Յայտարարութիւն

Saturday, July 18, 2009

ԻՄ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՍ- ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ 22

Սիրելի Ընթերցող, Խոստացած էինք ՄԵԾ ՀԱՅՈՒ մը վկայութիւնները հրապարակել ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ մասին: Ստորև, ամենօրեայ դրութեամբ, «Նշանակ» պիտի հրապարակէ մաս մը Մուշեղ Իշխանի հետաքրքրական վկայութիւններէն հայերու, որոնք անկիւնադարձեր ապահոված են ու նոր էջեր բացած հայոց գրականութեան, թէ քաղաքական պատմութեանց մէջ: Մուշեղ Իշխան, ինչպէս ինք կ՜ըսէ, եղաւ այն քիչերէն որոնք բաղդը ունեցան աշակերտելու հինգ ՄԵԾ ՀԱՅԵՐՈՒ յանձինս Յակոբ Օշականի, Լևոն Շանթի,Նիկոլ Աղբալեանի,Նիկողայոս Ադոնցի, Կոստան Զարեանի և գործակցելու երկու ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ՝ յանձինս Սիմոն Վրացեանի և Վահան Թէքէեանի: Յուսամ ես ալ կարենամ օր մը իմ սրտիս պարտքը տալ գրելով ՄԵԾՆ Մուշեղ Իշխանի մասին որուն բաղդը ունեցած եմ աշակերտելու չորս տարի : «Իմ Ուսուցիչներս» հրատարակուած է 1984 ին, Պէյրութ:

Նշան Պասմաճեան


ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ


Ն. Աղբալեանի եւ Լ. Շանթի մահէն ետք, «Համազգային» Ընկերութեան համար կը ծագէր դժուարին հարց մը – ո՞վ պիտի ըլլար «Նշան Փալանճեան Ճեմարանի» տնօրէնը։ Պիտի գտնուէ՞ր մէկը, որ կարենար արժանաւորապէս գրաւել մեկնողներուն տեղը, նոյն ոգին, շունչը, մտաւորական պատրաստութիւնը եւ բարոյական արժէքները խտացնելով իր անձին մէջ։

Ճեմարանի աշակերտութիւնը եւ ուսուցչական կազմը քսան տարի շարունակ վարժուած էին Լ. Շանթի զօրաւոր հեղինակութիւնը տեսնելու տնօրէնի աթոռին վրայ։ Անոր կողքին Ն. Աղբալեան իր հմայիչ անձնաւորութեամբ եւ հայրենաշունչ խօսքին կախարդանքով կը բարեխառնէր մթնոլորտը։ Անոնք իրար կ՚ամբողջացնէին՝ մտաւորական հետաքրքրութեանց եւ հայեցի ապրումներու մշտավառ ներշնչումը փոխանցելու մատղաշ սերունդին։

Ո՞վ պիտի յաջորդէր բացառիկ կարողութիւններով օժտուած բացառիկ այս անձերուն։

Մենք՝ Ճեմարանի երիտասարդ ուսուցիչներս կը զգայինք, թէ դիւրին չէր հարցին լուծումը։ Մտահոգ էինք նաեւ այլ տեսակէտէ մըն ալ. նոր եկողը պիտի յաջողէ՞ր պահպանել Ճեմարանի ընտանեկան մթնոլորտը, որ զերծ մնացած էր միշտ անախորժ վէճերէ, գձուձ հաշիւներէ եւ սադրանքներէ։ Ուսուցիչները իրարու հետ կը գործակցէին եղբայրական յարաբերութիւններով։ Անձնական ո՛չ մէկ հաշիւ։ Բոլոր վիճաբանութիւններուն աղբիւրն ու հետապնդած նպատակը, ժողովներու ընթացքին ըլլայ թէ ազատ պահերու, աշակերտներուն յառաջդիմութեան մտահոգութիւնն էր։ Նման սիրալիր եւ մաքուր միջավայրի մը ստեղծումը պատահական երեւոյթ չէր կրնար ըլլալ։ Նախորդ վարիչներուն անշահախնդիր նուիրումն ու բարոյական մեծութիւնը յաջողած էին կերտել Ճեմարանի այս ոգին։

Արդ, նոր եկողը պիտի գիտնա՞ր մնալ նոյն բարձրութեան վրայ եւ անխաթար պահել հաստատութեան մաքուր մթնոլորտը։

Ահա այս ու նման մտահոգութիւններ կը խառնուէին Լ. Շանթի մահուան դեռ թարմ սուգին, երբ լուր տարածուեցաւ, թէ Ս. Վրացեան պիտի ըլլայ Ճեմարանի նոր տնօրէնը։

