Յայտարարութիւն

Friday, July 17, 2009

«ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ»-ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ 21


Սիրելի Ընթերցող, Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի : «Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:

Նշան Պասմաճեան ՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝՝




ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

Գ. ՄԱՍ

Ըսի արդէն թէ տեսութիւնը այլ բան է եւ անոր գործադրութիւնը՝ բոլորովին այլ արժէք։ Գիտականօրէն մշակուած սկզբունքները կեանքի մէջ տեղ գրաւելու համար արուեստի եւ տաղանդի կը կարօտին։ Ինչպէս որ տաղաչափութեան օրէնքները քաջ գիտնալը երաշխիք մը չէ յաջող բանաստեղծութիւն գրելու, այդպէս ալ մանկավարժական օրէնքներու ծանօթացումը բաւարար չէ տիպար դասատու մը դառնալու։

Շանթ որքան գիտուն մանկավարժ, նոյնքան արուեստագէտ ուսուցիչ մըն էր։ Տեսութիւնները կենդանի գործի վերածող բազմաշնորհ վարպետ մը, որուն համար իւրաքանչիւր դաս ստեղծագործութիւն մըն է եւ ստեղծագործական բարձրագոյն վայելք։ Արձանագործը մարմարի կոշտ զանգուածէն գեղեցիկ արտայայտութիւն մը կը կերտէ։ Աշխատանքի պահուն ան կը շարժի ներքին ոգեւորութեան եւ ներշնչումի բուռն մղումին անձնատուր։ Ուսուցիչին ըրածն ալ ուրիշ բան չէ, սա տարբերութեամբ որ անոր ստեղծագործող ճիգերը կը ներգործեն ապրող եւ թարմ էակներու վրայ, փոխանակ անշունչ իրերու։

Ո՞վ է յանցաւորը, եթէ արձանը, նկարը կամ քերթուածը ձախողած գործեր դուրս կու գան.– արուեստագէտը անշուշտ, իր ներշնչումին եւ տաղանդին պակասով եւ իր արուեստին թերիներով։

Շանթ միեւնոյն ըմբռնումը ունէր նաեւ ուսուցիչներուն վերաբերմամբ։ Տրամադիր էր միշտ ուսուցիչը մեղաւոր տեսնելու, ամէն անգամ որ դասարան մը անկարգութեամբ կամ ծուլութեամբ խնդրոյ առարկայ դառնար։

Կասկածէ վեր է որ Շանթի այս տեսակէտին մէջ ճշմարտութեան խոշոր բաժին մը գոյութիւն ունի։ Ինչո՞ւ նոյն դասարանը լաւ արդիւնք կու տայ այսինչ ուսուցիչի ձեռքին տակ եւ կը կաղայ ուրիշի մը դասերուն։

Չկան գէշ աշակերտներ,– կը սիրէր կրկնել Շանթ,– կան գէշ եւ անկարող ուսուցիչներ։

Չափազանցութիւն թող չթուի այս հաստատումը։ Ընդունելով հանդերձ աշակերտներու բնական ուշիմութեան միջեւ եղած տարբերութիւնները, չենք կրնար ժխտել թէ անոնցմէ ամէն մէկը, իր ընդունակութեան չափով, ի վիճակի է կրթութեան բարիքներէն բաժին առնելու, եթէ շնորհալի ուսուցիչներու խնամքին յանձնուի։

Շանթ կը հաւատար աշխատանքի հրաշքին՝ ինքնակատարելագործումի ճամբուն վրայ։ Փորձառութեան նպաստը նոյնքան կարեւոր կը համարէր, որքան բնատուր ձիրքը։ Պայմանաւ սակայն, որ ուսուցիչը խղճմտութիւնը ունենայ ամէն դասէ ետք ինքզինք քննելու եւ անդրադառնալու գործած սխալներուն։ Այսպիսով, տարուէ տարի, սխալները ինքնաբերաբար կը սրբագրուին եւ դասաւանդութիւնը կը վերածուի կատարելութեան մօտեցող արուեստի։

Որեւէ ստեղծագործութիւն ժամանակի ընթացքին կը գտնէ իր բիւրեղային լրումը։ Եթէ կ՚ընդունինք թէ ուսուցչութիւնն ալ յարանորոգ ստեղծագործութիւն մըն է, անհրաժեշտաբար պիտի ձգտի ուրեմն կատարելութեան, ամէն օր նոր առաւելութիւններ ձեռք բերելով եւ հին թերութիւն մը արմատախիլ ընելով։

Կու գայ շրջան մը, երբ այլեւս ուսուցիչը տէր է թէ՛ իր նիւթին եւ թէ՛ դասարանին։ Գիտէ թէ ինչպէ՞ս պիտի աւանդէ եւ ինչպէ՞ս պիտի վարուի հոգիներու դիւրաբեկ ծաղիկին հետ։

