Յայտարարութիւն

Friday, July 17, 2009

ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ-ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ 20





Սիրելի Ընթերցող, Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի : «Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:

Նշան Պասմաճեան ՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝
ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ


Բ. ՄԱՍ

Մանկավարժական գիտութեան մէջ եթէ Շանթ յեղաշրջող միտք մը չէր՝ յեղափոխական մը եղաւ սակայն, եւ շատ յանդուգն յեղափոխական մը։ Տարիքով ծերացաւ, հոգիով ու գաղափարներով մնաց միշտ երիտասարդ։

Կարդացէք մանկավարժութեան նուիրած իր գեղեցիկ հատորը. զարմանքով պիտի տեսնէք թէ հոն արծարծուած բոլոր գաղափարները մեր ժամանակներու ամէնէն արդիական ըմբռնումներուն հետ կը քայլեն։ Անցեալի կրթական սովորամոլութեանց մէջ ո՛չ մէկ յամեցում, ոչ մէկ հնաբոյր նախասիրութիւն։ Եւ ասիկա մէկու մը կողմէ՝ որ ութսուներկու տարիներու բեռը ունէր ուսերուն եւ վաթսունամեայ կրթական վաստակ։

Հին մարդիկ որոշ չափով մը կառչած կը մնան հին արժէքներու, ինչպէս մենք կը կապուինք մեր հին կարասիներուն։ Շանթը զարմանալի յատկութիւնը ունէր տեւաբար նորոգուելու։

Կարելի չէ պնդել թէ Շանթ մանկավարժական նորութիւններ յայտնագործած է. բայց անուրանալի իրողութիւն է որ ան յաջողած է նոր մարդու պէս մտածել, նորութիւններէ չխրտչիլ, չափազանցութիւններէ խուսափելով հանդերձ։

Սրբագործուած աւանդութիւնները, կուրօրէն գովաբանուած կարգ ու սարքերը, հանրային կարծիքի ճնշումները անզօր էին Շանթը իր համոզումներէն շեղեցնելու։ Եթէ հարկ տեսնէր քանդել՝ կը քանդէր զինք յատկանշող կտրուկ եւ վճռական ընթացքով։

Դպրոցը կեանքի այն միջավայրերէն է, ուր աւանդութիւնները ամէնէն խորունկ կ՚արմատանան եւ ամէնէն երկար կը տեւեն։ Եւրոպան անգամ իր պետական եւ տնտեսական միջոցներով մինչեւ այսօր վարանումներ ցոյց կու տայ մանկավարժական պահանջներու համեմատ լուծելու կարգ մը էական հարցեր, ինչպէս մանչերու եւ աղջիկներու երկսեռ կրթութիւնը, դասաւանդութեան ծրագրային փոփոխութիւնները, աշակերտի եւ ուսուցիչի փոխյարաբերութեան եղանակը, եւայլն։

Այս բոլոր հարցերու առնչութեամբ Շանթի յայտնած եւ գործադրել ուզած տեսակէտները պարզ են ու որոշ եւ կը համապատասխանեն մանկավարժութեան վերջին վճիռներուն։

Մեզի պէս փոքր եւ ասիական ժողովուրդի մը ծոցին մէջ աւելի քան կէս դար գործած նման մանկավարժի մը գոյութիւնը չափազանց պատուաբեր է հայութեան համար, երբ նկատի կ՚ունենանք այն քարացած յետադիմականութիւնը, որ տակաւին կ՚իշխէ Արեւմուտքի դպրոցներուն խոշոր մէկ մասէն ներս։

Շանթի մանկավարժական տեսութիւնները որքան ալ ականաւոր հեղինակներու ընթերցումին շատ բան պարտական ըլլան, կեանքէն քաղուած ըլլալու եւ ուղղակիօրէն կեանքին կապուելու զօրութիւնը եւ կենդանութիւնը ունին իրենց մէջ։ Ասիկա յատկութիւն մըն է, որ Շանթի գիտական բոլոր երկերուն առաւելութիւնը կը կազմէ, ըլլան անոնք դասագիրք թէ ուսումնասիրութիւն։ Իր պատրաստած «Այբբենարան»ը, «Գրաւոր Դասեր»ը եւ հայերէն լեզուի ընթերցարաններու շարքը՝ անգերազանցելի կը մնան դիւրուսոյց մեթոտի տեսակէտէն։ Իսկ մանկավարժական գիտութեան նուիրուած երկու հատորները, որոնցմէ առաջինը լոյս տեսած է արդէն եւ երկրորդին վրայ Շանթ աշխատեցաւ մինչեւ իր վերջին շունչը, կրթական երեւոյթները կ՚ընդգրկեն իրենց բոլոր երեսներով, իբրեւ կեանքի ու ընտանիքի կրթութիւն, իբրեւ ինքնակրթութիւն եւ իբրեւ դպրոցական կրթութիւն։ Այս իմաստով՝ առաջին լուրջ եւ ամբողջական ձեռնարկը կը կազմեն մեր մէջ, հայ մանկավարժի մը կողմէ գրի առնուած։

Որքա՜ն հետաքրքրական, կենսալից եւ մնայուն կարեւորութիւն ներկայացնող հարցեր կը գտնենք արծարծուած անոնց մէջ, բայց ոչ դիտողութեան եւ անջատ մօտեցումի ձեւով, այլ պատճառաբանուած, գեղեցկօրէն կապակցուած եւ տրամաբանական զարգացումի ենթակայ։

Շանթ գիտական մտածողութիւն ունի, առանց գիտնականի չորութեան։ Իր մանկավարժութեան հատորները յօդուածներու հաւաքածոյ մը չեն, ոչ ալ պարզ քաղուածք մը զանազան գրիչներէ։ Հարցերը վերէն դիտելու, համոզելու եւ հիմնական տեսակէտի մը շուրջ համախմբելու կառուցողական իր կարողութիւնը գիտական կշիռ եւ արուեստագէտի անջնջելի դրոշմ կու տայ իւրաքանչիւր կարծիքին։

Գաղափարները իւրացնելու, իր էութեան մասը դարձնելու եւ ապա զանոնք որպէս անձնական ստեղծում վերարտադրելու բացառիկ ընդունակութեամբ օժտուած է ան։

Ահա թէ ինչու հմուտ մը ըլլալէ աւելի գիտուն մըն է Շանթ, արուեստագէտ հոգիի ջերմութեամբ բարեխառնուած։

Կրնանք համաձայն չգտնուիլ իր այս կամ այն կարծիքին, բայց չենք կրնար չյարգել իր համոզումներուն խորութիւնն ու անկեղծութիւնը։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 20
»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