Ս. Վրացեանի անունը ծանօթ էր անշուշտ բոլորիս։ Իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ, իբրեւ ազգային ու քաղաքական վաստակաւոր գործիչ, իբրեւ խմբագիր «Վէմ» ամսագիրի ու հեղինակ արժէքաւոր երկասիրութիւններու, կարեւոր դէմքերէն մէկն էր Սփիւռքի հայ իրականութեան։ Սակայն ո՞ր չափով յարմար էր արդեօք տնօրէնի պաշտօնին։

Այս մասին կարծիքները բաժնուած էին։ Ոմանց համար յարմարագոյն անձն էր Ճեմարանի պէս հաստատութեան մը գլուխը անցնելու։ Լ. Շանթի եւ Ն. Աղբալեանի սերունդէն, անոնց գործակից, գաղափարական նոյն իտէալներով տոգորուած, «Գէորգեան» ճեմարանէն շրջանաւարտ՝ Վրացեան անծանօթ չէր նաեւ կրթական գործին։ Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ հետեւած էր մանկավարժական ճիւղին, վկայուած եւ ապա քանի մը տարիներ ալ ուսուցչութիւն ըրած հայկական կեդրոններու մէջ։ Ատկէ զատ,– կը հաւաստէին,– օժտուած էր կազմակերպչական մեծ շնորհներով. գիտէր ծրագիրներ մշակել, հետապնդել եւ իրագործել զանոնք։

Կային եւ հակառակը մտածողներ, որոնք կը գտնէին, թէ նախընտրելի պիտի ըլլար երիտասարդ տնօրէն մը նշանակել, թէ Ս. Վրացեան առաջացած տարիքի մէջ կը գտնուէր եւ սպառած մարդ էր արդէն։ Վերապահներու մեծագոյն մեղադրանքը սակայն ուղղուած էր անոր խառնուածքին։ Շեշտուած նախասիրութիւններու տէր, զգացումները անխնայ արտայայտող, կողմի մարդ էր եղած ան կուսակցական եւ ժողովական կեանքի մէջ։ Ինչպէ՞ս պիտի կարենար պահպանել ընդհանուր ներդաշնակութիւնը Ճեմարանի պէս հաստատութեան մը, ուր քառասունէ աւելի ուսուցիչներ կը դասաւանդէին եւ որուն շուրջ կը գործէին նոյն ատեն բազմաթիւ պատասխանատու անձեր՝ «Համազգային»ի նպատակներուն իրագործման համար։

Առաջին ուսուցչական ժողովը, որուն նախագահեց ան, պաշտօնապէս ստանձնելէ ետք Ճեմարանի տնօրէնութիւնը, միանգամ ընդմիշտ փարատեց վերոյիշեալ մտահոգութիւնները։ Ս. Վրացեանի վերաբերումը, խօսքն ու շեշտը վերջին ծայր քաղցր էին, համեստ ու հայրական։ Եօթանասունի դռներուն հասած մարդ՝ գործին կը մօտենար հաւատքով եւ ապագայի լայն ծրագիրներով։

Խոշորակազմ էր եւ ծանրամարմին։ Դէմքին խոժոռ գիծերն ու հաստ ակնոցները նպաստաւոր չէին հաղորդական ջերմութիւն ստեղծելու իր եւ դուրսի աշխարհին միջեւ։ Բայց երբ սկսաւ խօսիլ, հատիկ-հատիկ, բառերը փնտռելով կարծես, քանի մը վայրկեանէն սառը հալած էր արդէն։ Իր խօսքը, պերճաբան չըլլալով հանդերձ, գրաւիչ էր՝ արտայայտած միտքերուն յստակութեամբ ու մանաւանդ զուսպ այն սրամտութեամբ, որ Ս. Վրացեանի հիմնական յատկանիշներէն մէկը մնաց մինչեւ վերջ։

Պատմեց թէ ի՛նչպէս երիտասարդ տարիքին, մանկավարժութեան վկայականով զինուած, Էրզրումի աղջկանց միջնակարգ վարժարանին մէջ ուսուցչական պաշտօն կը ստանձնէ, բայց իր այս առաջին փորձը ձախողութեան կը յանգի։