Ասոր հակառակը, չեն պակսիր վաստակաւոր կրթական մշակներ ալ, որոնք տեղքայլ կ՚ընեն շարունակ, կը հիննան, կը մաշին, չըսելու համար կը յետադիմեն։ Ոչ մեթոտի բարելաւում, ոչ վարուելակերպի։ Փորձառութիւնը յառաջդիմութեան ազդակ չի դառնար եւ տարիներու շարանը կը դիզէ խոնջէնք եւ յուսահատութիւն։

Շանթ շարունակական վերելքի մարդն է եղած իր բոլոր գործերուն եւ բովանդակ կեանքին մէջ։ Ինչպէս անոր թատրերգութիւնները, «Եսի Մարդը»էն մինչեւ «Կայսրը» յարաճուն նուաճումներու ուղի մը կը գծագրեն, այդպէս ալ իր մանկավարժի արուեստը ինքնակատարելագործումի տիպար օրինակ մը կ՚ընծայէ մեզի։

Չափազանց խրատական էր Շանթը տեսնել դասագրքին կամ նօթերուն վրայ հակած՝ նախքան դասարան մտնելը։ Կէս դարու փորձառութիւն ունեցող այս մարդը մինչեւ վերջին օրը ինքնիրեն թոյլ չտուաւ առանց նախապատրաստութեան դասարան մտնելու պարտազանցութիւնը, ինքնավստահութիւնը համարելով աններելի թերացում եւ մեղանչում ուսուցանողի դերին լրջութեան հանդէպ։

Ուսուցիչ Շանթի տաղանդին գլխաւոր յատկանիշը, զոր ան գիտցաւ լայնօրէն օգտագործել՝ նիւթ մը կենդանացնելու, գրաւիչ եւ հետաքրքրական դարձնելու իր յորդ կարողութիւնն էր։ Ընթացիկ տեղեկութիւններուն մէջ անգամ ան վարժ էր բաբախուն կեանք եւ սրտագրաւ ջերմութիւն դնելու։ Օժտուած էր անցեալը վառ գոյներով ոգեկոչելու, վերացական գաղափարները գունաւորելու, շահագրգռութենէ զուրկ կարծուած նիւթերը մարդկային անմիջական որոնումներուն կապակցելու բնատուր շնորհով։ Ասոր համար ինչ որ աւանդէր – պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն – կը դառնար հիւթեղ եւ տպաւորիչ։

Մանրամասնութիւններու մէջ ոչ միայն չէր կորսուեր, այլ զանոնք թել առ թել կը հիւսէր ամբողջական գաղափարի մը կամ պատկերի մը շուրջ։ Հեռու իրմէ՝ ունկնդիրները զարմացնելու, վերացնելու կամ զարտուղի աշխարհներ առաջնորդելու ամէն մեղաւոր դիտում։ Միշտ նիւթին հետ եւ միշտ նիւթին մէջ։

Ստեղծող իր երեւակայութեան կը միացնէր արտայայտութեան անստուեր պայծառութիւն եւ լեզուի կատարեալ յստակութիւն, որոնք այնքա՜ն անհրաժեշտ են ամէն ուսուցիչի համար։ Ծանօթէն դէպի անծանօթը, պարզէն դէպի բարդը եւ դիւրինէն դէպի դժուարը մեկնիլը յանձնարարող մանկավարժական օրէնքը ոչ մէկ գաղտնիք կը յարուցանէր Շանթին առջեւ։

Կրկնութեան պահանջը, որ մանկավարժութեան կարեւոր զէնքերէն մէկն է, երկսայրի սուր մը կը դառնայ յաճախ անճարակ դասախօսի մը ձեռքին մէջ, տաղտկացուցիչ միօրինակութեամբ օրօրելով պահը, եթէ զգոյշ եւ վարպետ եղանակով չգործածուի։ Շանթ իր այլազան օրինակներու առատութեամբ եւ տարբեր անկիւններէ նոյն հարցին վրայ յարձակելու ռազմագիտութեամբ անզգալիօրէն կրկնութեան կու տար նորին հրապոյրը։

Մութը հալածելու, տարտամութիւններէն խորշելու հակումը, բանին պերճութիւնը, արտայայտուելու դիւրութիւնը եւ մտածումին հաստատուն նկարագիրը մեծապէս կը նպաստէին անշուշտ այս արդիւնքին։ Բայց ատկէ զատ եւ ատկէ վեր՝ Շանթ գիտէր դիմացինները իր հետ միասին մտածել տալ, խորհրդածութեան մղել։

Որեւէ դասախօսութիւն, որքան գեղեցկօրէն կատարուի, ունկնդիրները կրաւորական վիճակի մէջ կը ձգէ, երբ անոնց ըմբռնողական կարողութեան լոկ կը դիմէ։ Դասաւանդումը այն ատեն արմատ կ՚արձակէ հոգիներէ ներս, երբ աշակերտութիւնը, նստած տեղը, մտքով գործնապէս մասնակից է ուսուցիչի յայտնաբերած գիտելիքներու ամբարումին։ Այսինքն, դատողութիւնները հաւաքաբար կը գործեն եւ իւրացուող իւրաքանչիւր ծանօթութիւն անձնապէս ձեռք բերուած գիւտի մը արժէքը կը ստանայ։

