ, բայց,- կրնամ հպարտութեամբ ըսել,- անսակարկ նուիրումով, «գիշերը ցերեկին խառնելով», ինչպէս մեր ժողովուրդը կ՚ըսէ։ Վարեցի մանաւանդ իբրեւ կուսակցական առաջնահերթ պարտականութիւն, Ճեմարանի վերելքին, տնտեսական հաւասարակշռութեան ապահովման եւ անոր ճառագայթումին ի սպաս դնելով ամբողջութիւնը իմ համեստ կարողութիւններուս, բայց նաեւ՝ օգտագործելով կուսակցական եւ անձնական կապերս ու բարեկամութիւններս, գործիչային շրջապտոյտներս, կարճ՝ անձնական թէ հասարակական բոլոր կարելիութիւններս։ Քանի մը տարուան ընթացքին, աճեցաւ Ճեմարանի աշակերտութեան թիւը (1974-75 տարեշրջանին՝ ան 1000ը անցեր էր արդէն), ընդհանուր եկամուտին ծնողներէն գանձուած բաժնին առ հարիւր համեմատութիւնը (մինչեւ աւելի քան 90%) եւ, առհասարակ, Ճեմարանի վարկը՝ իբրեւ լիբանանեան եւ ֆրանսական պաքալորիաներուն յաջողութեամբ պատրաստող տասներկուամեայ լման երկրորդական վարժարան։ Բայց Ճեմարանը միաժամանակ հաւատարիմ մնաց հայերէն լեզուի, հայ գրականութեան եւ հայերէնագիտական այլ նիւթերու առաջնահերթութեան իր սկզբունքներուն։ 1974-75ին, Ճեմարանին կից հաստատուած Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը բոլորեց իր անդրանիկ տարեշրջանը։ Ճեմարանական կեանքին մօտէն հետեւողները, կամ՝ գէթ հաւատարիմ ընթերցողները 1970-71էն սկսեալ տնօրէնութեան կարելի կանոնաւորութեամբ հրատարակած տարեկան տեղեկագիր-գրքոյկներուն, գիտեն, որ յամենայնդէպս, բախտաւոր տնօրէն մը չեղայ։ Լիբանանի ներքին պատերազմը, իր կարճատեւ դադարներով եւ ահարկու վերաբռնկումներով, 1975էն մինչեւ տակաւին 1990-91՝ յաճախակի կերպով խախտեց մեր դպրոցական տարեշրջաններու կանոնաւորութիւնը, երբեմն մինչեւ 600ի սահմաններուն իջեցնելով աշակերտութեան համրանքը, մեզ դարձնելով մերթ կիսագաղթական (Տըպպայայի տարիներ), մերթ երկճիւղ (Քաղաք-Պուրճ Համուտ եւ, աւելի ուշ, Ծաղկաձոր-Պուրճ Համուտ եւ Ծաղկաձոր-Քաղաք), անհրաժեշտ դարձնելով յաճախակի փոխադրութիւններ եւ վերափոխադրութիւններ, եւլն.։ Չխօսելով տակաւին, ռմբակոծման հետեւանքով քանդումներու եւ Ճեմարանի աշակերտ թէ պաշտօնեայ անձնակազմէն մարդկային զոհերու մասին։ Այս բոլորին հետեւանքով ստեղծուած տնտեսական տագնապներու մասին։ Յատկապէս սկզբնական տարիներուն եւ բազմաթիւ առիթներով, երբ կարեւոր չափով պարպուած էր Արեւմտեան Պէյրութը, գրեթէ ամայացած՝ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի շրջապատը եւ ազգային ու միութենական մարմինները փաստօրէն ցրուած ու դադրած գործելէ, Ճեմարանի տնօրէնը չլքեց հաստատութիւնը եւ իր գրասենեակը, բուռ մը հաւատարիմ տղոց հետ՝ յաճախ «պահակութիւն»ը ստանձնելով Ճեմարանին։ Ու հակառակը անբնական եւ դատապարտելի պիտի ըլլար անշուշտ։ Միեւնոյն այդ ժամանակաշրջանին՝ Ճեմարանի տնօրէնը օգտագործելով իր կուսակցական եւ անձնական կապերն ու ծանօթութիւնները եւ օգտուելով իր կարգ մը շրջապտոյտներէն, շարժման մէջ դնելով նախկին ճեմարանականներ եւ Ճեմարանի բարեկամներ, հաստատութեան ապահոված է շուրջ կէս միլիոն տոլարի բացառիկ օժանդակութիւններ՝ փակելով կուտակուած բոլոր պարտքերը։ Ճեմարանի այդ չորս-հինգ տարիներուն ստացած