– Կ՚ուզէի ամէնէն արդիական սկզբունքները կիրարկել, բայց ասպարէզիս առաջին օրերուն իսկ աղջիկ մը ծեծեցի։ Կը խոստանամ սակայն Ճեմարանի մէջ ոեւէ մէկը չծեծել... Կարճ տեւեց իմ մանկավարժական գործունէութիւնս. մեր կեանքին պայմանները զիս նետեցին գործի այլ ասպարէզ։ Մարդ կ՚որոշէ, Աստուած կը կարգադրէ... Եւ ահա տարիներ ետք ես դարձեալ վարժապետ կը դառնամ։

Այնուհետեւ Վրացեան սրտբաց անկեղծութեամբ շեշտեց, թէ իր ամբողջ յոյսը դրած է ուսուցչական կազմի բերելիք օժանդակութեան վրայ.
– Դուք է որ պիտի օգնէք ինծի,– աւելցուց ան,– իմ նոր պաշտօնիս մէջ եւ միասին պիտի տանինք նուիրական այս գործը։ Ճեմարանը մեծ ընտանիք մըն է եւ այդպէս ալ պէտք է մնայ։

Իսկապէս ալ Ճեմարան շարունակեց մնալ հարազատի զգացումներով շաղկապուած հայ ընտանիք, ուր տիրողը ոչ թէ հրամայողի եւ ենթարկուողի յարաբերութիւններ էին, այլ հաւասար պատասխանատուութիւն ստանձնած մարդոց գործակցութեան ոգին։ Այս կէտին մէջ Ս. Վրացեան ի յայտ բերաւ աւելի ժղովրդավար ըմբռնում, քան իր նախորդը։ Ունեցաւ կատարեալ վստահութիւն իր գործակիցներուն վրայ եւ ինք բաւականացաւ հովանաւորողի դերով։

1951էն մինչեւ 1969, այսինքն մինչեւ իր մահը, ապրեցաւ Ճեմարանով, անոր նիւթական ու բարոյական հոգերով եւ յաջողութիւններով։ Կը սիրէր ներկայ ըլլալ ուսուցչական բոլոր ժողովներուն, երբ որ ի վիճակի էր։ Կը սիրէր մասնաւորաբար մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի փոքրիկները եւ իր քայլերը յաճախ կ՚ուղղուէին դէպի մանուկներուն բաժինը։ Փոքրիկներէն շատեր չէին գիտեր իսկ թէ տնօրէնն է եկողը եւ զինք կը շփոթէին այցելու հիւրի հետ։ Հաճելի էր իրեն հայ աղջնակներու եւ մանչուկներու անմեղ համարձակութիւնը, որուն թիրախ կը դառնար նաեւ իր անձը։

Օր մը Ճեմարանի մեծանուն տնօրէնը կը մօտենայ փոքրիկի մը, որ ըստ երեւոյթին պատժուած էր դասարանի դրան առջեւ.
– Ինչո՞ւ պատժած է քեզ օրիորդը,– հարց կու տայ Վրացեան մեղմութեամբ։
Փոքրիկը կը նայի զարմանքով, պահ մը կը լռէ, ապա կը պատասխանէ.
– Ատ քու գործդ չէ, դուն պտտէ եւ գնա։
Ուրիշ օր մը, երբ առաւօտեան ժամը տասի ատենները Վրացեան ներս կը մտնէ Ճեմարանի դռնէն, մանկապարտէզի փոքրիկ մը կը դիմաւորէ զինք եւ կ՚ըսէ.
– Շա՛տ ուշացար, օրիորդը պիտի պատժէ քեզ։

Վրացեանի համար չափազանց հաճելի էին Ճեմարանի մանուկներուն այս համարձակախօսութիւնները եւ ինք կը սիրէր պատմել զանոնք, աւելցնելով.
– Ես ի՞նչ տնօրէն եմ որ... պզտիկներն ալ գիտեն, թէ ես շրջող հիւր եմ։

Եթէ աչքերու տկարութեան, յառաջացած տարիքին եւ հարկադիր ճամբորդութիւններուն պատճառով չկրցաւ Ճեմարանի ընթացիկ աշխատանքներուն իր գործօն մասնակցութիւնը բերել, իր կեանքի վերջին տասնըհինգամեակը սակայն ամբողջութեամբ նուիրեց «Համազգային»ի կրթական, մշակութային եւ հրատարակչական նպատակներուն։ Ընտանեզուրկ այս մեծ հայուն համար Ճեմարանը դարձաւ իսկական օճախ մը, ուր ինքզինք երջանիկ կը զգար, շրջապատուած յարգալից գործակիցներով եւ խանդավառ ուսանողութեամբ։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ ՁՁ
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