Մտքերը գործօն լարումի մէջ պահելու եւ հոգիները յուզելու այս աշխատանքին մասնագէտն էր Շանթ։

Հոգեբանական գիտութեան իր խոր ծանօթութիւնը, առանց որուն մանկավարժութիւնը ըմբռնելի չէ ներկայիս, Շանթին քայլերը տիրական եւ անսայթաք կը պահէին կրթական կեանքի ուղիներուն վրայ։

Ինչպէ՞ս կարելի է Շանթի դասերուն հետեւած ըլլալ եւ անջնջելիօրէն խոր տպաւորութիւններ չպահել անոնցմէ։

Շանթ դասարան կը մտնէր ժպտերես, աշխոյժ, համակ կեանք ու շարժում։ Ոչ ոք մտքէն կրնար անցընել թէ «վաստակաւոր ծերունի» մըն է ներս մտնողը։ Քալուածքին, շարժումներուն եւ աչքերու արտայայտութեան թարմութիւնը մոռցնել կու տային անոր մազերուն ձիւնը։ Թեւին տակ տետրակ կամ գիրք՝ արագ քայլերով կ՚առաջանար մինչեւ դասարանին մէջտեղի գրասեղանները, կը խոնարհէր աշակերտներուն առջեւ, պայծառ ու բարի նայուածք մը կը նետէր բոլորին վրայ եւ յետոյ, անմիջապէս, կը հնչէր իր ուժեղ, մետաղային ձայնը.
– Տղաքս...

Ոչ տատանում, ոչ յառաջաբան։ Ոչ իսկ յիշողութեան նուազագոյն տկարացումով մը՝ նիւթի փնտռտուք։ Դասը սկսած կ՚ըլլար արդէն ու ժամը կը սահէր անզգալաբար։ Ամէնէն անտարբերներն անգամ զինք մտիկ կ՚ընէին։ Ամբողջ պահուան ընթացքին Շանթ ոտքի էր ընդհանրապէս. շատ քիչ անգամ կը նստէր, երբ թելադրելիք կտոր մը ունենար։

Դասարանի ազատ մնացած մասը իր բեմն էր, լայնքին ու երկայնքին, ուր Շանթ դասը կը բեմադրէր, պիտի ըսէի՝ կը «խաղար»՝ վարպետ ու հզօր դերասանի մը տիրական արուեստով։ Հոգիները անպայման իր տիրապետութեան տակ կ՚իյնային եւ ինք գիտէր անոնցմէ իւրաքանչիւրին նոր իմացում մը փոխանցել՝ յուզական ջերմութեամբ կենդանացնելէ ետք չոր գիտելիքներն իսկ։

Երբեմն դասարանին անկիւնն էր, յանկարծ դարձեալ կեդրոնը. երբեմն ամպիոնին վրայ, յաճախ գրատախտակին դէմ, գրասեղաններու շարքին մէջ, դրան քով կամ աթոռին յենած։

Եւ այս յարափոփոխ շարժունակութիւնը այնպիսի շնորհով եւ խօսքի ալիքին հետ համընթաց այնպիսի ներդաշնակութեամբ, որ ոչ ոք կ՚անդրադառնար մանկավարժ-դերասանի խաղին, այլ միայն ապրում եւ պատկերաւոր իմացութեանց քանդակներ կը տեսնէր իր դիմաց։

Ոչ մէկ թափթփածութիւն։ Ամէն ինչ նախատեսուած, նախածրագրուած։ Անսայթաք էր լեզուն, ինչպէս անթերի՝ հագուածքն ու կեցուածքը։ Գիտէր թէ ուրկէ՞ պիտի քակէր նիւթին կծիկը, ի՛նչպէս պիտի առաջանար եւ ո՛ւր պիտի վերջացնէր։

Զանգը կը հնչէր։ Արդէ՞ն։ Որքա՜ն շուտ կը թռէր դասապահը։ Զուր ճիգ պիտի ըլլար յոգնութեան նշաններ փնտռել ուսուցիչի եւ աշակերտներու դէմքին վրայ։ Ինչպէս որ մուտք գործած էր, նոյն ձեւով ալ Շանթ կը մեկնէր, մինչեւ մէջքը խոնարհելէ ետք դասարանին առջեւ։

Ինք կ՚երթար, բայց տղաքը լուռ կը մնային տակաւին իրենց տեղը։ Հազուագի՛ւտ երեւոյթ։ Շանթի արծարծած խնդիրներուն արձագանգը կը շարունակէր թրթռալ բոլորի հոգիներէն ներս։
Այս չէ՞ միթէ մանկավարժութեան մեծագոյն յաղթանակը։


ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ 21

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