ընթացիկ նուիրատուութիւնները, սաներու ֆոնտին կանոնաւոր օժանդակութիւնները եւ կազմակերպութեանց ու հիմնարկութիւններու պարբերական յատկացումները նկատի առնուած չեն այդ գումարին մէջ։ Հետեւողութեամբ մեծանուն նախորդներուս, ես Ճեմարանի տնօրէնութեան հանգամանքին երբեք մօտեցած չեմ իբրեւ սոսկական պաշտօնի մը։ Երբե՛ք չեմ յաւակնած Լ. Շանթի մը կամ Ս. Վրացեանի մը ազգային-հասարակական background-ը կամ անոնց բացառիկ ճառագայթումը ունենալ, բայց ահա՛ քսանութ տարի, իբրեւ Ճեմարանի տնօրէն, եւ այդ ուղղութեամբ քաջալերուած Համազգայինի իրերայաջորդ Կեդրոնական Վարչութիւններէն եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյէն, գործած եմ միեւնոյն եղանակով եւ միեւնոյն ոճով, (թէեւ, յաճախ, արտաքին շատ աւելի աննպաստ պայմաններու մէջ), ինքզինքս մի՛շտ զգալով տէրը բայց միաժամանակ հաւատարիմ ծառան այս հաստատութեան, պատասխանատու,- ամբողջութեան եւ արդիւնքին գծով միայն, երբե՛ք մանրամասնութեանց,- միա՛յն Համազգայինի Կ. Վարչութեան եւ Բիւրոյին։ Եղած եմ, կը կարծեմ, վարչական թէ բարոյական գերագոյն հեղինակութիւնը Ճեմարանին։ Մի՛շտ ամբողջական նուիրումով, բայց անկաշկանդ տնօրինումով։ Մի՛շտ հաւատարիմ Հ.Յ.Դաշնակցութեան գաղափարական մթնոլորտին եւ Համազգայինի կրթական-մշակութային քաղաքականութեան սկզբունքներուն։



Ե) Պուրճ Համուտ, ապա՝ Ծաղկաձոր (Մզհեր) – 1979 Հոկտեմբերէն սկսեալ Ճեմարանը վերստին դարձաւ երկճիւղ, արեւելեան շրջաններու աշակերտները ձերբազատելու համար Պէյրութի բաժանման վտանգալից գիծէն երթեւեկելու անպատեհութենէն։ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդր. Կոմիտէն սիրայօժար կերպով մեր տրամադրութեան տակ դրած էր Շաղզոյեան եղբայրներու կողմէ «Ազդակ»ին նուիրուած՝ Պուրճ Համուտի մուտքին գտնուող կալուածը, ուր, 1979էն մինչեւ 1984-85, կարելի եղաւ բարձրացնել նախ քառայարկ, ապա աշակերտութեան թիւի աճման հետ, վեց յարկանի կառոյց մը (այժմու Շաղզոյեան կեդրոնը)։ Եւ Ճեմարանը կրցաւ անխափան շարունակել կրթական իր առաքելութիւնը, հակառակ դպրոցական յարմարութեանց չգոյութեան եւ անձնակազմի անդամներու շրջանէ-շրջան առօրեայ երթեւեկին հետ կապուած դժուարութիւններուն։ Անթիլիասի բարձունքին, Մզհերի (Ծաղկաձոր) 46.000 մ2 տարածութեամբ կալուածը Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ գնուած էր 1974ին, երբ Նշան Փալանճեան Ճեմարանը սկսեր էր նեղ գալ 1000ը անցած մեր աշակերտութեան համար։ Քաջալերուած ողբացեալ Մելանքթոն Արսլանեանի մեծագումար նուիրատուութեան խոստումէն (նախ 400.000 ամերիկ. տոլար, ապա բարձրացած՝ 800.000ի), Կեդր. Վարչութիւնը եւ ճեմարանի տնօրէնութիւնը կ՚առաջադրէին հոն ժամանակի ընթացքին կերտել կրթական-մշակութային պատուաբեր համալիր մը։ Ներքին պատերազմը, իր մասնակի թէ ամբողջական վերաբռնկումներով, առիթ տուած չէր սակայն՝ գործնապէս ձեռնարկելու այդ ծրագրի իրականացման։ Ճեմարանի տարեկան տեղեկագիրներուն, եւ յատկապէս ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԸ ԵՒ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԸ գրքոյկին մէջ բացատրուած է, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս, Նշան Փալանճեան Ճեմարանի աստիճանական պարապումին եւ Պուրճ Համուտի դպրոցին համապատասխան խճողման իբրեւ հետեւանք, մենք 1986ին, յամենայնդէպս, որոշեցինք ամէ՛ն գնով ձեռնարկել Մզհերի (վերանուանուած՝ Ծաղկաձոր) համալիրի հանգրուանային կառուցման։ Ու լծուեցանք գործի, տնտեսական տեսակէտէն Լիբանանի համար թերեւս շա՛տ անյաջող ժամանակաշրջանի մը։ Բայց գործին անհրաժեշտութեան (որ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ Ճեմարանի առաքելութեան անմիջական շարունակումը) ամուր համոզումով, հաւատքով եւ վճռականութեամբ։ Շատեր թերահաւատ էին գործին յաջողութեան նկատմամբ՝ անժամանակ նկատելով մեր քայլը։ Բայց Կեդրոնական Վարչութեան եւ տնօրէնութեան վճիռը անդառնալի էր։ Լիբանանի տարածքին արագօրէն կազմուեցան հանգանակիչ յանձնախումբեր, նախաձեռնութիւնը զուգորդուեցաւ համազգայինի 60ամեակի պաշտօնական հանդիսութեանց հետ եւ… 20 Նոյեմբեր 1988ին, ի ներկայութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Արսլանեան բարերար ընտանիքի անդամներու, պետական երեսփոխաններու, Հայաստանի ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ ծնողներու հոծ բազմութեան մը, բացումն ու անուանակոչութիւնը կատարուեցան ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆին (կառուցուած ողբ. ճարտարապետ Սագօ Սարգսեանի գծած յատակագծի հիման վրայ)։ Իսկ 2 Նոյեմբեր 1991ին, նոյնքան հանդիսաւոր արարողութեամբ մը, պաշտօնապէս բացուեցաւ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ գեղատեսիլ մանկապարտէզը (գործ՝ ճարտարապետ Տիրան Հարմանտայեանի)։ Երկու բացումներուն միջեւ ինկող բաւական երկարատեւ ժամանակաշրջանը բացատրելի է 1989-90 տարիներու նոր կռիւներով ու ռմբակոծումներով, որոնցմէ իրենց բաժին քանդումները ունեցան Պէյրութի Փալանճեան Ճեմարանէն ետք, նաեւ Ծաղկաձորի շէնքերը։ Այսօր, անհրաժեշտ նորոգութիւններով, յաւելումներով եւ ամբողջացումով Մզհերի համալիրը լրիւ ունի իր ճեմարանական մայր շէնքն ու մանկապարտէզը։ Շուտով կը կառուցուին նաեւ Համազգայինի կրթամշակութային համալիրէն այլ բաժիններ, ինչպէս, ընկ. Կարպիս Հարպոյեանի բարերարութեամբ, փակ մարզարանն ու 400 հոգինոց թատերական սրահը։ Մզհերի համալիրի ցարդ կառուցուած բաժիններու շինութեան, կահաւորման, սարքաւորման եւ յարակից աշխատանքներու համար ծախսուած են բարերար Արսլանեան ընտանիքի 800.000 ամերիկ. տոլարի նուիրատուութենէն զատ՝ 450.000 ամերիկ. տոլարի (Նորսիկեան կտակ), 750.000 ամերիկ. տոլար՝ Ճեմարանի Ամերիկայի պահեստէն եւ ուրիշ՝ համեմատաբար համեստ յատկացումներ։ Ամբողջացնելու համար տնօրէնի գործունէութեանս յատկացուած ներկայ բաժինը, պարտք կը զգամ յայտնելու, որ, սկիզբէն ի վեր ու հաւատարմօրէն, ժրաջան օգնականներս հանդիսացան օրդ. Ալիս Գազանճեան՝ ուսումնական, եւ ընկ. Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան՝ մարզական ու կարգապահական գծով։ Մէկ-երկու տարիէ ի վեր, Ճեմարանի վարիչ-անձնակազմը (տնօրէն խորհուրդ) հարստացած է երկու նոր ու երիտասարդ ուժերով՝ ընկերներ Մկրտիչ Մկրտիչեանն ու Տիգրան Ճինպաշեանը։



Զ) Հայաստան – Հայաստան գտնուած եմ զանազան առիթներով, 1962էն սկսեալ (ուսուցչական առաջին խումբով, շուրջ երկու ամիս)։ «Վերաորակաւորման» բարբարոս բնաբանին տակ տեղի ունեցած այդ այցելութիւնը ինծի համար առիթ ծառայեց շրջելու հայ ճարտարապետական կոթողները եւ զանոնք լուսանկարելու, անշուշտ որոշ մեղսակցութիւններով, փախչելով «պարտադիր» դասախօսութիւններէն…։ Հայկական ճարտարապետութեան սիրահարութեան շրջանս էր։ Երկրորդ անգամ Հայաստան եղած եմ 1974ի ամառը՝ Շուշիկին եւ Թամարին հետ, անուանապէս որպէս զբօսաշրջիկ… Այցելութիւններս աւելի յաճախակի եղած են Շուշիկին հոն ուսած շրջանին, 1988էն ասդին։ Նշանակած եմ երեւանի Համազգայինի անդրանիկ վարչութիւնը (Ռուբէն Յովսէփեան, Ռազմիկ Դաւոյեան եւ Սօս Սարգսեան), մասնակցած Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Հայաստանի անդրանիկ լիագումարին (Դեկտեմբեր 1991), բանախօսած Մայիս 28ի առիթով (1992), վերջապէս՝ բազմաթիւ այլ անգամներ, որոնցմէ յիշատակելի է յատկապէս վերջին երկամսեայ այցելութիւնս (1994, Ապրիլ-Մայիս), երբ հրաւիրուած էի Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութիւն □կարդալու□ Երեւանի համալսարանի պատմութեան ֆակուլտետին մէջ։ Վերջին այցելութիւնս եղաւ այդ մէկը, ու թերեւս մնայ վերջինը, հասկնալի պատճառներով…։ (Վերջինը՝ 1999ին, Հայաստան-Սփիւռք Ա. Խորհրդաժողովը եղաւ)։ Տունս մնացի (Շուշիկին Երեւանի տունը, Չարենց փողոց, թիւ 63)։ Լրիւ կատարեցի ակադեմական թէ այլ պարտականութիւններս ու պարտաւորութիւններս, երեք օրով եղայ նաեւ Արցախ (ներկայ եղայ Շուշիի ազատագրման երկրորդ տարեդարձին), մասնակցեցայ բազմաթիւ ժողովներու, տեսնուեցայ շատերու հետ, բայց զգալապէս տկարացած էի ու փաստօրէն հիւանդ վերադարձայ Պէյրութ։ Քննութիւնները աջ թոքիս մէջ ցոյց տուին ուռ մը, որուն մասնակի lobotonie-ն կատարեց տոքթ. Ղօշը, «Հայէք» հիւանդանոցին մէջ, 30 Յունիս 1994ին)։ Անկէ ասդին կ՚ապրիմ զգոյշ, շնչառութեան կամ զանազան այլ problem-ներով, եւ, ինչպէս նախատեսուած էր, շատ աւելի շուտ կը յոգնիմ։ Բոլոր պարագաներուն, ինծի համար պատիւ կը նկատեմ, բոլորովին անկաշկանդ եւ լրիւ մե՛ր մօտեցումներով ու մեկնաբանութիւններով, մեր կուսակցութեան պատմութիւնը գիտական-համալսարանական մակարդակով պատմութեան ֆակուլտետի բեմէն առաջին անգամ աւանդած ըլլալս։ Զանց կ՚ընեմ խօսիլ այն ահաւոր յուսախաբութեանց եւ frustration-ներուն մասին, զորս մեզի պատճառեցին Հայաստանի անցեալ ու ներկայ վարիչները։ Մենք ալ թերեւս,- ըսած եմ ասկէ առաջ,- որոշ պարագաներու՝ յանցանքի մեր բաժինը ունեցանք։ Իսկ եթէ ուզենք բաղդատական մը ընել այդ անցեալ ու ներկայ վարիչներուն միջեւ, ես անվարան պիտի ըսեմ, որ առաջինները աստիճանաբար մօտեցան մեզի, ժամանակի ընթացքին փաստօրէն իւրացնելով մեր՝ դաշնակցականներուս տեսակէտները հիմնական կարգ մը հարցերու շուրջ, մինչ Հայաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը, հակադաշնակցական իր կեցուածքներուն մէջ, կը շարունակէ հանգրուանային այլ ապահով կերպով յառաջդիմել:



Շար. 2







«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